Անմոռանալի Ասպետը՝ Թադէոս Եսայեան, Փրոֆ. Արա Սայեղ
Անմոռանալի Ասպետը
Կրկնակի երանդով մը, սրտահաճոյ բերկրանքով մը ընթերցեցի Թադէոս Ի․ Եսայեանի «Գեղամ ու Արփիկը» թատրերգութիւնը։ Թադէոս Ի․ Եսայեանի «Գեղամ ու Արփիկը» թատրերգութեան նուիրուած գրական, գեղարուեստական արժեւորում մը, գնահատական մը չէ այս երկտողս, պարզապէս հոգեբուխ, սրտաշարժ խօսքս է երկնապարգեւ տաղանդով մտաւորական Թադէոսի լիաբուխ վաստակին։
Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ հայ գրականութեան նուիրեալներու շքեղ փաղանգի ցանկին վրայ պատկառելի եւ անմոռանալի ասպետը՝ Թադէոս Եսայեանը, մաղթելով, քաջառողջութիւն, երկար եւ բեղմնաւոր կեանք, նոր գիրքերու ակնկալիքով ակօսելու համար հայ գրականութեան բերրի անդաստանները:
Փրոֆ․ Արա Սայեղ
https://www.facebook.com/ara.sayegh.9
https://www.facebook.com/profile.php?id=100002029627058
www.radioayk.com