Մայիս 28-ն Ու Իր ԽորհուրդըԳէորգ Պետիկեան
top of page

Սիւնակներ

Մայիս 28-ն Ու Իր Խորհուրդը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ


Նախակրթարանի սեղաններէն սորված ենք, որ իբրեւ ազատատենչ ժողովուրդ` մենք միշտ մեծ փափաքն ու երազը ունեցած ենք տեսնելու մեր հայրենիքի անկախ եւ ազատ վիճակը: Ու այդ սրբազան երազանքը, իբրեւ տարագիր, ուր որ գացած ենք, մեզի հետ պտտցուցած ու փայփայած ենք:

Սրբազան երազանք մը, որուն անհրաժեշտութիւնը մեր արեան ուժով ընկալած ենք, որովհետեւ մեզի համար անսակարկելի արժէք էր մեր երկրին անկախութիւնը:

Այս օրերուն եւ կամ այսօր` ահա մայիսի 28-ը, ինչպէս սովոր է ըսել, որ է եւ կը մնայ մեր պատմութեան ամէնէն նշանակալի թուականներէն մէկը: Մէկ խօսքով` մեր երկրի երկար ատենէ ի վեր սպասուած ու երազած անկախութեան ձեռքբերումը: Բաղձալի եւ նոյնքան ալ` իրական:

Ի՞նչ է հայրենիքը, եթէ ոչ` դարերու երկայնքին մեր ժողովուրդին ապրած այն հողը, որ ունի յաւերժական արժէք: Եւ աւելի՛ն, անոր անկախութիւնն ալ զայն պահող ոգին է:

Իբրեւ այս երկրագունդի վրայ ապրող եւ շնչող հայերու` մեզի համար 20-րդ դարու սկիզբին մեր պետականութեան վերադարձը մեր վերջին շնչառութիւնն էր, եթէ կ՛ուզէք:

Այդ պատճառով ալ 1918 մայիս 28-ի մեր Ա. հանրապետութիւնն ու մեր հայրենիքի ազատ ու անկախ իրավիճակը մեր երջանկութիւնն է, որովհետեւ ան թէեւ ծնունդ առած էր արիւնով եւ սուրով, սակայն եւ այնպէս ծնած էր մեր ժողովուրդի ազատ ապրելու կամքէն եւ վճռակամութենէն:

Արդեօք կա՞յ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան` երկրիդ ազատութիւնը: Ճակատագրի բերումով դարերով զրկուած ապրած էինք անկէ: Բազմաթիւ սերունդներ երազած էին իրականացած տեսնել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը: Մեր ժողովուրդին համար միշտ առաջնահերթ եղած էր հայրենի պետականութեան վերահաստատումը, անոր ազատ ու անկախ կեանքը: Ահա՛ հայութեան քաղաքական իղձը, երկրի մը ու անոր ժողովուրդին ազատ ապրելու եւ անկախ կամքով իր ուղին ընտրելու եւ բարգաւաճելու հիմնական նախադրեալը: Անոր անկախ պետականութիւնը:

Մինչեւ 28 մայիս, 1918-ը մեր պատմութիւնը վեց դարեր ապրեցաւ, օտարին եւ օտարներու լուծին տակ: Այս առումով, անկիւնադարձային եղաւ այս անկախութեան տիրանալը, որովհետեւ հայութիւնը իր ազատ հայրենիքին մէջ իր սեփական պետական տունը շինելու կարելիութիւնը ունեցաւ, ու այս բոլորին շնորհիւ` Հայաստանը դարձաւ հաստատ անուն մը համաշխարհային ընտանիքին մէջ` գրաւելով իր արդար տեղն ու դիրքը աշխարհի քարտէսին վրայ:

Այսօր հայ ժողովուրդի ամենամեծ տօնն ու օրը, իր հայրենիքի առաջին անկախութեան օրն է: Ու հայ ժողովուրդը, պատի՛ւ իրեն, ամբողջ աշխարհին զարմացուց իր մղած երեք ճակատագրական ճակատամարտերու սխրանքով:

Ու մնացեալը պատմութիւն է, եւ պատմութիւնը տակաւին կենդանի է մեր բոլորին մտքերուն մէջ:

Բառերով անհնար է արտայայտել այն ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը, որ մեզի պարգեւեցին Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի հերոսներն ու հերոսամարտերը: Երկրի մը անկախութիւնը ձեռք կը բերուի թէ՛ արեան գնով եւ թէ՛ մեծ ու զոհաբեր աշխատանքով ու անսակարկ ցանկութեան պայմաններով:

Մեր ժողովուրդի դարերու վրայ երկարող պատմական ուղին նաեւ կ՛ապացուցէ, որ մենք արժանի ենք, միշտ եւ այսօր ալ ունենալ մեր անկախ եւ ազատ երկիրը, մեր հզօր բանակն ու մշակոյթը:

Իսկ այսօր: Այսօր ալ ունինք անկախ Հայաստան, եւ մանաւանդ` ազատագրուած Արցախ: Եւ երջանիկ ու հպարտ ենք, որ մեր ազգի անձնազոհ զաւակները, առանց ջանք ու եռանդ խնայելու, իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին այս նոր յաղթանակին համար:

Այսօր այլեւս Հայաստանը վերացական անուն մը կամ հայրենիք մը չէ բոլորիս համար: Ան քառորդ դարէ ի վեր այլեւս խորհրդային ալ չէ: Առանց մայիսեան յաղթանակին այսօր իր գոյութիւնը կասկածելի պիտի դառնար:

Հայրենիքը միշտ ալ կարելի է հեռուէն սիրել: Բայց իբրեւ հայ` իւրաքանչիւրս պարտաւոր ենք մեր հայրենիքը երկիր դարձնել: Երկիր, ուր ամէն մարդ կրնայ տեսնել իր ապագան, փոխանակ օտար ափերուն վրայ զայն երազելու:

Հաստատապէս, մենք այն երջանիկ սերունդին կը պատկանինք, որուն բախտ վիճակուեցաւ տեսնել Հայաստանի բաղձալի երկրորդ հանրապետութիւնը: Մեր մեծերը միշտ երազած էին զայն տեսնել եւ այդ ոգիով մեզի դաստիարակած ու այդ մաքուր ու սուրբ ոգին ալ մեզի ժառանգ ձգած: Ուստի մեզի կը մնայ շէնցնել մեր երկիրը ու զայն դարձնել իսկապէս դրախտավայր մը:

Կը ցաւինք, որ այս օրերուն բազմաթիւ երեւոյթներ ստուերներ կը ձգեն մեր անկախ պետականութեան վրայ` նոյնիսկ նսեմացնելով անոր անկախութեան արժէքը: Այլ խօսքով, այսօր մեզմէ շատերու մօտ հայրենասիրութեան պակասը զգալի է: Կարծես հայրենի հողին վրայ շատերու մօտ պակսած է ներշնչող եւ ոգեւորող մթնոլորտը: Անոր համար շատեր կը հեռանան եւ կամ կը մտածեն հեռանալ` փոխանակ մասնակցելու հայրենիքը աւելի բարեկեցիկ դարձնելու ճիգին: Շատ յստակ է, որ երկրի վերնախաւն ալ իր արդար բաժինը ունի այս տխուր իրականութեան մէջ:

Կրկնութեան գնով կը շեշտենք, որ իւրաքանչիւր հայորդիի հայրենասիրութիւնը կախուած է իւրաքանչիւրի գիտակցութենէն, եւ որ իր կարգին ատաղձ ունի Հայաստանի ապագային հետ:`Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ ու մանաւանդ չմոռնալ, որ մեր ժողովուրդին ամէնէն մեծ ձեռքբերումը մեր հայրենիքի անկախութիւնն էր, անկախ պետականութիւնն էր, եւ յատկապէս Արցախի ազատագրումն էր:

Անկախութեան այս գեղեցիկ ու պատմական տօնին առթիւ մաղթանքս է, որ մեր ժողովուրդը հայրենասիրութիւնը սոսկ իբրեւ պարզ բառ եւ կամ ալ բերնի ծամօնի չվերածէ, այլ նոյնիսկ իր զաւակները դաստիարակէ այն մտայնութեամբ ու ոգիով, որ հայրենիքը պէտք է պահել ու պահպանել աչքի լոյսի նման, որովհետւ վերջ ի վերջոյ մեր երկրի անկախութիւնը ձեռք ձգուած ու նուաճուած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն արեան գինով:

Պէտք է նաեւ ունենալ այն հոգեբանութիւնը, որ իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է այս երիտասարդ հանրապետութեան թեւ ու թիկունք կանգնիլ անսակարկ ու հաւատալ, որ մենք հզօր ենք, երբ միասնական ենք: Վկայ` Արցախը:

Այդ միասնութեամբ է, որ մենք միայն կրնանք ներքնապէս եւ արտաքնապէս զօրացնել մեր հայրենիքը, ու այլեւս կարիքը չենք ունենար խնդրելու եւ կամ որեւէ երկրի դուռը թակելու, որ ճանչնան մեր Դատը, Հայոց ցեղասպանութիւնն ու մեր պահանջատիրութիւնը: Նոյնիսկ այս մէկը պիտի պարտադրէ, որ մեծերը, մեր դաշնակիցներն ու թշանմիները, մեզի հետ հաշուի նստին համահաւասար:

Մեծ պատիւ պէտք է համարել ապրիլ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որ ունի իր ուրոյն դիրքն ու տեղը, իր հզօր բանակն ու հպարտ դրօշակը երկրագունդի վրայ:

Վստահ եմ, որ իմ սերունդս եւ մեզմէ ետք եկող սերունդներն ալ մեզի նման շատ հպարտ պիտի զգան ու հաւատան անկախ հայրենիք մը պահելու եւ պաշտպանելու գաղափարին, չլքեն զայն եւ առողջ ու հայրենաշէն գաղափարներով անոր նոր ապագան կերտեն, նոր տնտեսութեամբ եւ առողջ քաղաքականութեամբ նոր Հայաստան վերստեղծեն: Իսկ հիմա, ներկայիս, մեր երկրին շուրջը լուրջ շարժումներ ու փոփոխութիւններ սկսած են կատարուիլ: Ականջ պէտք է տալ աշխարհի խաղերուն ու պատմութենէն դասեր քաղել:

Մաղթանքս է, որ ապահովութեան եւ խաղաղութեան մէջ ապրի մեր հայրենիքը իր ժողովուրդով: Ու այս առթիւ ծունկ մը աղօթ ու խունկ` հայրենիքի ազատութեան նուիրաբերած մեր հերոսներու յիշատակին, իսկ ապրողներուն ալ` ի սրտէ բարի մաղթանքներ:

Այսօր մենք երկիր ենք, մեզի միայն կը մնայ միաւորուիլ, միաբանիլ եւ հզօրանալ, որպէսզի Հայաստանը օտար պետութիւններու սահմանապահ աշտարակ չդառնայ:

Թող բոլոր գալիք տօները ըլլան լիարժէք ապրելու եւ զարգացնելու յիշատակելի տօներ: Եւ յիշեցէ՛ք, անկախութիւնն ու ազատութիւնը կը սկսին մեր հոգիի ու մտքի անկախութենէն եւ ազատութենէն:

Մայիս 28-է: Այս եւ նման հերոսական յաղթանակներ պահելու եւ ոգեկոչելու մաղթանքներուս կողքին, ի սրտէ անկախութեանդ տարեդարձը շնորհաւոր, ո՜վ հայ ժողովուրդ:

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page