Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐՌատիո Այգ
top of page

Սիւնակներ

Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐ

Խաչվերացէն 13 օր ետք եկող շաբաթ օրը Ս. Գէորգ է: Նահատակուած է մօտաւորապէս 303 Ք.Ե. Նիկոմեդիոյ մէջ: Մեծցեր է քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ: Երբ Հռոմէացի Դիոկղետիանոս կայսրը (284 - 305) հրովարտակ կը հրատարակէ քրիստոնեաներուն դէմ, Գէորգ զօրավարը կը պատռէ Նիկոմեդիա քաղաքի հրապարակին վրայ կախուած այս արքունական հրամանը: Այս պատճառով կը չարչարուի եւ կը նահատակուի որովհետեւ կը մերժէ ուրանալ իր քրիստոնէութիւնը: Բազմաթիւ աւանդութիւններ հիւսուած են Ս. Գէորգի մասին: Ասոնցմէ ամենածանօթը այն է որ Գէորգը սպաննելով վիշապ մը ազատեր է կոյս մը, եւ ասոր համար կ’ընդունուի որպէս վիշապասպան սուրբ: Սուրբ Գէորգ Զօրավար Անգլիացիները իրենց պահապան սուրբը կը համարեն Ս. Գէորգը (Saint George): Սուրբ Գէորգի անունով եկեղեցիներ ունին Հայերը, եւ եւրոպական ժողովուրդները:


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page