Ազգային երգերու մեկնաբանն ու սարկաւագը՝ Գօգo ԹիւթիւնճեանՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Ազգային երգերու մեկնաբանն ու սարկաւագը՝ Գօգo Թիւթիւնճեան

✎ Շաքէ Մանկասարեան


Գօգօ Թիւթիւնճեան ծնած է Հալէպ, յաճախած է ազգային Զաւարեան վարժարան:

Ամուսնացած է Յասմիկ Մանուէլեանի հետ եւ բախտաւորուած երկու մանչով՝ ԺանՅակոբ եւ Անդրանիկ:

Սկսելով մեր զրոյցը, խնդրեմ խօսինք ձեր արմատներուն մասին, ուրկէ՞ տարագրուած են անոնք։

Իմ երկու մեծհայրերս՝ Գրիգորը եւ Լեւոնը (Ուրֆա) Եդեսեացի են, մեծմայրերս՝ Նազելին Տիգրանակերտցի, իսկ Ովսաննան՝ Եդեսիացի: Անոնք Ուրֆայէն տարագրուած եւ հասած են Հալէպ: Մեծհայրս՝ Գրիգորը շատ հզօր ձայն ունէր, զոր ժառանգած են հայրս՝ Ճանոն, հօրեղբայրներս՝ Անդրանիկը, Ճորճը եւ մենք:

Ձեր մականունը Թիւթիւնճեան է, արդեօ՞ք ձեր մեծհայրը ծխախոտի գործով զբաղած է:

Ինչպէս գիտէք մեր նախնիները տարագրուած են, եւ Թիւթիւնճեան մականունի հետ կապուած պատմութիւնը, զոր լսած եմ՝ մեծ հօրս ծխախոտ պատրաստելու վարպետութեան վերագրուած է:

Ինչպէս գիտենք, երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէք եկեղեցւոյ, խնդրեմ պատմեցէք:

Բոլոր հալէպահայերուն քաջածանօթ Հալէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը գտնուի Մէյտան, Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին կից, եւ մեր բնակած միջավայրին եկեղեցին էր, ուր իմ ծառայութիւնս սկսաւ 1973-ին, երբ ես հազիւ եօթը տարեկան էի. մայրս՝ Ժագլինը զիս տարաւ եկեղեցի: Բերիոյ Թեմի նախկին Առաջնորդ Սրբազան Գերշ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ ձեռնադրուեցայ դպիր 1978-ին, ապա Ուրարակիր կամ Ուրար կրելու իրաւունք ստացայ 1987-ին: Տարիներ ետք, 2014-ին, Բերիոյ Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Շահան Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ ձեռնադրուեցայ Սարկաւագ:

Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր ծառայած եմ, շատ մեծ ներդրում ունեցած է մեր Հալէպի գաղութին մէջ: Ես շատ կը պարտիմ բոլոր Քահանայ Հայրերուն եւ դպրապետներուն, եւ պարտք կը զգամ յիշելու քահանայ հայրերու անունները՝ Տ. Յուսիկ Աւագ քհնյ. Սեդրակեան, Տէր Տաթեւ Միքայէլեան (ներկայիս Թորոնթօ), Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Մաշտոց Աւագ քհնյ. Արապաթլեան, Տ. Հայկազ քհնյ. Մասոյեան (ներկայիս Հայաստան), ինչպէս նաեւ դպրապետները՝ հանգուցեալ դպրապետ Հրայր Մանուկեան, դպրապետ Յարութիւն Կենտիմեան ներկայիս ԱՄՆ, Իլինոյ, Շիքակօ, դպրապետ Շահէ Քէշիշեան (ներկայիս Հայաստան): Պիտի յիշեմ նաեւ հոգելոյս քահանայ հայրերուն անունները՝ Հոգելոյս Տ. Ղեւոնդ Աւագ քհնյ. Ագթավուգեան, Հոգելույս Տ. Շահէ Աւագ քհնյ. Մասոյեան, Հոգելոյս Տ. Սահակ քհնյ. Արապաթլեան:

Հալէպի մէջ 40 տարիներու եկեղեցական ծառայութեանս ուղիին մէջ, պիտի ուզէի խօսիլ մեր Հալէպահայութեան, անոր հաւատքին ու եկեղեցւոյ կառչած մնալու մասին. անցեալին Սուրբծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներու ժամերգութիւնները կը սկսէին առաւօտեան ժամը 3-ին: Յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է եկեղեցի փութացող հաւատացեալ մեծ հայրերու եւ շղարշով ծածկուած մեծ մայրերու ամրակուռ հաւատքով արարողութեանց եւ Ս. Պատարագին անոնց մասնակցութիւնը:

Հալէպի մէջ ունինք միութիւններ, ինչպէս նաեւ երգչախումբ, արդեօ՞ք մաս կազմած էք անոնց:

Եկեղեցական արարողութիւններու եւ շարականի երգեցողութեան հմտութեանս կողքին, 1978-1979 տարիներուն երգած եմ «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբէն, որմէ ետք՝ 1981- 1986 տարիներուն, որպէս թենոր երգած եմ «Զուարթնոց Երգչախումբէն, որուն խմբավար-ղեկավարն էր հանգուցեալ Պօղոս Ապաճեանը:

Հ.Մ. Ը .Մ. շարքերէն շրջան մը եղած եմ գայլիկ եւ մեր շատ սիրելի ԱՔԵԼԼԱ եղբայրը՝ Արմէն Քէօշկէրեանն էր, որ ներկայիս Մոնթրէալ է :

Ժառանգական է կ‘ըսեն երգելու շնորհն ու տաղանդը , Ինչպէ՞ս սկսաւ ձեր երաժշտական ճանապարհը:

Այո՛, շատ ճիշդ, երգելը ժառանգական է : Մանկութեանս տարիներուն, հօրեղբայրս՝ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Ճորճ Թիւթիւնճեանը իր բոլոր երգերու փորձերը կը կատարէր մեր տան մէջ, եւ անկասկած իմ ականջիս մէջ կը հնչէին այդ երգերը, եւ բնականաբար ալ մեծ ազդեցութիւն կ’ունենային: Ինչպէս գիտէք, Ճորճ Թիւթիւնճեանը յեղափոխական երգերու առաջին մեկնաբանն է, եւ անոր երգերուն շուրջ է, որ հաւաքուեցաւ մեր ժողովուրդը :

Այսօր ալ երբ ես ազգային երգերը կը մեկնաբանեմ հօրեղբօրս ձայնը կը շարունակուի ականջիս մէջ: Մեծ հօրս երգելու ժառանգն է, որ ես ալ ժառանգած եմ, ինչպէս ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ Եղբայրները` Անդրանիկը (1923 -1993 Հալէպ), Ճանոն (24 Նոյ. 1934- 17 Նոյ. 1995 Հալէպ ) Ճորճը (1930- 2006 Գանատա ) ժառանգած են, լոյս իրենց հոգւոյն… հոս պիտի նշեմ, որ 1940-էն մինչեւ 1980, երեք սերունդ միասին ելոյթներ ունեցած եւ նուագած են հարսանեկան խրախճանքներուն եւ յայտնի Հալէպի Ճաշարաններու մէջ՝ «Գաբրի», «Թուրինկ», «Նատի Սաատ», «Ռապիէ», «Օթել Սիահի» եւ «Սեպիլ», նաեւ Սուրիոյ շրջանները եւ երկրէն դուրս՝ Յորդանան, Լիբանան, Այնճար եւ այլն:

Հօրեղբայրս՝ Անդրանիկը թմկահար էր, հայրս՝ Ճանօն ոչ միայն եղած է օրկանիստը (keyboard player) նուագախումին, այլեւ երգած է հայերէն, արաբերէն եւ օտար լեզուներով, իսկ հօրեղբայրս՝ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Ճորճ Թիւթիւնճեանը շատ լաւ կիթար կը նուագէր, եւ նշեմ հոս որ իր չորս տղաքը՝ Գօգոն, Փօլը, Վաչէն եւ Ժագոն արուեստագէտներ են, ունին երգելու եւ նուագելու հմտութիւն:

Ե՞րբ եւ ի՞նչ առիթներով հանդէս եկած էք ելոյթներով:

Տօն Խաչվերացի կամ Վերացման Ս. Խաչի տաղաւարի տօնը Սեպտեմբեր ամսուայ մէջ միաժամանակ կը համընկնի «Մուսա Լեռան Հերոսամարտի (31 Յուլիս 1915 – 13 Սեպտեմբեր 2015)» տօնին, եւ իմ առաջին ելոյթս եղած է Այնճար, Սեպտեմբեր 2001-ին եւ յաջորդող տարիներուն՝ Սեպտեմբեր 2002 եւ 2003-ին, նոյնպէս Այնճար, «Մուսա Լեռան հերոսամարտ»ի տօնակատառութեան առթիւ: 2004 Մայիս 28-ին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ անկախութեան տօնի 86-ամեակի առթիւ պատիւ ունեցած եմ երգելու Քուէյթի մէջ, որ տեւած է մինչեւ լոյս առաւօտ, ինծի հետ երգած էր նաեւ 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի հերոս նահատակ Գէորգ Հաճեանը:

2006-ին, մեկնած եմ Պարսկաստան «ՀՅԴ հիմնադրութեան 116 ամ­եա­կին (1890-2006) առի­թով Նոր Ջուղայ եւ Թեհրան: 2009-ին, կրկին Պարսկաստան, Նոր Ջուղայ «Ատանայի Կոտորածի» 100-ամեակին (1909-2009) առթիւ: Փառք Աստուծոյ, որ օրին բախտ ունեցած եմ իբր սարկաւագ երգելու «Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանք»ի խորանէն, օրուայ պատարագիչն էր Սպահանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն եպիսկ. Չարեան (ներկայիս Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ):

2009-ին, ելոյթ ունեցած եմ Եգիպտոսի մէջ «ՀՅԴ հիմնադրութեան 119-ամեակ»ի առթիւ (1890-2009): Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, կրկին Նոր Ջուղայ 2013-ին, «ՀՅԴ հիմնադրութեան 123-ամեակ»ի (1890-2013) առթիւ: Մեծ բախտ ունեցած եմ, հօրեղբօրս Ճորճ Թիւթիւնճեանին հետ երգելու 2002-ին, Հալէպ, Լաթաքիա եւ Գամիշլի, եւ լուսահոգի հօրեղբայրս կ’ըսէր.- Գօգոն իմ ժառանգորդս է … մեր գերդաստանին:

Սուրիոյ բոլոր շրջանները ելոյթ ունեցած եմ, ինչպէս՝ Ղընէմիէ, Լաթաքիա, Գամիշլի, Դամասկոս, Հոմս եւ Քեսապ: Անշուշտ, մեր Հալէպի մէջ բոլոր ձեռնարկներուն՝ Հ.Օ.Մ-ի, Հ. Մ. Ը. Մ.-ի, Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի պարտէզ, Համազգային սրահ, Հ. Մ. Ը. Մ.-ի ակումբ:

Ինչպէս գիտենք մեր ունեցած ձայնադարանէն, որ կան երգեր յատուկ ձեզի համար եւ ասոր անդրադարձած էք տեսակապով տարիներ առաջ:

Այո՛, ճիշդ էք, խօսած ենք այս մասին ուղիղ եթերով: Նշեմ, որ հօրեղբօրս յիշատակին երգ մը նուիրած եմ, մտայղացումը ինձմէ, իսկ երգին բառերը գրած է ընկերս՝ Սարգիս Քէլ Խաչերեանը, երաժշտութիւնը՝ Յովիկ Ատուրեան, նաեւ «Հ. Մ. Ը. Մ.» խորագիրով երգը, զոր հօրեղբայրս յօրինած էր յատուկ մեր ֆութպոլի տղոց համար, եւ ես նոյն եղանակաւորումով, համարները փոխելով երգած ու նուիրած եմ մեր «Հ. Մ. Ը. Մ. 100» մասնաճիւղերուն:

Նաեւ ըսեմ որ ընդհանրապէս ազգային երգերուն մէջ գտած եմ խրախուսելի ուժ յատկապէս Սերոբ Աղբիւրի երգը՝ «Գնդակ որոտաց» որ կ’ընդգծէ «մահ, կա՛մ ազատութիւն» գաղափարը։

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ցաւով հեռացած էք Հալէպէն, ներկայիս հաստատուած էք Գանատա, Մոնրէալ, սակայն մինչեւ Գանատա հասնիլը, բնակութիւն հաստատած էք Այնճարի մէջ: Խնդրեմ, պատմեցէք Այնճարի մէջ ձեր ժամանակաւոր կեցութեան մասին:

Սուրիոյ պատերազմի շրջանին կրտսեր տղաս՝ Անդրանիկը եւ կինս՝ Յասմիկը վիրաւորուեցան, եւ կամքէ անկախ ստիպուած էի դուրս գալ Հալէպէն, եւ հաստատուեցանք Այնճար Յուլիս 2014-ին, ուր շարունակեցի ծառայութիւնս Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ 5 Փետրուար 2016, երբ տեղափոխուեցանք Լաւալ, Գանատա:

Հոս, խորին շնորհակալութիւնս պիտի յայտնեմ Այնճարի մեր ընկերներուն՝ ամէնափոքրէն մինչեւ ամենատարեցին, նաեւ՝ Այնճարի կոմիտէին, որոնք սրտաբաց ընդունեցին եւ գործնական քայլերով միջոցներ ստեղծեցին մեր կեցութեան համար: Երախտապարտ եմ բոլորին, Կեցցէ՛ հայաշէն Այնճարը, Կեցցեն Մուսալեռցիները:

Դուք Ազգային եւ յեղափոխական երգեր կը մեկնաբանէք, իսկ որո՞նք են ձեր հրապարակած ալպոմները:

Հրապարակած եմ երկու ալպոմ՝ 2002-ին, «Հերոսներու Յիշատակին», օրկանիսթ՝ Կարօ Քէքլիկեանի նուագակցութեամբ, 2012-ին, «Ճորճ Թիւթիւնճեանի Յիշատակին», օրկանիսթ՝ Յովիկ Ատուրեանի նուագակցութեամբ:

Ներկայիս բնակութիւն հաստատած էք Գանատա եւ կը շարունակէք ձեր եկեղեցական ծառայութիւնը, ինչպէս բոլորս առիթ կ‘ունենաք միանալու ժամերգութիւններու եւ Ս. Պատարագի շնորհիւ ֆէսպուք դիմատետրի https://www.facebook.com/SourpHagopChurchMontreal եւ Youtube հարթակի վրայ Sourp Hagop Armenian Church Sourp Hagop Armenian Church Live Stream

Ի՞նչ է ձեր պատգամը մեր ընթերցողին:

Այո՛, ես կը շարունակեմ ծառայութիւնս Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Մոնթրէալ:

Մեր ազգի դարաւոր պատմութեան երգերը շարունակական հնչեցնելն ու լսելի դարձնելը կը մնայ իմ սրտիս միակ փափաքը՝ նոր սերունդին ժառանգ թողնելով պատմութիւնը հայոց: Փա՛ռք մեր նահատակ հերոսներուն, յաւերժ Հայաստան ու Արցախ եւ հզօր սփիւռք հայրենիքի համար:

Շնորհակալ եմ յարգելի Շաքէ այս զրոյցին համար, որ իր նպաստ կը բերէ անսակարկօրէն, եւ այս ըսած եմ տակաւին Սուրիոյ պատերազմի օրերուն, ուղիղ կապով միանալով Ռատիո Այգ ի եթերներուն եւ հնչեցնելով հայ երգը: Այսօր, այս զրոյցները կու գան հաստատելու ձեր հաստատակամ եւ անսակարկ նուիրումը, տեսլական ունենալով, որ Հայը Հայուն համար, եւ ապրեցնելու անցեալի յիշողութիւնները իրենց ժամանակներով: Մեծ աշխատանք կը տանիս սիրելի Շաքէ եւ գնահատանքս ալ մեծ է:

Շնորհակալ եմ, սիրելի Գրիգոր Գօգօ: Եղէք միշտ առողջ` շարունակելով եկեղեցւոյ մէջ ձեր ծառայութիւնն ու շարականներու երգեցողութիւնը, որոնք կը միանան ազգային երգերուն հետ յանուն հայակերտման գործին:

Զրոյցը վարեց՝ Մանկասարեան Շաքէ

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page