Հարցազրոյց՝ երգիչ, երգահան Կարօ Կապուտակեանի հետՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Հարցազրոյց՝ երգիչ, երգահան Կարօ Կապուտակեանի հետ

✎ Շաքէ Մանկասարեան


Երգիչ, երգահան Կարօ Կապուտակեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Յաճախած է հայկական վարժարաններ եւ 1986-ին հասած է Հայկազեան Քոլէճ, երկու տարի յաճախելէ ետք, 1988ի Լիբանանի երկու տարուայ պատերազմի պատճառաւ դադրած է եւ զբաղած արեւտուրով, եւ այդ ընթացքին հրապարակած է իր առաջին վեց երգերով ձայնաերիզը՝ «Սիրուն են» 1991-ին:

1996էն մինչեւ օրս, երգարուեստին զուգահեռ ան կ‘աշխատի որպէս graphic designer: Ան ամուսնացած է, ունի դուստր մը եւ մանչ մը:

Սեպտեմբեր 2019-ին, հայրենիքի մէջ 8 լիբանանահայ երգիչներու ներկայացուցած «Հայրենիք-Սփիւռք» (Hayrenik-spurk), երգին մաս կը կազմէր նաեւ երգիչ Կարօ Կապուտակեան: Երգին հեղինակն է Յասմիկ Բալայեան, դաշնաւորումը Տարօն Աւետիսեան: https://youtu.be/pLDNkkoQMqk

Ինչպէ՞ս սկսաւ ձեր երաժշտական ճանապարհը:

Փոքր տարիքէս ընտանեկան թէ՛ դպրոցական շրջանակներու մէջ կը խնդրուէր ինձմէ երգել եւ ես մեծ սիրով կը կատարէի, եւ թերեւս իմ ունեցած սէրս էր երգին հանդէպ, որ սկիզբ առաւ ընկերներու ու նուագախումբերու հետ ելույթներ ունենալ, եւ քայլ առ քայլ, տարիներու ընթացքին յաջողութիւններ կրցայ ձեռբ բերել ու հասնիլ մինչեւ օրս՝ Սեպտեմբեր 2020 թուական:

Խօսինք երաժշտական դասընթացքներու եւ գործիքներու վրայ նուագելու հմտութեան մասին:

30 տարիներէ աւելի երգարուեստի աշխարհին մէջ եմ: 1986-ին, յաճախած եմ Լիբանանի Պետական Երաժշտանոց, որմէ ետք 1993-1994 տարիներուն հետեւած եմ անձնական դասընթացքներու եւ ձայնամարզութեան՝ տիկին Թագուհի Թէքեանի մօտ:

Երեսուն տարիներ անցած են, կայ ստեղծագործական ժառանգ մը, խնդրեմ անդրադառնանք ձեր երգերուն, որոնց խօսքի եւ երաժշտութեան հեղինակը դուք էք:

Ուրեմն, ըսեմ որ աւելի քան 180 երգ հրապարակած եմ, որոնց մօտաւորապէս 90-էն աւելի երգերու խօսքերը ես գրած եմ, իսկ 65-էն աւելի երգերու երաժշտութիւնը կը պատկանին ինծի: Հոս նաեւ նշեմ, որ մինչեւ օրս ունիմ 17 ալպոմներ, որոնց մեծամասնութեան խօսքերը ու երաժշտութիւնը կը պատկանին ինծի յատկապէս Volume 4-17: Այստեղ, կը նշեմ ալպոմներս ըստ վերնագրի եւ տարեթիւի.-

1) «Սիրուն են», 1991թ., CD 6 երգ , 2) «Թէ Արի», 1993թ. Cassette, 3) «Դու չես մեղաւոր», 1994թ., cassette

4) «Քո աչերը», 1995թ., 5)«Միայն սէրդ», 1996թ., 6)«Արժանի էիր», 1997թ.,7) «Այս է սէրը», 1998թ.

8)«Քո սիրոյ համար», 2000թ., 9)«Առանց քեզ», 2001թ., 10) «Մօտս լինես» 2002թ.

11)«Ճիշդ է սխալուել եմ», 2004թ., 12) «Ժպտա՛», 2006թ., 13) «And the party begins» no. 1, 2007թ.

14) «Աչերիս նայիր», 2008թ., 15) «Արեւը իմ կեանքի», 2011թ., 16«And the party begins» no. 2 (2014թ.)

17)«30 years and still on» (2019թ.):

Եւ տակաւին ունիմ շարք մը մեներգներ, որ կարելի է թուարկել որպէս ալպոմ թիւ 18:

Ունիմ նաեւ օտար երգեր, որոնց հայերէն խօսքի հեղինակն եմ, ինչպէս՝

  • An Eisai Ena Asteri-Tou Im Asdghn Es (Garo Gaboudagian-Lara Manoukian) խօսք՝ Կարօ Կապուտակեանի https://youtu.be/9HuJTsukabA

Հետեւեալ երգերուն խօսքի եւ երաժշտութեան հեղինակ եմ .-

1)«Սէրն է յաղթելու» 2020թ., 2)«Քո աչերը» 1995թ. , 3)«Ցա՞ւ, թէ՞ ուրախութիւն»1997թ.

4)«Արեւ իմ կեանքի» 2011թ., 5)«Պայքարը հայոց», 2010թ. եւ այլն, անշուշտ շարքը երկար է:

Ես պիտի բնութագրէի, որ «Im Asdghn Es» «Իմ աստղն ես» երգին բառերը նոյնքան համահունչ է յունարէն երգի երաժշտութեանը:

Անցնող տասնամեակներու, եւ յատկապէս խօսինք վերջին հինգ տարիներու ձեր ելոյթներուն մասին, հանդէս գալով Լիբանանէն դուրս սփիւռքեան հսկայ գաղութներէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներուն, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ լեզուն ապրեցնելու, համայնքային կեանքն ու մշակոյթը կենսունակ պահելու ջանքեր:

Շնորհակալ եմ այս հարցումին համար: Ըսեմ որ 1993 թուականէն սկսեալ հանդէս եկած եմ շարք մը հայկական գաղութներէն ներս, ինչպէս՝

1)Ալեքսանդրիա, Եգիպտոս, Դեկտեմբեր 1993թ., 2)Քուէյթ, Մայիս 1995թ., 3)Լոնտոս, Մայիս 1997թ.,

4)Լոս Անճելըս, Դեկտեմբեր 1997թ., 5)Փարիզ,Փետրուար 1998թ.,

6)Ճարաշ, Յորդանան, Օգոստոս 2003թ.,7)Պոսթըն, Դեկտեմբեր 2007թ.,

8)Սիտնի, Աւստրալիա, Մարտ 2010թ. Երգիչ Ատիս Հարմանտեանի հետ, կազմակերպութեամբ՝ Հ.Օ.Մ.-ին:

9)Թորոնթօ փառատօն, Յուլիս 2014թ.,

10)Տիթրոյթ, Նոյեմբեր 2016թ.,Գառնիկ Սարգիսեանի հետ միասին, կազմակերպութեամբ ՝ՀՅԴ ,

11) Տուպայ,Դեկտեմբեր 31 2018թ. եւ ինչպէս նաեւ Հալէպ, Սուրիա, Կիպրոս, Ապու Տապի, Իրաք, Հայաստան, Հոլանտա եւ Ֆրանսա :

Ձեր երգաշխարհի արգասիքն է նաեւ ձեր հրապարակած ալպոմները, տեսահոլովակները, խտասալիկներու CD եւ այլն: խնդրեմ մանրամասնութիւնները:

Այո՛, հոս նշեմ որ ունիմ DVD – GABOUDAGIAN CONCERT 2009 DER MELKONIAN THEATRE HALL BEIRUT, եւ ունիմ տասնեակէ աւելի տեսահոլովակներ, որոնք կարելի է տեսնել YouTube էջիս վրայ Garo Gaboudagian անունով:

Զարմանալիօրէն Երգիչ-երգչուհիներ մեծ գումարներ կը ծախսեն իրենց նոր երգի համար տեսահոլովակ նկարել: Արդեօ՞ք երգիչները այդ տեսահոլովակներով կ’ապահովեն կրկնապատիկ շահեր իրենց ծախսալից գումարներուն դիմաց: Արդեօ՞ք տեսահոլովակը անհրաժեշտ է , երբ ձայնն է որակաւորողը երգիչին: Ձեր տեսակէտը:

Շատ կարեւոր հարցում մըն է, շնորհակալ եմ եւ ըսեմ որ տասնեակ տարիներ առաջ քլիփ հասկացողութիւնը բնականաբար շատ տարբեր էր ի տես ներկայ օրերուն, ուր քլիփներու հոսք մը կայ եւ երգիչներ կը ջանան իրենց քլիփներով գեղեցկացնել երգը անկախ իրենց ձայնային կարողութիւններուն:

Իսկ սփիւռքահայ երգիչներու պարագային վիտիո Քլիբները շատ չնչին գումարներով կը պատրաստուին, որմէ ետք անոնց տարածումը կը տեսնենք օնլայն առցանց ինչպէս՝ YouTube, Facebook , Instagram .., ինչպէս գիտէք շահ չեն ապահովեր: Սակայն կ’օգնեն , որ աւելի շուտ տարածուի Սփիւռքահայ երգիչներու գործերը եւ ելոյթներու հրաւէր ստանալու:

Անշուշտ, շատ աւելի շահաբեր պիտի ըլլար, երբ քլիփները ցուցադրուէին պատկերասփիւռներէն, եւ այստեղ ըսեմ որ հայրենի երգիչները մեծ գումարներ կը տրամադրեն իրենց քլիփներուն համար, եւ իրենց քլիփները նաեւ կը ցուցադրուին (թի վի) պատկերասփիւռներէն ..եւ այսպէսով է, որ անոնք իրենց երկրէն դուրս կ’ապահովեն շահեր եւ շուկաներ իրենց հանդէս եկած մեծ համերգներով։

Հոս անշուշտ պէտք է նշենք, որ կան շատ տաղանդաւոր երաժիշտներ եւ երգիչներ հայրենիքի մէջ, որոնք մեծապէս արժանի են իրենց տարած յաջողութիւններուն։

Կարօ Կապուտակեան երգիչը վստահաբար ունի երազ կամ ծրագիր մը, որ տակաւին լաւատեսօրէն կը մնայ զայն իրականացնելու գալիք նոր հորիզոններուն:

Այո՛, երազներս մէկն է, որ մեծ խումբով երգահանդէս մը կազմակերպեմ, ուր կրնամ իմ ամենասիրուած երգերս ներկայացնեմ:

Հոս կ’ուզէի անպայման նշել, որ մեծ անակնկալ էր, արեւմտահայերէն ուիքիփետիա հարթակի վրայ իմ մասիս ձեր խմբագրած էջը ….. եւ իսկապէս միշտ յաջողութիւն ձեր տարած նուիրական գործունէութեանը եւ ձեր առցանց ռատիո այգ կայանին անխափան եթերներ, ուր կը հնչեն նաեւ իմ երգերս … շնորհակալ եմ՝ Կարօ Կապուտակեան:

Սիրելի Կարօ, արեւշատ տարիներու հետ ձեր փայփայած ծրագիրի իրականացումը վայելելու մաղթանքներս ձե՛զի բացուող նոր այգաբացերուն:

Սիրելի ընթերցող, խնդրեմ այստեղ կը գտնէք արեւմտահայերէն ուիքիփետիա հարթակի վրայ Կարօ Կապուտակեանի էջի յղումը՝ https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D4%BF%D5%A1%D6%80%D6%85_%D4%BF%D5%A1%D5%BA%D5%B8%D6%82%D5%BF%D5%A1%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6

Հարցազրոյցը վարեց՝ Շաքէ Մանկասարեան

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page