Տաղանդաշատ դաշնակահարուհի, արաբերէնի եւ արաբական մշակոյթի դասախօս Միմի ՄելգոնեանՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Տաղանդաշատ դաշնակահարուհի, արաբերէնի եւ արաբական մշակոյթի դասախօս Միմի Մելգոնեան

ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 28, 2023


Տաղանդաշատ տիկին Միմի (Յասմիկ) Մելգոնեանի մասին շատեր կարդացած են հաւանաբար օտար լեզուներով: Ցանկութիւնս էր շնորհալի ու տաղանդաշատ հայուհիին մասին գրել հայերէնով, որ այսօր առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուի Տարբերակ21 կայքէջին միջոցով:

Ներկայիս ամերիկաբնակ, ծագումով Լիբանանէն տիկին Մելգոնեան Նիւ Եորքի Արաբ Ուսուցիչներու Խորհուրդին նախագահն է (President of New York Arabic Teachers’ Council).

Միմի Մելգոնեան կը դասաւանդէ արաբերէն եւ ֆրանսերէն “Brunswick School” դպրոցին մէջ, Greenwich, Connecticut: Ան մեծ փորձառութիւն ունի ստեղծագործական ձեւերով արաբերէն լեզու եւ մշակոյթ դասաւանդելու դպրոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ առցանց:


Ան յաճախ իբրեւ դասախօս կը հրաւիրուի լեզուաբանական խորհրդաժողովներու եւ սեմինարներու Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:


Ամէն տարի ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գոլոմպիա համալսարանի Կրթական Մամուլի Ընկերակցութեան Համագումարին (Columbia Scholastic Press Association Convention), որ տեղի կ’ունենայ Նիւ Եորքի մէջ:

Տիկին Միմին պարգեւատրուած է շարք մը տիտղոսներով, ինչպէս՝ Բարի Կամքի Դեսպան (Goodwill Ambassador) Արքանսաս նահանգի պետական քարտուղարին եւ նահանգապետին կողմէ՝ իր ուեցած մեծ ներդրումին համար the Little Rock Sister Cities յանձնաժողովին եւ the IBLA-Little Rock Music երաժշտութեան փառատօնին մէջ։


Յատկանշական է անոր հեղինակած գիրքը՝ «Nightingales» (Սոխակներ), որ կը խօսի սուրիացի գաղթականներու տարբեր կացութիւններուն եւ վիճակներուն մասին, իրական պատմութիւններ՝ որոնք ձեւով մը արձագանգ գտած են իր՝ հեղինակին հոգիին մէջ, որպէս հայկական ջարդէն վերապրած ծնողներու զաւակ:



Միմի պարբերաբար ելոյթներ ունենած է իր հիմնած եռեակին հետ ինչպես նաեւ՝ համագործակցած բազմաթիւ նշանաւոր երաժիշտներու հետ ու համերգներ ուեցած Պէյրութի եւ Միջին Արեւելքի ծանօթ դեսպանատուներուն մէջ: Միմին եւ իր ամուսինը՝ Howard Aibel, պարբերաբար հանդէս կու գան որպէս դաշնամուրային զոյգ. կարելի է ունկնդրել անոնց դաշնամուրային կատարումը հետեւեալ յղումով՝ https://youtu.be/TW8rXpyV5IY?si=FnkQ4S0gXKkCvPvE



28 Փետրուար 2020-ին, Միմի Մելգոնեան եւ ամուսինը Howard Aibel հանդէս եկած են բարեգործական համերգով մը՝ գումար հաւաքելու կոյր դաշնակահարներու դաշնամուրի միջազգային մրցոյթին համար: Թէեւ 84-ամեայ Howard Aibel երեք վիրահատութեան ենթարկուած է եւ դժուարութեամբ կը քալէ, սակայն անոր նուագելու կարողութիւնը կը մնայ բացառիկ:

Կենսագրութիւն

Մեծ յարգանք վայելող եւ բազմատաղանդ դաշնակահարուհի Միմի Մելգոնեան կը տիրապետէ հինգ լեզուներու: Եղած է Լիբանանի Ազգային Բարձրագոյն Երաժշտանոցի (Քոնսերվաթուարի) պատուաւոր փրոֆէսոր, ուր դասաւանդած է 10 տարի։ Իր ուսանողներէն շատերը կրթաթոշակներ ստացած են իրենց ուսումը շարունակելու այնպիսի արուեստագէտներու հետ, ինչպէս՝ Daniel Barenboim and Yo Yo Ma, նաեւ Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու երաժշտանոցներուն մէջ:

Մասնագիտանալէ առաջ, ան գերազանցութեամբ աւարտած է Պէյրութի Լիբանանի Ազգային Բարձրագոյն Երաժշտանոցի դաշնամուրի եւ մանկավարժութեան բաժանմունքը: Ան իր ուսումը շարունակած է Փարիզի Conservatoire de Boulogne-Billancourt երաժշտանոցին մէջ, նաեւ՝ բարձր յիշատակութեամբ արժանացած է Հիւսիսային Լոնտոնի Փոլիթեքնիքի ուսողութեան բաժանմունքի HND (Higher National Diploma) վկայականին: Ան արտօնաւոր է Լոնտոնի Ուսողութեան եւ Անոր Կիրառութիւններու Հիմնարկին (IMA):

2017-ին, Օտար Լեզուներու Ուսուցման Ամերիկեան Խորհուրդը (ACTFL) զինք կը պարգեւատրէ Կրթական Արհեստագիտութիւններու Մրցանակով (Educational Technology Award): Սոյն կազմակերպութիւնը կը սատարէ արաբերէնի եւ արաբական մշակոյթի ուսուցման ու տարածման Միացեալ Նահանգներու մէջ: 2018-ին Միմի կ’ընտրուի ACTFL-ի Արաբական Յատուկ Խմբակի (Arabic Special Group – SIG) քարտուղար:



Միմի Մելգոնեանի ամուսնոյն արուեստագէտ Howard Aibel-ի մասին

  • Հիւսիսային Այովա համալսարանի պատուաւոր փրոֆէսոր:

  • «New York Concert Review, Inc.» պարբերականի նախկին հիմնադիրն ու նախագահը www.nyconcertreview.com:

  • Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ Ճուլիըրտ դպրոց նախկին օգնական ուսուցիչ տիկին Ռոսինա Լեւինի հետ:

  • Հիւսիսային Գարոլայնա արուեստից վարժարանի դաշնամուրի բաժնի նախկին ղեկավար:

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page