Հարցազրոյց՝ գրող եւ գեղանկարիչ լաթաքիաբնակ տոքթ. Նորայր Մանճեանի հետՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Հարցազրոյց՝ գրող եւ գեղանկարիչ լաթաքիաբնակ տոքթ. Նորայր Մանճեանի հետ

✎ Շաքէ Մանկասարեան


Տոքթ. Մանճեան դուք հաստատուած էք Լաթաքիա, Սուրիա, խնդրեմ խօսինք ձեր արմատներու մասին:

Մենք արմատներով մուսալեռցի ենք: Ծնողքս Մուսա լեռան Վագըֆ գիւղէն եղած են. հայրս՝ Թովմաս Փանոս Մանճեան (1907-1979), մայրս՝ Զարուհի Ծաղիկ Գատիեան (1914-1993): Ես Լաթաքիա ծնած եմ, 1951-ին:


Սիրելի ընթերցող,

Տոքթ. Նորայր Մանճեանի «ՄԱՅՐՍ» բանաստեղծութիւնը կարդացի ու զայն կ’ամփոփեմ խմբագրելով արձակ տողերու մէջ:

Մուսա լեռան քառասուն օրերը ապրած եղեռնի օրերուն տոքթ. Նորայրի մայրը՝ Զարուհին մէկ տարեկան էր, երբ փրկարար ռազմանաւին հետ կը հասնին Փոր Սայիտ նաւահանգիստը, ուր պիտի մնար մինչեւ պատերազմի աւարտը ու վերադառնար Մուսա Լեռ, երբ արդէն չորս տարեկան փոքրիկ աղջիկ մըն էր: Քսան հինգ տարիներ բոլորած Զարուհին՝ իր ամուսնոյն ու այս անգամ չորս զաւակներուն հետ, կրկին գաղթական ու հազիւ հաստատուած էր Պէքայի մէջ, յանկարծ մալարիա համաճարակէն սարսափած, զաւակներուն հետ կը փախչի Դամասկոս, Սուրիա եւ ապա Հալէպ, ուր երկու տարի ետք, իր Մուսա լերան պարտէզներու երազով ընտանիքին հետ կը հաստատուի Լաթաքիա, որ հեռու չէ Մուսա Լեռէն: Զարուհին երկու նոր զաւակներ աշխարհ կը բերէ, սակայն անոնցմէ մէկը՝ Մացակը արկածով կը մահանայ: Եւ այսպէս մուսալեռցի մայրը խոր յուզմունքը տարիներու գիրկը նետած աշխարհ կը բերէ իր որդին՝ Նորայրը, զոր կը մկրտեն Փանոս անունով: Իր ամուսնոյն՝ Թովմասին հետ, Զարուհին թուրքի հանդէպ զայրոթն ու վրէժխնդրութիւնը սրտին մէջ պահած՝ մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւելով, ի սէր իր վեց զաւակներուն, գոյատեւած է ալիւրի տոպրակներ ներկած, դպրոցի գոգնոցներ կարած եւ պայուսակ հնարած, ու իր ողբն ու սէրը երգած Մուսա լեռան կարօտով:

Տոքթ. Նորայրի համար մայրը նման էր Վագըֆ գիւղի աննման ծաղիկին, որուն սիրով ու աղօթքով մեծցած էր ան, եւ անոր յիշատակը անմեռ կը մնայ, երբ ցասումով կը յիշէ այն աշխարհը, ուր մօր տանջանքներւ աշխարհն էր :

Շաքէ Մանկասարեան

Տոքթոր Նորայր Մանճեանի «ՄԱՅՐՍ» բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է«ՔԱՋԱՑ ՄԱՏԵԱՆ» հատորին մէջ:


Տոքթոր Մանճեան, խօսինք ձեր ուսումնական ու մասնագիտական գործունէութեան մասին:

Ուրեմն, ես Դամասկոսի համալսարանը աւարտած եմ Կենսաքիմիագիտութեան լիսանսով, 1979-ին, որմէ ետք աւարտած եմ Երեւանի Պետական Բժշկական հիմնարկը՝ քլինիքական կենսաքիմիագիտութեան մագիստրոս վկայականով, 1984 ին, իսկ կենսագիտութեան դոկտորականը ստացած եմ Երեւանի Պետական Համալսարանէն, 1987ին:

Գիտական աշխատանքներս կատարած եմ Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան Լ.Ա. Յովհաննիսեանի Անուան Սրտաբանական Հիմնարկի Տարրալուծարաններուն մէջ, Փրոֆ. Նուպար Լ. Ասլանեանի ղեկավարութեամբ:

1987 էն ի վեր կը գործեմ իմ տարրալուծարանի մէջ, Սուրիա-Լաթաքիա:


Խօսինք գրականութեան նուիրուած ձեր գործերուն մասին:

Բանաստեղծութիւններս հրատարակուած են 2013-ին, «ՔԱՋԱՑ ՄԱՏԵԱՆ» գիրքիս մէջ, Հալէպ, Սուրիա, ԳԱՆՁԱՍԱՐ Շաբաթաթերթի տպարան:


Ունիմ տպագրուած աւելի քան հարիւր գիտական յօդուած, որոնք լոյս տեսած են Հայաստանի Առողջապահութեան հանդէսին, ինչպէս նաեւ` Ռուսական «Медтехника» եւ ամերիկեան Chronobiology գիտական հանդէսներուն մէջ:

Տասնեակ գիտական յօդուածներ հրատարակուած են Սուրիական Մշակութային նախարարութեան հանդէսին մէջ՝ « Ալ Խայալ Ալ Իլմի», Ինչպէս նաեւ՝ Դամասկոսի Համալսարանի «Ատան Իլմի» հանդէսին մէջ:


Ունիմ նաեւ տասնեակ ազգային, մշակութային, հոգեւոր նիւթերու շուրջ յօդուածներ «Ազդակ»ի արաբերէն բաժնին, «Զարթօնք»ի, «Արարատ»ի եւ «Գանձասար»ի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրոնային հարթակներու վրայ:

Դուք` մեր հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նշեցիք, որ թանգարան մը դարձած է ձեր տունը ձեր ստեղծագործութիւններով: Ե՞րբ սկսած էք նկարչութեամբ զբաղիլ:

Հոս նշեմ, որ մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան յաճախած եմ Լաթաքիոյ Ս. Յակոբեանց Ազգ. Վարժարանը եւ զայն աւարտած 1963 ին: Այդ տարիներուն, վարժարանի տնօրէնն էր Արամ Սարգիսեանը, իսկ մանկապարտէզպանուհին՝ տիրամայր Սիրվարդ Փոլատեան Սարգիսեանը: Գծագրութեան ուսուցիչս եղած է Վահէ Արամ Սարգիսեան, ներկայիս Մ. Նահանգներու մէջ՝ գիտնական: Հայոց պատմութեան ուսուցիչս էր Յարութիւն Նաճարեան, գրող Ձորեցին եւ վարպետ գծագրիչ: Հայոց լեզու եւ գրականութեան ուսուցիչս էր գրող Յակոբ Սահակեանը: Անգլերէն լեզուի ուսուցիչս էր Միսակ Ջուլֆայեանը:


Միջնակարգ ուսումս ստացած եմ եւ աւարտած Լաթաքիոյ «Օրթոտոքս Քըլլիէ»ի մէջ, 1966-ին: 1966ին, երկրոդական ուսումս ստացայ նահատակ Ժուլ Ժամալ անուան վարժարանին մէջ, Լաթաքիա:


Պետական Երկրորդական ուսումնական տարիներուն գծագրութեան ուսուցիչս էր գրող, վիպագիր վարպետ գեղանկարիչ Զաքարիա Շրէքի:

Անդամակցած եմ դպրոցի Գծագրութեան եւ Գեղագրութեան Խումբին: Կը տիրապետեմ Գծագրութեան եւ Գեղագրութեան հայկական եւ արաբական տառերու Ձեռագրութեան:


Դամասկոսի մէջ ձեր համալսարանի տարիներուն, որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած էք այդ օրերուն Դամասկոսի Զաւարեան Ազգ. Վարժարանին մէջ: Խնդրեմ խօսինք վարժարանին մասին: Ո՞ւր կը գտնուէր վարժարանը, ո՞վ էր տնօրէնը, որոնք էին դասաւանդող ուսուցիչ-ուսուցջուհիները, ո՞ր կարգերուն կը դասաւանդէիք եւ ինչ նի՞ւթ, եւ ո՞վ էր այդ օրերուն Դամասկոսի թեմի առաջնորդը:

Ուսուցչութեամբ զբաղած եմ համալսարանի տարիներուն, երբ կը դասաւանդէի Դամասկոսի Ազգ, Զաւարեան Վարժարանին մէջ, որ հիմնուած է 1951-ին, Պապ Թումա՝ նախակրթարանի 5րդ եւ 6րդ դասարանի աշակերտներուն դասաւանդելով գիտութիւն: Նոյն ժամանակ, հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէին ներկայիս բժիշկներ տոքթ. Մանուէլ Իսկենտերեան եւ տոքթ. Սարգիս Գազանճեան, իսկ անգլերէն կը դասաւանդէր Եփրաքսէ Լիզ Ներսէսեանը:

Ըսեմ նաեւ, որ վարժարանիմ փոխ արտօնատէրն էր Դամասկոսի թեմի ազգային իշխանութեան անդամ երեսփոխան Նիկողոս Պոյաճեանը: Այն օրերուն, Դամասկոսի թեմի առաջնորդն էր Գերշ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանը:

Հարկ է նշել, որ 1979 ին Դամասկոսի Ազգ. Զաւարեան Վարժարանի աշակերտութիւնը միացաւ Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ Վարժարանին:

Այս առթիւ կը յիշեմ բոլոր անոնց, որոնք եղած են ինծի օրինակելի:


1974 թուականին, Ազգ. Զաւարեան վարժարանի ուսուցիչ պրն. Անդրանիկ Սամի Պաղտուտը սուրիական բանակի սպայ էր, այժմ թոշակառու՝ կ’ապրի Քեսապ: Իսկ, հոգաբարձու Պուլոս Քարքար մահացած է հայաբնակ Ղնեմիէ գիւղը.. հողը թեթեւ ըլլայ:

1974 թուականի Ազգ. Զաւարեան Վարժարանի Հոգաբարձական կազմը ցաւօք բոլորն ալ մահացած են … հողը թեթեւ ըլլայ: Հոգաբարձու Պրն. Վահան Մաթոսեան մահացած է Քեսապ:

Այստեղ նշենք, որ հոգաբարձու Նիկողոս Պօյաճեան մահացած է Գերմանիոյ մէջ: Իր որդիները բժիշկներ Գեղամ եւ Յարութիւն Պոյաճեաններ Հայաստանէն վկայեալ բժիշկներ են եւ ներկայիս հաստատուած են Գերմանիա :

Ձեր կողակիցը մասնագիտութեամբ բժշկուհի է:

Այո՛, Տօքթոր Սօսի Հրաչիկի Գյոկչեան, Երեւան ծնած եւ բժշկական գիտութիւններու տոքթոր է: Աւարտած է Երեւանի Պետական Բժշկական Հիմնարկը որպէս INTERNIST: Ունի գիտական տասնեակ յօդուածներ եւ 2003 ին հրատարակած է «Առողջ Ապրելակերպ» գիրքը, 3 բաժին ԿԷՏԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ-Բուսաբուժութիւն-Եօկա:

Նշեմ որ «Առողջ Ապրելակերպ» գիրքը ես արաբերէնի թարգմանած եմ. հրապարակուած է Դամասկոսի յայտնի մաթեմաթիկոս դոկտոր Ալ Ամրանի مجلة الخيال العلمي մէջ, հետեւեալ հրատարակութիւններով՝ 2009 Յուլիս_թիւ12, 2011 Յունիս Թիւ35, 2011 Հոկտեմբեր թիւ39, يوغا تحت عناوين دواء لكل داء شياتسسو

Ըսեմ նաեւ, որ կնոջս ձեռագործները՝ ասեղնագործ, քրօշէ կը զարդարեն մեր տունը, ան հմտօրէն կ’ասեղնագործէ: Հարկ է նշել նաեւ, որ իր մեծ մօր 100 տարուայ ասեղնագործութիւնը, մենք մասունքի պէս կը պահենք:

Որպէս Լաթաքիոյ հայ համայնքի զաւակ, դուք մեր զրոյցին ընթացքին նշեցիք, որ ազգանուէր գործունէութիւն տարած էք որպէս ատենադպիր 11 տարիներ շարունակ: Հետաքրքրական է իմանալ նաեւ այդ տարիներու Բերիոյ թեմի առաջնորդին հետ ձեր կապերուն մասին, եկեղեցւոյ շինարարութեան եւ այլն:

Իրաւացի էք: Եղած եմ Լաթաքիոյ Հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենադպիր: Այդ ժամանակարջանին, վերանորոգուած է հնադարեան եկեղեցին եւ Ս. Յակոբեանց Վարժարանը, որուն կամարներուն վրայ կառուցուեցաւ երեք յարկանի արդիական միջնակարգ դպրոցը:

Պէտք է ըսել, որ շինարարութեան մասին մանրամասն գրած եմ տասնեակ յօդուածներ Հալէպի «Գանձասար» Շաբաթաթերթին մէջ:


Յիշեալ ծրագրի իրականացման ասպետական ներդրումը ունի Լաթաքիոյ փոխ նահանգապետ եւ թաղականութեան ատենապետ երկրաչափ Պօղոս Ղազարեան եւ շրջանի երեփոխան Երջանիկ Կարպուշեան:

Շինարարական աշխատանքին անձամբ հետեւած է Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Ս.Արք. Գաթարոյեանը: Վերանորոգութեան աշխատանքին հետեւած էր եւ տեսած եկեղեցւոյ վերանորոգումը Տ. Դանիէլ Ա. Քհնյ.Գէորգեանը՝ նախքան իր վախճանումը Օգոստոս 1998-ին, դպրոցի շինութեան աւարտէն առաջ: Դպրոցի շինութեան հետեւած է նաեւ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ հաստատութեան հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը:

Հոս նշեմ, որ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան օրերուն էր, երբ օր մը տեսայ Տ. Դանիէլ Ա. Քհնյ.Գէորգեանը եկեղեցւոյ բարենորոգութեամբ զբաղող բանուորներուն մէկական շիշ ձէթ կը բաժնէր, հարցուցի. տէր Դանիէլ ձէթը ո՞ւրկէ է, ըսաւ. Իսլամ մը մէկ թիթեղ նուէր բերաւ ինծի, որպէսզի աղօթեմ, որ տղայ զաւակ մը ունենայ, եւ ես մտքովս աղօթեցի:

Շնորհակալութիւն Ձեր այս Բազմաօգուտ յօդուածի համար Տոքթոր Մանճեան

Յարգելի Տոքթոր Մանճեան,

Ճիշդ նկատած էք, որ բազմաօգուտ այս յօդուածը իր մանրամասնութիւններով նախաձեռնութիւնս էր՝ ընթերցողին ներկայացնելու ձեր գործունէութիւնը: Այդքան ալ դիւրին չեղաւ զրոյցը ամբողջացնել Սուրիոյ համացանցային թոյլ կապերուն եւ ընկերային ու հաղորդակցութեան զանազան ցանցերու Whatsapp եւ Messenger-ի կցկտուր գրառումներուն պատճառաւ: Յաջողութիւն կը մաղթեմ:

Շաքէ Մանկասարեան

Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ: Copyright @2021 / Radio AYK

Արտատպումի copy պարագային կը խնդրուի կապ պահել եւ պարտադիր յիշել թարգմանողին անունն ու յղումը:

Email: radioayk@gmail.com Շաքէ Մանկասարեան

Առ ի տեղեկութիւն, 874 թուականին Աշոտ Բագրատունի թագաւորի դուստրը, Սիւնեաց Վասակ Գաբուռ իշխանի կինը՝ Մարիամը, կառուցեր է Սեւանավանքի Սուրբ Առաքելոց (ձախ) եւ Սուրբ Աստուածածին (աջ) եկեղեցիները:

Առ ի տեղեկութիւն, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարը Կատարեց Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Ճեմարանի Երկրորդական Բաժինին Բացումը Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ կրթութեան նախարար դոկտ . Տարեմ Թապպաա, ընկերակցութեամբ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի՝ այցելեց Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Ճեմարանը, ուր ջերմօրէն ընդունուեցաւ իրաւատիրոջ ներկայացուցիչ Պօղոս Խաճարեանի, տնօրէնուհի Ծովակ Պաղպուտարեանի, Հոգաբարձութեան անդամներու եւ ուսուցչական կազմին կողմէ: https://asbarez.com/arm/381279/%D5%BD%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%AB%D5%B8%D5%B5-%D5%AF%D5%BC%D5%A9%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6-%D5%B6%D5%A1%D5%AD%D5%A1%D6%80%D5%A1%D6%80%D5%A8-%D5%AF%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A5%D6%81-%D5%A4/

Սիրելի ընթերցող,

Լոյս տեսած Տոքթ. Մանճեանի արաբերէն յօդուածները կը գտնէք Ազդակ Արաբերէն բաժնի մէջ հետեւեալ կապերով՝

https://aztagarabic.com/archives/25773?fbclid=IwAR3d8hGSgcoINC2JHtJJWdq-0PjMzcw5Jk0dr9RHsZ5SdCpUXdhSoWGfzAA كتاب (تاريخ تشورك مارزبان – ديرت يول في كيليكيا) الدكتور نوراير مانجيان

https://aztagarabic.com/archives/23681?fbclid=IwAR24MTepNELEyLzIgBwt6nWmECnkHjnn5J52mmTDxP174yGcPIyfmtJ6708 حضارة كاراباخ (أرتساخ) (الجزء الأول) كاراباخ … حصن الأرمن. الدكتور نوراير مانجيان

https://aztagarabic.com/archives/12657?fbclid=IwAR2lZvu43pMhRiqtjzd8ERtZMk5WO_4Lds_3AHIUUG5ZmsXc9eCLSWkMZPg العالمان الأرمنيان في الفيزياء النووية أبراهام وأرديم أليخانيان من علماء القرن العشرين

العالم والأكاديمي الأرميني نوراير سيساكيان (عالم من القرن العشرين)

https://aztagarabic.com/archives/13255?fbclid=IwAR2lZvu43pMhRiqtjzd8ERtZMk5WO_4Lds_3AHIUUG5ZmsXc9eCLSWkMZPg أبحاث ودراسات حديثة في أرمينيا في مجال المعالجة المرتبطة بالزمن

قراءة الكتابات المشفرة للنابغة ليوناردو دافنشي تقوم بها رسامة أرمنية https://aztagarabic.com/archives/14744?fbclid=IwAR3d8hGSgcoINC2JHtJJWdq-0PjMzcw5Jk0dr9RHsZ5SdCpUXdhSoWGfzAA

http://www.syrianstory.com/z.chreki.htm#%D8%A8%D8%B7%D8%A7%D9%82%D8%A9%20%D8%AA%D8%B9%D8%B1%D9%8A%D9%81%20%D8%A7%D9%84%D9%83%D8%A7%D8%AA%D8%A8 زكريا شريقي قاص سوري معروف ولد في اللاذقية عام 1940.

وهو يحمل إجازة في الحقوق، وقد عمل سفيراً لسورية في الصين وبولونيا. وكان عضواً في هيئة تحرير مجلة الموقف الأدبي. ومارس كتابة القصة والرواية. ومن مجموعاته القصصية “غبار الإسمنت”، دمشق 1977، و”الضوء من الباب” دمشق 1978، و”آخر أخبار قرية العُلَّيق”، دمشق 1979، و”قل يا بحر”، دمشق 1981،…. الخ. ومن رواياته “يقظان حياً”، اللاذقية 1987. وكانت مجموعته الأخيرة هي هذه التي نقف عندها “الترجُّل عن صهوة الخوف”. وقد صدرت عن اتحاد الكتاب العرب عام 1995.‏

والمعروف أيضاً عن هذا الكاتب أنه فنّان تشكيلي، أقام ثمانية معارض شخصية، كان آخرها بدمشق عام 1989، وعنوانه: رؤية من الصين.‏

https://www.marstom.am/home Տոքթոր Մանուէլ Իսկենտէրեան

0 comments

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page