Ճորճ Գազազեան` Նեղոս գետի երաժիշտըՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Ճորճ Գազազեան` Նեղոս գետի երաժիշտը

ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1, 2023


Եգիպտահայ երաժիշտ, երգիչ, երգահան եւ ուտ նուագող մայեսթրօ Ճորճ Գազազեան ծնած է Գահիրէ 25 Յունուար 1953-ին, եգիպտահայ ընտանիքի մը մէջ: Յաճախած է Գալուստեան Ազգային Վարժարանի մանկապարտէզը (տեսնել ստորեւ): Ան կը նկատուի ինքնուս արուեստագէտ մը:

Իր անհատական ոճով եւ թրծուած Եգիպտոսի երաժշտական աւանդոյթներով, Ճորճ Գազազեան իր արուեստը հարստացուցած է նաեւ միջազգային տարբեր աւանդոյթներով եւ մշակոյթներով։ Անոր երաժշտական թռիչքները կարծէք պատասխան կու տան ներքին ձայնի մը, եւ կը ծառայեն իբրեւ միջոց՝ ստեղծելու գոյներու եւ ձայնաստիճաններու բազմազանութիւն ու հարստութիւն:

Անոր ալպոմները կ՛արտայայտեն թափանցիկ պատկերները ուտի արուեստին, իսկ երաժշտութիւնը՝ կը սահմանէ Նեղոս գետի էութիւնը, որպէս Եգիպտոսի հին քաղաքակրթութեան յաւերժութեան խորհրդանիշը:

Ան իր երաժշտական կրթութեան տարիներուն իսկ յայտնաբերած է, որ եգիպտական երաժշտական հանրածանօթ գործիքները գերակատար են, եւ տարիներու ընթացքին ան սիրած է հնչերանգները եւ զանոնք վերածած անհատական իւրահատուկ գոյներու, որոնք միաժամանակ կը ցոլացնեն Եգիպտոսի հնագոյն ու ժամանակակից ոգին:

«Կարեւոր չէ, թէ ինչպէս կը սկսիս, այլ ինչպէս կը զարգացնես». հետեւելով այս սկզբունքին, ան կը դառնայ ազդու ձայն մը երաժշտութեան աշխարհի մէջ, իսկական արուեստագէտ մը եւ ստեղծագործական հանճար:

Ստեղծագործութիւններ

Ճորճ Գազազեան ունի 6 ստեղծագործութիւններ՝ երկար ֆիլմերու երաժշտական յօրինումներ (soundtracks of ‘The Wife of an Important Man’, ‘Hunger’, ‘Conqueror of Time’), ինչպէս նաեւ՝ 9 վաւերագրական ֆիլմերու երաժշտական յօրինումներ, որոնց շարքին՝ Before the Pyramids, Ramses II եւ The Dance of Love: Ան հրապարակած է աւելի քան 14 ալպոմներ, (Sabil, Sajaya, Al Janoub, Azraq): Իր գեղարուեստական ասպարէզին ընթացքին, Գազազեան բազմաթիւ համերգներով հանդէս եկած է Եգիպտոսի, ամբողջ Եւրոպայի, UCLA Los Angeles-ի եւ Հնդկաստանի մէջ: 2004-ին Ճորճ Գազազեան կը ստեղծէ Ocre ծրագիրը եւ կը համագործակցո ֆրանսացի շեփորահար Michel Marre-ի եւ հարուածային գործիքներ նուագող (percussionist) Ravi Magnifique-ի հետ։ Ան կը ստեղծէ White Lotus Project-ը 2011-ին՝ գործակցութեամբ ձեռնադաշնակահար Patricia Draeger-ի եւ սաքսոֆոնահար (double bass) քոնթրապաս Luca Sisera-ի եւ հարուածային գործիքի նուագող Chris Brown-ի հետ։ Համերգները տեղի կ’ունենամ Եգիպտոսի եւ Զուիցերիոյ մէջ:

Music for films The Egyptian Museum, 1979 Temples of Upper Egypt, 1979 The Citadel, 1979 Ramses, The Second Shadi Abdel Salam, 1980 Before The Pyramids Shadi Abdel Salam, 1981 The Third Circle M Zakaria, 1988 Love Dance, Ihab Shaker, 1992 Silent Dialogue, Ali El Ghazouli, 1999 Les Hommes oubliés de la vallée des Rois, Jerome Prieur – France 2002 The Ministry of Culture of RA, Yerevan, 2008

Feature films Hunger, Ali Badrakhan, 1985 Kaher El Zaman, Kamal El Sheikh, 1986 Wife Of An Important Man, Mohamad Khan, 1988 The Lady Of Cairo, Moumen El Semehi, 1991 Extract Of The Album Sabil In Ruis Blas By Jean Claude Carriere, France 2003

Ան ելոյթներ ունեցած է աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր փառատօներուն մէջ:

Ճորճ Գազազեանի որդին՝ Տիգրան Գազազեան, նոյնպես երգահան է, ուտ նուագող եւ բազմագործիքաւորող։ Ան ծնած է Կիզա, Եգիպտոս, 1987-ին: Հայր եւ որդի՝ Ճորճ եւ Տիգրան համագործակցաբար իրագործած են «Նուռ» ծրագիրը 2017-ին Գահիրէի Օփերայի թատրոնին մէջ եւ 2016-ին՝ Երեւան, Հայաստան:



• Տիգրան Գազազեան եւ քառեակը ելոյթ ունեցած են Երեւանի մէջ, 2022-ին : • Ճորճ Գազազեանի եւ Տիգրան Գազազեանի ստեղծագործութիւնները կարելի է ունկնդրել հետեւեալ յղումներով. • jazz 4 oud piano-sabil live Georges Kazazian https://soundcloud.com/moustafa-samir-wagdy/sets/george-kazazian • Tigrane Kazazian Quartet & Albin Brun | Still Love – Live In Armenia – Oud Player – Composer https://youtu.be/k8X5Tvr9mn0?si=ILFq3LiwC7KnMEGy • https://youtu.be/QYrosR6xTrc?si=ste6x0Su6MyIyykH Georges Kazazian-London with Nour and Boussy at Rose Issa ‘s Gallery 2013 • https://youtu.be/D3FwEreeo4g?si=EhRI4t632UOPjz4n shamseya • Georges Kazazian | Tigrane Kazazian | La Danse Du Feu (The Dance Of Fire) • https://youtu.be/QW_DFJW6u2Q?si=r05nDc6AXbIXquaC • Blue Tango | Tigrane Kazazian Trio | Live @ The State Philharmonia of Armenia

Ծանօթութիւն

1854–ին, Վանէն գաղթած եւ Եգիպտոս հաստատուած Աղա Կարապետ Գալուստ Գահիրէի մէջ կը հիմնէ վարժարան մը, որ իր անունով կը կոչուի Գալուստեան Վարժարան, ուր յաճախած է նաեւ հայ երգի սոխակը՝ Գոհար Գասպարեան։ 1924-ին, Եգիպտոսի հայազգի վարչապետ Նուպար Փաշա Նուպարեանի որդին՝ Պողոս Նուպար փաշան արդէն հիմնած էր Նուպարեան ազգային վարժարանը։ 2012-ին, նշեալ երկու վարժարանները կը միաւոուին ու կը ստեղծուի Գալուստեան-Նուպարեան ազգային վարժարանը։

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page