Ժամ Մը՝ «Ռատիօ Այգ»ի ՀետԳէորգ Պետիկեան
top of page

Սիւնակներ

Ժամ Մը՝ «Ռատիօ Այգ»ի Հետ

✎ Գէորգ Պետիկեան

Աշխարհը այլեւս բաց գիրք է. ամէն մարդ կրնայ իր մատներով թղթատել զայն: Այլեւս չկայ հեռու կամ մօտ, իմս կամ քուկդ. աւելին՝ ամէն օր կայ նորութիւն. Եւ ահա կայ առցանց ռատիօն:

Ներկայիս, հայրենիքի եւ սփիւռքեան հայահոծ գաղութներուն մէջ կը գործեն առաւել քան տասը առցանց ռատիօժամեր, որոնք հետաքրքրական են եւ հպարտանք առթող:

Առ այդ, տեսակցութիւն մը ունեցանք Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) գործող առցանց «Ռատիօ Այգ»ի հիմնադիր-ղեկավար Շաքէ Մանկասարեանի հետ, որ Հոկտեմբեր 2017ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով:

Մէկդի դրած աւանդական դարձած հանդիպումներու ներկայացման որդեգրումներն ու սովորական ձեւերը, մեր ընթերցող հանրութեան կը ներկայացնենք սոյն առցանց ռատիօժամուն յաջողութեան յատուկ գաղտնիքը, տեղեկութիւն-ծրագիր-յայտագիրները եւ այլն:

Արդ, ո՞վ է Մանկասարեան Շաքէն:

Ան ծնած է Հալէպ: Արմատներով՝ Խարբերդ, Չմշկածագ: Ան ուսանած է Հայաստանի մէջ: Համալսարանը աւարտելէ ետք, աշխատանքի բերումով, տեղափոխուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Ան հիմնած է «Ռատիօ Այգ» առցանց կայանը, որուն այս օրերուն հեռարձակումը կը ծածկէ աշխարհը եւ կը սփռուի 24 ժամ, 365 օր: Ցարդ, իբրեւ գործող հայկական լրատուամիջոց՝ միակն է տուեալ տարածքին մէջ: Գովազդային ոչ մէկ միջոցներու դիմած է: Առածը կ՛ըսէ. «Բերնէ բերան, կ՛ըլլայ գերան»: Ռատիօն կը շարունակէ իր եթերը անկախ իր ունկնդիրներու քանակէն:

Հիմնադիր տիկին Մանկասարեան կը հաւատայ, որ իր այս որդեգրումը ազգանպաստ եւ անշահախնդիր զոհողութիւն մըն է՝ Սփիւռքի կարիքներուն սատարող:

Այո՛, պատասխանատու մեծ աշխատանք է, որուն գլխաւոր, հիմնական եւ մեծագոյն տոկոսը ինք առանձինն կը կատարէ: Իր երկու քոյրերը՝ Սեդան ու Լուսինը, իրենց կարգին կը բերեն իրենց աջակցութիւնը, արուեստագիտական եւ «Ֆէյսպուք»ի ոլորտներուն մէջ: Հիմնադրութեան օրէն ի վեր, անկախ եւ ազգանուէր «Այգ» առցանց ռատիօկայանը «ֆինանսաւորողը» եղած է Շաքէ Մանկասարեանի ամուսինը՝ հաւատալով իր կնոջ սոյն գաղափարին: Չունի եւ երբեք չէ ունեցած սովորական եւ աւանդական նիւթապէս զօրակցող հովանաւորողներ եւ առեւտրական հաստատութիւններ կամ միութենական-կուսակցական հովանի:

«Այգ» անուանումը ունի իր նշանակութիւնը՝այգաբաց, լուսաբաց, որոնցմէ ծնունդ առած է եւ կոչուած օրական քսանչորս ժամ սփռուող այս կայանը: «Այգ Ռատիօ»ն արդէն ութը տարիներու պատմութիւն ունի եւ առաջին օրերէն Հայաստանի հետ սերտ կապեր հաստատած է, յատկապէս «Երկիր Մեդիա»ի, սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Ազգային ռատիոյին հետ: Ինչպէս նաեւ Ամերիկայի «Հորիզոն» Հայկական պատկերասփիւռի կայանին, «Ասպարէզ»ի (Լոս Անճելըս), Գանատայի «Հորիզոն»ի, «Արցախ Թի.Վի.»ի, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին, «Նոյեան Տապան»ի, Եգիպտոսի Հայ Դատին, տեղւոյն «Հայ Գործարարներու Միութեան» գրասենեակներուն, Կիպրոսէն դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանի հետ։

Անիկա սիրողաբար աշխատանք կը տանի «Ուիքիփետիա» կայքին վրայ խթանելու արեւմտահայերէնը, նոյն ժամանակ բազմացնելով անոր արեւմտահայերէնով էջերը:

Մէկ խօսքով՝ հայկական եթեր մը, լուսաւոր ներդաշնակութիւն, ուր կան նաեւ թարմութիւն եւ կենդանութիւն, որովհետեւ կը մատուցէ այն, ինչը պէտք է եւ անհրաժեշտ, որպէսզի ընթերցողը տեղեակ մնայ հայութենէն։

Լաւատեղեակ ենք, որ լուրերու ընտրութիւն կատարելը բաւական ճիգ եւ ժամանակ կը պահանջէ: Այսպէս, մամուլի զանազան եւ բազմաթիւ լրատուական կայքերը՝ քաղաքականութիւն, մշակոյթ, արուեստ եւ գրականութիւն աչքէ անցնելը, զանոնք արժեւորելը ու տեղադրելը բաւական ժամանակ կը խլեն: Ասոնց վրայ կ՛աւելնան, մատչելի դառնալու եւ ընթերցողին կամ ունկնդրողին ուշադրութեան յանձնելու նպատակով՝ տողերու, նկարներու եւ վերնագիրերու տեղադրումները:

Նպատակը միայն լուրերը նկարներու եւ խոշորացուած խորագիրներու «պատկեր-լուր»ի տեսքով հրամցնելը չէ այլ, Մանկասարեանի մտայղացումով, զանոնք հայ ունկնդիրին հասանելի դարձնելը եւ անոնց ընկալումը դիւրացնելն է: «Այգ» ռատիո-հաղորդումներուն ունկնդիրները արդէն ընտելացած են ծրագիրին: Այսպէս, անոր երաժշտական ընտրանիին կը յաջորդէ վերջին լուրերու եւ հարցազրոյցներու սփռումը՝ երեք ժամը մէյ մը: Այսպէս՝ ամէն Կիրակի, կէսօրին կը սփռուի Ս. պատարագը եւ քարոզը Աւստրալիոյ Պարթեւ քհնյ. Գարագաշեանի։ Ամէն Կիրակի երեկոյեան կը սփռուին Արամ քհնյ. Տէյիրմէնճեանի «Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ»ը եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի ազգային առաջնորդարանի «Եկեղեցին Հայկական» Կիրակնօրեայ կրօնական ծրագիրները:

Ծրագիրներու շարքին են «Հոգեւոր Սնունդ» յայտագիրները՝ ամէն Երեքշաբթի, Միացեալ Նահանգներէն կիսասարկաւագ Արմէն Հարեանի եւ ամէն Հինգշաբթի քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մաշտոց Չօպանեանի հաղորդումները:

«Ռատիօ Այգ»ը նաեւ սերտ կապեր ունի «Վէմ» ռատիոկայանին հետ, որ իր եթերով կը սփռէ հեղինակ Արաքս Պօղոսեանի «Աշխարհայեացք» հաղորդաշարը ամէն Երկուշաբթի: Հոս ուրախութեամբ կարելի է նշել, թէ ամէն Կիրակի Երեւանի ժամով 12:15ին, Հայաստանի Ազգային ռատիոյի եթերով կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը: Այս մէկը իրապէս իր աշխատանքներու եւ «կապերու» ծիրին մէջ գլխաւորն է եւ ազգանուէրը, որ սկսած է 2017ին: Իսկ ամէն Ուրբաթ, Երեւանի ժամով երեկոյեան ժամը 9։15ին, «Սփիւռքի Ձայն» Կամուրջ ծրագիրով հաղորդաշարը կը սփռուի: Այս մէկուն հիմնական նպատակն է՝ Սփիւռքի համայնքներու կապը Հայաստանի հետ ամուր եւ հաստատուն պահելու միտումը եւ թղթակցութիւններու, ձայնահաղորդագրութիւններու միջոցով Սփիւռքի տարբեր համայնքներու գործունէութիւնները սոյն հաղորդաշարի եթերով լսելի դարձնել: Նաեւ ռատիօն կապ հաստատած է Դամասկոսի հետ եւ ամէն Ուրբաթ օր, անխտիր «Այգ»ին կը միանայ խմբավար Շանթ Քէշիշեան, իր ձայնահաղորդագրութիւններով: Ժամանակ առ ժամանակ, եւ զանազան առիթներով «Այգ»ին միացած են Եգիպտոսէն բժիշկներ Արմէն Մազլումեան եւ Էտուարտ Մանուկեան, Կիպրոսէն դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Ամերիկայէն՝ գրողներ Գէորգ Պետիկեան, Թադէոս Եսայեան, Զարմինէ Պօղոսեան, Հալէպէն՝ տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան, Գանատայէն՝ փոխտնօրէն Արա Տէր Յարութիւնեան:

Յատուկ յայտագիրով ներկայացուած է նաեւ երգահան Պերճ Թիւրապեանի Ազնաւուրը (հայերէնով) եւ Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութիւններու երգերու կատարումները: Նաեւ ներկայացուած են դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Երիտասարդ Ընտանիքի Աստուածաշունչը» եւ «Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ» հատորները, թարգմանիչ Սալբի Գասպարեանի «Վերապրողները» հատորը, եւ առակագիր Եզնիկ Բալիկ Բալայեանի «Առակներ» հատորը եւ հայրենի մտաւորական դոկտ. Գէորգ Բաղդիշեանի «Մուսալեռցի Պապս» գիրքը, զորս ստացած է յատուկ գնահատական նամակով մը:

2018ի ամէնէն մեծ ձեռքբերումը եղած է արեւելահայերէն հեքիաթները արեւմտահայերէնի վերածելու աշխատանք-ծրագիրը: Առաջին իսկ հերթին իրագործուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեղինակած «Չար Տնակ» հեքիաթի արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը: Մանկասարեան արեւմտահայերէնի վերածած է Թումանեանի եւ մանկագիր Յասմիկ Աճէմեանի հեքիաթները եւ վերջերս ալ Ֆրանսաբնակ Աննա Իսաբեկեանի հեքիաթաշարքէն «Փիսօն» հեքիաթը ու Սուրէն Քոչարեանի ժողովածուն:

Կարելի է հաստատել, թէ աշխարհի տարածքին հայ մարդու միտքին ու կամքին խթան եւ աւիշ հանդիսացող նախաձեռնութիւններէն մէկն է առցանց «Ռատիօ Այգ»ի այս աշխատանքը: Հոն հոգեկան հայրենիքի եւ հայ գիրի պայծառ մշակներու ներկայացման կողքին կան հայապահպանման եւ ստեղծագործ միտքերու արժեւորում եւ գնահատում:

Մանկասարեան կը հաւատայ, որ հայ ժողովուրդը թէ՛ զէնքով կռուողներու կարիքը ունի եւ թէ մտաւոր դասի:

Ներդաշնակօրէն կապուած մեր ցեղի, ոգիի եւ ստեղծագործական թափին, մեր կողմէ այս անձնանուէր հայուհիին յարատեւութեան եւ յաջողութեան բարի մաղթանքներ կը հասցէագրենք:

Վարձքդ կատար, յարգելի ազգային արժէքներու պաշտպան Շաքէ Մանկասարեան:

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page