Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան՝ Պրոտուէյի եւ Հոլիուիտի առաջին աստղերէնՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան՝ Պրոտուէյի եւ Հոլիուիտի առաջին աստղերէն

ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 19, 2024

Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան եւ Ռեյմոնտ Հիչքոք ամոլը

Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեանի եւ Ռեյմոնտ Հիչքոք ամոլին մասին անդրադարձ կատարելէ առաջ, անհրաժեշտ էր պրպտումներով վաւերացնել հայազգի  Ֆլորա Զապէլ Մանասարեանի ծնողքին եւ անոնց ծննդավայրին մասին տեղեկութիւնները:

Ֆլորա Զապէլի հայըը՝ Մանկասար Մկրտիչ Մանկասարեան ականաւոր վերապատուելի եւ գիտնական է, մասնագիտացած՝ աստուածաբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ թրքական պատմութեան մէջ: Ան ծնած է 29 Դեկտեմբեր 1859-ին, Խարբերդ նահանգի «Մեզիրէ» (Մամուրէթուլ-ազիզ) գաւառի «Արաբկիր» գաւառակի «Մաշկերտ» (Մաշքերէ) գիւղը: Անոր հայրն էր Մկրտիչ աղա Մանկասարեան ու մայրը՝ Սառա: Մանկասարի ընտանիքը բաւական հարուստ էր: Պատանի Մանկասարը կ’ուղարկեն Կոնստանդնուպոլսոյ Ռոպէրթ Գոլէճը (Robert College), զոր կ’աւարտէ եւ կը դառնայ նշանաւոր ճարտարախօս: 1877-ին, կը յաճախէ «Ամասիոյ Սանճաք»-ի՝ Մարզուան/Մերզիֆոն շրջանի «Անաթոլիա Գոլէճը»՝ հետեւելով Աստուածաբանութեան ճիւղին: Իր ուսանողութեան տարիներուն, երբեմն կը քարոզէ Մարզուանի աւետարանական ժողովարանին մէջ: Ժողովուրդը կը հմայուի պերճախօսութեամբը երիտասարդ ուսանողին, որ շուտով կը հրաւիրուի նոյն ժողովարանի քարոզիչի պաշտօնին: Հազիւ 19 տարեկան, Մանկասար կը ձեռնադրուի երէց՝ ծառայելով 1878-1880 տարիներուն:


1879-ին, Մանկասար կ’ամուսնանայ Ագապի Ալթունեանի (ծնեալ 1856) հետ: Աշխարհ կը բերեն չորս զաւակներ՝ Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան (1881–1968) (որ ապագային պիտի դառնար տիկին Ռեյմոնտ Հիչքոք – Mrs. Raymond Hitchcock), Արմէն Փարքըր Մանկասարեան (Armen Parker 1886-1916), Քրիսթին Մանկասարեան (որ ապագային պիտի դառնար տիկին Mrs. Earl Benham) եւ Ճորճ Փոլ Մանկասարեան (George Paul Mangasarian 1898 կամ 1899):  Ագապի կը մահանայ 1910-ին, 54 տարեկանին:

Մանկասար Մկրտիչ Մանկասարեան

Մանկասար կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ, ուր իր ուսումը կը շարունակէ Փրինսթընի համալսարանի աստուածաբանական դպրեվանքին մէջ: Ան որպէս վերապատուելի  կը դառնայ հոգեւոր հովիւը Փենսիլվանիոյ Ֆիլատելֆիայի Spring Garden Աւետարանական եկեղեցւոյ, ուր կը ծառայէ երեք տարի,  1882-1885: Սակայն, ան կը հրաժարի պատուելիական ծառայութենէն եւ կը դառնայ անկախ քարոզիչ ու «անկախ կրօն»-ի դասախօս Նիւ Եորքի մէջ: 1892-ին, ան կը դառնայ Շիքակոյի Ethical Culture Society միութեան ղեկավարը, զոր հիմնած էր Փրոֆ. Felix Adler: 1900-ին, ան կը կազմակերպէ Շիքակոյի բանապաշտ (rationalist) անկախ կրօնական հասարակութիւնը, որ իբբեւ ճանաչողութեան աղբիւր կ’ընդունի ոչ թէ փորձը, այլ տրամաբանօրէն հիմնաւորուած միտքը, բանականութիւնը, իրատեսական խումբ մը՝ որուն հովիւը կը մնայ մինչեւ 1925:

16 Յունիս 1915-ին, Շիքակոյի մէջ, Մանկասար կ’ամուսնանայ Mary Edna Glendon-ին հետ: Հանգստեան կոչուելէ ետք կը հաստատուի Piedmont, Գալիֆորնիա, ուր կ’ապրի իր կնոջ՝ Mary Edna Glendon-ի  հետ մինչեւ իր կեանքի վերջը՝ 26 Յունիս 1943-ին, 84 տարեկանին։


Մանկասարեան հեղինակ է շարք մը գիրքերու, որոնք թարգմանուած են ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, սպաներէնի եւ այլ օտար լեզուներու, ընդհանրապէս՝ կրօնական քննադատութեան ու կրօնի փիլիսոփայութեան մասին։ Մանկասարեան ինքզինք կը համարէ բանապաշտ կամ աշխարհիկ մարդ, ոչ թէ աթեիսթ, զոր կը դասէր անստուգելի հաւատամքներու շարքին։


Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան

Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան ծնած 1 Ապրիլ 1881-ին, երբ հայրը՝ Մանկասար Մկրտիչ Մանկասարեան 22 տարեկան էր, իսկ մայրը՝ Ագապի Ալթունեան՝ դուստրը Տոքթոր Ալթունեանի, 25 տարեկան էր:

Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան (1880-1968) կը հանդիսանայ Պրոտուէյի առաջին հայ դերասանուհին եւ ամերիկեան համր ֆիլմի եւ երաժշտական կատակերգութեան առաջին աստղերէն մէկը։

Համիտեան ջարդերու ժամանակ, Զապէլ իր ընտանիքին հետ կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Շիքակոյի մէջ: Ֆլորա իր ուսումը կը ստանայ Wellesley գոլէճին մէջ, Պոսթընի մօտ գտնուող կանանց մասնաւոր համալսարան մը, որ նշանաւոր է իր ջամբած գերազանց կրթութեամբ:

19 տարեկանին, Ֆլորա Զապէլ կը տեղափոխուի Նիւ Եորք՝ թատերական բեմի ասպարէզ, որ յատկապէս այդ օրերուն խիզախութիւն կը համարուէր երիտասարդ կնոջ մը համար։ Իր անփորձառութեան պատճառով, ան քանի մը անգամ կը մերժուի: Այդ շրջանին, Castle Square Grand Opera ընկերութեան թատերական տնօրէնը Henry W. Savage կը պատրաստուէր ներկայացնելու օփերա մը, եւ երիտասարդ Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան կը մօտենայ տնօրէնին՝ աշխատանք գտնելու յոյսով: Լսելէ ետք անոր ձայնը, Henry W. Savage բաւարար կը նկատէ զինք ներգրաւելու երգչախումբին մէջ որպէս սօփրանօ: Ֆլորա Զապէլ աստիճանաբար ճանաչում կը գտնէ Broadway-ի մէջ: Ֆլորա Զապէլ ընդհանուր առմամբ դերեր վերցուցած 14 երաժշտական եւ 5 համր ֆիլմերու մէջ:

Հետաքրքրական է նշել, որ Ֆլորա իր կեանքի քանի մը տարիները կը զոհէ փորձելով պաշտպանել հայրը, որ կը ձերբակալուի եւ  կը բանտարկուի 1900-ականներու սկիզբը Պոլիս կատարած ճամբորդութեան ընթացքին, (թերթերը կը գրէին թէ ան ինչ-որ գաղտնի առաքելութիւն մը ունէր Պոլսոյ մէջ եւ այդ նպատակով ան ածիլած էր իր պեխն ու մորուքը) հաւանաբար այն պատճառով, որ ան հրապարակաւ կը դատապարտէր Համիտեան ջարդերը: Զինք բանտէն ազատելու եւ Միացեալ Նահանգներ տանելու ամերիկեան կազմակերպութիւններու բոլոր փորձերը կը ձախողին:



Տարակուսանքի մէջ, երիտասարդ Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեանի միակ երազանքը կ’ըլլայ բաւական գումար վաստկիլ թուրքիոյ մէջ բանտարկուած իր հօր համար փաստաբան մը վարձելու համար։ Ան աշխատասէր էր եւ կենդրոնացած իր աշխատանքին վրայ ու կը մերժէր ամուսնութեան բոլոր առաջարկները։ Վերջապէս, երեք տարի յետոյ, Ֆլորա Զապէլ դարձեալ կը միանայ իր հօրը։


Տեղին է նշել, որ այդ օրերուն տակաւին Թուրքիա ապրող ֆլորա Զապէլի հօրաքոյրները մտահոգուած ըլլալով Ֆլորա Զապէլի ապրելակերպով, որ տակաւին ամուսնացած չէր, հօրը՝ Մանկասարին անընդհատ նամակներ կը գրէին՝ յայտնելով, որ դժգոհ էին Ֆլորա Զապէլի ընթացքէն եւ սրտնեղած կը գանգատէին, որ մեծ սխալ ըրած է զայն իր հետ Մ. Նահանգներ տանելով: 

Նամակներուն մէջ, Ֆլորա Զապէլի հօրաքոյրները նոյնիսկ կը նշէին, թէ իրենք յարմար երիտասարդ մը գտած են, որ կը փափաքի ամուսնանալ Ֆլորա Զապէլի հետ եւ միանալ իրեն Ամերիկայի մէջ, թէեւ նախընտրելի էր, որ ան վերադառնայ Պոլիս: Այնուամենայնիւ, այս առաջարկը կը մերժեն Ֆլորա եւ հայրը, որ մեծապէս կը քաջալերէր իր դուստրին ձգտումներն ու երազները:


Raymond Hitchcock


Ֆլորա Զապէլ հետագային կ’ամուսնանայ թատրոնի հանրածանօթ դերասան եւ երաժշտական կատակերգութեան աստղ Ռեյմոնտ Հիչքոքի (Raymond Hitchcock) հետ ( ծնեալ 22 Հոկտեմբեր 1865-ին, Auburn, Cayuga County, New York), որուն կողքին դերեր կը վերցնէ  շարք մը հռչակաւոր երաժշտական ֆիլմերուն մէջ: Հիչքոք նախապէս ամուսնացած էր  Freda Bowen-ի հետ, 1891-1903: Այնուհետեւ, 1905-ին կ’ամուսնանայ գեղեցիկ դերասանուհի Ֆլորա Զապէլ Մանկասարեանի հետ, մինչեւ իր մահը 1929-ին: Նշենք, որ Ֆլորա Զապէլ դեր վերցուցած է նաեւ The Red Widow «Կարմիր այրին» համր ֆիլմին մէջ (1916), գլխաւոր դերասան Ճոն Պարիմոի (John Barrymore) կողքին:

Հիչքոք եւ Զապէլ զաւակ չեն ունեցած: 24 Նոյեմբեր 1929-ին, (Պեվըրլի Հիլզ, Գալիֆորնիա), ամուսնոյն մահէն ետք ֆլորա Զապէլ Մանկասարեան Հիչքոք կը դադրի իր շարժապատկերի ասպարէզէ, եւ կը դառնայ Jacques Bodart Inc.-ի ոճաբան (designer) եւ գործընկեր:

Ֆլորա Զապէլ Հիչքոք կը մահանայ 7 Հոկտեմբեր 1968-ին, 88 տարեկանին, Նիւ Եորք:

Ֆլորա Զապէլ Հիչքոքի Broadway խաղարկութիւններու ցանկը.

1) The Man on Stilts (Sep 09, 1931 – Sep 12, 1931) Performer: Flora Zabelle [Mrs. Van Allen] Play Comedy Original

2) The Girl from Home (May 03, 1920 – May 22, 1920) Performer: Flora Zabelle [Senora Juanita Arguilla] Musical Farce Original

3) Toot-Toot! (Mar 11, 1918 – Apr 13, 1918) Performer: Flora Zabelle [Mrs. James Wellington] Musical Comedy Original

4) Ziegfeld Follies of 1913 (Jun 16, 1913 – Sep 06, 1913) Performer: Flora Zabelle Musical Revue Original

5) The Pearl Maiden (Jan 22, 1912 – Feb 10, 1912) Performer: Flora Zabelle [Nadine] Musical Original

6) The Kiss Waltz (Sep 18, 1911 – Dec 02, 1911) Performer: Flora Zabelle [Nella] Musical Operetta Original

7) The Man Who Owns Broadway (Oct 11, 1909 – Jan 29, 1910) Performer: Flora Zabelle [Sylvia Bridwell] Musical Original

8) The Mascot (Apr 12, 1909 – May 08, 1909) Performer: Flora Zabelle [Bettina] Musical Opera Revival

9) The Yankee Tourist (Aug 12, 1907 – Nov 24, 1907) Starring: Flora Zabelle [Grace Whitney] Musical Farce Original

10) Easy Dawson (Aug 22, 1905 – Oct 07, 1905) Performer: Flora Zabelle Play Comedy Play with music Original

11) The Yankee Consul (Jan 24, 1905 – Mar 04, 1905) Starring: Flora Zabelle Musical Opera Original

12) The Yankee Consul (Feb 22, 1904 – Jul 02, 1904) Performer: Flora Zabelle [Bonita] Musical Comedy Opera Original

13) The Messenger Boy (Sep 16, 1901 – Jan 04, 1902) Performer: Flora Zabelle [Isabel Blyth] Musical Comedy Original

14) San Toy (Oct 01, 1900 – Nov 24, 1900) Performer: Flora Zabelle Musical Comedy Original

Մանկասար Մանկասարեանի մատենագիտութիւնը.

(Broadway Musical Comedy) Raymond HITCHCOCK: In the Days of Old (1910)  https://youtu.be/NgPeszDmmfk?si=rT1VjmhJi5m48J7m

American actor Raymond Hitchcock (1865-1929) / In the Days of Old (Robyn; Blossom) / from the 1904 Broadway musical comedy “The Yankee Consul” / Recorded: October 13, 1910 in New York  


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page