Նոր Տարուան ՄաղթանքներԱզդակ օրաթերթ
top of page

Սիւնակներ

Նոր Տարուան Մաղթանքներ


Նոր տարուան առիթով մաղթանքներ կատարելը շատ հին սովորութիւն մըն է: Յստակ չէ, թէ ան ե՛րբ սկիզբ առած է, կամ ուրկէ՞ եկած է: Բայց մարդկութեան պատմութեան ընթացքին մենք կը հանդիպինք անոր` տարբեր դարերու եւ տարբեր շրջաններու մէջ:

Գտնուած են պապիրոսի վրայ գրուած մաղթանքներ` Եգիպտոսի փարաւոններու օրերէն: Չինաստանի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ղրկել բրինձի թուղթէ պատրաստուած այցելութեան քարտեր, որոնց վրայ գունաւոր մելաններով եւ գեղեցիկ ձեռագիրով գրուած էին ղրկող անձին անունը եւ պաշտօնը:

Որքան հասցէատէրը բարձր դասակարգի պատկանող անձ մը ըլլար, այնքան քարտը մեծ կ՛ըլլար: Եւրոպայի մէջ 15-րդ դարուն հարուստները նոյնիսկ իրենց քարտերը երբեմն գունազարդարել կու տային:

1843 թուականին Լոնտոնի մէջ սըր Հենրի Քոլը Ճոն Քալքոթ Հարսլի գծագրիչէն կը խնդրէ իրեն համար ստեղծել քարտ մը, որ կը ներկայացնէ Ս. Ծննդեան ճաշի սեղանին շուրջ հաւաքուած ընտանիք մը եւ կը բովանդակէ «Մերի Քրիսմըս էնտ հափփի նիւ եիր» մաղթանքը:

Այս գաղափարը շատ շուտ կը տարածուի, յատկապէս` տպագրական կարգ մը աժան միջոցներու շնորհիւ: Ապա, 1840-ին անգլիական դրոշմաթուղթին յայտնաբերումը անոր բաշխումը անոր մեծ յաջողութեամբ կը պսակէ:

1930-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հաստատուի «Սիզընզ կրիթինկզ»-ը (եղանակի մաղթանքներ), որուն նորոյթը կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք: Միակ պարտաւորութիւն` զայն գրել 1 դեկտեմբերին եւ 31 յունուարին միջեւ, պահարանին վրայի դրոշմաթուղթին վրայ կնքուած թուականը իբրեւ փաստ…

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page