Հարցազրոյց կրթական մշակ Տիկին Սիհան Պասմաճեան-Թիւթիւնճեանի հետՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Հարցազրոյց կրթական մշակ Տիկին Սիհան Պասմաճեան-Թիւթիւնճեանի հետ

Զրոյցը վարեց՝ ՇաքէՄանկասարեան



37 տարիներ կրթական մշակ տիկին Սիհան Պասմաճեան իր ուսուցչական պատասխանատու ասպարէզին մէջ ծով համբերութեամբ սերունդներ կրթած է իր գիտելիքներու պաշարով, աշխատասիրութեամբ եւ հոգատարութեամբ: Այսօր ալ աշակերտ–աշակերտուհիները տակաւին երախտագիտութեամբ կը գնահատեն ու կ’արժանացնեն զինք յարգանքի ու մեծարանքի։

Այսօր, լաւագոյն առիթն է կարծես, որ զրուցեմ ձեզ հետ տիկին Սիհան Պասմաճեան. ծանօթանանք ձեր արմատներուն եւ ուսումնական տարիներուն:

Շնորհակալ եմ, այս առիթին համար: Ես ծնած եմ Հալէպ, հօրենական եւ մօրենական կողմէ՝ Քիլիսցի: Հայրս՝ Պօղոս ՊասմաՃեան, մայրս՝ Անուշ Պասմաճեան, մօրս անձնաթուղթին մէջ գրուած է Անուշ Յակոբ Պասմաճեան (մօրս հօրը անունով): Ի՜նչ զուգադիպութիւն նոյն մականուն–ազգանունները՝ Պասմաճեան:

Յաճախած եմ Ազգ Սահակեակ վարժարան, Ազէզ կամ Աազազ կամ Ազազ (արաբ. أعزاز), Քիլիսի մօտ կառուցուած աւան է: Ուսումս շարունակած եմ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ՝ 1952_ 1958 եւ շրջանաւարտ եղած եմ 1958-ին :

Հոս նշեմ, որ Ազէզի մէջ մեր տաներէց Քահանան Տէր Գարեգինն էր, որ շարունակեց մնալ նոյնպէս Հալէպ: Ներկայիս տաներէցը Տէր Մաշտոցն է:

Ազէզի Ազգ. Սահակեան վարժարանը ենթակայ եղած է Բերիոյ Թեմին՝ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէյեանի օրէն, սակայն հովանաւորուած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ: Ըստ քաղած տեղեկութեանս, Մեթր փաստաբան Համբարձում Պէրպէրեան (բնիկ քիլիսցի) միեւնոյն ատեն թաղականութեան ատենապետ եղած է, ու ձրիօրէն պաշտօնավարած դպրոցին մէջ: Խնդրեմ պատմեցէք ինչպէս բախտորոշուեցաւ, որ դուք յաճախէք Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն:

Շնորհակալ եմ տեղեկութիւններուն համար, եւ ըսեմ որ Ազէզի դպրոցի ուսուցիչ, տնօրէն, յստակ մանրամասնութիւնները չեմ յիշեր: Լաւ գիտեմ, որ դպրոցը կը հովանաւորէր լուսահոգի Փաստաբան Համբարձում Պէրպէրեանը: Իսկ Մելգոնեան մուտքս եղած է շնորհիւ յետ քննութեան իմ լաւագոյն նիշերուն եւ որուն համար ես ներկայացած եւ յանձնած եմ յատուկ քննութիւն Հալէպի Բարեգործական վարժարանէն ներս:

Հետաքրքրական է գիտնալ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ որոնք եղած են ձեր ուսուցիչ–ուսուցչուհիներու կազմը եւ տնօրէնութիւնը:

Իմ ուսումնական տարիներուն, Դանիէլ Ոսկեանը տնօրէն էր, ապա տնօրէն եղաւ Պրն. Բիւզանդ Եղեայեանը: Իսկ կազմի բոլոր ուսուցիչները եւ կամ երբեմն ալ նոյն ուսուցիչները դասաւանդած են թէ ՛ միջնակարգի, եւ թէ երկրորդականի մէջ: Հայերէնի գրականութեան ուսուցիչներս եղած են Պրն. Ներսէս Թամամեան եւ Պրն Վահրամ Մավեան: Մեր անգլերէնի ուսուցիչը անգլիացի էր, անունը Mr. Thomas Stretch: Իսկ մեր արաբերէնի ուսուցիչն էր Թադէոս Թադէոսեանը:

Հանրաճանաչ Վահան Պետելեան (1894-1990) եղած է մեր երաժշտութեան ուսուցիչը, իր կազմակերպած դպրոցական երգչախումբին մաս կազմած եմ: Իսկ մեր արուեստի, մարզանքի, գծագրութիւն եւ ձեռային աշխատանքներու ուսուցիչը հանրայայտ Սեպուհ Աբգարեանն էր (1930 2014), եւ որքան կը յիշեմ Փարիզէն եկաւ 1953-ին եւ մինչեւ իմ շրջանաւարտութիւնը, շրջանաւարտներս օգտուած ենք իրմէ: Մեզմէ ետք, Սեպուհ Աբգարեանը շարունակեց իր դասաւանդութիւնները եւ ինչպէս ուրիշ կարգ մը ուսուցիչներու պէս` կը բնակէր Մելքոնեան հաստատութեան մէջ:

Իսկ դպրոցական տարիներուն մաս կազմա՞ծ էք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան «Այգ» պարբերաթերթին, միութենական կամ սկաուտական խորհուրդի կամ արհեստավարժ աշխատանոցներու:

Մելգոնեանի մէջ ուսումնական ծրագիրին առընթեր, դասապահերէն ետք, ես եւ կարգ մը Մելգոնեանի աշակերտներ հետեւած ենք դպրոցէն ներս տեղի ունեցած St. John Ambulance Association դասընթացքներուն (Director of St. John’s ambulance Brigade Sona Yeghiayian 1915-2007. խմբգ.«Շ.Մ») եւ ստացած եմ յատուկ հաստատագիր Home Nursing-ի: 1952-1958 տարիներուն 9th Nicosia, Cyprus Guide Group Melkonian-ի մէջ եղած եմ արծուիկ եւ խմբապետուհի Մելգոնեանի արծուիկներու երեք խումբերէն մէկուն: Արծուիկներու խումբին ընդհանուր պատասխանատուներ եւ հսկիչներ կային, որոնք միեւնոյն ատեն դպրոցի դասատուներ էին, ինչպէս՝ ուսուցչուհիներ Օրդ Հռիփ Գարագաշեան, իրմէ ետք Օրդ Հէրմինէ Քէշիշեան:

Հոս նշեմ, որ տեղի կ’ունենային «Արծուիկներու Guide Girls» քննութիւններ զանազան գիտելիքներու շուրջ, երբեմն գործնական երեւոյթներ, վարժութիւններ եւ հարցաքննութիւններ եւ ես քննութիւն տալով ստացած եմ գնահատագիր՝ «Առաջին կարգ»ի վկայագիր, ինչպէս նաեւ ստացած եմ Անգլիոյ Էլիզապէթ Թագուհիին ստորագրութեամբ հաստատագիր:

Հալէպ վերադարձին, որոշեցիք աշխատիլ ուսուցչական ասպարէզին մէջ, խնդրեմ մանրամասնութիւնները:

Ուրեմն, ըսեմ որ 1961 – 1969 տարիներուն պաշտօնավարած եմ Հալէպի Ազգային Հայկազեան Վարժարանի տղոց բաժինը 8 տարի, Պրն. Փիլիպոս Դերձակեանի տնօրէնութեան շրջանին: Ապա 4 տարի Քուէյթ պաշտօնավարած եմ Ազգ. վարժարանը 1969 – 1973: Վերադառնալով Հալէպ, անցած եմ Հայկազեան Աղջկանց բաժինը` Օրդ. Ֆիմի Տէր Յակոբեանի տնօրէնութեան շրջանին՝ 1973 – 1998 տարիներուն`միշտ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներ դասաւանդելով, հայերէն՝ երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու, իսկ անգլերէն՝ հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններուն:

Ներկայիս հանգստեան կոչուած եմ:

Ձեր ամուսինը Պրն. Մկրտիչ Թիւթիւնճեան նոյնպէս եղած է կրթական մշակ եւ երկար տարիներ վարած է վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը: Խնդրեմ, խօսինք իր ուսման եւ կրթական ասպարէզի մասին:

Ամուսինս՝ Մկրտիչ Թիւթիւնճեան ծնած է 19 Նոյեմբեր 1941-ին: Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն, Երկրորդականը՝ շրջանաւարտ Քարէն Եփփէ ճեմարան 1962-ին: 1962-1963 պաշտօնավարած է Կիլիկեան ճեմարան, 1963-1973 Ազգ. Հայկազեան տղոց բաժինը, նոյն շրջանին՝ 1968-1972 կատարած է զինուորական ծառայութիւնը որպէս պետական ուսուցիչ:

1973-1974 տարի մը պաշտօնավարելէ ետք Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանին մէջ, 1974-ին, կը ստանձնէ Կրթասիրաց վարժարանի տնօրէնութիւնը, որ կը շարունակուի քսան տարի՝ մինչեւ 1994:

1974-ին, կնքած ենք մեր ամուսնութիւնը, որ տեւեց մինչեւ …2015, եւ նոյն թուականին լոյս հոգիին` մահացաւ Լաթաքիա:

Հինգ տարիէ ի վեր կը բնակիմ Լաթաքիա: Ունիմ երկու մանչ՝ Մհեր եւ Շանթ եւ թոռնիկներ:

Տիկին Սիհան, Հալէպի մէջ միշտ ալ ունեցած ենք երիտասարդական եւ պատանեկան, հայրենակցական, մարզական, համազգայնական, մշակութային միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչ, Ազգային Պատսպարան, կիրակնօրեայ դպրոց, դպրաց դաս, երգչախումբեր, թատրոն, սկաուտական բանակումներ, եւ այլն, խնդրեմ խօսինք ձեր մշակութային կամ միութենական գործունէութեանը մասին:

Շատ կարեւոր հարցում մը. ըսեմ որ ես 1963- 1967 եղած եմ Համազգային մշակութային գործունէութեան անդամ: Նոյն տարիներուն քաղաքի (Հալէպի) Արծուիկներու խորհուդի անդամ, եւ որպէս պատասխանատու ներկայ եղած եմ Քեսապի բանակումներուն: Եղած եմ 1986 -1997 տարիներուն Բերիոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու խորհուրդի անդամ, որպէս ատենադպրուհի :

Իսկ ամուսինս Բալուցի ըլլալով, անդամ էր «Բալուցիներու Հայրենակցական Միութեան»: Իր տնօրէնութեան շրջանին, միութեան ու դպրոցի ատենագրութիւնները, ինչպէս նաեւ թղթակցութիւնները ինք կը կատարէր: Նաեւ ըսեմ, որ Կրթասիրաց Միութեան հովանավորութեան ներքեւ կը գործէր «Կոմիտաս երաժշտանոց» , որուն ընդհանուր վարիչն էր (չեմ յիշեր երաժշտանոցը ձգած թուականը):

Կա՞ն այլ գնահատագիրներ, որոնց մասին կ’ուզէիք խօսիլ:

Շնորհակալ եմ այս յիշեցումին համար, ուրեմն, յետ հրաժարմանս Հայկազեան վարժարանէն, ստացած եմ Սուրիոյ Կրթական Նախարարութեան գնահատագիրը:

Ինծի համար մեծ գոհունակութիւն էր, ունենալ այս զրոյցը ձեզի հետ տիկին Սիհան եւ ձեր արժանիքները գրի առնել ու հասցնել մեր այսօրուան ընթերցողին: Հետագային, նաեւ ուիքիփետիա հարթակի վրայ պիտի խմբագրեմ ձեր անունով էջ մը:

Շնորհակալութիւն սիրելի Շաքէ, բարի խաղաղ յարատեւութիւն կը մաղթեմ ԱՅԳ-ի խմբագրակազմին: Յաջողութիւն:

Զրոյցը վարեց՝ Մանկասարեան Շաքէ

Սիրելի ընթերցող,

Պատմա–քաղաքական յօդուածագիր՝ Աւօ Գաթըրճեանի ՀԱՅԵՐԸ ԱԶԱԶԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ կը կարդանք հետեւեալը.-

Ազազի Ազգ. Սահակեան վարժարանը հիմնուած է 1922-ին: Դպրոցի անունը տրուած է ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն ՆՍՕՏՏ Սահակ Բ. Խապայեանի անունով:

Վարժարանը 1922-1923 ուսումնական տարեշրջանին նախ գործած է Բենիամին Ղազելեանի բնակարանին մէջ, 30 աշակերտներով: Ապա՝ 1923-1924-ին՝ Մուրատ Խամլեանի սրճարանը վերածուած է դպրոցի: 1924-1925-ին՝ օրուան նամակատան մերձակայքը գտնուող փոքր բնակարանի մը մէջ, 40 աշակերտութեամբ: Իսկ 1925-1926 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը կ’օժտուի սեփական շէնքով:

Տեղին է նշել, որ դպրոցի բացումէն մինչեւ փակուիլը (1932–1963) մեծ նպաստ բերած են քիլիսցի բարերարներ եւ քիլիսցի կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայոց Համազգային կազմակերպութիւնը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, լիովին նպաստած ու հովանաւորած է զայն, աւելցնենք, թէ Հ.Բ.Ը.Մ. 1951-ին վարժարանի բոլոր կահ–կարասիները հոգացած է:

Վարժարանի մանկապարտէզը 1958-ին երբ կը վերածուի մատուռի, յաջորդ տարին Թաղական Խորհուրդի ջանքերով այլ սրահ մը կը շինուի եւ կը տրամադրուի մանկապարտէզին:

Ազգ. Սահակեան վարժարանը ենթակայ եղած է Բերիոյ Թեմին՝ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէյեանի օրէն, սակայն հովանաւորուած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ: Սկզբնական շրջանին վարժարանը ունեցած է շուրջ 35 երկսեռ աշակերտներ: Մեթր Համբարձում Պէրպէրեան (բնիկ քիլիսցի) միեւնոյն ատեն թաղականութեան ատենապետ եղած է, ու ձրիօրէն պաշտօնավարած դպրոցին մէջ: տնօրէն՝ Յակոբ Աշակերտեան

Աազազ կամ Ազազ (արաբ. أعزاز), քաղաքը կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան մասը, Հալէպի նահանգին մէջ: Հալէպէն 50 քմ արեւմուտք՝ թրքական սահմանէն 7 քմ հեռաւորութեան վրայ: Բարձրութիւնը ծովի մակերեսէն 573 մեթր է:

Շրջանը յայտնի է 1125 Յունիս 11-ին տեղի ունեցած հանրայայտ Ազազի ճակատամարտով, որ տեղի ունեցած է խաչակիրներու եւ սելճուքներու միջեւ:

Կիպրոսի Պատմութեան կայքէջին մէջ կը կարդամ հետեւեալը.-

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը ունեցած է իր պարբերականները՝ Ayk magazine Այգ (Dawn) 1937–1940, 1948–1956, 1959–1964, 1970–1976, 1978–1982, 1993–2006 , Ցոլք (Gleam), 1968–1991, եւ Հայեացք օրաթերթ 1998–2000, որ հետագային դարձաւ պարբերաթերթ 2000–2004:

Ունեցած է 7th Cyprus Scout Group Կիպրոսի Սկաուտական Խորհուրդ (1932–2006) եւ 9th Cyprus Guide Group Melkonian Կիպրոսի Մելգոնեան Սկաուտական Խումբ (1950–2005)

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page