Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները Այլընտրանքային Անհրաժեշտ ԹթուածինՓրոֆ․ Արա Սայեղ
top of page

Սիւնակներ

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Փրոֆ. Արա Սայեղ


Ծ․Խ․- Ստորեւ յօդուածը ամբողջութեամբ լոյս տեսած է ընթացիկ տարուան Յունիսի երկրորդ կիսուն, Երեւանի մէջ հրատարակուած՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորին մէջ, խմբագրութեամբ՝ Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ Շաքէ Մանկասարեանի։

Փրոֆ. Արա Սայեղ

Ա․ Յառաջաբան

Կարելի չէ քանի մը էջերու նեղ սիւնակներուն մէջ վերլուծել, պարզաբանել եւ ամփոփել Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակելու խորքային, բազմաշերտ եւ բազմաբովանդակ իմաստներն ու պատգամները։ Հասկնալի է նաեւ, որ մատներու չրթոցով մը չեն իրականանար այդ պատգամներուն գործնականացումը, սակայն նուազագոյն պատասխանատուութեամբ կարելի է նեցուկ հանդիսանալ, հեռատես լուծումներու մասին մտածել, ուսումնասիրելով ազգաշէն ելքեր, վերլուծելով այլընտրանքային օգտաշատ ծրագիրներ: «Սփիւռքի տարի» հռչակումը մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հայ­րա­պե­տի մը կող­մէ, որ յատ­կան­շո­ւած է կրօ­նա­պե­տի հա­րուստ կեն­սա­փոր­ձով, իր խո­րա­թա­փանց միտ­քին, հո­գիին, գրի­չին եւ հո­վո­ւա­կան ու հո­վո­ւա­պե­տա­կան բազ­մօգուտ բովանդակութեան արգասիքն է։

Հայկական սփիւռքը իր գերյոգնած մարտահրաւէրներով, համաշխարհայնացումի քաշկռտուքին դիմաց անհաստատ, օրէ օր որակի սով մը ապրող, ինքնամաշումի իրավիճակէն, բեւեռացած խրամատներէն, ապագայի անորոշ հորիզոնէն դուրս բերելու համար զգաստացնող ահազանգի մը կը կարօտի, թմրութիւնը թօթափող անյետաձգելի ուժգին սթափումի մը պահանջը ունի: Արամ Ա. կաթողիկոս այդ մարտակոչը խստաշունչ բարձրաձայնեց, վտանգները ահազանգեց եւ վերջապէս անկիւնադարձային հռչակագիրով մը ազդարարեց:

Ա­րամ Ա. Վե­հա­փա­ռը իր ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին «Ս­փիւռ­քի Տա­րի» հռչա­կա­գի­րին մէջ թե­լադ­րա­կան հնչե­ղու­թե­նէն կ­’անց­նի ան­յե­տաձ­գե­լիօ­րէն ի­րա­գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նին եւ կը սահ­մա­նէ գոր­ծե­լաո­ճի ու­ղե­նիշ­նե­րը՝ վե­րա­կազ­մա­կեր­պում, վե­րա­թար­մա­ցում, վե­րաի­մաս­տա­ւո­րում, վե­րաշ­խու­ժա­ցում բա­նա­լի ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը, ա­ռանց գործ­նա­կան ծրագ­րի մը նա­խադ­րեալ­նե­րը պար­զա­բա­նե­լու կամ ա­նոնց գոր­ծի­քա­կազ­մե­րը մեկ­նա­բա­նե­լու։ Բայց եւ այն­պէս ա­նոնց ճիշդ ըն­կա­լե­լու եւ կշռա­դա­տե­լու հմտու­թիւ­նը կը կայանայ Սփիւռ­քի մէջ ըն­կա­լող միա­ւոր­նե­րու դա­տո­ղու­թեան եւ այդ միաւորներու կողմէ գործ­նա­կան քայ­լեր, ծրա­գիր­ներ եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ որ­դեգ­րե­լու իրենց մասնագիտութեան ու փորձառութեան վրայ։

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս 2003 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ, յա­տուկ նա­խանձ­նախնդ­րու­թեամբ, ա­մէն տա­րես­կիզ­բին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հռչա­կագ­րով մը անդ­րա­դար­ձած է ոչ միայն հայ սփիւռ­քի ի­րա­կա­նու­թեան, մեր ինք­նու­թեան, ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին հետ առն­չո­ւող զա­նա­զան հար­ցե­րուն, այլ նաեւ սփիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գե­րա­գոյն ի­մաստ ու­նե­ցող մեր մաս­նիկ­նե­րուն, սկսե­լով յատ­կա­պէս հա­մաս­փիւռ­քեան կեն­սա­կան եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­ղադ­րիչ­նե­րէն՝ հայ ըն­տա­նիք, դպրոց, գիրք, մա­մուլ եւ տա­կա­ւին հայ կնոջ, հայ մօր, հայ մա­նու­կի, տա­րե­ցի, ծա­ռա­յու­թեան, յա­տուկ խնամ­քի, վե­րա­նո­րո­գու­մի եւ այլն։ Մէկ խօս­քով 2022 թո­ւին Վե­հա­փա­ռը հա­մաս­փիւռ­քեան կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­ղադ­րիչ­նե­րէն կ­’անց­նի դէ­պի բազ­մա­բարդ Սփիւռ­քի հա­մա­պար­փակ եւ բազ­մա­խուռն պա­րու­նա­կին։

Հաստատ իրականութիւն է, որ Ս­փիւռ­քի հայ կեան­քին մէջ տի­րա­կան դար­ձած կարծ­րա­տի­պե­րը պէտք է նո­րո­գո­ւին, վերանորոգուած կամքով, թար­մա­ցած թթո­ւա­ծին պէտք է նե­րա­ծո­ւի, ներ­կա­յին մէջ չապ­րե­լու հի­նը կամ մա­շեց­նող ան­ցեա­լը, չփնտռելու մեր ա­պա­գան ան­ցեա­լին մէջ։

Լո­զունք­նե­րէ, լալ­կան եւ տրտնջա­ցող տրա­մա­բա­նու­թե­նէն շատ հե­ռու, բու­ժե­լու կամ­քով եւ կա­րո­ղու­թեամբ, գի­տա­կան հմտու­թեամբ տո­գո­րո­ւած, փոր­ձա­ռու եւ ար­հես­տա­վարժ լրջա­խո­հու­թեամբ գոր­ծե­լու ու մաս­նա­գի­տա­ցած ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ըն­թա­նա­լու ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կա­նին, ո­րուն դէմ յան­դի­ման ենք:

Ու­սում­նա­սի­րո­ւած գի­տա­կան եզ­րա­յան­գում­նե­րու հա­մար կա­րի­քը ու­նինք նախ քննա­դա­տա­կան վեր­լու­ծու­թեան, բաղ­դա­տա­կան դա­տո­ղու­թեան եւ վե­րամ­շա­կո­ւած գի­տա­կան ձե­ւա­չա­փով եւ մաս­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու գոր­ծըն­թա­ցին, ճիշդ կողմ­նո­րո­շու­մի, ո­րոնք վստա­հա­բար, պէտք է պատ­րաս­տո­ւած ըլ­լան մաս­նա­գի­տա­ցած եւ փոր­ձա­ռու հայ մար­դու­ժի կող­մէ` կրթա­կան, գի­տա­կան, մշա­կու­թա­յին, տնտե­սա­կան, բա­րե­սի­րա­կան եւ այլ ո­լորտ­նե­րուն մէջ, եւ մա­նա­ւանդ ժա­մա­նա­կա­կից, ճկուն լծակ­նե­րով եւ գոր­ծի­քա­կազ­մե­րու մի­ջազ­գա­յին զու­գա­հեռ­նե­րով։

Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած բո­լոր շնոր­հա­կալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, զա­նա­զան հա­մայն­քա­յին հան­դի­պում­ներ, գա­ղու­թա­յին խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ, քննար­կում­ներ, խորհր­դա­ժո­ղով­ներ, հա­մա­գու­մար­ներ, լսա­րան­ներ եւ այլն, մնա­ցին ոչ պար­տա­ւո­րիչ եւ ան­կախ, տե­սա­կան եւ ան­կաշ­կանդ պա­րու­նա­կի կամ մա­կար­դա­կի վրայ։ Նոյ­նիսկ բազմազան վեր­լու­ծում­նե­րը, ա­հա­զան­գող ա­լե­կո­ծում­նե­րը, թար­մա­ցում­նե­րը շո­գիա­ցան՝ ան­հե­տա­ցան մնա­լով միայն մա­մու­լի է­ջե­րուն վրայ իբ­րեւ յի­շա­տա­կե­լի եւ չգոր­ծադ­րո­ւած ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ան­ցու­դար­ձեր։

Այդ բո­լո­րը պէտք ու­նէին մարմ­նա­ւո­րո­ւե­լու աշ­խա­տան­քա­յին քար­տէս­նե­րով եւ գործ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րով։ Պէտք էր զօ­դո­ւէին հա­մա­հայ­կա­կան ցան­ցա­յին, հե­տե­ւո­ղա­կան, լուրջ աշ­խա­տե­լաո­ճով եւ հա­մա­րա­տու գոր­ծի­քա­ւո­րում­նե­րով, վա­ւե­րա­ցո­ւած գործ­նա­կան գի­րե­րով, յու­շա­գիր­նե­րով եւ հայ­կա­կան միա­ւոր­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք բա­րո­յա­կան նո­ւա­զա­գոյն պար­տա­ւո­րու­թիւն մը պի­տի ու­նե­նա­յին, լուրջ մօ­տե­ցու­մով գործ­նա­կա­նաց­նե­լու առ­նո­ւած ո­րո­շում­նե­րը։

Ն­ման պա­րու­նա­կի հե­ռան­կար­նե­րով, այդ բո­լոր ակն­կա­լո­ւած բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­րե­նան ա­պա­հո­վել ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ, ճկուն, եւ մա­նա­ւանդ թար­մա­ցած կա­ռոյց­նե­րով ա­պա­գա­յա­տե­սիլ Սփիւռք մը։ Ա­յո՛ պէտք է երկ­րոր­դել վե­րա­կանգ­նու­մի ճշմար­տու­թեան հաս­տա­տու­մին եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, բայց հարց պէտք է տալ՝ իսկ ի՞նչ ընել անկէ ան­դին, ի՞ն­չը վե­րա­կանգ­նել եւ ինչ­պի՞­սի ծրա­գիր­նե­րով եւ գոր­ծի­քա­ւո­րում­նե­րով վե­րա­կանգ­նել։ Կը մնայ յի­շել եւ վեր­յի­շեց­նել, որ այ­սօր ինչ­պի՞­սի սերմ­նա­ցա­նու­թիւն կ­‘ը­նենք, վստա­հա­բար ա­պա­գա­յին պի­տի հնձենք ա՛յն՝ ինչ որ ցա­նե­ցինք…։

Բ․ Տրամախոհական դիտարկումներ

Սփիւռքը ամէնօրեայ տագնապ է, Սփիւռքի գոյառումը պէտք է մեր ամէնօրեայ մարտահրաւէրը ըլլայ, Սփիւռքի բազմաբարդ թղթածրարը յարատեւ հսկողութեան տակ պէտք էր պահէինք եւ մշտատեւ պահենք ։

  • Հարց տանք՝ եր­կու տաս­նեակ տա­րի­ներ սպա­սե­լու կա­րի­քը կա՞ր, որ Սփիւռ­քի յա­տուկ նման հռչա­կա­գիր մը այս տա­րի ծա­նու­ցո­ւեր։ Ար­դար է հար­ցադ­րել, թէ ար­դեօք հա­շո­ւե­յար­դա­րի են­թար­կո­ւա՞ծ են նա­խորդ հռչա­կո­ւած տա­րի­նե­րու ըն­թացք­նե­րը, հա­մա­րա­տո­ւու­թեան լծակ­նե՞ր ու­նէին, լուրջ քննար­կում­ներ ե­ղա՞ծ են, եզ­րա­յան­գում­ներ կա­տա­րո­ւա՞ծ են, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, վեր­լու­ծում­ներ կա՞ն, ի՞նչ են հե­տե­ւանք­նե­րը, աշ­խա­տան­քա­յին կամ ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս­նե­րը եւ գործ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը։

  • Ո՞վ պի­տի խօ­սի ամ­բողջ հայ ազ­գի ա­նու­նով, ո­րո՞ւն վստա­հած ենք մեր հայ էու­թեան մա­սին խօ­սի­լը, ա­պա­գան ծրագ­րե­լը։ Կը հա­ւա­տանք որ Սփիւռ­քը ոչ ո­քի ի­րա­ւունք չէ տո­ւած մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ իր ա­նու­նով խօ­սե­լու, իսկ Հա­յաս­տա­նի հա­յու­թիւ­նը այդ ի­րա­ւուն­քը կա­մայ թէ ա­կա­մայ ար­դեօք Մոս­կո­ւա­յի՞ն յանձ­նած է, պէտք է վե­րա­տե­սու­թեա՞ն են­թար­կէ այդ ընտ­րան­քը։ Ուս­տի, երբ չկայ հայ Սփիւռ­քի ա­նու­նով խօ­սող մար­մին մը, ու­րեմն ա­մէն հայ միա­ւոր ինք­զինք կրնայ հա­մա­րել հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, խօս­նա­կը։ Ի՞նչ ը­նել ու­րեմն, ո­րո՞ւ վստա­հիլ այդ ի­րա­ւուն­քը։ Ո՞վ պի­տի ստանձ­նէ այդ պաշ­տօ­նը։ Ո՞վ կեան­քի պի­տի կո­չէ եւ գործ­նա­կա­նաց­նէ ու ղե­կա­վա­րէ ծրագ­րո­ւե­լիք վե­րոն­շեալ գործ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը։

Մենք Սփիւռ­քի հե­ղի­նա­կու­թեան ՀՍԿԱՅ տագ­նապ մը, ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան բաց մը ու­նինք, միջազգային ճանաչելիութեան եւ օրինաճանաչութեան հարց մը ունինք:

  • Մ­տա­ծա՞ծ ենք, ո­րո­շա՞ծ ենք հա­ւաս­տի ղե­կա­վար մարմ­նի մը մա­սին, դեռ ժա­մա­նա­կը չէ՞ հա­սած, դեռ ստեղ­ծե­լու հո­ղը պատ­րաստ չէ՞, ինչ­քա՞ն պի­տի սպա­սենք հա­մաս­փիւռ­քեան հե­ղի­նա­կու­թիւն եւ ճանաչելիութիւն ու­նե­ցող մարմին մը կազ­մե­լու հա­մար։

  • Աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն բա­ցա­կայ է լիա­զօ­րո­ւած հա­մա­հայ­կա­կան մարմ­նի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը, հա­մա­հայ­կա­կան շա­հե­րը ղե­կա­վա­րողն ու պաշտ­պա­նո­ղը – ան­կեդ­րոն էու­թեամբ հայ Սփիւռ­քի մէջ զգա­լի ներ­կա­յու­թիւն են հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րը, ո­րոնք զա­նա­զան թո­ւա­քա­նակ­նե­րով կը պա­րու­նա­կեն ինք­նա­վար եւ եր­բեմն ան­տէր, ան­կազ­մա­կերպ եւ բազ­մաբ­նոյթ կա­ռոյց­ներ՝ պատ­մա­կան, յե­տե­ղեռ­նեան, յետ­խորհր­դա­յին, խառ­նա­ծին եւ բազ­մա­շերտ սե­րունդ­նե­րով։ Պարզ օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար, կա­րե­լի է հարց­նել՝ մեծ մար­տահ­րա­ւէր մը չէ՞ այ­սօր Սփիւռ­քի մէջ սո­վո­րա­կան մար­դա­հա­մար մը ծրագ­րե­լը եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լը․․․ եւ այլն։

  • Ի­րա­կա­նու­թիւն է, որ Սփիւռ­քի մէջ, մենք պե­տա­կան հա­մա­կար­գու­մի կա­ռոյց չու­նինք, եւս ա­ռա­ւել մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը (կու­սակ­ցա­կան, յա­րա­նո­ւա­նա­կան, մշա­կու­թա­յին…) ինք­նիշ­խան չեն, դար­ձեալ կը մնան հո­գե­ւոր կամ կու­սակ­ցա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու են­թա­կա­յու­թեան ներ­քոյ։

  • Ս­փիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ չու­նինք պե­տա­կան կա­ռոյ­ցի մտա­ծե­լա­կերպ, չու­նինք պե­տա­կա­նա­մէտ գոր­ծու­նէու­թիւն, նա­մա­նա­ւանդ միա­ձու­լած ենք հա­մա­հայ­կա­կանն ու հայ­կա­կա­նը, նոյն­պէս ա­նոնց հան­դէպ մեր դա­տո­ղու­թիւն­նե­րը, մեր կեդ­րո­նա­ցու­մը մսխած ենք միայն հայ­կա­կա­նին չգե­րա­դա­սե­լով հա­մա­հայ­կա­կա­նը։

  • Պէտք է ստեղ­ծել մրցու­նակ կրթու­թիւն, գի­տա­կանն ու ի­մաս­տա­սի­րու­թիւ­նը ար­ժե­ւո­րող մի­ջա­վայ­րեր, հա­մա­հայ­կա­կան ստեղ­ծա­րար հար­թակ­ներ, հայ գի­տա­կան են­թա­կա­ռոյ­ցով հա­մա­կար­գեր, որ ա­կան­ջա­լուր ըլ­լան դա­րու գի­տա­կան հրա­մա­յա­կան պա­հանջ­նե­րուն եւ ա­չալր­ջօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նեն զա­նոնք։

  • Հ­րա­մա­յա­կան է, թէ՛ ու­սում­նա­կան եւ թէ կրթա­կան ներ­կայ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ յա­րա­փո­փո­խու­թիւնն ու նո­րա­րա­րու­թեան յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը, փոխ­ներ­գոր­ծու­թիւ­նը։

  • Ա­ռանց յա­պա­ղու­մի ան­շա­հախն­դիր կազ­մա­կերպ­չա­կան են­թա­կա­ռոյ­ցի մը եւ զայն ղե­կա­վա­րող միա­ւորնե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կայ:

  • Վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մի ար­ժա­նի է կրթա­կան մեր կեան­քի մէջ տե­ղե­կա­գի­տա­կան (information system), ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան (technology), ան­գո­յա­կան կամ ե­րե­ւու­թա­կան (Vitrual), ցան­ցա­նեարդ (Neural) եւ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան (telecommunication) վրայ հիմ­նո­ւած հա­մա­կար­գե­րու կի­րա­ռու­մը։ Այս­պէս՝

  • Կր­թա­կան կա­ռոյց­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար, հեռանկարային ելքերով ծրա­գիր­ներ պէտք է մշակել, ի­րա­պաշտ լու­ծում­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեամբ կամ կի­րա­ռու­մով:

Գ․ Սփիւռքի հաւաքական գիտական ներուժը

21-րդ դա­րու զար­գա­ցած տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կամ այս­պէս կո­չո­ւած մտքի պա­շար­նե­րու կեդ­րոն­նե­ր (think tank), որոնք իբրեւ ռազմավարական գաղափարներու դարբնոցներ (The smithies of strategic ideas) կը զար­գա­նան եւ կը դառ­նան ոչ միայն ներ­պե­տա­կան, այլ հան­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­ներ, ո­րոնք կ­’ի­րա­գոր­ծեն զա­նա­զան հե­տա­զօ­տա­կան ծրա­գիր­ներ՝ ռազ­մա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան, ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան, ա­հա­բեկ­չու­թեան, տնտե­սա­գի­տու­թեան ծրա­գիր­ներ։ Այս­պի­սով այս կեդ­րոն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ազ­դե­ցիկ եւ եր­բեմն վճռա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին ռազ­մա­վա­րու­թիւն մշա­կող այ­րե­րու ծրա­գիր­նե­րուն վրայ եւ նշա­նա­կա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին նաեւ ո­րո­շում կա­յաց­նող ղե­կա­վար մար­մին­նե­րու վրայ։

  • Հայ Սփիւռ­քի մէջ աչ­քա­ռու է ան­հա­տա­կան նե­րու­ժի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կի­րա­ռու­թիւն, մա­կե­րե­սա­յին է մեր հա­ւա­քա­կա­նի նե­րու­ժը եւ ի­րար հան­դէպ մեր զի­ջո­ղու­թիւ­նը։

  • Հաս­տա­տու­թե­նա­կան (Institutional) քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է ըն­դու­նիլ, որ­պէս փրկօ­ղակ: Այդ ռազ­մա­վա­րու­թեան պա­կա­սը շատ զգա­լի է, ո­րով հայ բազ­մա­շերտ կա­ռոյց­նե­րը չու­նին հաս­տա­տու­թե­նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան հա­մա­կար­գեր, ուս­տի չկայ մեր ազ­գի հան­դէպ, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան, հա­մա­րա­տո­ւու­թեան եւ հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան լծակ­ներ, դէ­տեր։

  • Հաս­տա­տու­թե­նա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը պէտք է բա­ցարձակ ան­կախ ըլ­լայ բո­լոր ներ­գոր­ծող հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն, հան­գա­մանք­նե­րէն՝ նախ եւ ա­ռաջ կու­սակ­ցա­կան, կրօ­նա­կան, յա­րա­նո­ւա­նա­կան, միու­թե­նա­կան եւ այլն։ Այ­սօր մե­զի կը պակ­սի հաս­տա­տու­թե­նա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան տար­բե­րա­կը եւ ըստ այնմ մեր հար­ցե­րու լու­ծում­նե­րուն գործ­նա­կա­նա­ցու­մը։

  • Ու­նինք անն­ման հե­րոս ան­հատ­նե­րու եր­կար ա­նո­ւա­նա­ցան­կեր, ո­րոնք ու­նին բա­րե­սի­րա­կան հիմ­նարկ­ներ եւ բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րամ­ներ, նիւ­թա­կան եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան մի­ջոց­նե­րով կը ծրագ­րեն, կը ղե­կա­վա­րեն եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր ձե­ւով խնդիր­ներ կրնան լու­ծել Սփիւռ­քի մէջ, եւ մենք ա­նոնց շնոր­հիւ կը գտնենք մեր եր­կար տո­կա­լու եւ տե­ւե­լու ու­ժի խա­փու­սիկ ինք­նա­գո­հու­թիւ­նը։

  • Ս­փիւռ­քի եր­կա­րա­տեւ լու­ծում­նե­րը լուրջ հա­ւա­քա­կան եւ պիւտ­ճէա­կան աղ­բիւր­ներ, մի­ջոց­ներ կը պա­հան­ջեն, այդ մի­ջոց­նե­րը ան­հատ­նե­րէն վեր են։ Հաս­տա­տու­թե­նա­կան կա­ռոյց­ներն են, ո­րոնք ու­նին ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւն ստանձ­նող իս­կա­կան հա­ւաս­տիք­ներ, ո­րոնք կա­րող պի­տի ըլ­լան մեր կա­ռոյց­նե­րը կեն­սա­գոր­ծե­լու, մտա­ւոր հա­րուստ պա­շա­րով սե­րունդ­ներ հասց­նե­լու, պատ­րաս­տե­լու, մէկ խօս­քով սերն­դա­փո­խե­լու, օ­ղա­կա­ւո­րե­լու եւ եր­կար ժա­մա­նակ գո­յա­տե­ւե­լու։

  • Բ­նա­կա­նա­բար գի­տա­կան եւ հե­տա­զօ­տա­կան խնդիր­նե­րը խմբա­յին աշ­խա­տան­քով լու­ծե­լը ակն­յայ­տօ­րէն ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ են, մա­նա­ւանդ գի­տու­թեան բազ­մա­ճիւղ (multi-disciplinary) բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Շա­հար­կե­լով մաս­նա­գի­տա­կան բազ­մա­ճիւղ գի­տու­թիւն­նե­րու նո­ւա­ճում­նե­րը։ Ան­շուշտ գո­յու­թիւն ու­նին հաս­տա­տու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու տնտե­սա­կան եւ վար­չա­կան մեծ գերխն­դիր­ներ, ո­րոնց մա­սին թոյլ է նաեւ մեր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, չու­նինք հա­շո­ւարկ­նե­րու տար­բե­րակ­ներ, վեր­լու­ծում­ներ, բա­ցա­յայտ հո­րի­զոն­ներ: Այս գնա­հա­տու­մը չի՛ նսե­մաց­ներ տա­րո­ւած անձ­նո­ւէր բո­լոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, աշ­խա­տանք­նե­րը, բայց չ­‘ան­տե­սեր նաեւ բաց­թո­ղում­նե­րը, կը հնձենք ա՛յն՝ ինչ որ ցա­նե­ցինք։

  • Ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան նե­րու­ժի բա­ցա­յայտ­ման եւ հա­մախմբ­ման խնդի­րը իւ­րա­յա­տուկ բնոյթ ու­նի Սփիւռք ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու հա­մար։ Հա­յաս­տա­նէն դուրս բնա­կող գի­տա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը իր ստեղ­ծա­րար մօ­տե­ցում­նե­րով, ան­փո­խա­րի­նե­լի նե­րուժ մը պէտք է դարձ­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, իբ­րեւ զայն կեն­սա­ւո­րողն ու շնչա­ւո­րո­ղը եւ իբ­րեւ Սփիւռ­քը վե­րա­թար­մաց­նող այ­լընտ­րան­քա­յին ելք մը։ Ուս­տի այդ նե­րու­ժի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ճիշդ գնա­հա­տե­լու, կողմ­նո­րո­շե­լու եւ օգ­տա­գոր­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը հրա­մա­յա­կան է, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին կա­րե­լի է դար­ձեալ Սփիւռ­քը բնու­թագ­րել որ­պէս՝ լճա­ցած, մա­շո­ւող, ձու­լո­ւող, ժա­մա­նա­կա­ւոր Սփիւռք եւ այլ պի­տա­կա­ւո­րում­նե­րո­վ։

Դ․ Սփիւռքի գիտահետազօտական հայկական ենթակառոյցները

21-րդ դա­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը, հա­մա­մարդ­կա­յին զար­գաց­ման իրո­ղու­թիւն­նե­րը՝ գի­տա­կան, ար­հես­տա­գի­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­ռա­ջըն­թաց­նե­րու լոյ­սին տակ, հայ­կա­կան Սփիւռ­քի հրա­տապ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը՝ Սփիւռ­քի գո­յա­ւո­րու­մը, կա­յու­նու­թիւ­նը, սերն­դա­փո­խու­թիւ­նը ու մա­նա­ւանդ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը (Sustainability) կը դարձ­նեն վի­ճար­կե­լի, ե­թէ հիմ­նա­ւո­րո­ւած եւ զու­գոր­դո­ւած չըլ­լան գի­տա­կան են­թա­կա­ռոյց­նե­րով։

  • Ակ­նե­րեւ ի­րա­կա­նու­թիւն է, որ հայ Սփիւռ­քը միայն սո­վո­րա­կան թիւ չէ, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, դպրոց­նե­րու կամ ազ­գա­պատ­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ցանց չէ, բայց այ­սօր պէտք է պե­ղել թի­ւե­րու լե­զուն, վեր­լու­ծել եւ տար­բա­ղադ­րել հայ Սփիւռ­քի բա­ղադ­րիչ­նե­րու թի­ւե­րու խոր­քը, ա­նոնց նե­րու­ժի կա­ռոյ­ցը, հե­ռան­կար­նե­րը:

  • Թի­ւե­րու լե­զուն չի հպա­տա­կիր զգա­ցում­նե­րու, նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ մա­նա­ւանդ բարձ­րա­գոչ մեր ազ­գա­յին լո­զունք­նե­րուն, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս խա­փու­սիկ են, ճա­պաղ ազ­գայ­նա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­յին աղմ­կա­րար ճա­ռեր են, մէկ խօս­քով ապաշնորհ քա­րոզ­չու­թիւն­ներ եւ ընդ­հան­րա­պէս` խօ­սոյթ են, ո­րոնց դի­մաց նոր սե­րուն­դի խոր­տա­կիչ մա­սը անդր­դո­ւե­լի է, ա­կանջ­նե­րը խուլ կը ձե­ւաց­նէ։

  • Գի­տա­կան եւ մա­նա­ւանդ թի­ւե­րու տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը սար­սափ կը պատ­ճա­ռէ, վի­ճե­լի չէ, տի­նա­միք եւ փո­փո­խա­կան է, թի­ւե­րէն մեկ­նե­լով կա­րե­լի է լու­ծում­նե­րու նա­խա­բան մը դի­տար­կել, տո­ւեալ­նե­րու հիմք մը ու­նե­նալ, ել­քի մը ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նին հաս­նիլ, ուս­տի ծրագ­րե­լու են­թա­հող ու­նե­նալ, տո­ւեալ պայ­ման­նե­րուն մէջ ըստ կա­րել­ւոյն ճիշդ կողմ­նո­րո­շո­ւե­լու եւ օգ­տա­բեր քայ­լեր ձեռ­նար­կե­լու:

  • Ս­փիւռ­քի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ծանր ազ­դած են եւ կ­’ազ­դեն հայ մար­դուն վրայ, ո­րով մեր վեր­լու­ծում­նե­րու մօ­տե­ցու­մը, քննա­կան դա­տո­ղու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս ե­ղած է մա­կե­րե­սա­յին տե­սա­բա­նու­թեամբ, յուզական եւ ընդհանրապէս զգա­ցա­կան մօ­տե­ցու­մով, հեռու տրամաբանական ըմբռնումէն։

  • Ազ­գա­յին շա­հե­րու հան­դէպ թու­լա­կամ է մեր մօտ բաղ­դա­տա­կան եւ հե­ռա­տես դա­տո­ղու­թիւ­նը, չը­սե­լու հա­մար ան­գոյ է ի­մա­ցա­կան եւ քննա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, գի­տա­կան գոր­ծե­լաո­ճի չա­փո­րո­շիչ­նե­րը, գի­տա­կան քննա­դա­տա­կան խո­հա­կա­նու­թիւ­նը՝ հիմ­նա­կա­նօ­րէն պէտք է օգ­տա­գոր­ծել գի­տու­թեան, ար­հես­տա­գի­տու­թեան, ու­սո­ղու­թեան ո­լորտ­նե­րու են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րը միա­ժա­մա­նակ այդ գի­տա­կան են­թա­կա­ռոյ­ցին կա­պե­րու տար­րա­լու­ծու­մը հայ­կա­կան լի­նե­լու­թեան եւ ա­նոր շաղ­կա­պու­մը հայ ինք­նու­թեան հետ, որ­պէս գործ­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցի բաղ­կա­ցու­ցիչ եւ բա­ղադ­րիչ հիմ­նա­կան մաս­նիկ­ներ։ Ար­ժէ յի­շեց­նել, որ Սփիւռ­քի մեր լի­նե­լու­թեան գլխա­ւոր նժար­նե­րէն մէ­կը մեր գի­տա­կան մկան­նե­րու կարծ­րու­թեամբ եւ տո­կու­նու­թեամբ պէտք է սահ­մա­նո­ւին։

  • Ե­րե­ւա­նի մէջ 2017-ին լոյս տե­սած Սփիւռ­քի նա­խա­րար՝ Հ­րա­նուշ Յա­կո­բեա­նի «Հայ­կա­կան Սփիւռ­քը յա­րա­փո­փոխ աշ­խար­հում» գիր­քին մէջ կեդ­րո­նա­նա­լով Սփիւռ­քի դրա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թեան վրայ կը յի­շէ՝ «Այ­սօր աշ­խար­հի հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի եր­կիր­նե­րու մէջ հայ Սփիւռ­քէն ներս կան գոր­ծող 107 հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­ներ, կան նաեւ 637 մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ, 30 թան­գա­րան­ներ, գրա­դա­րան­ներ, ար­խիւ­ներ, կը գոր­ծեն հայ­կա­կան 727 ե­կե­ղե­ցի­ներ, մա­տուռ­ներ եւ վան­քեր։ Ս­փիւռ­քի մէջ ներ­կա­յու­թիւն են 30 հա­զա­րէ ա­ւե­լի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, շուրջ 300 լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ եւ ե­կե­ղե­ցա­կան հզօր ցանց»։ Բայց նոյն հե­ղի­նա­կը չի յի­շեր, որ վեր­ջին 50 տա­րո­ւայ մէջ Սփիւռ­քի մէջ փա­կած ենք ա­ւե­լի քան 231 դպրոց, եւ նման ու­րիշ ոչ խրա­խու­սիչ թի­ւեր։ Հե­ղի­նա­կին նշած թի­ւե­րը հպար­տու­թեան եւ պա­տո­ւի զգա­ցում կրնան նե­րա­ռել, տպա­ւո­րու­թիւն մը տա­լով որ այդ թի­ւե­րը կրնան ան­փո­փոխ եւ յա­ւեր­ժա­կան ըլ­լալ։

  • Հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու մա­սին խօ­սե­լով ան կ­’ա­ռա­ջար­կէ ստեղ­ծել «հա­յա­գէտ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւն» եւ «հա­յա­գի­տու­թեան նո­ւի­րո­ւած մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով­ներ ու քննար­կում­ներ կազ­մա­կեր­պել» եւ «­Հա­յաս­տա­նը դարձ­նել հա­յա­գի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին կեդ­րոն»: Ան կ­’ընդգ­ծէ ը­սե­լով, որ հա­յե­րը մեծ ներդ­րում ու­նին հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ: Հայ ժո­ղո­վուր­դը աշ­խար­հին տո­ւած է բա­զում հռչա­կա­ւոր գիտ­նա­կան­ներ: Անգ­նա­հա­տե­լի է Սփիւռ­քի մէջ հա­յե­րու գի­տա­կան ներդ­րու­մը յատ­կա­պէս բնա­գի­տու­թեան, քի­միա­գի­տու­թեան, մե­քե­նա­շի­նու­թեան, բժշկա­գի­տու­թեան, տիե­զե­րա­գի­տու­թեան, օ­դա­նա­ւա­շի­նու­թեան, ռազ­մա­կան, բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ այլ գի­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ: Վեր­ջին բա­ժի­նը կրկնա­կի հպար­տու­թեան ա­ռիթ մըն է, հա­մադ­րու­մի կը մի­տի քան վեր­լու­ծու­մի, պար­զա­պէս բնու­թագ­րում մըն է ա­ռանց մեկ­նու­թեան, ակն­կա­լե­լի էր մեկ­նա­բա­նել, թէ այդ գի­տա­կան մտքի նե­րու­ժը ինչ­պի­սի՞ գործ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ կամ ու­նի Սփիւռ­քի հա­ւա­քա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թեան, հա­յա­պահ­պա­նու­մի ամ­րապնդ­ման եւ հա­մա­հայ­կա­կան գերխն­դիր­նե­րուն լու­ծում­ներ գտնե­լու, կամ ծա­ռա­յե­լու մէջ։

  • Ս­փիւռ­քի մէջ վե­րո­յի­շեալ հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րը, ո­րոնք կ­’ի­րա­կանաց­նեն կրթա­կան եւ հե­տա­զօ­տա­կան ծրա­գիր­ներ, ո­րո­շա­կի դեր եւ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին հա­յու­թեան հա­մար, ո­րոնց­մէ կա­րե­լի է յատ­կա­պէս ա­ռանձ­նաց­նել՝ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան, հայ քա­ղա­քակր­թու­թեան տա­րա­ծու­մի, հայ հա­մայնք­նե­րու մէջ ման­կա­վար­ժա­կան ու­սում­նակր­թա­կան, ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­մի եւ հա­մայն­քա­յին ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ պատ­րաս­տե­լու, հա­յա­գի­տու­թեան զար­գա­ցու­մի, պայ­քա­րե­լու հա­կա­հայ­կա­կան քա­րոզ­չու­թեան դէմ, հայ եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ գի­տամ­շա­կու­թա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման եւ խո­րա­ցու­մի, կի­րա­ռա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մին (քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ այլ բնոյ­թի)․․․­ եւ այլն։ Բայց կա­րե­լի է հարց տալ՝ այս բո­լո­րի կող­քին Սփիւռ­քի մէջ քա­նի՞ զուտ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան հայ­կա­կան կեդ­րոն­ներ ու­նինք։ Պէտք է մատ­նան­շել որ կան նաեւ այն­պի­սի ար­տա­քի­նով հա­յա­գի­տա­կան բայց կեղծ դի­մա­գի­ծով կեդ­րոն­ներ, ո­րոնք կեդ­րո­նա­ցած են միայն հա­կա­հայ ար­շաւ­ներ եւ շա­հեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու, կեղ­ծա­րա­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու։ Հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեամբ զբա­ղող կեղծ հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­ներ են Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ։

Ե․ Սփիւռքի գիտահետազօտական կեդրոններու դերը

Հա­մո­զու­մով պէտք է հա­ւա­տալ, որ հա­յա­պահ­պա­նու­մի ազ­գա­յին պա­րու­նա­կի գե­րա­գոյն ար­ժէ­քը հան­դի­սա­ցող հա­յե­րէն լե­զո­ւի անժխ­տե­լի դե­րին եւ զայն կեն­սու­նակ պա­հե­լու հան­դէպ բարձր գի­տակ­ցու­թեան կող­քին, սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը իր մշա­կու­թա­յին եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ հա­յա­գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու զու­գա­հեռ խիստ կա­րի­քը ու­նի ժա­մա­նա­կա­կից գի­տա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­մի։ Ե­րի­տա­սարդ գի­տա­կան մար­դու­ժով սնա­նո­ւած գի­տաու­սում­նա­սի­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու, հայ գի­տա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան նե­րու­ժը հա­մա­պար­փա­կող հար­թակ­նե­րու, ցան­ցա­յին դրո­ւածք­նե­րու պա­րու­նա­կին։

Ս­փիւռ­քի հայ գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յու­թեան նպա­տա­կը պէտք է ըլ­լայ տրա­մադ­րել ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մտքի լայն տա­րածք մը, ի շահ հա­մա­հայ­կա­կա­նին ներգ­րա­ւե­լու եւ նե­րա­ռե­լու Սփիւռ­քի ցրո­ւած հայ գի­տա­կան մտքի պա­շա­րը հան­դի­սա­ցող հայ գիտ­նա­կան­նե­րու նե­րու­ժը։

Հայ գի­տա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թեան եւ ու­ժա­կա­նու­թեան հա­մախմ­բու­մը, հայ մտա­յին եւ մաս­նա­գի­տա­կան պա­շա­րին տրա­մադ­րե­լու մեծ հար­թակ մը։ Կամր­ջե­լու, կեդ­րո­նաց­նե­լու, մէկ­տե­ղե­լու ա­նոր գի­տա­կան հմտու­թիւ­նը, փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ զա­ռի­թա­փէն սրար­շաւ սլա­նա­լու դէ­պի ստոյգ գի­տա­կան կա­տար­ներ։

Ա­զա­տօ­րէն եւ ան­կաշ­կանդ ու­սում­նա­սի­րե­լու ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի նո­րա­գոյն գի­տա­կան թե­մա­ներ, ա­կա­դե­մա­կան եւ հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան մա­կար­դա­կով, լու­ծե­լու բարդ մար­տահ­րա­ւէր­ներ՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ քննա­դա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը։

Հնարաւորութիւնը ունենալով նաեւ ժամանակին հետ պահելու աւանդական արուեստներու եւ արհեստներու համար եռաչափ ձեւաչափերով ծրագրակազմերու, օգտուելով բազմաճիւղ գիտական մեր մտքի ցիրուցան պաշարներէն։

Հայ տնտե­սա­գէտ­նե­րէն, գիտ­նա­կան­նե­րէն՝ լա­զե­րա­յին (laser), ռո­պո­թա­շի­նու­թեան (robotics), օր­հա­սա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րու կա­ռա­վար­ման կամ ճգնա­ժա­մա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թեան (Risk engineering) եւ մանաւանդ հակաճգնաժամային ծրագիրներ մշակելու կամ իրականացնելու մասնագիտութիւնները, վե­րա­կանգ­նու­մի ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր­նե­րու (Renewable Energy sources) հետ ա­ղերս ու­նե­ցող կա­նաչ ճար­տա­րա­րո­ւեստ­նե­րը (green technologies), բազ­մաղ­բիւր կամ խառ­նա­ծին ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­կար­գե­րու (Hybrid energy systems) կազ­մո­ւածք­նե­րը, կեն­սո­լոր­տա­յին խնդիր­նե­րու հա­մա­պար­փակ վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րը (Comprehensive analysis of environmental issues), ու­ժա­նիւ­թի պա­հես­տա­նոց­նե­րը (Energy storage systems), ի­մաս­տուն ցան­ցե­րը (smart networks), քի­միա­գի­տու­թեան, ֆի­զի­քա­կան քի­միա­գի­տու­թեան, տե­ղե­կա­գի­տա­կան ո­լոր­տը, ար­հես­տա­գի­տա­կան բա­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ թո­ւա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը, նիւ­թա­գի­տու­թիւ­նը (materials sciences), կեն­սա­գի­տու­թեան (Biology) ճար­տա­րա­գի­տու­թիւ­նը, մանրակենսաբանութեան, ծինաբանութեան, կենսաքիմիագիտութեան, մայք­րօ, նա­նօ ար­հես­տա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րը, ին­չու չէ նաեւ այդ բո­լո­րը տնտե­սու­թեան հետ շաղ­կա­պող տնտե­սա­կան, ֆի­նան­սա­կան ճգնա­ժա­մե­րը (risk) դի­մագ­րա­ւող ո­լորտ­ներ, ինչպէս նաեւ ա­ւան­դա­կան ա­րո­ւեստ­նե­րու եւ ար­հեստ­նե­րու հա­մար զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու բազ­մա­շերտ մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րը։ Ն­ման գի­տա­կան կա­ռոյց­ներ, ո­րոնք կը բա­ւա­րա­րեն շա­հա­ւէտ հայ­կա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի տնտե­սա­կան չա­փո­րո­շիչ­նե­րը եւ պա­հանջ­նե­րը, ու­նին հայ­կա­կան դրա­մագ­լուխ­նե­րու շա­հա­դի­տա­կան ստեղ­ծա­րար լայ­նա­ծիր մրցակ­ցու­թիւն­ներ։

Բ­նա­կա­նա­բար այդ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կի­րա­ռու­թիւ­նը պի­տի ծա­ռա­յէ հա­մայն հա­յու­թեան, շա­ղկա­պե­լու Հա­յաս­տա­նի գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ։ Հիմ­նա­կա­նօ­րէն հայ­րե­նի­քի նմա­նօ­րի­նակ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ մշա­կե­լով։ Դի­մա­կա­յե­լու հա­մար հայ ազ­գի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած ժա­մա­նա­կա­կից գի­տա­կան հրա­տապ հիմ­նախն­դիր­նե­րու լուծ­ման գործ­նա­կան ու­ղի­ներ մշա­կե­լու` նա­խա­պէս վեր­հա­նե­լով այդ խնդիր­նե­րու ա­ռա­ջաց­ման պատ­ճառ­ներն ու հան­գա­մանք­նե­րը։

  1. Ն­ման գի­տա­կան նո­րա­րար հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­ներ Սփիւռ­քի մէջ գու­ցէ ան­յայտ են կամ քիչ են, ուս­տի կը կա­րօ­տին ու­շա­դիր հո­գա­ծու­թեան, ա­ւե­լի հե­տե­ւո­ղա­կան խնամ­քի։ Կ’ար­ժէ այս­տեղ յի­շել՝ Ա) ԱՐՓԱ հիմնարկը «Վերլուծութիւն, հետազօտութիւն եւ ծրագրաւորում Հայաստանի համար» «Analysis Research & Planning For Armenia ARPA»։ Հիմնարկը հիմնադրուած է 1992-ին Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիայի մէջ իրբեւ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն։ ԱՐՓԱ-ի փորձագէտները որպէս խորհրդատու կը ծառայեն Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւններուն՝ գիտական, կրթական եւ զանազան ոլորտներու մէջ ։ Բ) Հա­յաս­տա­նի գի­տու­թեան եւ տեխ­նո­լո­կիա­նե­րու (ար­հես­տա­գի­տու­թեան) հիմ­նադ­րա­մը (Foundation for Armenian Science and Technology, FAST) հիմ­նադ­րո­ւած 2016 ին։ Գ) Ընթացիկ 2022 տարուան յունիսի վերջը Վենետիկի Սուրբ Ղազար վանքին մէջ իր անդրանիկ համագումարը ունեցած է «Հայ մշակութային եւ գիտական ընկերակցութիւն» (The Armenian Society of Fellows – ASOF) նոր հարթակը։ ԱՍՕՖ գիտական ասպարէզներու մէջ աշխատող ցանց մըն է, իբրեւ ապաքաղաքական ոչ կրօնական, շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն։ Հարթակը կը համախմբէ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն գիտնականներ, մասնագէտներ։ Դ) «Գիտուժ»-ը, Հայաստանի գիտութեան զարգացման աջակցող նախաձեռնութիւնը, որուն առաջադրութիւնն է ՝ «Հզօր գիտութիւն ուժեղ պետութիւն», իբրեւ գիտութեան պատկանող դրոյթներու մշակման թեւ ու թիկունք կանգնող նախաձեռնութիւն։

  2. Վերոյիշեալ ն­ման գի­տա­կան մրցու­նակ են­թա­կա­ռոյց­նե­րով կեդ­րոն­ներ, հարթակներ կը պար­փա­կեն, կը շաղ­կա­պեն Սփիւռ­քի բազ­մա­զա­նու­թիւնն ու զայն ըն­կա­լե­լու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, կը կամր­ջեն հայ գի­տա­կան մար­դու­ժը, կը ժող­վեն Սփիւռ­քի գի­տաշ­խա­տող­նե­րու ցրո­ւա­ծու­թիւ­նը, կը միաց­նեն բազ­մաբ­նոյթ ներս­փիւռ­քեան բա­ժա­նում­նե­րը եւ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն կ­’ու­նե­նան գի­տա­կան հիմ­քե­րով հա­սու­թա­բեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, օգ­տա­բեր եւ նո­րա­րար գի­տա­կան ու­ղի­ներ մշա­կե­լու, ու­րո­ւագ­ծե­լու թի­րա­խա­յին ժա­մա­նա­կա­կից գի­տա­կան ուղ­ղու­թիւն­ներ, նո­րա­րար տես­լա­կան­ներ եւ մաս­նա­ւո­րա­բար կ’ամ­րապն­դեն հա­յաս­տա­նեան գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու հետ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կա­պե­րը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, միա­ցեալ ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջա­տար գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու հետ:

  3. Բ­նա­կա­նա­բար գո­յու­թիւն ու­նին զա­նա­զան գի­տա­կան մա­կար­դա­կի դրա­մաշ­նորհ­ներ, ո­րոնց­մէ օ­րի­նա­կի հա­մար կա­րե­լի է շա­հա­գոր­ծել եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ ծա­ւա­լած գի­տա­կան դրա­մաշ­նորհ­նե­րէն (Grants) եւ կամ երկ­րի մը ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան հետ կա­պո­ւած Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան՝ փոքր, մի­ջակ գի­տա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու դրա­մաշ­նորհ­նե­րէն (Small, medium enterprises, SMEs) եւ կամ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­կան այլ դրա­մաշ­նորհ­նե­րէն։ Այս մար­զին մէջ կա­րո­ղա­ցած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նպաս­տել SME ի ծրագ­րի մը, իմ հա­մեստ օգ­նու­թեամբ 2015 թո­ւին:

Զ․ Սփիւռքի նորարարական ներուժի գիտական ցուցիչները

Վս­տա­հա­բար բարձ­րա­ձայն կո­չե­րով եւ հրա­պա­րա­կում­նե­րով, գի­տա­կան հմտու­թեամբ եւ ու­նա­կու­թիւն­նե­րով մրցու­նակ մաս­նա­գէտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան կա­րի­քը ու­նինք ներս­փիւռ­քեան եւ հա­մայ­նա­կան կեան­քին տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ։

Դար­ձեալ կա­րե­լի է հարց տալ՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւա՞ծ են ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու թի­ւի եւ ո­րա­կի պա­շա­րը հարս­տաց­նե­լու եւ բազ­մաց­նե­լու ան­յա­պաղ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, նոր տա­ղանդ­ներ վեր­հա­նե­լու, կլա­նե­լու, նե­րա­ռե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոնց ա­ռանց­քա­յին դե­րը Սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։

Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նը երկ­րորդն էր գիտ­նա­կան­նե­րու թի­ւով եւ գի­տա­կան ար­դիւնք­նե­րով խորհր­դա­յին Ռու­սա­տա­նէն ետք։ 1980-ա­կան­նե­րուն մէկ մի­լիոն բնակ­չու­թեան հա­շո­ւար­կով Հա­յաս­տա­նի մէջ կար 6400-էն ա­ւե­լի գիտ­նա­կան: Ներ­կա­յիս այդ թի­ւը մօտ 1100 է, իսկ աշ­խար­հի մի­ջի­նը` 4000-էն ա­ւե­լի է: Նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին գի­տու­թեան ֆի­նան­սա­ւո­րու­մը կը կազ­մեր Հա­յաս­տա­նի հա­մա­խառն ներ­քին ար­դիւն­քի 2,54 տո­կո­սը, որ տն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ զար­գաց­ման կազ­մա­կեր­պու­թեան (OCED) ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու այ­սօ­րո­ւայ մի­ջի­նէն բարձր էր, իսկ ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի մէջ այդ ցու­ցա­նի­շը 0,23 տո­կո­սի սահ­ման­նե­րու մէջ է: Բայց բա­ցի քա­նա­կէն մենք նաեւ ո­րա­կի, գի­տա­կան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան խնդիր ու­նինք Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Այդ թի­ւե­րու մօ­տա­ւոր ա­ղիւ­սակ­նե­րը եւ Սփիւռ­քի հայ գի­տա­կան մար­դու­ժի զար­գաց­ման ցու­ցիչ­նե­րը (Index) հա­սա­նե­լի չեն, մշու­շի մէ­ջէն ա­րե­ւին հա­նել, վե­րար­տադ­րել պէտք է մաս­նա­գէտ գի­տա­կան մար­դու­ժի այդ աղ­բիւ­րին ու­նա­կու­թիւնն ու կա­րո­ղու­թիւ­նը։

Գի­տա­կան մար­դու­ժը պէտք է հրա­ւի­րել հա­մա­հայ­կա­կան կեան­քի մէջ ծա­ռա­յե­լու, գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նե­լու։ Ն­կա­տե­լիօ­րէն ա­ւել­ցած է Սփիւռ­քի մէջ բնա­կող հայ մաս­նա­գէտ­նե­րուն թի­ւը, ո­րոնք հե­տաքրք­րո­ւած են, կ­’ու­զեն մաս­նա­կից դառ­նալ Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­տու­թեան ու կրթու­թեան յա­ռա­ջըն­թաց ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծի­ն։

Է․ Ելքեր – Բանալի Առաջարկներ

Հայ­կա­կան գի­տա­կան մտքի ուժը եւ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան մար­դու­ժը թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Սփիւռ­քի մէջ գե­րա­զան­ցա­պէս ա­ւե­լին է, քան՝ այն տե­սա­նե­լին, որ կը թո­ւի շա­տե­րուս։ Հիմ­նա­կա­նը այդ ան­տե­սա­նե­լին պե­ղելն ու լոյս աշ­խարհ բե­րելն է, ներգ­րա­ւելն է, զօրակ­ցու­թեան ձեռք եր­կա­րելն է, շա­հագրգ­ռելն է մեր հա­մաս­փիւռ­քեան կեան­քի մէջ գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նա­լու հա­մար։

Գործ­նա­կան ծրագ­րի մը գլխա­ւոր բա­նա­լի միտ­քե­րը կա­րե­լի է ամ­փո­փել ստո­րեւ յի­շո­ւած կէ­տե­րու մէջ, բնա­կա­նա­բար ո­րոշ ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը մշա­կե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է հա­մալ­րել զա­նոնք լրա­ցում­նե­րով, խո­րա­ցում­նե­րով, ամ­բող­ջա­ցում­նե­րով եւ մա­նա­ւանդ ճշգրիտ կողմ­նո­րո­շու­մով, ար­տա­հա­մայն­քա­յին ծրա­գիր­նե­րով եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ Այս­պի­սով, հա­մաս­փիւռ­քեան գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րով, մենք մեզ ըն­դա­ռաջ կը դնենք միաս­նա­բար մտա­ծե­լու, միաս­նա­բար ծրագ­րե­լու, միաս­նա­բար պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը բաժ­նեկ­ցե­լու եւ միաս­նա­բար կա­ռու­ցո­ղա­կան, ո­րա­կեալ գրա­ւա­կան­նե­րով աշ­խա­տե­լու հրա­մա­յա­կա­նին դի­մաց։ Ճիշդ է որ գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու ծրա­գիր մը այ­լընտ­րան­քա­յին ի­մաս­տա­լի նշա­ձող մըն է գի­տա­կան մտաւո­րա­կա­նու­թիւ­նը հա­մախմ­բե­լու, որ կը կա­րո­ղա­նայ հե­ղի­նա­կա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նալ թար­մա­ցած գի­տա­կան թթո­ւա­ծի­նով վե­րաշն­չա­ւո­րե­լու հա­մաս­փիւռ­քեան կեան­քը։ Ն­ման ծրա­գիր մը ճամ­բայ հա­նե­լու հա­մար, կա­րե­լի է սկսիլ շարք մը քայ­լե­րով, ո­րոնց­մէ հիմ­նա­կան­նե­րը կա­րե­լի է մատ­նան­շել։

Ա– Ս­փիւռ­քի գի­տա­կան մտքի պա­շա­րը հան­դի­սա­ցող մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ցան­կագ­րում եւ հա­ւա­քագ­րում, մաս­նա­գի­տա­կան հա­մաս­փիւռ­քեան հայ գի­տա­կան մար­դու­ժի քար­տէ­սագ­րում։

Բ– Ս­տեղ­ծել հա­մա­հայ­կա­կան մրցու­նակ մաս­նա­գի­տա­կան հար­թակ­ներ, հա­մա­կար­գեր, գի­տա­կար­գեր, ո­րոնք ձեռն­հաս են կազ­մա­կեր­պե­լու, ու­սում­նա­սի­րե­լու դա­րու գի­տա­կան նո­րա­գոյն պա­հանջ­նե­րը։ Մաս­նա­գի­տա­կան հմտու­թեամբ եւ փոր­ձա­ռու­թեամբ ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու, ղե­կա­վա­րե­լու եւ ա­չալր­ջօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նե­լու զա­նոնք։

Գ– Հայ գի­տա­կան մտքի պա­շա­րը հան­դի­սա­ցող հայ գիտ­նա­կան­նե­րը կլա­նե­լու եւ այդ հզօր նե­րու­ժը ներգ­րա­ւե­լու, հա­մախմ­բե­լու եւ օ­ղա­կա­ւո­րե­լու հա­մար ստեղ­ծել եւ կազ­մա­կեր­պել ցան­ցա­յին քննար­կում­նե­րու եւ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու գի­տա­կան մի­ջա­վայ­րեր, մաս­նա­գի­տա­կան ցան­ցեր, խմբա­ւո­րում­ներ։

Դ– Մշա­կել մաս­նա­գի­տա­կան հմտու­թեամբ եւ փոր­ձա­ռու­թեամբ գի­տա­կազ­մա­կերպ­չա­կան ծրա­գիր­ներ, ջան­քեր եւ ճի­գեր չխնա­յել, օգ­տո­ւե­լու հա­մար Եւրոպական Միութեան եւ այլ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­կան գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան դրա­մաշ­նորհ­նե­րէն։

Ե– Գ­րա­կան, մար­դա­սի­րա­կան եւ այլ հիմ­նադ­րամ­նե­րու նման, Սփիւռ­քը պէտք ու­նի գի­տա­կան հիմ­նադ­րամ­նե­րու, ո­րոնք բա­նա­ձե­ւո­ւած են գի­տա­կան բծախնդ­րու­թեամբ եւ ող­ջա­խո­հու­թեամբ, օժ­տո­ւած են մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րով, մա­տա­կա­րա­րե­լու մաս­նա­գի­տա­կան գի­տա­հա­մա­կար­գեր, ո­րոնք պի­տի սնա­նեն նաեւ նոր հայ սե­րունդ­նե­րու գի­տա­կան մտքի ստեղ­ծա­րար սլացք­նե­րու հե­ռան­կա­րները, ծրա­գիր­ներ ո­րոնք պէտք է հիմ­նա­ւո­րո­ւած ըլ­լան ա­պա­քա­ղա­քա­կան եւ հաս­տա­տու­թե­նա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեամբ։

Կը հա­ւա­տանք որ «Ս­փիւռ­քի տա­րի» հռչա­կա­գի­րը յար­մա­րա­գոյն գոր­ծի կոչ­նակն է: Տա­լու պա­հը: Եւ հա­յը գի­տէ, որ ազ­գա­շէն գի­տակ­ցու­թեամբ տա­լը, նո­ւի­րա­բե­րե­լը զրկանք չէ: Տա­լը հրճո­ւանք է, երբ թի­րա­խը հայ ազ­գի մարդուժի, գիտուժի ու նիւթուժի հզօրացումն է, ընդ­հան­րա­կան եւ ա­պա­գա­յա­տե­սիլ շահն է։


Ե­թէ հա­մո­զո­ւած ենք, ե­կէ՛ք միաս­նա­բար մտա­ծե՛նք, միաս­նա­բար ծրագ­րե՛նք եւ միաս­նա­բար գոր­ծե՛նք։

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page