top of page

Սիւնակներ

Հէօլլիւկի Գերմանիկեան եւ Նոր Գիւղի Զաւարեան Վարժարաններու յուշերս. Արաքսի Վարդանեան Մոսկոֆեան


Արաքսի Վարդանեան ծնած է Հալէպ, Հէօլլիւկ  (Թրապ Էլ- Հէօլլիւկ) արուարձանի հայաշատ թաղամասը, համեստ եւ հաւատացեալ Քիլիսցի ընտանիքի մը մէջ: Հօրենական մեծ հայրը՝ Սահակ, մեծ մայրը՝ Արուսեակ: Մօրենական մեծ հայրը՝ Յարութիւն, մեծ մայրը Մարի՝ արմատներով Այնթապցի: 

Գաղթի տարիներուն տարագիր հայեր հասած էին Սուրիա եւ ապաստան գտած էին Հալէպի տարբեր շրջաններուն մէջ: Արաքսիին մեծ հօր ու մեծ մօր «Ազէզ» գիւղը եղած էր առաջին հանգրուանը, ուր ալ ընտանիք կազմած էին՝ ունենալով չորս զաւակ, երկու մանչ, երկու աղջիկ: Ազէզ գիւղը ունէր միայն մէկ հայկական դպրոց եւ մէկ եկեղեցի: Չորս զաւակներն ալ յաճախած են Ազէզի դպրոցը: Անոնցմէ Էլիզը եղած է դպրոցի առաջնակարգ աշակերտուհիներէն մէկը յատկապէս թուաբանութեան մէջ: Դպրոցին տնօրէնը կ’ուզէր անպայման Էլիզը ղրկել Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարան ուսումը հոն շարունակելու եւ ճիգ չէր խնայած անձնապէս համոզելու անոր ծնողքը, սակայն, ափսոս, ծնողքը համաձայն չէր գտնուած այդ առաջարկին: Քսան տարիներ շարունակ ապրելէ ետք Ազէզի մէջ, անոնք տեղափոխուած են Հէօլլիւկ արուարձանը, որ այդ տարիներուն հայաշատ շրջան մըն էր, յատկապէս մեծաւ մասամբ բնակուած քիլիսցի եւ մարաշցի ընտանիքներով:

«Մեծ հայրս Սահակ Հէօլլիւկ թաղամասէն հողէ տուն մը գնելով, ուր ո՛չ ջուր եւ ոչ ալ ելեկտրականութիւն կար, կը պատսպարուի իր ընտանիքին հետ: Ամիսներ ետք, մեծ հայրս կը նորոգէ այդ տունը իր իսկ ձեռքերով, եւ կը յաջողի նաեւ կենցաղային պայմաններով օժտել տունը՝ ջուր եւ ելեկտականութիւն ապահովելով», կը պատմէ Արաքսի Վարդանեան-Մոսկոֆեան: «Հէօլլիւկի մեր ապրած թաղը կար Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան Ս. Յովսէփ (Ս. Յաղթանակ) վարժարանը (1939-1967), ուր կար նաեւ մզկիթ մը: Մեր տունէն ոչ շատ հեռու կը գտնուէր Գերմանիկեան դպրոցը: Հէօլլիւկի բնակիչներուն մեծ մասը արհեստով եղած են փռապան, մսագործ, նպարավաճառ, ոսկերիչ եւ այլ խանութներու տէրեր: Մեր թաղի բնակիչները մեծաւ մասամբ հայեր էին, կային նաեւ իսլամ ընտանիքներ, որոնք համերաշխութեամբ ապրելով եղած են հայ ընտանիքներու լաւ դրացիներ», կ’աւելցնէ ան:

«Մեր թաղի վերի ու վարի մասերը կը բաժնէր մայր ճանապարհը, ուր հանրակառքերը կ’անցնէին: Մեր եւ բոլոր տուները բակով կառուցուած բնակարաններ էին, եւ ընդհանրապէս հայ վարձակալներով: Մեր տունը թաղին վերի մասն էր: Մեր տան տանտէրը Գէորգ Գէորգեան, Ուրֆացի էր: Կային նաեւ իսլամ տանտէրեր: Մեր թաղի դրացիներէն կը յիշեմ մսավաճառ Յակոբ Չարգեան՝ Մարաշցի, Տիշոյեան ընտանիքը՝ Քիլիսցի, Պայծառ քոյրիկը (Շուշանեան) իր ընտանիքով՝ Քիլիսցի, Բենիամին տուտուն՝ Մարաշցի, մսավաճառ Յարութը՝ Մարաշցի: Իսկ, մեր տան կից կար մեծ բակով տուն մը, ուր կը բնակէին 4 եղբայրներով մարաշցի ընտանիք մը: Մեր թաղի վարի մասը  կար Այնթապցի Արմենակը, Քիլիսցի Մղշեան ընտանիքը, Խորոզեաններուն ընտանիքը, որ մօրս մօրաքոյրն է, եւ այսպէս շարք մը հայ ընտանիքներ համերաշխ միջավայրի մէջ կարծես «Մեծ Ընտանիք» մը ըլլային, կը շարունակէ պատմել Արաքսի Վարդանեան-Մոսկոֆեան:


Ծնողքս՝ Գրիգոր եւ Ալիս Վարդանեաններ

«Հայրս իր ընտանիքին անդրանիկ զաւակն էր՝ արհեստով կարպետակագործ, եւ կը ջանար հոգալ իր ծնողքին պէտքերը: Այդ տարիներուն, հօրեղբայրս, հօրաքոյրներս ալ աշխատանքի անցած էին, եւ օրէ օր բարելաւած էին իրենց ապրելակերպը: Եւ այդպէս տարիներ անցան  մինչեւ 1963-1964, երբ տեղափոխուեցան Նոր Գիւղի հայաշատ կեդրոնը»:

«Տարիներ անցած են, ցաւով կը յիշեմ, որ ծնողքս, հօրաքոյրերս ոչ եւս են: Իսկ, հօրեղբայրս Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն ձգած էր Հալէպը, եւ իր ընտանիքին հետ շրջան մը ապրած էր  Պէյրութ, ապա Հայաստան, դարձեալ Պէյրութ եւ ի վերջոյ բնակութիւն հաստատած է իր զաւակներուն հետ Թորոնթո, Գանատա»:


Դպրոցական տարիները

«Հէօլլիւկի Գերմանիկեան վարժարան յաճախած ենք ես, քոյրերս՝ Մարին (այժմ հանգուցեալ), Լուսինը, որ այժմ Գանատա, Թորոնթօ հաստատուած է իր զաւակներով, Սիլվան, որ հաստատուած է Պէյրութ, եւ որուն որդիներն են՝ Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Հայր Վիգէն Տալգլըճեանը եւ Անթիլիասի Բրշ. Նորայր Սրկ. Տալգլըճեանը, եւ եղբայրս՝ Գոգոն, որ այժմ Լոս Անճելըս հաստատուած է իր ընտանիքով»:

«Կը յիշեմ,  Գերմանիկեան դպրոցին դիմաց կար ձիավարժութեան դաշտ մը»:

Աջէն՝ ձախ, առաջին շարք, Արաքսի Վարդանեան, ուսուցչուհի օրիորդ Զուարթ Մարտիրոսեան (ամուսնութեան մականունը՝Ժամկոչեան): Օրիորդ Զուարթին քով՝ 3-րդ շարքին Երուանդ Փալանճեան:  Գերմանիկեան վարժարան, Մանկապարտէզ, Ծաղիկ դասարան, 1959: Հալէպ, Հէօլլիւկի արուարձան:
Աջէն՝ ձախ, առաջին շարք, Արաքսի Վարդանեան, ուսուցչուհի օրիորդ Զուարթ Մարտիրոսեան (ամուսնութեան մականունը՝Ժամկոչեան): Օրիորդ Զուարթին քով՝ 3-րդ շարքին Երուանդ Փալանճեան:  Գերմանիկեան վարժարան, Մանկապարտէզ, Ծաղիկ դասարան, 1959: Հալէպ, Հէօլլիւկի արուարձան:
Հալէպի Սեպիլ Պարտէզին մէջ:  Ձախէն՝ աջ ոտքի 3-րդը Արաքսի Վարդանեան, ուսուցչուհի օրիորդ Անահիտ Խուպիարեան:  Երրորդ դասարան, 1962-1963 տարեշրջան, Գերմանիկեան վարժարան, Հէօլլիւկի արուարձան, Հալէպ, Սուրիա
Հալէպի Սեպիլ Պարտէզին մէջ:  Ձախէն՝ աջ ոտքի 3-րդը Արաքսի Վարդանեան, ուսուցչուհի օրիորդ Անահիտ Խուպիարեան:  Երրորդ դասարան, 1962-1963 տարեշրջան, Գերմանիկեան վարժարան, Հէօլլիւկի արուարձան, Հալէպ, Սուրիա
Գրասեղան 2-րդ շարք,  ձախէն՝  3-րդը Արաքսի Վարդանեան,  1963, Չորրորդ դասարան: 1963-1964 տարեշրջան,   Գերմանիկեան վարժարան, Հալէպ
Գրասեղան 2-րդ շարք,  ձախէն՝  3-րդը Արաքսի Վարդանեան,  1963, Չորրորդ դասարան: 1963-1964 տարեշրջան,   Գերմանիկեան վարժարան, Հալէպ

«1955-1964 տարիներուն, յաճախած եմ Գերմանիկեան վարժարան՝ մանկապարտէզի ծիլ դասարանէն մինչեւ չորրորդ դասարան, 1964: Ապա, դպրոցներու վերամուտին, 1964-ին, յաճախած եմ Զաւարեան  վարժարան՝ հինգերորդ դասարան եւ 1966-ին եղած եմ վեցերորդ դասարանի շրջանաւարտ»:


Ձախէն՝ աջ ոտքի 3-րդը Արաքսի Վարդանեան, Զաւարեան վարժարան, հինգերրորդ դասարան, 1964-1965 տարեշրջան, Հալէպ
Ձախէն՝ աջ ոտքի 3-րդը Արաքսի Վարդանեան, Զաւարեան վարժարան, հինգերրորդ դասարան, 1964-1965 տարեշրջան, Հալէպ

Անմոռանալի յուշերս

Արաքսի Վարդանեան-Մոսկոֆեան կը շարունակէ պատմել. «Գերմանիկեան վարժարանի մանկապարտէզի շրջանին մեր տնօրէնն էր Պրն. Երուանդ Տէմիրճեան, իսկ նախակրթարանի տնօրէնը լուսահոգի Պրն. Յովհաննէս Մուշեղեանը: Ան իմաստուն, խղճամիտ, արդարամիտ մարդ էր: Անմոռաց յուշերուս մէջ յատուկ տեղ ունի իմ երրորդ դասարանի աւարտին յաջորդող ամռան արձակուրդը, զոր ես չունեցայ: Լուսահոգի մայրս զիս աշխատանքի դրաւ ոսկերիչ Յովհաննէս եւ Սարգիս Տաղտիվերենեան երկու եղբայրներուն քով, ուր նաեւ կ’աշխատէին շրջանի աղջիկները, եւ ես շաբաթական 3 սուրիական ոսկի կը վաստկէի, զոր կու տայի մօրս, որ պահելով շաբաթական աշխատավարձքս կ’ապահովէր վերամուտի դպրոցական ծախսերը: Ամբողջ ամառ անհամբեր կը սպասէի վերամուտը, որ դառնամ չորրորդ դասարանի աշակերտուհի, սակայն, մայրս զիս դպրոց չարձանագրեց եւ ըսաւ, — «կը բաւէ ուսումդ, մեր վիճակը չի ներեր, քոյրերուդ եւ եղբօրդ ուսման ծախսերը պէտք է հոգանք»: Նեղութիւնս անսահման էր՝ միաժամանակ տեսնելով նոյնը մօրս աչքերուն մէջ. ճարահատ էր:  «Լաւ, ես վաղը գործս կը շարունակեմ», — ըսի մօրս: Յաջորդ օր, մօրմէս գաղտնի, ուսումս շարունակելու փափաքս ու երազանքս իրականութիւն դարձնելու յոյսով վազելով դպրոց գացի ու ներկայացայ տնօրէնին: Պրն. Մուշեղեանը, որ զարմացած էր տեսնելով հեւքս, հարցուց. «Ի՞նչ կայ Արաքսի»: Հոգեխառն յուզմունքով պատմեցի: Պրն. Մուշեղեանը թելադրեց, որ կանչեմ մայրս, ապա մտնեմ դասարան: Հիմա, դարձեալ կ’ապրիմ մանկութեան յուշերուս հետ այդ օրուան հետ բացուող դպրոցական կեանքիս անկիւնադարձը, որ պիտի շարունակուէր: Յաջորդ տարին, Պրն. Մուշեղեանը տնօրէն նշանակուեցաւ Նոր Գիւղի Զաւարեան Ազգային Վարժարանին, եւ իր հետ տարաւ զիս եւ 3 աշակերտներ, իսկ, մնացեալ աշակերտները ցրուեցան հայկական այլ դպրոցներու մէջ: Մենք տակաւին Հէօլլիւկ կը բնակէինք, եւ ես հազիւ 10 տարեկան, ամէն օր պետական հանրակառք նստելով Զաւարեան վարժարան կը յաճախէի եւ կը դառնայի տուն, Հէօլլիւկ: Ես շրջանաւարտ եղայ Զաւարեան վարժարանէն շնորհիւ բարերարիս՝ Պրն. Մուշեղեանին: Նաեւ կ’արժէ յիշել լուսահոգի հօրաքրոջս ամուսինը՝ Զաւէն Մանկասարեանը, որ Շաքէին հայրն է. ան ալ քաջալերեց ու օժանդակեց, Աստուած հոգին լուսաւորէ»:

«Ուրեմն, նախակրթարանի ուսումէս ետք, պիտի շարունակէի միջնակարգ ուսումս ու ես պիտի յաճախէի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան շնորհիւ Պրն. Մուշեղեանի նախաձեռնութեան.ան արդէն դասաւորած էր արձանագրութիւնս: Անսահման էր ուրախութիւնս, որ սակայն պիտի մնար անիրականալի երազ մը: Հօրս անկայուն առողջական վիճակը եւ միւս կողմէ դաժան պայմանները զիս հարկադրեցին, որ նետուիմ աշխատանքի…ի սէր քոյրերուս եւ եղբօրս ուսման… Հաշտուած էի ու համոզուած, որ կեանքի պայմաններէն վեր պիտի թիավարեմ»:

«1971-ին, վերջնականապէս Հէօլլիւկէն փոխադրուեցանք Նոր Գիւղ, եւ այդ շրջանին արդէն հայութիւնը կամաց-կամաց տեղափոխուեցաւ Հալէպի այլ արուարձաններ, իսկ, 1973-ին,  փակուեցաւ Գերմանիկեան Վարժարանը»:

«Հոգեկան գոհունակութիւն կ’ապրիմ, որ ինծի նման հայ աղջկայ մը երբեմնի յուշերն ու ապրումները յանձնուեցան գիրին՝ շնորհիւ Շաքէ Մանկասարեանի անսահման քաջալերանքին եւ աննկուն կամքին ու հետեւողականութեան:

Կը խոնարհիմ մարդասէր բարերար տնօրէն Մուշեղեանի եւ բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու յիշատակին առջեւ, որոնք անվերջ լոյսեր դարձան հայեցի կրթութեան: Լոյս անոնց հոգւոյն», իր պատմութիւնը կը փակէ Արաքսի Վարդանեան-Մոսկոֆեան:


Շնորհակալութիւն յայտնելով մեր ընթերցողներուն, ըսեմ. երբ վերեւի նկարները տեղադրած էի Ayk Page-ի դիմատետրի էջին` ուրախացայ կարդալով հետեւեալ գրառումները.

«1965-1966 տարին այս դպրոցի տնօրէնը եղած եմ». կը գրէ գրող Պրն. Յակոբ Միքայէլեան Hagop Mikayelian

«Օօօօօ հոգի՛ս Շաքէ. յիշեցուցիր մանկութիւնս: Ես յաճախած եմ Գերմանիկեան Վարժարանի Կիրակնօրեայ դպրոցը, ուր կը յաճախէին շաատ մեծ թիւով՝ փոքրերէն մինչեւ բարձրագոյն դասարաններով եւ կը վկայուէին առաջնորդարանի կողմէ: Կիրակնօրեայ դպրոցի պատասխանատուն էր ՝ (հանգուցեալ) Օրիորդ Մարի Գրտանեան: Մեր Կիրակնօրեայի դասերը՝  ժամը 10-էն մինչեւ ժամը 1-էր: Շնորհակալութիւն այս արժէքաւոր յիշեցումին»:  «Մեր ընտանիքը 1953-1961  Հէօլլիւկ բնակած են, եւ ես յաճախած եմ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան Ս. Յովսէփ (Ս. Յաղթանակ) վարժարանը, որուն տնօրէնն էր  (լուսահոգի) Հայր Գրիգոր Ծ. Վրդ. Այվազեանը, որուն յաջորդեց  հմուտ երաժիշտ, «Կոմիտաս» երգչախումբի  մայէսթրո  Յովսեփ վրդ. Շատարեւեան, որ ինքնաշարժի արկածով Պէյրութի ճանապարհին մահացաւ: Փոխտնօրէնը (հանգուցեալ) Մկրտիչ Թաշճեանն էր, որ նաեւ հայերէնի եւ ֆրանսերէնի դասաւանդող ուսուցիչ էր  Ս. Յովսէփ (Ս. Յաղթանակ) վարժարանի նախակրթարանի կարգերուն, իմ ուսուցիչս եղած է», –   կը գրէ Թագուհի Կիւլաղայեան Hovanestakuhey Gulaghayan


« Եթէ այդ ժամանակ Մկրտիչ անունով պարոն ունէիք այդ հայրս էր», կը գրէ Պերնատէթ Թաշճեան [1]

«Ես ալ գերմանիկեան վարժարան յաճախած եմ մինչեւ 3 երրորդ դասարան, օրիօրդ Զուարթն ալ կը յիշեմ…Յիշատակելի օրեր…», կը գրէ Անի Պետիրեան:

«Աստուած հոգին լուսաւորէ Տիկ. Զուարթին։ Մականունը Մարտիրոսեան էր, իսկ՝ ամուսնութեան մականունը Ժամկոչեան», կը գրէ Ani Mardirossian:

«Օրիորդ Զուարթին քով՝ 3-րդ շարքին Երուանդ Փալանճեանն է Aravnie Vehabedian-kazanjian-ի մօրեղբայրը», կը գրէ  Shake Palanjian:

Բարեւ, Երուանդ Փալանճեանը մահացած է, կեանքը ձեզի: Իմ մօրեղբայրս էր, իսկ  Շաքէ Փալանճեանը մօրաքոյրս է:  Մենք Հէօլլիւկ ապրած ենք: Ես Աղաւնի Վեհափետեանն եմ, մերսի  

Օ՜հհ… Հէօլլիւկը պապենական դրախտավայրս է: Մարքէեան հարազատներս, երբ թուրքիայէն եկած են Հալէպ բոլոր հարազատներով, հօրքուր–մօրքուր քեռի զաւակներով բնակութիւն հաստատած են սիրելի Հէօլլիւկին մէջ:  Հոն կեդրոնական փողոցը անուանած էին Մարքէեաններուն թաղը: Հոն ապրած են մեծ մայրս Մէարում Մարքէեան եւ հօրեղբայրներս՝ Մարքէ, Յովհաննէս, Եղիա, Ռուբէն եւ հայրս Մանուէլ: Մենք Գամիշլիէն Հալէպ կուգայինք անպայման հօրեղբայրներուս զաւակներուն հետ պէտք է այցելէինք Գերմանիկ վասպուրականի դպրոցը, որ քիչ մը վերև էր իմ մեծ հօրս տունէն, եւ նոյն փողոցէն հանրային պասը  կ’անցնէր: Եւ նոյն այդ փողոցէն յատկապէս կէսօրները՝  կիզիչ տաքին մեքենայով պաղպաղակ վաճառողը կու գար արաբերէն երգեր հնչելով ու  մենք ալ  10—15 փոքրիկներ դուրս կը վազէինք, պաղպաղակ գնելու: Իսկ հաշիւը  հօրեղբայրներէս մէկը պիտի վճարէր…էհհհհհհ անցան անվերադարձ այդ գեղեցիկ օրերը, կը գրէ Գոհար Մարքէեան Kohar Markeian:

Մինչ այս յօդուածը կը գրէի  եւ Գերմանիկեան դպրոցին մասին տեղեկութիւններ կը պրպտէի, ի զարմանս, անակնկալօրէն տեսայ մեր Ֆէյսպուքեան ընկերներէն Movses Fakedjian-ի գրառումը:  Այսպէս.-

– «Գերմանիկ դպրոցը կը գտնուէր ՀԷՕԼԼԻԿ: 1965-ին, երբ կօլար «բերդապահ» Խաչիկը եւ Պէկ Ներսէսը  Գերմանիկեան դպրոցէն  Զաւարեան դպրոց եկան, այդ տարին  Զաւարեանը միջդպրոցական խաղերուն առաջին հանդիսացաւ։ Օր մը ՀԷՕԼԼԻՒԿի Գերմանիկեան  փակ դպրոցը ընկերներով այցելութեան գացինք, դպրոցին դէմը ձիաբծութեան կամ ձիավարժութեան դաշտ մը կար։ Տարուած ձիերով, մինչեւ երեկոյ մնացինք՝ դիտելով ձիերու առօրեան»: 


«Մովսէս Ֆաքէճեանի միտքէն երբեւիցէ պիտի չանցնէր, որ իր գրառումը տեղ պիտի գտնէ Արաքսի Վարդանեան-Մոսկոֆեանի մասին գրած յօդուածիս մէջ»:

Շաքէ Մանկասարեան

Առ ի տեղեկութիւն

Գերմանիկեան վարժարանը ունէր  մանկապարտէզի  4 եւ նախակրթարանի 3 դասարաններ, որոնց 196 աշակերտներուն դասաւանդած են 8 ուսուցիչ: Շէնքը կալուածն է Ազգ. Առաջնորդարանին: Այս տեղեկութիւնները քաղած եմ ՀԲԸՄիութեան Կեդրոնական վարչութեան ՄԻՈՒԹԻՒՆ պաշտօնաթերթէն, դեկտեմբեր, 1957, թիւ 384[2]: Շաքէ Մանկասարեան


Ազգային Գերմանիկեան դպրոցը հիմնուած է 1937 թ.: 1944-1945 թթ. ունեցած է  139, իսկ 1948 թ.՝ 69 աշակերտ:[3] ՀԷՕԼԼԻՒԿ (Թրապ Էլ- Հէօլլիւկ) արուարձանի մէջ կային 1.- Ազգային Գերմանիկեան վարժարան, 1937-1973: 2.- Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան Ս. Յովսէփ (Ս. Յաղթանակ) վարժարան, 1939-1967: 3.- Հայ աւետարանական վարժարան, 1945: Այս մասին կը գրէ բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ, մատենագէտ Յակոբ Չոլաքեան [4]:


Գերմանիկեան վարժարան յաճախած անուանի  հայ դէմքերէն յիշենք.-

Տիպար հայ արուեստագէտ, նուիրեալ իր ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթին Ալեքս Պերեճիկեան (Պէրլեան): Ան ծնած է Հալէպ, 1946-ին: Յաճախած է Գերմանիկեան վարժարան, ապա` Քարեն Եփփէ ազգային ճեմարան: 1965-1970 յաճախած է Վենետիկի գեղարուեստից կաճառ` ուսուցիչ ունենալով աշխարհահռչակ փրոֆեսէօր Ճուզեփփէ Սանթոմազոն[5]:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ սկաուտական շարժումի երկարամեայ անխոնջ նուիրեալներէն է միութեան «Ծառայութեան» շքանշանակիր եւ «Արտակարգ» պատուանշանակիր եղբայր Զաւէն Տէրվիշեան, իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ, ան անվճար ծառայած է հալէպահայ զանազան վարժարաններու.- Ազգ. Զաւարեան Վարժարան՝ հինգ տարի, Ազգ. Սահակեան Վարժարան՝ երեք տարի եւ Ազգ. Գերմանիկեան Վարժարան՝ աւելի քան տասը տարի[6]:


Տ. Գարեգին Քհնյ. Քիրազեան, 3 Յուլիս 1949-ին, Գերշ . Տ . Զարեհ Ս . Եպիսկոպոսի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, կոչուելով Տէր Գարեգին: Ան ճիգ կը թափէ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր արթնութեան համար: Տ. Գարեգին քհնյ. Քիրազեան (աւազանի անունով՝ Նազարէթ Քիրազեան, ծնած է 1923, Հալէպ ):

Հալէպի Գերմանիկեան տան տիկնանց մշակութային միութեան կազմը
Հալէպի Գերմանիկեան տան տիկնանց մշակութային միութեան կազմը

[1] Մկրտիչ Թաշճեան ծնած է Մարաշ, 1910-ին։ Որդի Կարապետի եւ Սիրանուշի ծնեալ Պուրունսուզեան։` 1920-ին՝ իր ընտանիքը Ֆրանսացիներուն հետ կը գաղթէ Մարաշէն: Իր ծնողքը ձիւնին մէջ կը սառին: Իր եղբօր եւ քրոջ հետ կը հասնի Ատանայի որբանոցը եւ ատկէ Լիբանան եւ հուսկ կու գայ Հալէպ: Պր. Մկրտիչ Դեկտեմբեր 1934-ին կ’ամուսնանայ Նազելի Մաթոսեանին հետ եւ կ‘ունենան 10 զաւակներ՝ 3 մանչ եւ աղջիկ: Անոնցմէ սոսկ 1 մանչ եւ աղջիկներ կ‘ապրին այսօր։   33 տարի ուսուցչութիւն ըրած է Հալէպ՝ Նոր Գիւղի Յիսուսեաններու Վարդանանց Վարժարանը: Գրիչի մարդ եղած է իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ամառնային արձակուրդներուն` թարգմանած է Գոռնէյի «Le Cid»ը 195O-ին։ 1952–ին թարգմանած է «Andromaque»ը Ժան Ռասինի: Թարգմանած է Գոռնէլի «Polyeucke»«Պողիկտոս»ը 1954-ին՝Արշակ Չօպանեանի թելադրութեամբ: – Սուրբ Գրքի հետեւողութեամբ գրած է թատերգութիւններ՝ «Յովսէփ Գեղեցիկ»ը, «Անառակ Որդին»՝ եւ այլն: «Փունջ մը ծաղիկ փոքրիկներուն» վերնագրով գրքոյկը միայն հրատարակուած է: Ունի «Սրտի զեղումներ» քերթուածներու շարքը, եւ. «Մանկական Յուշերս»: 200-է աւելի անձերու նուիրած է ծայրանուն տաղաչափեալ գրութիւններ: Բազմաթիւ վէպեր հայերէնի թարգմանած է: 1967-ին քարտուղար ` եղած է Հալէպի Հայ Ծերանոցին, ուր 19 տարիներ աշխատած է մեծ նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ: Իր աչքերը փակեց այս աշխարհի լոյսին հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 1992-ին:

[2] Գերմանիկեան  վարժարանը հիմնուած է 1937 թ.  Հէօլլիւկի թաղամասը: ՀԲԸՄիութիւնը Հալէպի եւ շրջաններուն մէջ գտնւող իր հովանաւորած 38 դպրոցներէն 16-ը կը գտնուէր Հալէպի մէջ եւ այդ դպրոցներէն էր Ս. Յովսէփեան վարժարանը: Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի սեփականութիւնը եղող այս դպրոցը ունէր 250 աշակերտ, բաժնուած մանկապարտէզի 4 եւ նախակրթարանի 5 դասարաններու: Ուսուցիչներու թիւն էր 10: Տեղեկութիւնները քաղուած են ՀԲԸՄիութեան Կեդրոնական վարչութեան ՄԻՈՒԹԻՒՆ պաշտօնաթերթէն, Դեկտեմբեր, 1957, թիւ 384:  


[3] Գերմանիկեան վարժարան, https://armenianarchitecture.org/public/am/monuments/7197

[4] Յակոբ Չօլաքեան, ՑԱՆԿ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ-1

[5] Իւրաքանչիւր Արուեստի Գործ… Ալեքս Պերեճիկեան (Պէրլեան)  1976-ին կը հաստատուի Փարիզ, ուր կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ ցարդ:   2011-ին կը հրատարակուի իր «Արուեստի ուղիներ»-ով հատորը` արժանանալով «Մելիտինեցի» մրցանակին: Այդ հատորը կ՛ամփոփէ «Յառաջ»-ի մէջ լոյս տեսած արուեստի մասին իր գրած յօդուածները: Յօդուածագիր՝ Յարութիւն Թորոսեան 18 դեկտեմբեր 2015,  https://www.aztagdaily.com/archives/272694


[6] Եղբ. Զաւէն Տէրվիշեան ծնած է 1932-ին։ Ուսումը ստացած է Ազգ. Զաւարեան Վարժարանին, ապա՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, որմէ ետք նետուած է արհեստի: Ամուսնացած է եւ բախտաւորուած երեք զաւակով՝ երկու դուստր եւ մանչ մը: Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ընտանիքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:  https://www.homenetmen.org/hyw/history/faces/vasdagavor/%D4%B6%D4%B1%D5%92%D4%B7%D5%86+%D5%8F%D4%B7%D5%90%D5%8E%D4%BB%D5


Comments


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page