top of page

Սիւնակներ

Յարութ Հաճի Կարապետեան. Պոլսեցի արմատներով Հալէպահայը


Հետաքրքրական է այս գրութեանս պատմութիւնը, որովհետեւ Վազգէն Քէլխաչերեանի հետ զրոյցիս մէջ անակնկալ կը նշուի Յարութին անունը, որպէս հոգատար, ամէն մարդու հասնող, բարեխնամ,- «ո՞վ է, կը ճանչնա՞մ» – «Շաքէ, թերեւս տեսած ես, Քարէն Եփփէ Ճեմարան յաճախած տարիներուդ, Ճեմարանին դիմացի շարքին էր Յարութին խանութը, ռատիո եւ ժապաւէն նորոգող, թերեւս յիշես խանութին  արաբերէն անունի գրութիւնը»… مشغل الكتروني هاروت    . 

Զրոյցէս ետք, երկար հարցաշար մը ղրկած էի Վազգէնի WhatsApp-ին, որ դիւրին ընթանայ Յարութ Հաճի Կարապետեանի մասին տեղեկութիւններու հաւաքագրումը:

Եւ այսպէս`Կարապետեաններու տոհմին պատմութիւնը:

Յարութ Հաճի Կարապետեան արմատներով պոլսեցի է: Յարութին մեծ հայրը՝ Կարապետ Կարապետեան եւ մեծ մայրը՝ Աննիկ եւ իրենց որդիները՝ Արթին եւ Յակոբ ծնած են Պոլիս:  Կարապետին վաղաժամ մահէն ետք, առեւանգումներու շարժում մը կը սկսի Պոլսոյ մէջ, ուր վախի մթնոլորտին մէջ, Աննիկ կ’որոշէ Հալէպ մեկնիլ իր փոքրիկները փրկելու սիրոյն: Փոքրիկ Յակոբ հազիւ երկու տարեկան էր. ան ծնած էր 1911-ին: Երբ Աննիկ հազիւ հասած էր Հալէպ իր զաւակներուն հետ, Հալէպի մուտքին յանկարծամահ կ’ըլլայ, եւ նոյն պահուն բարեգութ ու բարեխնամ սուրիացի արաբ մը, բարեբախտաբար, փոքրիկները կը վերցնէ իր հետ եւ կը յանձնէ որբանոց:  Տարիներ անց, որբանոցը իրենց ետին ձգած, Արթին եւ Յակոբ կը դառնան բարեկիրթ ու աշխատասէր հայ երիտասարդներ ու կը կազմեն իրենց ընտանիքները:

1939-ին, Յակոբ Կարապետեան ամուսնութիւն կը կնքէ Մարի Գահվէճեանին հետ, որ ծագումով այնթապցի էր: Անոնք կը բախտաւորուին չորս զաւակներով՝ Կարապետ (ծն.1940), Յարութ (6 մայիս 1949), Եղիա (1959) եւ Օժէն:  Յակոբ  իր ընտանիքին հետ բնակութիւն կը հաստատէ Հալէպի Տաուտիէ շրջանը, իսկ 1962-ին, կը տեղափոխուի Սուլէյմանի շրջան:  Մինչեւ այդ, 1956-ին, Յակոբ Կարապետեան Երուսաղէմ  ուխտագնացութեան գացած էր, եւ վերադարձին (հաճի գացած) Տաուտիէ շրջանի հայերը անոր անուանած են Հաճի Յակոբ Կարապետեան: 

Տարիներ ետք, ճակատագի՞ր, թէ՞ դիպուած, Յակոբ Կարապետեանի մականունը անձնագրին մէջ պետական պաշտօնեայի մը թիւրամացութեան հետեւանքով կ’արձանագրուի Հաճի Կարապետեան մականունով:

Յարութ Հաճի Կարապետեանի կենսագրականը

Յարութ յաճախած է Տաուտիէի Վարդանեան վարժարանը մինչեւ 2-րդ դասարան, որմէ ետք իր ուսումը կը շարունակէ Մխիթարեան վարժարան մինչեւ 5-րդ դասարան: Վարդանեան վարժարանի տնօրէնն էր (հանգուցեալ) Տէր Եղիշէ Փանոսեան: Ան նաեւ եղած է հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ կրօնի ուսուցիչ: Յարութին թուաբանութեան ուսուցչուհին եղած էր Օժէնի Իփէկեան:

14 տարեկան պատանի Յարութին ուսումը ընդհատուած էր, եւ արդէն սկսած էր աշխատիլ: Ծնողքը զինք դրած էին տարբեր արհեստներու մէջ, բայց Յարութ բնաւ չէր սիրած այդ առաջարկուածները: Պատանի Յարութ իր հետազօտող մտքին արթնութեամբ եւ ուշիմութեամբ ձեռք բերած է ռատիո եւ Ռոտսթար, Ներոն, Ալթայն ժապաւէն նորոգելու թեքնիքը: Ան երբեւէ վարպետ չէ ունեցած իրեն սորվեցնող, այլ հմտութիւն ձեռք բերած է  հետեւելով ու կարդալով ռատիո եւ ժապաւէն սարքերու գիրքեր:  Ան մի՛այն նորոգութեան խիստ բարդ խնդիրներու լուծման համար դիմած է Հալէպի շատ նշանաւոր վարպետներէն՝ Ճեմիլ Մուսալլին, որմէ ալ անկթարթի արագութեամբ հասկցած է լուծման թեքնիքները:

Յարութ սուրիական զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէն ետք, 1974-ին, կ’որոշէ իր սեփական գործատեղին ունենալ, որ իրականութիւն կը դառնայ նոյն տարին. կը վարձէ խանութ մը, որ տարիներ ետք կը դառնայ իր սեփականութիւնը: Գործատեղին կը գտնուէր Ս.Օ.Խաչի կեդրոնին անկիւնը, դէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին դէմի շարքը: Այսօր, Յարութ Հաճի Կարապետեան ջերմօրէն կը յիշէ իր արհեստաւոր դրացի խանութի տէրերուն անունները՝ Ռաֆֆի Քէշիշեան (Spare parts قطع تبدبل      վաճառական) , Հրայր եւ Սերոբ Մերթխանեաններ սարրաժ եւ պաթարիայի գործերով, Լիոն Զաքի ( Spare Parts) վաճառական: Իսկ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի թաղը կային Յարութ եւ Պարգեւ Հալլաճեանները, Վրէժ Համամճեանը, Սափրիչ Ղազարը եւ Սանտուիչ պատրաստող Կարօ Տորղամաճեանը:

Յարութ, իր ժրաջան աշխատասիրութեան կողքին, գործակցած է առեւտրական  Ժան Տէր Գէորգեանի հետ: 

Ընթերցողին ուշադրութեան յանձնենք, որ նոյն այս տարբերակ21 հարթակով հրապարակած եմ Ժան Տէր Գէորգեանի մասին գրութիւնս https://tinyurl.com/mxnjz2ph : Շաքէ Մանկասարեան

Յարութ թէպէտեւ միութենական կեանք չէ ունեցած, սակայն շատ մօտ եղած է Հալէպ գաղութին. իր ազգասիրութիւնը իրեն մղած է օգտակար հանդիսանալու զանազան մարզերու. իր օժանդակութիւնը բերած է եկեղեցիներուն, հայկական դպրոցներու եւ ծառայած է անոնց կարիքներուն: 

Հայկական վարժարաններու հոգաբարձութեան խնդրանքով Յարութ սիրայօժար եւ անվճար նորոգած է բոլոր դպրոցներու օթոքարներուն  ռատիոները: Ան նորոգած է նաեւ եկեղեցիներու միքրոֆոնները: 

Այս բոլորին կողքին, պետական կառոյցներու հետ ունեցած Յարութի ազդու յարաբերութիւնները նպաստած են, որ մարդոց դիմագրաւած պետական խնդիրները անմիջապէս լուծուին: Մինչեւ այսօր ալ որպէս  բարեխնամ միջնորդ,  Յարութ կը շարունակէ օգտակար դառնալ իրեն որեւէ հարցով դիմորդներուն: 

Սուրիոյ պատերազմի թէժ, վտանգաւոր օրերուն, գողութիւններու, ռումբերու, հրթիռներու եւ պայթումներու անվերջ մղձաւանջին մէջ, Յարութ կը ստիպուի փակելու խանութը եւ շատ չանցած ծախելու զայն:


Յարութ Հաճի Կարապետեանի եկեղեցական ծառայութիւնը

Ի տես Յարութի ազգանուէր եւ անշահախնդիր ազգային ծառայասիրութեան, օրուայ Ազգային իշխանութեան առաջարկով եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Սուրէն սրբազանի արտօնութեամբ, 2000-ին, սիրայօժար ընդառաջելով առաջարկը, Յարութ կը նշանակուի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենադպիր: Օրուայ թաղականութեան ատենապետն էր Անդրանիկ Մէլիքեան, եւ օրուայ խորհուրդի անդամներն էին Սահակ Չափրազեան, Զաւէն Շահինեան, Սարգիս Դանիէլեան, Սարգիս Գունտագճեան եւ Պետրոս Ֆրանքեան:  2006-ին, Սահակ Չափրազեան կը նշանակուի ատենապետ, հետագային Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, Սահակ կը հեռանայ Հալէպէն, եւ Յարութ կը նշանակուի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Շահան սրբազան արք. Սարգիսեանի արտօնութեամբ:  Յարութ  կը յիշէ իր յարգալից ծառայակիցները՝ Ժան Աւագեան, Սարգիս Դանիէլեան, Վահէ Թերզեան, Աշոտ Թեճիրեան, Նազարէթ Խտըրլարեան, Մանիա Ազէզեան, Սեւան Տէր Յովհաննէսեան:

Յարութ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր ծառայութիւնը որպէս Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ատենապետ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Մակար արք. Աշգարեանի հովանաւորութեամբ:

Ձախէն՝ աջ, Տիարք՝ Նազարէթ Խտըրլեան, Յարութ Հաճի Կարապետեան, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Վահէ Թէրզիեան, Աշոտ Թէճիրեան: Հալէպ, Անի Ճաշարան, 2022թ.
Ձախէն՝ աջ, Տիարք՝ Նազարէթ Խտըրլեան, Յարութ Հաճի Կարապետեան, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Վահէ Թէրզիեան, Աշոտ Թէճիրեան: Հալէպ, Անի Ճաշարան, 2022թ.
Ձախէն՝ աջ Տիարք՝ Ժան Աւագեան, Պետրոս Ֆրանքեան, Յարութ Հաճի կարապետեան,  Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան,  Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Շահան Արք. Սարգիսեան, Սահակ Չափրազեան, Զաւէն Շահինեան, Սարգիս Դանիէլեան: Ս. Յակոբ եկեղեցի, Հալէպ, 2004 թ.
Ձախէն՝ աջ Տիարք՝ Ժան Աւագեան, Պետրոս Ֆրանքեան, Յարութ Հաճի կարապետեան,  Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան,  Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Շահան Արք. Սարգիսեան, Սահակ Չափրազեան, Զաւէն Շահինեան, Սարգիս Դանիէլեան: Ս. Յակոբ եկեղեցի, Հալէպ, 2004 թ.
Ձախէն՝ աջ Տիարք՝ Պետրոս Ֆրանքեան, Սարգիս Դանիէլեան, Զաւէն Շահինեան, այժմ հոգելոյս Սրբազան Սուրէն Արք. Քաթարոյեան[1] ,   Անդրանիկ Մելիքեան, Սահակ Չափրազեան, Յարութ Հաճի Կարապետեան, Սարգիս Գունտաքճեան: Սպիտակ Ճաշարան, Հալէպ, 2000 թ.:
Ձախէն՝ աջ Տիարք՝ Պետրոս Ֆրանքեան, Սարգիս Դանիէլեան, Զաւէն Շահինեան, այժմ հոգելոյս Սրբազան Սուրէն Արք. Քաթարոյեան[1] ,   Անդրանիկ Մելիքեան, Սահակ Չափրազեան, Յարութ Հաճի Կարապետեան, Սարգիս Գունտաքճեան: Սպիտակ Ճաշարան, Հալէպ, 2000 թ.:

Յարութ Հաճի Կարապետեանի ընտանիքը

18 սեպտեմբեր 1977-ին, Հալէպի Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ (այժմ հանգուցեալ) Տէր Շահէ Աւագ քահանայ Մասոյեանի, Յարութ կը պսակուի Մարիէթ Պախչէճեանի հետ, որ դուստրն է Յովսէփ եւ Պիաթրիս Պախչէճեաններուն: Աստուած իրենց պարգեւած է երեք զաւակներ՝ Ժագ, Պետիկ եւ Անի: Ժագ եւ Պետիկ եղբայրները կ’աշխատին համակարգիչի եւ բջիջային հեռախօսներու նորոգութեամբ: Ժագ եւ Պետիկ ունին մէկական մանչ: Անի ամուսնացած է Գէորգ Մարգարեանի հետ. ունի մէկ մանչ եւ հաստատուած է Քուէյթ:  Հոս նշենք, որ պսակի լուսանկարիչն էր Ֆոթօ Տատուր, որուն սթուտիոն կը գտնուէր կաթօճի Մինիոնին քով, Մունշիյէ:


Հոս նշենք, որ լուսահոգի Տէր Շահէ Ա. քհնյ. Մասոյեան արմատներով այնթապցի էր: (1922, Հալէպ- 2004, Հալէպ), Տաուտիէի-Աշրաֆիէ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ քահանան էր մինչեւ 1978[2]:


Ձախէն՝ աջ. Պետիկ, Ժագ եւ կինը Թալին, Հարս Անի, Մարիէթ եւ Յարութ Հաճի Կարապետեաններ: Յունիս 2019
Ձախէն՝ աջ. Պետիկ, Ժագ եւ կինը Թալին, Հարս Անի, Մարիէթ եւ Յարութ Հաճի Կարապետեաններ: Յունիս 2019

Ինչպէս վերը նշեցինք, Յարութ ունեցած է երկու եղբայր՝ Կարապետ եւ Եղիա եւ մէկ քոյր: Մեծ եղբայրը` Կարապետ արհեստով  سواج , միաժամանակ օժտուած է աստուածատուր երաժշտական հմտութեամբ. երգիչ յօրինող, եւ նուագահար տարբեր նուագարաններու՝ ջութակ, ճումպուշ, ձեռնադաշնակ, երգեհոն, օրկ: Երաժշտական ելոյթներով հանդէս եկած է ՀՄՄ ակումբին մէջ եւ հարսանիքներու: Ան ներկայիս հաստատուած է Երեւան: Օժէն մահացած է. ունեցած է մէկ աղջիկ եւ երկու մանչ: Կարապետ բախտաւորուած է երեք մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներով: Փոքր եղբայրը` Եղիայ\ արհեստով նոյնպէս سواج է: Ան ամուսնացած եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով՝ մէկ աղջիկ եւ երկու մանչ:

Տաղանդաշատ վարպետ եւ հմուտ երաժիշտ Կարապետ Հաճի Կարապետեանի կատարմամբ «Օտար, ամայի ճամփեքի վրայ»… խօսք՝ Աւետիք Իսահակեանի: Սեղմէ՛ յղումը ունկնդրելու երգը



[1] Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն հոգելոյս Տ. Սուրէն Սրբազանը ծնած է Յունիս 21, 1939-ին, Հալէպ: Աւազանի անունն է Աբրահամ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Ուսումնասիրաց եւ Հայկազեան Վարժարաններուն մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է  Հոկտեմբեր 1954-ին: 15  հոկտեմբեր1977-ին, Թեմի Ազգային Գաւառական Ժողովին կողմէ ընտրուած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ: 17 դեկտեմբեր 2023-ին, Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան վախճանեցաւ Մոնրէալի մէջ, 61 տարի ծառայելէ ետք Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ:  https://hairenikweekly.com/?p=58343

[2] Տէր Շահէ Ա. Քհնյ. Մասոյեան աւազանի անունով Յակոբ, որդի Պաղտասարի եւ Լուսիայի, ծնած է Հալէպ, 1922-ին։ Նախնական ուսումր ստացած է նախ Մեսրոպեան եւ ապա Հայկազեան եւ Ուսումնասիրած Վարժարաններուն մէջ։ Շրջանաւարտ եղած է 1937-ին։ Հանապազօրեայ հացի հրամայականր զինք նետած է գործնական կեանքի մէջ։ Ան հետեւած է դերձակութեան, 1938-1958։ Արհեստը սորվելէ ետք, ձեռնարկած է ազատ գործի, ու ժամանակ մը ետք ունեցած է սեփական խանութ։ Ան աոօրեայ աշխատանքներուն զուգահեո, կարեւորութիւն տուած է եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան։ Փոքր տարիքէն, ամէն կիրակի իր հօր աոաջնորդութեամր յաճախած է եկեղեցի։ Հետագային, մաս կազմած է դպրաց դասին նախ Գրիգոր Լուսաւորիչ  ապա Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներուն մէջ։  Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրապետ նշանակուած է ու ձեոնահասօրէն հինգ տարի վարած է այդ պաշտօնը` կազմակերպելով դպրաց դասը։ 1958-ին, տեղափոխուած է Դամասկոս, երբ ուսուցչութեան պաշտօն վարելու հրաւէր ստացած է։ 1958-1961 տարիներուն պաշտօնավարած է Ազգ. Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ։ 1961-1965 տեղւոյն Հայ Աւետ. Վարժարանին մէջ ուսուցչութեան կոդքին վարած է դպրապետութեան պաշտօն Ս. Սարգիս էկեդեցւոյ մէջ։ Դպրոցի ու եկեղեցւոյ առընթեր, ան եօթը տարի ծառայած է Դամասկոսի կիրակնօրեայ վարժարանին` նոր սերունդին սորվեցնելով մեր եկեղեցւոյ շարականները։ Եկեղեցւոյ, դպրոցին ու կիրակնօրեային մատուցած տարիներու ծառայութիւնը, ժամանակի ընթացքին իր մէջ արթնցուցած է քահանայ ձեռնադրուելու բուռն փափաքը։ 1961-ին, իր փափաքը դիմումնագրով ներկայացուցած է Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին ու կրօնական ժոդովին։ Իր թեկնածութիւնը ընդունուած է, սակայն թելադրուած՝ որ սպասէ մինչեւ Հալէպի մէջ քահանայի կարիքը ունեցող եկեղեցի մը գտնուի։ 1965-ին, երբ Ս. Վարդան եկեդեցին քահանայի կարիքը կ’ունենայ, թաղականութիւնը դիմած է առաջնորդին։ Արբազան Հօր ու կրօնական ժողովի որոշումով ճշդուած են թեկնածուին ձեռնադրութեան թուականն ու եկեդեցին։ Քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են ձեռամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ ս. արք. Չէպէեանի, 7 Մարտ 1965-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, խարտաւիլակութեամբ Տ. Գարեգին Ա. քհնյ, Քիրազեանի, վերակոչուելով Տ. Շահէ։ Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, առաջնորդին տնօրինութեամբ տէր հայրը հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Տաուտիէի Ս. Վարդան Եկեղեցիւոյ ու Վարդանեան Վարժարանի համար՝ ուսուցիչ։ wikipedia

4 Comments


Guest
6 days ago

soi cầu xsmb mình thấy bạn bè nói nhiều quá nên ghé thử cho biết, chủ yếu xem giao diện thôi chứ chưa đọc kỹ nội dung. Vừa vào là thấy trang làm kiểu gọn gàng, khoảng trắng vừa đủ nên mắt đỡ bị ngợp. Mình thích nhất là họ chia nội dung thành từng khối nhìn rõ ràng, lướt một vòng là biết phần nào quan trọng, phần nào chỉ để tham khảo thêm. Mấy bảng số liệu cũng trình bày theo cột ngay ngắn, kéo xuống nhanh vẫn theo kịp chứ không bị rối. Với lại cái menu để khá dễ thấy, bấm qua lại vài mục không phải tìm lâu. Nói chung cảm giác dùng khá “thân…

Like

Guest
Jun 18

sun win mình thấy bạn bè nhắc hoài nên cũng bấm vào coi thử cho biết thôi. Không có ngồi đọc kỹ hay làm gì nhiều, chủ yếu lướt xem trang họ thiết kế ra sao. Vừa vào là thấy giao diện khá sáng và thoáng, mấy phần nội dung chia thành từng khối nhìn gọn nên kéo xuống không bị rối. Mình cũng để ý họ hay dùng kiểu bảng cột để hiện thông tin, nhìn lướt cái là hiểu ý chính chứ không phải đọc nguyên đoạn dài. Thanh menu đặt ngay chỗ dễ thấy nên đổi qua lại vài mục cũng nhanh, không cần tìm quá lâu. Nói chung cảm giác dễ làm quen, nhất là cách…

Like

Guest
Jun 16

I liked how this write-up kept things simple and didn’t try to sound smarter than it needed to. The flow felt natural, so I could skim a bit and still not miss the point. Halfway through I clicked around https://newimage.io/ out of curiosity, and it gave me the same “clean and straightforward” feel without a bunch of clutter fighting for attention. What I appreciated here is the way the ideas are split into short chunks, so you’re not stuck in a giant wall of text. It also helps that the spacing and headings make it easy to pick up where you left off if you get distracted. On the site itself, the layout stays tidy with clear sections and readable…

Like

Guest
Jun 01

KUWIN mình mới ghé thử vì thấy bạn bè nhắc hoài, vào kiểu xem nhanh giao diện thôi chứ không có ngồi “nghiên cứu” gì. Cảm giác đầu tiên là trang nhìn khá gọn, bố cục thoáng nên lướt một vòng là nắm được mình đang ở đâu. Mình có bấm qua phần hướng dẫn giải đáp thì thấy họ có nhắc chuyện kết quả vận hành bằng RNG, đọc qua cũng thấy đỡ lăn tăn hơn. Menu để ngay tầm mắt nên chuyển qua lại không bị rối, kiểu ai không rành cũng không phải mò lâu. Nói chung mình thích cái cách họ tách riêng khối “TIN TỨC” với “Hướng Dẫn & Giải Đáp” rõ ràng ngay trên…

Like

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page