Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի 106-րդ տարին…Ի՞նչ ընել աւելի լաւ արդիւնք ունենալու համարՌատիո Այգ
top of page

Սիւնակներ

Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի 106-րդ տարին…Ի՞նչ ընել աւելի լաւ արդիւնք ունենալու համար

✎ Շաքէ Մանկասարեան


Դոկտոր Հրայր Ճէպէճեան, Ի՞նչպէս ընթացած է եւ կ’ընթանայ ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը աւելի քան մէկ դարէ ի վեր:


Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը հայ ժողովուրդի «ամբողջական մշակոյթ» հասկացողութեան մէկ մասն է, որովհետեւ մշակոյթ հասկացողութիւնը իր մէջ կը պարփակէ հաւաքականութեան մը ապրած ընդհանրական կեանքը։ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մեր մղած պայքարը մեր կեանքին մէկ կարեւոր մասնիկն է։ Իրականութիւն մը՝ որ մեր կեանքերուն մէկ կարեւոր հիմքը դարձած է։ Այս իմաստով, ցեղասպանութեան ճանաչման մեր մղած պայքարը շարունակական ընթացք ունի եւ որ նաեւ կը փախանցուի սերունդէ սերունդ։ Արդէն հասանք չորրորդ սերունդը եւ տակաւին կը շարունակենք մեր պայքարը եւ պիտի շարունակենք։ Այս իմաստով, կ’ընենք եւ կը փորձենք ընել այն, որ կրնանք՝ մեկնելով մեր կարողականութիւններէն՝ մարդկային, մտաւոր,մասնագիտական, նիւթական թէ այլ։ Կ’ընենք կարելին։ Եւ կրցանք մինչեւ օրս բաւական յառաջխաղացքներ արձանագրել։ Պետութիւններ որոնք ճանչցան հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ դատապարտեցին զայն՝ տարուէ տարի բազմացան։ Պէտք է ընդունիլ, թէ ճանաչումի իմաստով արդէն բաւական ճամբայ հարթած ենք։ Հարիւրամեակի միջոցառումները Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, մեծ արձագանգ ստեղծեցին։ Արդէն ժամն է պահանջատիրութեան։


Ի՞նչպէս եւ ի՞նչ նոր միջոցներ պէտք է օգտագործել աւելի լաւ արդիւնք ունենալու համար:

Ես յաճախ նշած եմ։ Մենք շատ փոքր ազգ մըն ենք եւ միասնականութիւնը մեզի համար տարբեր ընտրանքներու մէջէն զայն ընտրելու կարելիութիւններէն մէկը չէ։ Մեզի համար միասնականութիւնը պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն է եւ այս մէկը երբեք պիտի չի մոռնանք։ Մեր պատմութիւնը իւրայատուկ է։ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ ենք եւ պէտք չէ երբեք մտահան ընել այս իրականութիւնը։ Այս իմաստով, պիտի գիտնանք եւ սորվինք, թէ ինչպէս պէտք է ապրիլ ներկայ օրերու մեր պատմութիւնը։ Ու տակաւին երբեք պէտք չէ ստորագնահատել մեր մարդկային ու մտաւոր կարողականութիւնները իրենց տարբեր մասնագիտական ոլորտներուն մէջէն։ Դիւանագիտական, քաղաքական, ակադեմական, տնտեսական ու տակաւին։ Մեր այս մարդկային «միտքերը» ունին իրենց լծակները իրենց ապրած տեղական շրջանակներու եւ պետական կառոյցներու մէջէն եւ նոյնքան տակաւին միջազգային։ Եւ մեր այս տարբեր կարողականութիւնները անհրաժեշտ է որ համադրենք եւ աշխատանքային ճանաչումի-պահանջատիրութեան ռազմավարութիւն մը մշակենք համահայկական առումով։ Համահայկականը պիտի ընդգրկէ Հայաստանը, Արցախի հանրապետութիւնը եւ սփիւռքը։ Մեր պահանջատիրութեան ուժը եւ յաջողութեան գրաւականը այս մարդուժի եւ մասնագիտական կարողականութիւններու համդրման մէջ է։ Համահայկական միտքը եւ անոր յառաջացուցած համահայկական ռազմավարութիւնը մեզ յաջողութեան կրնայ տանիլ։

Պէտք չէ մոռնալ մէկ այլ իրականութիւն։ Մեր պահանջատիրութեան մէջ կայ նոյնքան հիմնական Արցախի հանրապետութեան եւ անոր կարգաւորման հարցը։ Այս իրականութիւնն ալ մեր պայքարին մէկ անբաժան մասն է եւ որ պէտք է ներառենք մեր ռազմավարութեան ընդհանրական գործընթացքին մէջ։

Շնորհակալութիւն՝ Շաքէ Մանկասարեան «Սփիւռքի Ձայնը» Հայաստանի Հանրային Ռատիօ եւ Ռատիօ ԱՅԳ

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page