top of page

Սիւնակներ

26 տարի առաջ՝ այսօր, ազատագրուեցաւ Շուշին

8-9 ­Մա­յի­սը պատ­մա­կան յի­շար­ժան թո­ւա­կան դար­ձաւ եւ փա­ռա­ւոր իր տե­ղը գրա­ւեց հա­յոց յու­շա­տետ­րին մէջ 1992ին, երբ Ար­ցախ աշ­խար­հի հի­նա­ւուրց բեր­դա­քա­ղաք ­Շու­շին ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան զա­ւակ­նե­րուն ռազ­մա­կան բա­ցա­ռիկ սխրան­քով։ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ­Մա­յիս 9ին կը մե­ծա­րէ «­Շու­շիի ա­զա­տագրման եւ յաղ­թա­նա­կի» պե­տա­կան տօ­նը։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան տօ­նա­ցոյ­ցով ­Մա­յիս 9ն հռ­չա­կո­ւած է «­Յաղ­թա­նա­կի Օր»։ ­Թէ՛ իբ­րեւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի յան­դուգն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէն մէ­կը եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, իբ­րեւ ռազ­մա­կան փայ­լուն գոր­ծո­ղու­թիւն, ­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման միօ­րեայ յաղ­թա­կան գրո­հը, 8 ­Մա­յիս 1992ին, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան իր նշա­նա­կու­թեամբ կա­րե­ւո­րա­գոյն դար­ձա­կէտ մը խորհր­դանշեց հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան հա­մար։ Դ­րաւ սկիզ­բը Ար­ցա­խի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան եւ հայ­րե­նա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի յաղ­թար­շա­ւին։ Ա­ւե­լի՛ն. ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մով հայ ժո­ղո­վուր­դը ոչ միայն յաղ­թա­կան հիմ­նա­քա­րը դրաւ Ար­ցա­խի վե­րա­տի­րաց­ման պայ­քա­րին, այ­լեւ՝ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ա­պա­հո­վեց վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը։ ­Բարձ­րա­նիստ բեր­դա­քա­ղա­քի ա­նա­ռիկ իր դիր­քով յատ­կան­շո­ւող ­Շու­շին ոչ միայն վեր­ջին ե­րես­նա­մեա­կին, այ­լեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան բո­լոր թէժ պա­հե­րուն, բայց յատ­կա­պէս 17րդ ­դա­րէն սկսեալ թափ ա­ռած հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի բախ­տո­րոշ բո­լոր վե­րի­վայ­րում­նե­րու ըն­թաց­քին, խորհր­դան­շեց հայ­կա­կան ինք­նու­թեան, ինք­նու­րոյ­նու­թեան եւ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ազ­գա­յին մեր կամ­քին բար­ձունք­նե­րէն մէ­կը՝ ա­նա­ռիկ եւ հե­րո­սա­կան։ ­Մի­ջին դա­րե­րուն ­Շի­կա­քար բեր­դա­քա­ղա­քի ա­նու­նով հռչա­կո­ւած ­Շու­շին մեր ժա­մա­նակ­նե­րը թե­ւա­կո­խեց իբ­րեւ հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի ե­զա­կի ար­ծո­ւե­բոյն­նե­րէն մէ­կը։ ­Հա­կա­ռակ դա­րե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւած այ­լա­ցեղ աս­պա­տա­կու­թեանց եւ բռնագ­րա­ւող ու­ժե­րու կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած՝ հայ­կա­կան այս հի­նա­ւուրց ոս­տա­նը օ­տա­րա­մուտ տար­րե­րով բնա­կեց­նե­լու եւ հա­յա­թափ­ման են­թար­կե­լու փոր­ձե­րուն, ­Շու­շին ե՛ւ պահ­պա­նեց հայ­կա­կան իր ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը, ե՛ւ դար­ձաւ հայ մշա­կոյ­թի ու դպրու­թեան, այ­լեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ու ռազ­մա­կան տա­ղան­դի զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն բնօր­րան մը։ 1895ին ­Շու­շի անդր­կով­կա­սեան յայտ­նի գիւ­ղա­քա­ղաք էր 30 հա­զար բնակ­չու­թեամբ, ո­րուն 21 հա­զա­րը հայ էին։ ­Շու­շիի ­Թե­մա­կան դպրո­ցը կը հան­դի­սա­նար, ա­տե­նին, ողջ հա­յա­շար­հի կրթա­կան հինգ գլխա­ւոր կրթօ­ճախ­նե­րէն մէ­կը, ուր թրծո­ւե­ցան թէ՛ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն շա­տեր, թէ՛ հե­տա­գա­յին՝ խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նին, ­Կար­միր ­Բա­նա­կի մե­ծա­նուն զօ­րա­վար­ներ դար­ձած հայ գոր­ծիչ­ներ։

­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կերտ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­ւոր­ման տա­րի­նե­րուն, 1918-1921 թո­ւա­կան­նե­րուն, ­Շու­շին ա­ռա­ջա­ւոր դիր­քը ե­ղաւ ­Հայ­կա­կան ­Դի­մադ­րու­թեան՝ ա­րե­ւել­քէն եւ հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քէն ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման սպառ­նա­ցող թուրք-թա­թար ա­զե­րիա­կան վտան­գին եւ ներ­խուժ­ման փոր­ձե­րուն դէմ։ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը ղե­կա­վա­րե­լով՝ ­Շու­շի հե­րո­սա­բար դի­մադ­րեց հա­մաթրքա­կան գրաւ­ման վտան­գին եւ տե­ղի տո­ւաւ միայն ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, երբ Ս­տա­լի­նեան կա­մա­յա­կա­նու­թեամբ պար­տադ­րա­բար կցո­ւե­ցաւ ­Խորհր­դա­յին Ադր­բե­ջա­նին իբ­րեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզ։ ­Խորհր­դա­յին լու­ծի տակ ­Շու­շին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն են­թար­կո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­յա­թափ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, բայց ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը եր­բեք չհա­մա­կեր­պե­ցաւ ճնշում­նե­րուն։ Իսկ երբ 1988ին ար­ցա­խա­յու­թիւ­նը բարձ­րա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի հետ ­Միաց­ման դրօ­շը, ատր­պէյ­ճա­նա­կան-խորհր­դա­յին բա­նա­կի ա­նա­ռիկ յե­նա­կէտ դար­ձած ­Շու­շին պա­տու­հաս դար­ձաւ ողջ Ար­ցա­խի գլխուն, յատ­կա­պէս իր ան­մի­ջա­կան ստո­րո­տը գտնո­ւող Լ.Ղ.Ի.Մ.ի մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տը մնա­յուն ռմբա­կո­ծու­մի տակ առ­նե­լով։ Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով հայ­կա­կան հե­րո­սու­թեան ու դիւ­ցազ­նա­կան խո­յան­քի փա­ռա­հեղ մարմ­նա­ւո­րու­մը կը հան­դի­սա­նայ 8-9 ­Մա­յիս 1992ի ­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, որ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն զգե­ցաւ նաեւ իր ա­ռա­ջա­ցու­ցած ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեամբ։ ­Հայ­կա­կան գրո­հը սկսաւ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած հայ մար­տիկ­նե­րու բո­լոր միա­ւոր­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կա­յին­ներ ըլ­լան ա­նոնք թէ ­Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէն եւ սփիւռ­քեան հա­յօ­ճախ­նե­րէն Ար­ցախ փու­թա­ցած նո­րօ­րեայ ֆե­տա­յի­ներ։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դրօ­շին տակ հա­մախմբո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ ըլ­լան ա­նոնք, թէ 1988ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան շարժ­ման ա­լի­քին հետ կեանք ա­ռած ջո­կատ­նե­րու ան­դամ «մա­հա­պարտ­ներ» կամ «երկ­րա­պահ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ»։ Ան­շուշտ, յան­դուգն այդ գրո­հի ըն­թաց­քին, ա­ռաս­պե­լա­տիպ հայ հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նէն ծանր գին վճա­րե­ցինք ա­նա­ռիկ ­Շու­շին ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար։ ­Բայց ա­զա­տու­թեան եւ յաղ­թա­նա­կի ու­ղին միշտ ալ ա­րեամբ ներ­կո­ւած է եւ, կռո­ւի դաշ­տին վրայ ին­կած նոյն այդ հե­րոս­նե­րու ա­րեան գնով, թան­կա­գին իր ար­ժէքն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը նո­ւա­ճած է ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի իւ­րա­քան­չիւր յաղ­թա­նակ ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի, այ­լեւ՝ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ։ ­Հա­յոց յու­շա­տետ­րի 8-9 ­Մա­յի­սի է­ջով՝ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան այս փա­ռա­պանծ յաղ­թա­նա­կին մէջ, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր նախ կ­՛ար­ժե­ւո­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­րի այ­րե­րուն միաս­նա­կան յանդգ­նու­թիւնն ու հե­րո­սու­թիւ­նը։ 8 ­Մա­յիս 1992ի գրո­հով հայ­կա­կան ու­ժե­րը նո­ւա­ճե­ցին ե­րա­զը, ա­զա­տագ­րե­ցին ­Շու­շին եւ ճամ­բան հար­թե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նի ողջ եր­կայն­քով Ար­ցա­խի վե­րա­տի­րա­ցու­մին։ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մին եւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ միա­ցու­մին ամ­րա­կուռ ան­կիւ­նա­քա­րը հան­դի­սա­ցաւ ­Շու­շիի վե­րա­տի­րա­ցու­մը, ո­րուն փառ­քի շքան­շա­նին ող­բեր­գա­կան ե­րե­սը դար­ձաւ, սա­կայն, ա­զա­տագ­րո­ւած ­Շու­շիի պահ­պան­ման, վե­րա­շի­նու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման ճա­կա­տին վրայ հա­յոց պե­տու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­քա­կան դան­դա­ղա­շար­ժու­թիւ­նը։ Այդ ի­մաս­տով՝ ­Մա­յիս 8-9ի ա­մե­նա­մեայ ո­գե­կո­չու­մը կը ծա­ռա­յէ նաեւ շեշ­տե­լու, ­Յաղ­թա­նա­կի Օ­րո­ւան փա­ռա­բա­նան­քի կող­քին եւ միա­ժա­մա­նա՛կ, ­Շու­շիի վե­րա­շի­նու­թեան, վե­րաբ­նա­կեց­ման ու նո­րո­վի ծաղկ­ման պայ­քա­րը հա­մազ­գա­յին ու­ժե­րով իր ար­ժա­նա­վա­յել պսա­կու­մին հասց­նե­լու հրա­մա­յա­կանն ու հա­մազ­գա­յին մեր պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար ին­կած հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ ու հե­րոս զա­ւակ­ներ­նե­րուն պարտք ենք, տա­կա­ւին, Ար­ցա­խի պե­տա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան զար­գաց­ման ու յա­ռաջ­դի­մու­թեան ա­պա­հո­վու­մը, ան­պար­տե­լի մեր բա­նա­կին հզօ­րա­ցու­մը, ըն­կե­րատն­տե­սա­կան բար­գա­ւա­ճումն ու նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու կրթա­կան զար­գա­ցու­մը, որ­պէս­զի ոչ մէկ թուրք կամ ատր­պէյ­ճան­ցի եր­բե­ւէ հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը ու­նե­նայ փոր­ձե­լու Ար­ցա­խը, վերս­տին, բրտօ­րէն իր լու­ծին են­թար­կե­լու ոտնձ­գու­թեանց… ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան 26ա­մեա­կը, հե­տե­ւա­բար, ոչ միայն յաղ­թա­նակ տօ­նե­լու, այ­լեւ՝ հա­մազ­գա­յին մեր այս մեծ ­Պարտ­քին տէր կանգ­նե­լու ա­նե­րեր ­Յանձ­նա­ռու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­լու ուխ­տի օր է։ Ի վեր­ջոյ, 26 տա­րի ա­ռաջ, ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մով, Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ան­կա­խու­թեան եւ մայր հայ­րե­նի­քին հետ միաց­ման մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ա­պա­հո­վու­մը դար­ձաւ ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հերթ թի­րա­խը։ Ամ­բողջ 26ա­մեակ մը ա­հա՛, մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մէջ, փաս­տօ­րէն եւ պե­տա­կա­նօ­րէն, հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան լծո­ւած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ո­րո­ճալ Ար­ցախն ու ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նը բիրտ ու­ժով ծուն­կի բե­րե­լու ա­նարգ ծրա­գիր­ներ։ ­Հա­մաթր­քա­կան այդ սպառ­նա­լի­քին եւ վտան­գին՝ հա­մազ­գա­յին մեր ­Պա­տաս­խա­նը պի­տի ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նի հետ Ար­ցա­խի պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­րա­գըն­թաց զար­գաց­ման, հզօ­րաց­ման եւ ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման ամ­րագ­րու­մը։ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­գոռ յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րուն եւ Ան­գա­րա­յի հա­կա­հայ ճնշում­նե­րուն հա­տու պա­տաս­խան տա­լու հա­մար, հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­ւե­լի քան եր­բեք այ­սօ՛ր, ­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման 26ա­մեա­կին ա­ռի­թով, կո­չո­ւած է վե­րա­նո­րոգ թա­փով յա­ռաջ մղե­լու հա­յոց ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն նո­ւա­ճած յաղ­թար­շա­ւը։ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար թա­փո­ւած հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նը ար­դէն դար­ձած է սրբա­զան Կ­տակ՝ Ար­ցա­խի մէջ ա­րեամբ նո­ւա­ճո­ւա­ծը ա­մէն գնով պահ­պա­նե­լու, այլ մա­նա­ւանդ զար­գաց­ման ու­ղիով ար­մա­տա­ւո­րե­լու եւ ան­դառ­նա­լիօ­րէն հա­յաց­նե­լու, իբ­րեւ ազ­գա­յին ան­կորն­չե­լի հարս­տու­թիւն գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն ա­ւանդ յանձ­նե­լու։ Որ­պէս­զի միշտ հպար­տու­թեամբ յի­շա­տա­կո­ւի փառ­քը 8-9 ­Մա­յիս 1992ին հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­ցած լու­սա­ւոր դա­րաշր­ջա­նին՝ հա­յոց պատ­մու­թեան մե­րօ­րեայ մե­ծա­գոյն յաղ­թա­նա­կին։ Եւ որ­պէս­զի հա­յոց աշ­խար­հի ներ­կան ու վա­ղո­ւան օ­րը հու­նա­ւո­րենք, մեր ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մը պայ­մա­նա­ւո­րող զօ­րա­շար­ժի ներ­քին թէ ար­տա­քին ճա­կատ­նե­րուն վրայ, ­Մա­յիս 8-9ի Ա­զա­տա­մար­տիկ ­Սե­րուն­դին կտա­կը ի­րա­գոր­ծե­լու եւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւան­դը շա­րու­նակ վե­րա­նո­րո­գե­լու, միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի նո­ւաճ­ման եր­թը շա­րու­նա­կե­լու ­Պարտ­քի զգա­ցու­մով։ Ան­դառ­նա­լի ­Յանձ­նա­ռու­թեա՛մբ։

 
 
 

2 Comments


sasagazkol
Oct 08

Ciao, qualche tempo fa ero curioso di capire come vengono strutturate alcune piattaforme di gioco che si incontrano durante le ricerche online. Ho letto diverse opinioni di utenti italiani e, dopo aver confrontato alcuni commenti, ho deciso di verificare personalmente alcuni dei siti nominati. Uno di quelli che ho consultato è https://moneymooncasino.com/lt-lt/ casino money moon. Ho prestato attenzione soprattutto alla struttura delle pagine e al modo in cui sono organizzate le varie informazioni, perché preferisco farmi prima un’idea generale e solo dopo soffermarmi sui singoli elementi. Non penso che una sola caratteristica possa essere sufficiente per valutare un servizio, quindi cerco di considerare l’organizzazione complessiva e la facilità di navigazione. Per me, anche quando faccio ricerche dall’Italia, è utile poter passare…

Like

Unknown member
Jun 13, 2025

Mačiau diskusiją „Telegram“ pokalbių kambaryje - kažkas rašė, kad seksoistorijos.com yra „geresnės už serialus“. Aš nusijuokiau. Ir tada įėjau. Ir tai tiesa: skaitai ir negali sustoti. Tai nėra vulgaru, tai tiesiog nuoširdu. Kartais nepatogus, kartais įžūlus, bet visada gyvas.

Like

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page