top of page

Սիւնակներ

Գրախօսական. Ռուբէն Յովակիմեանի «Մեր օրերի կանչը» գիրքը

Updated: Oct 20, 2025

Շաքէ Մանկասարեան October 12, 2025


Գրախօսականէն առաջ, հոս կը ներառեմ գրող Ռուբէն Յովակիմեանի շնորհակալական նամակը՝ իր նոր գիրքի շնորհահանդէսին առիթով։

ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴէՍ

22 Սեպտեմբեր 25-ին, ժամը 6-ին Լուսինէ Զաքարեան թանգարանի սրահում տեղի ունեցաւ ճարտարագէտ–գրող Ռուբէն Յովակիմեանի «Մեր օրերի կանչը» նոր գրքի շնորհահանդէսը: Թանգարանի տնօրինուհի Սուսաննա Դաւթեանի բարեհամբոյր բացման խօսքով՝ պարուրուած Նարեկացու աղօթքով եւ Շաքէ Մանկասարեանի վերլուծութեամբ-մեկնաբանութեամբ:

Տեղին է նշել, որ սրահը լեցուն էր հայրենաբնակ ու սփիւռքահայ մտաւորականներով, որոնք իրենց պարտքն էին համարել ուղղակի հաղորդակցուել այդ գրական միջոցառումին:

Երիցս գնահատելի է Շաքէ Մանկասարեանի բարձր մասնագիտական մօտեցումը հեղինակի ներկայացրած մտքերի ու կարծիքների վերլուծման ու մեկնաբանութեան առիթով: Նա կարողացաւ մինչեւ իսկ ոչ միայն ասած, այլ նաեւ հեղինակի չասածը կռահել, էջ առ էջ ծանուցելով անհրաժեշտ հատուածներ, որ ընդունելի էր ներկաների կողմից:

Տեղին է յիշել, որ Շաքէ Մանկասարեանի ելոյթը երբեմն ընդհատւում էր դասական հայ երգերի միջամտութեամբ՝ երաժշտական դպրոցի սաների կատարմամբ, որ հաճելի աղ ու համ էին տալիս մթնոլորտին:

Իր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ բանաստեղծ Թադէոս Եսայեանը:

Վերջում հեռարձակուեց հեղինակի հարցազրոյցի տեսաերիզը Գիւմրիի թղթակից Արշակ Ադամեանի հետ եւ համեստ գինեձօնով աւարտուեց երեկոն:

Այսու մեր շնորհակալութիւնն ու երախտապարտութիւնն ենք յայտնում կազմակերպիչներին ու մասնակիցներին:

Հեղինակ՝ Ռուբէն Յովակիմեան

 Շնորհահանդէսին ներկայ էին պատմաբան Աւետիս Ռազմիկ (Կիպրոս),  բանաստեղծ Թադէոս Եսայեան, պատմաբան, հրապարակագիր Գէորգ Եազճեան, իրաւաբան Կարէն Վասիլեան (Նետերլենտներ), Բժշկուհի Ռոմելա Ալեքսանեան, բանաստեղծուհի Գայանէ Խաչ, ակադեմիկոս Աշոտ Օհանեան եւ Ժիրայր Մշեցի: 




Բժշկուհի Ռոմելա Ալեքսանեան, ակադեմիկոս Աշոտ Օհանեան
Բժշկուհի Ռոմելա Ալեքսանեան, ակադեմիկոս Աշոտ Օհանեան

Հեղինակի այս գիրքը անոր 11-րդ հատորն է. լոյս տեսաւ Երեւան, 2025-ի ամռան:

Սկսելով գիրքի վերնագրէն, ընթերցելէ ետք զայն, կը հաստատենք, որ հեղինակը ճիշդ ընտրութիւն կատարած է զայն անուանելու «Մեր օրերի կանչը»: Իսկ կողքը, որ ստեղծագործութիւններէն մին է գեղանկարիչ վիգէն Շառոյեանի, իսկապէս արժանի է գնահատանքի, նաեւ՝ հեղինակին արժեւորումով:

Ի՞նչի մասին է այս գիրքը: Ընթերցողները հապճեպ պիտի ուզեն իմանալ բովանդակութեան մասին եւ այդ առումով ալ պիտի զննեն ցանկը, որ կ’ընդգրկէ հեղինակին սրտի խօսքը եւ 41 յօդուածներ:

Տասնամեակներէ ի վեր Ռուբէն Յովակիմեանի համար վարժութիւն դարձած է որպէս պարտականութիւն օրը սկսիլ հայրենի ու սփիւռքի մամուլը կարդալով: Ապա իր քաղաքական համոզումներու պրիսմակէն անցընելով՝ գրի կ’առնէ մեր աւետեաց երկրին առնչուող իրադարձութիւնները, նաեւ՝ աշխարհի տարածքին պատահող ամենօրեայ դէպքերը:

Բոլոր անոնք որոնք լաւ կը ճանչնան Ռուբէն Յովակիմեան հեղինակը եւ կարդացած են անոր յօդուածները կամ գիրքերը, ապա պիտի հաստատեն, որ ան իրազեկ է տեղի ունեցած բոլոր դէպքերուն, որոնք քննադատական եւ վերլուծական նժարի վրայ դնելով՝ ան չի զլանար գրի առնելու զանոնք արթուն ու  հեռատես միտքերով:

Հայաստան ծնած Ռուբէն Յովակիմեան, թէեւ արդէն հինգ տասնեակ տարիներէ ի վեր հաստատուած է Ֆրանսա, ան չի կրնար անտարբեր մնալ հայրենիքը յուզող իրականութիւններուն նկատմամբ:

 Իր «Երկու Խօսք»-ին մէջ (էջ 6) կը գրէ.

— «…նման դէպ­քե­րը, ո­րոնք ա­մե­նօ­րեայ ի­րա­կա­նու­թիւն են, չեն կա­րող ո­մանց հա­մար ան­տար­բեր մնալ եւ գրի առ­նուելով՝ դառ­նալ յօ­դո­ւած, ո­րոնց հա­ւա­քը դառ­նում է գիրք, որ սոյն գրքոյ­կի եր­կունք է:

Ռուբէն Յովակիմեան հեղինակը այս եւ իր նախորդ գիրքերուն ընդմէջէն միշտ ալ ընթերցողին առջեւ տեսադաշտ մը բանալով՝ կը ջանայ զայն մղել խորհրդածութեան եւ վերլուծումի, մասնաւորաբար՝ առողջ դատողութեան:

Հեղինակը ընթերցողին կը յուշէ վաղ անցեալի դէպքերը եւ  զանոնք համեմատելով  ներկայ իրավիճակին, իր «Կառավարումն» վերնագրին տակ  (էջ 29) կը գրէ. —

            — «…ընդ­հա­նուր կար­ծիք կայ, թէ Ա­սո­րես­տա­նի ան­կու­մի պատ­ճա­ռը կա­պո­ւած է նրա ղե­կա­վար­նե­րի սխալ քայ­լե­րի եւ գոր­ծու­նէու­թեան հետ: Թե­րեւս կան նաեւ այլ յա­ւե­լեալ պատ­ճառ­ներ, ո­րոնք ան­հա­սա­նե­լի են: 

«Ա­ներկ­բայ է, թէ ո­րե­ւէ երկ­րի գլխին կանգ­նած ան­ձի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան եւ ան­հա­տա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րի հետ է կա­պո­ւած երկ­րի ներ­կան թէ ա­պա­գան, նրա ա­ռա­ջըն­թա­ցը, բա­րե­կար­գումն ու կոր­ծա­նու­մը»:

 «Ինքնախժռում»  վերնագրին տակ (էջ 56)  հարցական շեշտով կը գրէ. —

            — «Հ­նա­րա­ւոր եր­բե­ւէ ե­ղե՞լ է, թշնա­մի երկր­նե­րի մի­ջեւ խնդիր լու­ծել աղօթ­քով կամ դրօ­շակ ծա­ծա­նե­լով:  Անհեթեթութի՞ւն, թէ՞ տխմարութիւն…:

Ռուբէն Յովակիմեանի խօսքի ու գրի դիպուկ արտայայտութիւններէն է  «տխմարութիւն» բառի յաճախակի օգտագործումը:

Հեղինակը խորին ափսոսանք կ’ապրի եւ իր «ԹԵՐՈՒՍՈՒՄՆ» վերնագրին ներքոյ (Էջ 81) կը գրէ.

«Վե­րը նշո­ւած տո­ղե­րը քննա­դա­տու­թիւն չեն, այլ սրտի խոր­քից բխած ափ­սո­սանք, որ դա­րե­րի խոր­քից վե­րած­նո­ւած մեր հայ­րե­նի­քը վե­րա­կա­ռու­ցող­նե­րի մի մա­սը թե­րուս է, տար­րա­կան բա­րո­յա­կա­նու­թեան ու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի կարգ ու կա­նո­նին ան­տե­ղեակ: Ժա­մա­նակն է, որ բո­լոր մա­կար­դա­կի ղե­կա­վար­նե­րը վար­չա­պե­տի հետ միա­ձայն պաշ­տօ­նի նշա­նա­կեն կա­րող եւ ու­նակ ան­ձանց եւ ոչ միայն կու­սակ­ցա­կան­նե­րի: Այդ է իմ յոր­դո­րը հայ­րե­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րին:

 «Իսկապատում» վերնագրին տակ (էջ 93 ) կը գրէ.

— «Եր­բեմն ան­կա­րե­լի է հարց չտալ, թէ ո´րն է մեր հայ­րե­նի թէ սփիւռ­քի ազ­գա­կից­նե­րից ո­մանց մտա­ծող գոր­ծա­րա­նը՝ ու­ղե՞­ղը, թէ՞ ոտ­քե­րը:

— «Մօտ հա­զար տա­րիէ ի վեր է որ մոն­ղոլ–թա­թա­րա­կան հրո­սակ­նե­րը փա­ռա­ւոր նստել ու վա­յե­լում են ողջ Ա­նա­տո­լիան՝ նե­ղուց­ներն ու ծո­վե­րը, այ­սօր ութ­սուն մի­լիոն բնակ­չու­թեամբ աշ­խար­հի հզօր­նե­րի հետ են մրցում՝ ա­նե­լով ինչ ցան­կա­նում եւ ոնց ցան­կա­նում են, (բա­նը չըն­կա­լել գովք, այլ ողբ թուր­քե­րի նկատ­մամբ): Հայ փրկիչ գոր­ծիչ­նե­րից ո­մանք դեռ յոյս են կա­պում պատ­մա­կան տա­րածք­նե­րի հետ եւ ան­խոնջ քա­րո­զում միաս­նա­կա­նու­թիւն:  Յուսանք որ շտկուեն՝ յանուն իսկութեան»: 

«Քաոսապատում» վերնագրին տակ (էջ 96) հեղինակը կ’անդրադառնայ բարոյական արժէքներու. —

« Չեմ համարձակւում մտածել, թէ՛  ի սփիւռս աշխարհի, կայ մի անկիւն   ուր վիճակը համեմատաբար քաոսային չէ, երբ ԱՄՆ եւ  Եւրոպան՝ Իսրայէլի աչառու  երեսպաշտ, մարդահաճոյ կամ ծածուկ մասնակցութեամբ, ձեռք–ձեռքի՝ Թրամփի յաղթանակից յետոյ, խոշոր շերեփով խառնում են  «աշխարհ» կոչուած կաթսայի պարունակութիւնը, ուր բարոյական արժէքների մակարդակը շատ ցածր է»:

Ռուբէն Յովակիմեան  կը խոստովանի որ շատերու նման տարիներու ընթացքին յաճախ մտմտուքի մէջ է եւ  իր «Մտմտուք» վերնագրին տակ (էջ 100) հարց կու տայ.

— «ո՞վ ենք մենք հայերս, մեզ նման փոքր երկիրներու ընդդիմադիր ուժերը եւ նոյն ընկալումը ունին իրենց երկրի պետականութեան նկատմամբ, ի վերջոյ ո՞ր  բարոյական հիմունքներով հայրենիքէն դուրս հաստատուած բազմաթիւ լրագրողներ որոնք հարկ չեն վճառեր ունեն ամէն տեսակ լուտանքներ շպրտել պետականութեան վրայ, որ խնդրի առարկան անձը չէ , այլ երկիրը»:

Պէտք է ընդգծել, որ հեղինակը ոչ մէկ պարագային նպատակ չէ ունեցած  մեղաւոր  գտնելու կամ որեւէ մէկը քննադատելու,  եւ ոչ ալ կոչելու որ մեղաւորը մենք ենք, սակայն իր ներքին պոռթկումը գրչին է տուած:

Իր «Պոռթկում» վերնագրին ներքոյ (էջ 106) կը գրէ.—

— «Մեղաւոր կամ անմեղ փնտռելու նպատակ չունի այս գրութիւնը, այլ հասկանալ մեր հանրութեան որոշ մասի տխմար եւ թերուս մտայնութիւնը երեւոյթների, մանաւանդ ազգի վիճակի որեւէ կացութեանը: 

Իր պոռթկումին եւ ափսոսանքին հետ հեղինակ Ռուբէն Յովակիմեան կը փորձէ  հասկնալ ու հասկցնել թէ ի՞նչ նախնտրելի քայլերն են որ զերծ կը պահեն ձախող գործարքները:

Օրինակ՝ իր «Պատգամանի» վերնագրին տակ (էջ 104) կ’ընդգծէ. —

— «Հրեաները գովաբանելու համար չէ որ կը յիշենք, այլ որպէս նմուշ հայ միասնականութիւն քարոզողներուն, որ նոյնիսկ թշնամիէն ընդօրինակելի քայլեր կան, որու հետ պէտք չէ մոռնալ որ դէպք չէ եղած երբ հրէաստանի դրօշը ոտնատակ ըլլայ կամ հրկիզուի ծագումով հրեայ որեւէ խմբակցութեան կողմէ որեւէ առիթով»:

 Սա ցոյց կու տայ  թէ ճարտարագէտ գրող Ռուբէն Յովակիմեան նաեւ  քաղաքագիտական վերլուծութիւններ կատարելով  ճարտարագիտութեամբ կը նախագծէ  խնդիրները լուծելու եւ ապագայ երկիրը վարելու ռազմավարութեան հիմքերը: Եւ հեղինակին  յորդորը յստակ է այս տողերուն մէջ. —

— «Կրկ­նեմ, որ միակ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը պէտք գե­րա­կայ լի­նի, որն կա­րող է  միա­ւո­րել եւ ո­րի  կա­րիքն ու­նենք՝ այլ կերպ  մեռ­նե­լու է ազ­գը ա­ռանց հետք թող­նե­լու»:

Եւ իր 41-րդ «ԵԶՐԱՅԱՆԳՈՒՄ» յօդուածին մէջ (էջ 114)  հեղինակը կ’ընդգծէ. —

«Գրելու բուն նպատակը թուղթ մրոտել չէ եղած եւ ոչ ալ պիտի ըլլայ, այլ դրական թէ բացասական երեւոյթներուն մասին պարզ միջոցով արտայայտելու եւ առանց խեղաթիւրելու ինչ որ գաղափարախօսութեան ի նպաստ»:

Ճարտարագէտ եւ գրող Ռուբէն Յովակիմեան, իր կեանքին ընթացքին իրականացուցած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, անշուշտ արժէքաւոր տեղ մը կը գրաւէ մեր իրականութեան մէջ։ Ինչ բախտաւորութիւն, որ նախապէս ապրելով Խորհրդային Հայաստանի մէջ, հեղինակը առիթը ունեցած է տեսակցելու մեծ վարպետ Մարտիրոս Սարեանի, Գոհար Գասպարեանի եւ Աւետիք Իսահակեանի հետ՝ այլ մեծերու շարքին:

Ռուբէն Յովակիմեանի գործերը կը նկատեմ գիտական եւ վերլուծական ուսումնասիրութիւններ, որովհետեւ անոնք հիմնուած են փաստաթղթային ապացոյցներու վրայ եւ կը լուսաբանեն հայրենիքին պատմական ընթացքը՝ անաչառ դիտողի քննադատական մտածողութեամբ։

 
 
 

Comments


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page