Մայիս Մէկը շնորհաւորՌատիո Այգ
top of page

Սիւնակներ

Մայիս Մէկը շնորհաւոր


Մա­յիս Մէկ, բա­­նուոր­­նե­­­րու հա­­մաշ­­խարհա­­յին զօ­­րակ­­ցութեան օր։ Նաեւ մղձա­­ւան­­ջը բո­­լոր եր­­կիրնե­­րէ

ներս, բո­­լոր իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու։ Ըլ­­լայ թա­­գաւո­­րու­­թիւն թէ հան­­րա­­­պետու­­թիւն, ըլ­­լայ ժո­­ղովրդ

ա­­վարա­­կան կամ բռնա­­տիրա­­կան նոյնն է, բո­­լոր իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու հա­­մար մղձա­­ւանջ մըն է տա­­րուայ այս օրը։


Ամ­­բողջ տա­­րուայ ըն­­թացքին, իր ապ­­րուստը աշ­­խա­­­տան­­քով ապա­­հովուած զան­­գո­­­ւածը կե­­ղեքող­­նե­­­րը, Մա­­յիսի Մէ­­կին գի­­տեն թէ բա­­նուոր դա­­սակար­­գը իր դժգո­­հու­­թիւնը պի­­տի յայտնէ տի­­րող հա­­մակար­­գին հան­­դէպ։ Ար­­դա­­­րեւ բո­­ղոքի օր է ան։ Երկրա­­գունդի չորս ծա­­գերուն, աշ­­խա­­­տող դա­­սակար­­գը բարձրա­­ձայն պի­­տի պա­­հան­­ջէ իր ար­­դար իրա­­ւունքը։


Թուրքիոյ Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը՝ որ իր հիմ­­նարկու­­թեան յա­­ջոր­­դող մօտ երե­­սուն տա­­րինե­­րը ապ­­րե­­­ցաւ պե­­տական կու­­սակցու­­թեան միահե­­ծան բռնա­­կալու­­թեան պայ­­մաննե­­րով, ար­­գի­­­լած էր Մա­­յիս Մէ­­կի յի­­շատա­­կու ­­մը։ Սոյն թո­­ւակա­­նը օրա­­ցոյ­­ցի մէջ կը նշո­­ւէր իբ­­րեւ «Գար­­նան տօն»։

Առա­­ջին ան­­գամ 1976 թո­­ւակա­­նին է որ բա­­նուոր­­նե­­­րու հա­­մաշ­­խարհա­­յին տօ­­նը զան­­գո­­­ւածա­­յին բնոյ­­թով նշուեցաւ Իս­­թանպու­­լի մէջ։ Արհմիու­­թիւններ յա­­ջողե­­ցան աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րու ծո­­վածա­­ւալ բազ­­մութիւ­­նով ողո­­ղել Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարա­­կը։ Օրո­­ւայ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը հա­­զիւ հան­­րա­­­հաւա­­քի աւար­­տին անդրա­­դար­­ձաւ կա­­տարուած մի­­ջոցառ­­ման բո­­վան­­դա­­­կու­­թեան։


Յա­­ջորդ տա­­րի, ինչպէս կ՚ակնկա­­լուէր, մաս­­նակցու­­թիւնը գե­­րազան­­ցեց նա­­խորդ տա­­րուայ փա­­ռաշուք ցոյ­­ցը։ Բա­­ցի բա­­նուո­­րական արհմիու­­թիւննե­­րէ, բազ­­մա­­­թիւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն, քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւն եւ հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րու ու­­սա­­­նող­­ներ չորս տար­­բեր ուղղու­­թիւններ» կը յա­­ռաջա­­նային դէ­­պի Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարա­­կը։ Սա­­կայն այս ան­­գամ պե­­տու­­թիւնը յան­­պատրաս­­տից չէր գտնո­­ւած։ Հան­­րա­­­հաւա­­քի աւար­­տին հաս­­նող պա­­հերուն, յան­­կարծա­­կի գոր­­ծադրո­­ւեցաւ բծախնդրօ­­րէն ծրագ­­րո­­­ւած գոր­­ծո­­­ղու­­թիւնը։ Հրա­­պարա­­կին հայ­­ցող «Ին­­թերքոն­­թի­­­նեն­­թալ» հիւ­­րա­­­նոցի 7-րդ յար­­կէն կրակ բա­­ցուե­­ցաւ ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րուն վրայ։ Ինքնա­­շարժ մը կրա­­կոց­­ներ ար­­ձա­­­կելով սու­­րաց ժո­­ղովուրդին ընդմէ­­ջէն։ Նոյն պա­­հուն ջրա­­բաժան­­ման սար­­քե­­­րու տա­­նիքէն այս ան­­գամ հա­­մազ­­գեստա­­ւոր ոս­­տի­­­կան­­ներ կրա­­կեցին զան­­գո­­­ւածին վրայ։ Այս դա­­ւադ­­րութեան մէջ Թուրքիոյ գաղտնի գոր­­ծա­­­կալու­­թիւննե­­րը հա­­մագոր­­ծած էին Ամե­­րիկեան գոր­­ծա­­­կալու­­թիւննե­­րու, յատ­­կա­­­պէս CIA-ի հետ։



Ստեղ­­ծո­­­ւած էր ակնկա­­լուած խու­­ճա­­­պը եւ քա­­նի մը վայրկեան­­նե­­­րու մէջ 37 ան­­ձեր մա­­հացան։ Դէպ­­քը պատ­­մութեան մէջ կը յի­­շուի «Արիւ­­նա­­­լի Մա­­յիս Մէկ» կո­­չու­­մով։

Ահա յայտնո­­ւած էր ակնկա­­լուած բա­­րիքը։ Աջա­­կող­­մեան կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րը այդ մի­­ջադէ­­պով յա­­ջողե­­ցան ժո­­ղովուրդի մտքին մէջ Մա­­յիս Մէ­­կը վտան­­գա­­­ւոր թո­­ւական մը ըլ­­լա­­­լով դրոշ­­մել։

Անցնող տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րու ըն­­թացքին ամէն ճիգ վատ­­նե­­­ցին սար­­սա­­­փի տպա­­ւորու­­թիւնը վառ պա­­հելու հա­­մար։ Առա­­ջին հեր­­թին ար­­գի­­­լեցին Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարա­­կին վրայ ցոյ­­ցե­­­րը։ Բա­­նուրներ ամէն տա­­րի փոր­­ձե­­­ցին հռչա­­կուած ար­­գելքը շրջան­­ցել։ Այս մի­­տու­­մով բո­­լոր փոր­­ձե­­­րը տե­­ղի տո­­ւին ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու հետ բա­­խումնե­­րու։


2019-ի Մա­­յիս Մէ­­կը կ՚իրա­­կանա­­նայ բո­­վան­­դակ քա­­ղաքը պա­­շար­­ման պայ­­մաննե­­րու մատ­­նե­­­լով։ Բա­­ցի Թաք­­սիմ հաս­­նող բազ­­մա­­­թիւ փո­­ղոց­­նե­­­րէ, ար­­գի­­­լուած է նաեւ հան­­րա­­­հաւա­­քի կա­­յանա­­լիք Պա­­քըր­­գիւղ տա­­նող փո­­ղոց­­նե­­­րու եր­­թե­­­ւեկու­­թիւնը։

Ի դէմ այս բո­­լորին, կա­­րելի չէ եղած բա­­նուոր­­նե­­­րու Մա­­յիս Մէ­­կեան ցոյ­­ցե­­­րու մաս­­նակցե­­լու կամ­­քը ար­­գի­­­լել։

Այս պա­­հուն կը հաս­­տա­­­տենք Նա­­զըմ Հիգ­­մէ­­­թի կան­­խա­­­տեսու­­մը՝ «Եւ ան­­շուշտ սի­­րելիս, պի­­տի հաս­­նի այն պայ­­ծառ օրը, երբ բա­­նուոր­­ներ իրենց ամե­­նավա­­յելուչ տա­­րազով, աշ­­խա­­­տան­­քի հան­­դերձով պի­­տի ել­­լեն փո­­ղոց, ազատութեան երգեր երգելով»։


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page