Ծանօթանանք ջութակահար, քամանչահար եւ երաժիշտ Արտուշ ՓարսատանեանիՇաքէ Մանկասարեան
top of page

Սիւնակներ

Ծանօթանանք ջութակահար, քամանչահար եւ երաժիշտ Արտուշ Փարսատանեանի

ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 10, 2023


Արմատներով Պարսկաստանէն, տաղանդաշատ երաժիշտ, ջութակահար, քամանչահար, գիրքերու հեղինակ Արտուշ Յովակիմի Փարսատանեան ծնած է 23 Հոկտեմբեր 1951-ին Հայաստանի Կապան քաղաքը:

Արտուշի հայրը՝ Յովակիմ Փարսատանեան Կապան փոխադրուած է 1946-ին Պարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքէն: Յովակիմ ծնած է Պարսկաստանի Ղարատաղի Քարագլուխ գիւղը: Յովակիմ եօթը տարեկանին կը կորսնցնէ մայրը: Հայրը իր հետ Պաքու կը տանի Յովակիմը, հին արհեստ սորվելու եւ աշխատելու նպատակով:

1938-ին, Ստալինի հրամանով, որպէս պարսկահպատակ Փարսատանեաններն ալ Պաքուի հայերուն հետ կ՛ուղարկուին Պարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքը: Պաքու ապրած տարիներուն, Յովակիմ արդէն ընտանիք կը կազմէ եւ կ՛ունենայ երեք զաւակ՝ երկու դուստր եւ մէկ որդի: Թաւրիզի մէջ, ընտանիքը կ՛աւելնայ եւս երեք զաւակով՝ մէկ աղջիկ եւ երկու տղայ:

1946-ին, երբ հայերուն կը թոյլատրուի Հայաստան գաղթել, Յովակիմ ընտանիքով առաջին իսկ հայրենադարձներու խումբին հետ կը կ’երթայ Հայաստան եւ բնակութիւն կը հաստատէ Ղափան՝ այսօրուան Կապան քաղաք, ուր ալ կը ծնի Արտուշը:

Կապանի մէջ, ընտանիքը կը հարստանայ եւս հինգ զաւակներով՝ մէկ աղջիկ եւ չորս տղայ (Արտուշի հետ միասին):

Տասնըմէկ երեխայ ունեցող ընտանիքը երբեք ապրուստի դժուարութեան չի հանդիպիր, որովհետեւ Արտուշի հայրը՝ Յովակիմը (1909-1967) արհեստավարժ կօշկարար էր, որուն գործը ընդունելի ու հաճելի էր այդ օրերու ղեկավար անձերուն համար:


Հակառակ իր ունեցած ծանր մանկութեան, Արտուշի հայրը կը յաջողէր յաղթահարել կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ ստեղծել նախանձելի ընտանիք մը, որ տիպար օրինակ կը դառնար շատերուն:

Ջութակահար Արտուշ Փարսատանեանի մայրը Շուշանիկ Թադէոսի Փարսատանեան (1914 -1996) նոյնպէս Պարսկաստանի Ղարատաղի Քարագլուխ գիւղէն է: Ան երբեք չէ աշխատած. հոյակապ տանտիրուհի էր եւ լաւ մայր: Ան կը յաջողէր զաւակները հայեցի կրթել ու դաստիարակել:

Ջութակահար, քամանչահար Արտուշ Փարսատանեան կը վերյիշէ իր մօր պատմածը, թէ ինչպէ՞ս, երբ առաջին անգամ հօրը հետ Հայաստանի մէջ«Գիքոր» ֆիլմը դիտած են, հայրը արցունքոտ աչքերով նայելով Արտուշի մօր, ըսած է. «այս ֆիլմը իմ մասին է պատմում»:


Երաժիշտ Արտուշ Փարսատարեան յաճախած է Կապանի թիւ 3 Ռուսական միջնակարգ դպրոցը: Միջնակարգ ուսման զուգահեռ հետեւած է թիւ 1 երաժշտական դպրոցի լարային բաժնի ջութակի դասերուն: Երաժշտական դպրոցը աւարտելէն ետք, ուսումը շարունակած է Կապանի Երաժշտական ուսումնարանը:

1970-ին, տեղափոխուած է Երեւան եւ մինչեւ օրս կ՛ապրի հոն:

Երաժիշտ Արտուշ Փարսատարեան աշխատած է Հայաստանի երաժշտական տարբեր դպրոցներուն մէջ: Դասաւանդած է ջութակ, քամանչա եւ քեմանի երաժշտական գործիքներ: Միաժամանակ մաս կազմած է Հայաստանի պետական նուագախումբին որպէս քամանչահար:

«Հայաստանի ժողովրդական Գործիքներու Պետական Նուագախումբի»-ի 40- հոգինոց խումբին հետ, որպէս քամանչահար, Արտուշ Փարսատարեան հանդէս եկած է համերգներով Սուրիոյ՝ Հալէպ եւ Դամասկոս քաղաքներուն մէջ: Հարկ է նշել, որ նշեալ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարն էր Արզաս Ոսկանեան, իսկ նուագախումբի պատասխանատուն՝ Ալեքսանդր Յարութիւնեան: «Հայաստանի Ժողովրդական Գործիքներու Պետական Նուագախումբի»-ի Սուրիոյ համերգներուն մաս կը կազմէին ժողովրդական ու աշուղական երգերու վարպետ մեկնաբաններ՝ Ֆլորա Մարտիրոսեան, Լեւոն Իսպիրեան, Էտուարտ Դարբինեան, Ռուբէն Ռաֆֆիկի Սահակեան, Սուսաննա Սաֆարեան: Համերգներուն հրաւիրուած էին նաեւ Ռուբէն Մաթէոսեան եւ շուիահար Իլյա Մինասեան:

— Ինչ հրաշալի ընդունելութեան արժանացանք Հալէպի ու Դամասկոսի համայնքին կողմէ: 40 հոգինոց խումբը ամէն օր կը հրաւիրուէր ճաշկերոյթի մեր երկու շաբաթուան կեցութեան ընթացքին», կ՛ըսէ խօսակիցս՝ ջութակահար, քամանչահար Արտուշ Փարսատարեան:

Արտուշ Փարսատարեան 45 տարեկանին սկսած է ստեղծագործել: Գրած է թէ՛ երաժշտութիւն եւ թէ՛ բանաստեղծութիւն: Հեղինակ է «Ես Սէր եմ երգում» բանաստեղծութիւններու ժողովածոյին, ինչպէս նաեւ՝ «Բանաստեղծութիւններ Մանուկներին» գրքույկի, «Մանկական Երգեր», «Հայրենասիրական Երգեր», «Մեղեդի» ջութակահարներու համոյթի համար, ինչպէս նաեւ՝ «Հայ Ազգիս» երգչախումբի համար երաժշտական ձեռնարկներ: (Տե՛ս տեսագրութիւնը հոս): Ունի անտիպ սիրերգեր, քնարական երգեր եւ շարք մը բանաստեղծութիւններ:

Արտուշ Փարսատանեանի ընտանիքը

Արտուշ Փարսատանեան ամուսնացած է Կարինէ Մկրտչեանի հետ: Ունի երկու դուստր եւ մէկ որդի: Մեծ դուստրը՝ Արմինէ Փարսատանեան աւարտած է Հայաստանի Պետական Համալսարանը, անգլերէնի եւ իտալերէնի մասնագէտ է: Երկրորդ դուստրը՝ Նարինէ Փարսատանեան աւարտած է Հեռացիի Անուան Բժշկական համալսարանը եւ կ՛աշխատի որպէս բժշկուհի:

Որդին՝ Նարեկ Փարսատանեան, որ աւարտած էր Հայաստանի Պետական Համալսարանի «Ինֆորմատիքա-Մաթեմատիքայի Կիրառական» բաժինը, իր 27-ամեայ կեանքը զոհաբերեց հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի բագինին: Ան կը նահատակուի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին՝ իր անունը յաւերժացնելով հերոսներու շարքին: «Ան չափէն աւելի խելացի էր: Կը տիրապետէր երեք լեզուներ (հայերէն, ատրպէյճաներէն եւ ռուսերէն): Ունէր գեղեցիկ ու հնչեղ ձայն, բայց հազուադէպ կ՛երգէր», կ՛ըսէ հայրը՝ երաժիշտ Փարսատանեան:

Տաղանդաշատ երաժիշտ Արտուշ Փարսատանեանի հետ մեր զրոյցը կարելի է դիտել հետեւեալ կապով:

Առ ի տեղեկութիւն

  • Երգիչ Լեւոն Իսպիրեան (1952-2003):

  • Երգիչ, բանասէր Էտուարտ Դարբինեան, այժմ աւստրալաբնակ:

  • Ռուբէն Ռաֆֆիկի Սահակեան:

  • Սուսաննա Ամբիկի Սաֆարեան

  • Ռուբէն Մացակ Մաթէոսեան, ծն. 12 Յունուար 1941, Սպիտակ, Հայաստան, հայ երգիչ, փրոֆէսոր (1996)։

  • Շուիահար Իլյա Մինասեան (1929-2009), փրոֆէսոր (1996)։ Եղած է առաջին արուետագէտը, որ հայկական շուին ներկայացուցած է արտերկրի մէջ:

  • o «Հայաստանի ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը» հիմնուած է 1977-ին, Երեւան (հիմնադիր՝ Կ․ Միրզոյեան, 1977-1980, նաեւ գլխաւոր խմբավար ու գեղարուեստական ղեկավար, 1981-1986՝ Վ․ Բալեան, 1987 թուականէն՝ Հ․ Մանկասարեան): Աղբիւր՝ Ուիքիփետիա:

  • Երգիչ ու երգահան Արզաս Ոսկանեան:



Recent Posts

Search By Tags

bottom of page