Աշխարհահռչակ ճարտարապետ, ոճաբան եւ ձեւաւորող Քեռի ՄխտիկեանՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Աշխարհահռչակ ճարտարապետ, ոճաբան եւ ձեւաւորող Քեռի Մխտիկեան

ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ - ՄԱՐՏ 8, 2023



Քեռի (Քերիմ) Մխտիկեան (արաբերէն՝ كريم مختيجيان), ծնած՝ 1964-ին, Գահիրէ, Եգիպտոս (հայրը՝ Պետրոս Մխտիկեան, մայրը՝ Ալիս Անտոնեան-Մխտիկեան), մասնագիտութեամբ ճարտարապետ եւ ներքին ձեւաւորման ոճաբան (interior designer) է եւ արուեստի տնօրէն՝ շարք մը հռչակաւոր ընկերութիւններու:

Մխտիկեան կը սերի արուեստագէտներու ընտանիքէ։ Անոր մօրեղբայրը՝ Թագւոր Անտոնեան եգիպտական շարժանկարի «ոսկէ դարաշրջան»ի ամենայայտնի նկարիչներէն եւ արտադրողներէն մէկն էր: Ան հիմնած էր շարժանկարի արտադրութեան իր ընկերութիւնը, որուն ամէնէն հռչակաւոր գործը 1972-ի “Զգուշացիր Զուզուէն” (Խալլի պալաք մըն Զուզու) նշանաւոր ֆիլմն էր, դերակատարութեամբ`եգիպտական սինեմայի աստղերէն Սուատ Հիւսնիի եւ Հիւսէյն Ֆահմիի:

Նորածին Քեռի՝ նշանաւոր դերասանուհի Սուատ Հիւսնիի հետ

Իր փորձառութիւնը գործնականօրէն կիրարկելու վճռականութեամբ, Քեռի – Քերիմ Մխտիկեան մուտք կը գործէ ճարտարապետութեան ձեւաւորման (architect design) ասպարէզ՝ հիմնելով իր սեփական ճարտարապետական-ձեւաւորման «Տեսիլք» (Dessilk) արուեստանոց-studio-ն Փարիզի մէջ, 1993-ին:

1994-ին, Salon Maison եւ Objet Paris կ’արժեւորեն Մխտիկեանի ստեղծագործութիւնները, եւ ան կը նուաճէ «Ամենանորատիպ ձեւաւորող»ի տիտղոսը: 1995-ին, ան կը ներկայացնէ Եգիպտոսը ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ կազմակերպուած եգիպտական ​​մշակոյթի ցուցահանդէսին:

Գահիրէ վերադառնալէն յետոյ, 1997-ին, Մխտիկեան կը հիմնէ «Alchemy Design Studio» – ն[1]`ներկայացնելով ճարտարապետական ձեւաւորման ծառայութիւններու լայն տեսականի մը, ինչպէս ճարտարապետական եւ ներքին ձեւաւորման ոճաբանութիւն (interior design), արտադրանքի ձեւաւորում (product design), ձեւաւորման արուեստի տնօրինում եւ ղեկավարում (art direction and design management):

Alchemy Design Studio-ն հիմնելէն ետք, Մխտիկեան արագօրէն կը դառնայ եգիպտական ճարտարապետական ձեւաւորման ասպարէզի հիմնական դէմքը: Ան իր տարբեր նախաձեռնութիւններով կը խթանէ եգիպտական ճարտարարուեստը եւ կը ստեղծէ իր իր սեփական ապրանքանիշը՝ «Alchemy Cairo»:



Նուաճելով Եգիպտոսի ժամանակակից ոճաբանութեան եւ ձեւաւորման ասպարէզին մէջ առաջատար տեղը, Ճարտարապետ, ոճաբան եւ արուեստաբան Քեռի Մխտիկեան մեծ ճանաչում կը գտնէ Գահիրէի առեւտրական եւ մշակութային վերնախաւին մէջ:

Մխտիկեան կը դառնայ արաբական աշխարհի՝ իր ասպարէզին մէջ ամենէն ազդեցիկ անձնաւորութիւններէն մէկը։ 2005-ին, ան կը ստեղծէ Եգիպտոսի ոճաբան-ձեւաւորողներու ֆորումը, 2006-ին կը նշանակուի Եգիպտոսի կահոյքի արտահանման խորհուրդի (EFEC) գեղարուեստական տնօրէն։

Վերջին երկու տասնամեակներուն, Մխտիկեան կը զբաղի նաեւ կահոյքի ձեւաւորումով, կը գործակցի հռչակաւոր ապրանքանիշեր ներկայացնող միջազգային ընկերութիւններու հետ:

2021-ին, Քեռի Մխտիկեան եւ անոր ընկերութեան ՝ Alchemy Design Studio- ի աշխատանքային խումբը կը հեղինակեն «Փարաւոններու Ոսկէ Շքերթ»-ի (The Pharaohs’ Golden Parade)[2] տարբերանշանը՝ լոկոն[3]:

«Պէտք է ըսել, որ տարբերանշանի նախագիծի աշխատանքին ընթացքին, մենք անմիջական կապի մէջ էինք Զբօսաշրջութեան եւ հնագիտութեան նախարարութեան հետ, որովհետեւ անհրաժեշտ էր, որ տարբերանշանը պատմականօրէն հարազատ ըլլար», ըսած է Քեռի Մխտիկեան, աւելցնելով. «Մենք ունէինք երեք տարրեր, որոնք անհրաժեշտ էին ներառել լոկոյի նախագիծին մէջ. արեւի ճառագայթները, որոնք կը խորհրդանշեն անմահութիւնը, բզէզագրութիւնը (scarab), որ վերածնունդը կը ներկայացնէ եւ արծիւի փետուրները, որոնք կը ներկայացնեն փարաւոններուն հպարտութիւնն ու պատիւը: Փարաւոնները միշտ օգտագործած են այդ երեք տարրերը իրենց մոմիաներուն՝ զմռսեալ մարմիններուն համար եւ հանդիսաւոր արարողութիւններու ընթացքին:»[4]:


Նոյեմբեր 2021-ին, Մխտիկեան ընտրուեցաւ Cairo Design Awards (CDA) մրցանակաբաշխութեան դատական կազմի նախագահ: CDA-ը Եգիպտոսի մէջ ձեւաւորման առաջնակարգ հարթակն է, որ նաեւ կ’ընդգրկէ այս ասպարէզի տաղանդաւոր բազմաթիւ ներկայացուցիչներ միջին արեւելեան տարբեր երկիրներէ:

Քեռի Մխտիկեանի ներկայացուցած նորագոյն ապրանքանիշը հանդիսացաւ «Kyme»-ը:

2022-ին, Քեռի Մխտիկեան մասնակցեցաւ Cairo Design Show-ի 7-րդ հանդիսութեան իր «Մովիոլա» (The Moviola scenography) նախագիծով (Հիշամ Մահտիի հետ միասին), ուր ձեւաւորման աշխարհը համադրուած է շարժանկարին հետ՝ միաձուլելով անցեալն ու ներկան[5]: Այս նախագիծին պատրաստութեան համար, անոնք կ՛ընտրեն եօթ ֆիլմ Եգիպտոսի շարժապատկերի «ոսկէ դարաշրջանէն»՝ սկսած 1950-ականներէն մինչեւ 1970-ականներու վերջը, եւ կը վերաստեղծեն անոնց տեսարանները կահոյքի, զարդարանքներու եւ նորաձեւութեան միջոցով[6]:

Մխտիկեան ունի նաեւ ակնառու գործունէութիւն շարժապատկերի մարզին մէջ։ Փարիզի մէջ շարժանկարի արուեստը ուսումնասիրելէն ետք, ան պատասխանատու կարգուեցաւ Գահիրէի միջազգային շարժապատկերի փառատօնի 40-րդ ցուցահանդէսի նախագիծին: Հետագային ան նախագծեց «Գահիրէ քաղաքի պատմական փուլերը» վաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէսը, իսկ «Էլ Ճունա» շարժապատկերի 4-րդ փառատօնին, ան պատասխանատուն էր բնանկարները համակարգող Ունսի Ապու Սեյֆի աշխատանքներու ցուցահանդէսին:

Մխտիկեան լաւ յարաբերութիւններու մէջ էր շարժանկարի եգիպտացի բոլոր աստղերուն հետ: Անոր կազմակերպած միջոցառումներուն ներկայ կը գտնուին եգիպտական սինեմայի աշխարհի աստղերը՝ ինչպիսիք են Եուսրա, Ասէր Եասին, Էլհամ Շահին, Ամինա Խալիլ եւ ուրիշներ:

Քեռի Մխտիկեան ամուսնացած է Զուարթ Մխտիկեանի հետ. ունին երեք զաւակներ՝ Հուրիկ, Տեսիլ եւ Եարօ: Դուստրը՝ Տեսիլ բեմադրիչ է, իսկ որդին՝ Եարօ սինեմայի արտադրիչ է։

Մխտիկեան կը համագործակցի համաշխարհային բարձրակարգ ընկերութիւններու հետ, ինչպիսիք են Al-Borouj Misr-Administrative Capital, Al Ismaelia for Real Estate Investment եւ Groppi: Ան բազմաթիւ տեղական եւ համաշխարհային մրցանակներու դափնեկիր է, անոր «Alchemy Design» արուեստանոցը արժանացած է Platinum Muse Design մրցանակին:


Յաւելուած. Պետրոս Մխտիկեանի մասին

(Քաղուած՝ «Յուսաբեր»էն, 13 Օգոստոս 2019)

Քեռի Մխտիկեան եւ քոյրը՝ Գարմէն ծնած են Եգիպտոսի ՀՅԴ ղեկավարներէն Պետրոս Մխտիկեանի ընտանիքին մէջ: Ընտանիքին մայրը՝ Ալիս Անտոնեան Մխտիկեան մահացած է Յունիս 2013-ին:



Քեռի իր մօր՝ Ալիս Անտոնեանի հետ

Պետրոս Մխտիկեան (ծնած 1931-ին) դեռահաս տարիքէն անդամակցած է Դաշնակցութեան եւ բովանդակ կեանքը նուիրած է կուսակցական գործունէութեան։ Ան ստանձնած է Գահիրէի տեղական դաշնակցական մարտական խումբերու ղեկավարութենէն մինչեւ «Յուսաբեր» տպարանի թեքնիք ու վարչական պատասխանատուութիւններ: Եղած է Գահիրէի կոմիտէի անդամ ու ներկայացուցիչ, ապա՝ Առանձնակի կոմիտէի անդամ ու ներկայացուցիչ, ուղեկից՝ մարզական, բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու աջակից ու խորհրդակից, երբեմն ալ՝ վարչական անդամ։

Պետրոս Մխտիկեան անձնական թիկնապահն եղած է զօր․ Դրոյի՝ Դրաստամատ Կանայեանի, Համաշխարհային Բ․ պատերազմէն ետք անոր Գահիրէ այցելութիւններուն ընթացքին։ Պարտականութեան ճամբով ան ծանօթացած էր արտասահմանէն ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու առթիւ Գահիրէ այցելող գործիչներու, որոնց մասին կը սիրէր պատմել փորձառութիւն ու իմաստութիւն պարունակող յիշատակներ։

Ան 1979-էն մաս կազմեց Գահիրէի Ազգային իշխանութեան մարմիններուն՝ Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներուն, նպաստեց ազգային կեանքին ու իր վաստակին վրայ աւելցուց նաեւ կրթական, կալուածային եւ ազգային պաշտօնէութեան հարցերու լուծման ջանքերուն աշխոյժ մասնակցութիւնը։

Վերջին տարիներուն, երբ արդէն կազմակերպական կեանքի գործօն մասնակցութենէ դադրած էր, ցաւալի պատահար մը զինք զգետնեց ու անկողինին գամեց։ Ան մարդ մըն էր, որ այս կեանքին մէջ տաքն ու պաղը տեսաւ ու ապրեցաւ, մասնակից եղաւ հայ ազգային կեանքի փոթորկոտ թէ խաղաղ առօրեային, վայելեց մտերմութիւնը «Յուսաբեր»ի մեծանուն խմբագիրներուն՝ Վահան Նաւասարդեանին, Գաբրիէլ Լազեանին, Մինաս Թէօլէօլեանին, Կարօ Գէորգեանին, Սարգիս Զէյթլեանին, Երուանդ Խաթանասեանին եւ այլոց ու անոնց յիշատակով ամրացած գործեց ու տիրութիւն ըրաւ կազմակերպութեան ու տպարանին: Խառն պահերու, երբ կարիքը եղաւ, պահակութիւն ըրաւ «Յուսաբեր»ի տան ու մնաց մինչեւ վտանգն անցնի. վերջին անգամ՝ 1977-ին, վերջերս նոյնպէս մահացած Յովհաննէս Մասմանեանի ու անոր եղբօր՝ Սարգիսի հետ։

Յաւելեալ աղբիւրներ Ք. Մխտիկեանի մասին

  • Քեռի Մխտիկեան ՖՊ էջին յղումը https://www.facebook.com/kari.mekhtigian

  • https://www.filfan.com/news/143370 https://www.facebook.com/ScoopEmpire/videos/990564925188744 VIDEO: The world-renowned designer Karim Mekhtigian was selected as Head Juror of the Cairo Design Awards back in November. He is a global artist, of Armenian origin, and very influential in the world of design. His most recent brand launch was ‘Kyme’, meaning “Black Land” in reference to the rich and fertile Delta’s and valleys of Egypt.

  • https://beirutcom.net/tag/%D9%83%D8%B1%D9%8A%D9%85-%D9%85%D8%AE%D8%AA%D9%8A%D8%AC%D9%8A%D8%A7%D9%86

  • https://www.facebook.com/Egy.History/posts/4320150584752155

  • https://www.facebook.com/watch/?v=1118342058705307&ref=sharing

  • https://sawaleif.com/%D9%85%D9%86-%D9%87%D9%88-%D9%83%D8%B1%D9%8A%D9%85-%D9%85%D8%AE%D8%AA%D9%8A%D8%AC%D9%8A%D8%A7%D9%86-%D8%A7%D9%84%D8%B0%D9%8A-%D9%87%D9%86%D8%A3%D9%87-%D8%A7%D9%84%D9%85%D8%B4%D8%A7%D9%87%D9%8A%D8%B1-695135/

  • https://www.nabdel3alam.com/%d8%b6%d9%85%d9%86-%d9%81%d8%b9%d8%a7%d9%84%db%8c%d8%a7%d8%aa-%d8%ac%d8%a7%d8%a6%d8%b2%d8%a9-%d8%a7%d9%84%d9%82%d8%a7%da%be%d8%b1%d8%a9-%d9%84%d9%84%d8%aa%d8%b5%d9%85%db%8c%d9%85-%d9%85%d8%b4/

[1] Alchemy Design Studio https://www.facebook.com/alchemydesignstudio

[2] https://www.elwatannews.com/news/details/5807344

[3] https://www.vetogate.com/4317984

[4] https://youtu.be/cUthmmPR-IE

[5] https://www.egypttoday.com/Article/4/116768/Karim-Mekht


igian-presents-the-world-of-design-through-a-cinematic

[6] https://scoopempire.com/cairo-design-weeks-moviola-exploring-the-world-of-design-through-a-cinematic-lens/


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page