Ֆութպոլիսթ, մարզիչ եւ արուետագէտ արծաթագործ Յովհաննէս ԿիւլաղայեանՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Ֆութպոլիսթ, մարզիչ եւ արուետագէտ արծաթագործ Յովհաննէս Կիւլաղայեան


ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 31, 2023


Անցնող 2023-ի ամռան, հետաքրքրական հանդիպումներու եւ հաւաքներու շարքին էր նաեւ Երեւանաբնակ՝ բնիկ Հալէպահայ Թագուհի Կիւլաղայեանի ջերմ յիշատակներով զրոյցս Հալէպի արծաթագործներուն մասին: Մեր յաջորդ հանդիպումին, Թագուհին իր հետ բերած էր ամուսնոյն՝ Յովհաննէսի նրբաճաշակ նախշերով արծաթեայ քանի մը գործերը: Զգալի էր, թէ ինչպիսի՛ ջերմ յիշատակներու գուրգուրանքով զանոնք իրենց հետ բերած էին Երեւան: Թագուհիին հետ նստած՝ հետաքրքրութեամբ գրի առի ամուսնոյն ընտանիքին պատմութիւնը սկսեալ Ուրֆայէն, այսպէս.-


Ուրֆա – Հալէպ – Ռաքքա

Թագուհի կը պատմէ.- «ամուսնոյս Յովհաննէսի հայրը Յովհաննէս ու մայրը Լուսիա Կիւլաղայեաններ Ուրֆայէն եկած են Հալէպ, որմէ ետք իրենց մօտիկ ազգական-հարազատներուն միանալու սիրոյն հաստատուած են Ռաքքա: Անոնք Ռաքքայի, Ղարաճուրա գիւղին մէջ ճանչցուած էին որպէս Նալպընտաց Վանեսը՝ իրենց արհեստին բերումով Նալպանտեան կոչուելով: Սարգիս Արծիւեանի (հայր Յովհաննէսի հօրեղբօր աղջկան ամուսինը) միջնորդութեամբ տեղափոխուած են Հալէպ ու բնակութեան հաստատած որբանոցը, որ այժմու Նոր Գիւղի Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանն է:  Որբանոցի վայրին մէջ, երբ կը մահանայ հայր Յովհաննէսը 3 Դեկտեմբեր 1937-ին, Լուսիա յղի էր եւ ամիսներ ետք 14 Փետրուար 1938-ին, կը ծնի իր որդին, զոր կ’անուանէ Յովհաննէս»:


ՀՄԸՄ-ի սկաուտ, Ֆութպոլիսթ եւ մարզիչ

Չորս տարեկանին Յովհաննէս կը յաճախէ Հալէպի Ժեզուիթներու (Jésuite = Յիսուսեան) դպրոցը, ապա՝ Կիւլպէնկեանի մանկապարտէզը: Յովհաննէս փոքր տարիքին կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն, ինչպէս նաեւ որպէս պատանի ֆութպուլիսթ կը խաղայ Նաւասարդեան դաշտը, որ կը գտնուէր  Հալէպի Սուլէյման Հալէպ  (سليمان حلب)  շրջանը՝ Սուրբ Գէորգ  եկեղեցւոյ կամ Աճուրլուխի սկիզբը: «Այս դաշտը կը կոչուէր «թէնէքէ դաշտ», որովհետեւ ունէր թիթեղէ շրջապատ: Թագուհին կը շարունակէ պատմել. Յովհաննէս երկար տարիներ մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղին: Պատանեկան ֆութպոլի իր խաղարկութիւնը  հետզհետէ զարգանալով ան խաղցած է Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երկրորդ խումբին, ապա Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջին խումբին հետ, խմբապետութեամբ՝ եղբ. Աբրահամ Աւընեանի: Տեղին է նշել որ Հալէպի ֆութպոլի խումբին «կոլարը»՝ եղբ. Անդրանիկ Սիւլիքճեանն էր: 19 տարեկանին, սուրիական բանակին ծառայելով կը հաստատուի Լաթաքիա, եւ ծառայութեան 1958-1960 տարիներուն կը նշանակուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Ա. խումբի մարզիչը: Հոս ըսեմ նաեւ որ այդ թուականներուն նշանաւոր ֆութպոլիստներէն եղբ. Անդրանիկ Աւընեան (ներկայիս ամերիկաբնակ Արփի Շահինեան-Աւընեանի ամուսինը),  Յովհաննէսի եղբօր ֆութպոլիստ եղբ. Արշակի միութենական ընկերն էր. Արշակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի  նշանաւոր ֆութպոլիսթներէն էր 1952-1958 թուականներուն:


Նալպանտեան եւ Կիւլաղայեան մականունները

Թագուհի կը շարունակէ պատմել.- «Միութենական տոմարներուն մէջ Յովհաննէս եւ իր եղբայրները ճանչցուած են որպէս Նալպանտեան: Նոյնիսկ, մեր ամուսնութեան 18 հոկտեմբեր 1970-ի պսակի հրաւէրին մէջ Նալպանտեան գրուած է: Սակայն, տարիներ ետք, պետական արձանագրութիւններու տոմարներու մէջ սրբագրուեցաւ ու վերականգնեցաւ իրենց իսկական մականունը՝ Կիւլաղայեան: Հոս ըսեմ որ ամուսնոյս հայրը Յովհաննէս որպէս զինուոր ծառայած է ֆրանսական բանակին եւ զինք ղրկած են Երուսաղէմ, ապա Հալէպ ու Ռաքքա:


Քուէյթ եւ վերադարձ Հալէպ

«Ամուսինս զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէն ետք, Հալէպի մէջ շրջան մը երկաթագործ (սատճի) գործաւոր աշխատած է, որմէ ետք  արհեստին անկումին պատճառով ու աշխատանք փնտռելու յոյսերով մեկնած է Քուէյթ, ուր աշխատած է իր ընկերներուն հիմնած աշխատանոցներուն մէջ, ապա որպէս վարպետ երկաթագործ աշխատած է Քուէյթի Ղանէմ (غانم) ընկերութեան մէջ մօտ ութ տարիներ շարունակ: 1969-ին վերադարձած է Հալէպ՝ իր հետ բերելով ինքնաշարժը եւ սկսած է աշխատիլ որպէս վարորդ:  1970-ին, Պօղոս եւ Արփինէ Գրտանեաններու (այժմ հանգուցեալ) միջնոդութեամբ ծանօթացայ իրեն: Մեր ամուսնութեան յաջորդող տարիներուն, ան շարունակեց աշխատիլ որպէս վարորդ ամէն օր մինչեւ կէսօր ժամը մէկ, իսկ կէսօրէ ետք, աշխատեցաւ իր եղբօր հետ արծաթագործութեամբ՝ Հալէպի Սալիպէ շրջանին մէջ գտնուող վաճառական Գէորգ Նազարեանին քով»:


«Սակայն, արծաթագործութիւնը որոշ ժամանակ անկում ապրեցաւ եւ այդ միջոցին ամուսինս Յովհաննէսը աշխատեցաւ Գրիգոր Խշվաճեանի (Այնթապցի) հիմնած «ֆոթօ Գրիգոր» նկարչատան մէջ, որպէս ռըթուշ–նկարիչ մինչեւ 1977: Ըսեմ որ «Ֆոթօ Գրիգոր»-ը կը գտնուէր Թիլէլ փողոցը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ակումբին դիմաց, դեղարան Տայեանի կից: Գրիգոր Խշվաճեանի որդին Ներսէսը ամուսնոյս ընկերն էր, որ ընտանեօք ներկայիս հաստատուած են Գանատա:

1977-1986 թուականներուն, Յովհաննէս շարունակեց իր գործը որպէս վարորդ օրուան առաջին կէսը եւ երեկոյեան աշխատեցաւ ֆութպոլիսթ Արշակի արծաթագործութեան աշխատանոցին մէջ: Արշակի մահէն ետք, 1986-ին, Յովհաննէսը դարձաւ աշխատանոցի կէս բաժնին տէրը, որմէ ետք 1987-ին, ան ունեցաւ արծաթագործութեան իր սեփական մեծ աշխատանոցը, որ կը գտնուէր Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դիմաց մզկիթին հարեւանութեամբ»:


Արծաթագործ-քանդակագործ Յովհաննէսի գործերը

«Արծաթի գործը կրկին թափ առաւ եւ վաճառականներու պատուէրները շատցան: Այդ օրերուն, յայտնի վաճառականներէն յիշեմ «օլտ պազար» Արամ Տեմիրճեան, ساحة فرحات փողոց Տիգրան Մուրատեան, Գէորգ Նազարեանի խանութը՝ Յոյներու եկեղեցւոյ դիմաց, Գրիգոր Ճօրճ Քէօշկէրեան՝ Ֆոթօ Հայկին դիմացի փողոցը՝ شارع قسطاكي حمصي , Եուսիւֆ Քէօշկէրեան՝ ֆոթօ Հայկի կից խանութը, Վազգէն Գույումճեան՝ Գարապաճաքեան հիւանդանոցին կից, Ազիզիէ շրջան»:

Յովհաննէս Կիւլաղայեանի ձեռային քանդակագործուած արծաթեայ գործերը

«Արաբ մեծահարուստի մը պատուէրով, Յովհաննէս Կիւլաղայեան եւ իր որդիները Յարութ եւ Պետիկ պատրաստած են Ղուրանի  գիրքի արծաթեայ երեսի կազմ մը: ِ Ղուրանը կը գտնուի Հալէպ, Ալ Սապիլ փողոցի վրայ գտնուող Ալ Ռահման մզկիթին մէջ»:


Գանատա, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանի Աւետարանի կազմը, որ մինչեւ այսօր պահպանուած է:

«Յովհաննէս պատսրաստած է Աւստրալիա, Սիտնիի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ (Armenian Apostolic Church of Holy Trinity) Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեանի ձեռնադրութեան  ձեռնախաչը»:

«1993-ին, վաճառական Վազգէն Գույումճեանի պատուէրով՝ աշխատած է ոսկի թագ մը, որ նմանօրինակն էր Անգլիոյ Էլիզապէթ Թագուհիի թագին: Այդ թագը Արաբական Միացեալ Էմիրութեան մէջ ներկայացուած է «1993 թուականի Միջին Արեւելքի ժամացոյցի եւ ոսկեայ զարդերու» յատկացուած ցուցահանդէսին եւ տեղւոյն մրցոյցթին առաջնութիւնը շահած: Նշեմ, որ Յովհաննէս այնքան հոգատար ու բծախնդիր աշխատանք տարաւ այդ թագին վրայ: Օրեր չքնացաւ Էլիզապէթ թագուհին թագին նկարները ուսումնասիրելով, ապա գծագրելով ներկայացուց վաճառական Վազգեն Գույումճեանին, որուն դրական հաւանութեան վրայ նուիրուեցաւ այդ ոսկի թագը ստեղծելու նուրբ աշխատանքին, որ կը կրէր «Յովհաննէս Յարութ Կիւլաղայեան» կնիքը: Աւարտին, այդ թագը ամուսինս իմ գլխուս դրաւ: Գովասանքի արժանի թագ մըն էր, որուն պատկերն անգամ չունինք այսօր»:

«Սեպտեմբեր 2001-ին, Ս. Էջմիածին այցելութեան ընթացքին, մենք հանդիպեցանք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին, եւ ամուսինս իր աշխատած արծաթէ ձեռնախաչը յատուկ թաւշեայ տուփի մը մէջ անձամբ նուիրեց Գարեգին Բ.-ին: Սակայն, մենք չունինք որեւէ շնորհակալագիր կամ հաստատագիր այս նուէրին առնչութեամբ»:

«Յովհաննէս պատրաստած է նաեւ Սուրիոյ 2002 տարուան ձիարշաւի մրցաշարքին խորհրդանիշը»:

«Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ ցուցադրուած է ամոսնոյս աշխատած արծաթէ շաքարամանը, որ կը կրէ Յովհաննէս Յարութ Կիւլաղայեան կնիքը»:


Յովհաննէս իր կնոջ Թագուհի հետ ունեցած են չորս որդի՝  Յարութ, Մարտիկ, Պետիկ եւ Վրէժ:

Ձախէն՝ Վրէժ (ներկայիս Երեւան) Մարտիկ (ներկայիս Հալէպ), Պետիկ (ներկայիս Գանատա) Յարութ (Ներկայիս Երեւան):

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page