DIASPORA - Սփիւռք | ayk-radio
top of page

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ  19, 2022

Փրոֆ. Արա Սայեղ

Սոյնը առաջին մասն է Փրոֆ. Արա Սայեղի «Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին» վերնագրով յօդուածին, որ լոյս տեսած է 2022-ին Երեւանի մէջ հրատարակուած՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորին մէջ, խմբագրութեամբ Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ Շաքէ Մանկասարեանի։

«Մենք Սփիւռ­քի միջազգային ճանաչելիութեան եւ օրինաճանաչութեան հարց մը ունինք»

nerouj-1.webp
nerouj-1.webp

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ  19, 2022

Փրոֆ. Արա Սայեղ

Սոյնը երկրորդ եւ վերջին մասն է Փրոֆ. Արա Սայեղի «Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին» վերնագրով յօդուածին, որ լոյս տեսած է 2022-ին Երեւանի մէջ հրատարակուած՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորին մէջ, խմբագրութեամբ Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ Շաքէ Մանկասարեանի։

Ա. մասը կարդալ այստեղ՝ https://bit.ly/3s95Kec

«Սփիւռ­քը պէտք ու­նի գի­տա­կան

հիմ­նադ­րամ­նե­րու»

nerouj-1.webp

ՆՈՅԵՄԲԵՐ  11, 2021

Տիար Վարուժ Ներկիզեան ԱՄԷ-ի Շարժայի Դրամատան Գլխաւոր Գործադիր Տնօրէն եւ Խորհուրդի Քարտուղար

Շաքէ Մանկասարեան, Ռատիո ԱՅԳ

Վարուժան Աբրահամ Ներկիզեան տնտեսագիտութեան աստիճան ունի Լիբանանի   «de l'Université Saint-Joseph de Beyrouth » Սեն Ժոզէֆ համալսարանէն եւ «Lumière University Lyon»  Լիոն Լումիէր համալսարանէն, Ֆրանսա:

 

Ան Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժայի դրամատան գլխաւոր տնօրէնն է 1992 թուականէն ի վեր: Ան Լիբանանի «Emirates Lebanon Bank SAL» դրամատան նախագահն է եւ գլխաւոր տնօրէնը (Bank of Sharjah Group- ի անդամ) 2008 թուականէն ի վեր:

Նոյեմբեր 6, 2021

Շաքէ Մանկասարեան, Ռատիո ԱՅԳ

«Բարի Սամարացի»ի տիպար էր Հրայրը՝ հեռու լուսարձակներէ բոլորին, անխտիր բոլորին օգնելու իր ազնուական ոգիով: Իր կեանքի բառարանին մէջ «ոչ» բառը գոյութիւն չունէր: 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

 

Հրայր Սողոմոնեան ծնած է Պէյրութ, 29 Հոկտեմբեր 1948-ին, Քեսապցի ծնողքէ՝ Սամուէլ եւ Մանուշակ Սողոմոնեաններ ամոլէն: Հրայր կը յաճախէ հայահոծ շրջանին  ներս գործող Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը, ու կը ստանայ իր նախնական ու երկրորդական ուսումը: Համալսարանական ուսման համար կ՛ընդունուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան եւ 1974-ին, որպէս երկրաչափ-ճարտարապետ կ՛աւարտէ իր ուսումը: 

Տիար Հրայր Սողոմոնեան՝ ԱՄԷ Հայ Համայնքի Ազգային Բարերար, Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետ

Հոկտեմբեր 25, 2021

Շաքէ Մանկասարեան, Ռատիո ԱՅԳ

Ժամանակին Զարմինէ Պօղոսեանը անսաց աւագ եղբօր՝ Ուաշինկթընի հովիւ Վրթանէս Աւ. Քահանայի՝ Արփիար Արփիարեանէն ածանցուած իմաստուն խօսքին, որ յայտարարեր էր, թէ գաղութ չէ Ամերիկան, այլ «օրհնեալ երկիր»։ Եղբայրը խորհուրդ տուեր էր բազմանդամ ընտանիքի երիտասարդ անդամներուն համախմբուելու, կազմելու ընտանիքներ, բայց ծառայելու հայ մշակոյթին, հայ կրթութեանը, եկեղեցիին։ Եթէ չլինէր պատգամի երկրորդ բաղադրիչը, Զարմինէ Պօղոսեանի ճակատագիրը շատ շատ կը նմանէր ամերիկահայ նորահաս սերնդակիցներուն եւ աւելի աւագներուն, որոնք կու գային երկրի արեւելեան կամ արեւմտեան ափերը առօրեայով ապրելու: 

Ազէզէն Ամերիկա ու վերջապէս Երեւան. Զարմինէ Պօղոսեանի կրթական-մշակութային տողանցքը

bottom of page