top of page

Սիւնակներ

Արուեստի փիլիսոփայութեամբ ապրող գիտնականը` փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեան

ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 5, 2023


փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեան

«Գիտական միտքը կը փորձեմ լուսաբանել նաեւ արուեստի միջոցով»:

Սուսաննա Դաւթեան

Ո՞վ է Սուսաննա Դաւթեան:

Սուսաննա Դաւթեան ինքզինք Սասունցի է ծնունդով: Մայրը Սիրանուշ՝ Բաթումեցի, իսկ հայրը Համբարձում՝ Սասունցի, Սասուն ծնած: «Ես դաստիարակուել եմ Սասունցիներու ոգով: Շատ կը սիրեմ սասունցիներու երգն ու պարը, նիստն ու կացը: Սասունցիները բնածին տաղանդաւոր երգող ու պարողներ են: Նաեւ ազգային, ազատատենչ ոգին ծնած օրէն իրենց մէջ կրողներն են», կ՛ըսէ Սուսաննա Դաւթեան:

Սուսաննա Դաւթեան Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական Բժշկական համալսարանի հասարակագիտական առարկաներու ամպիոնի փրոֆեսոր, փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, UNESCO ՒՒՆԵՍՔՕ-ի Bioethics ամպիոնի Հայֆա հայաստանան մասնաճիւղի վարիչ է: Ան համալսարանական աշխատանքին զուգահեռ կը շարունակէ աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ միջազգային տարբեր խորհրդաժողովներու:

Սուսաննա Դաւթեան Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական հրաւէրով, 25-26 Մայիսին մասնակցած է Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած Ազգային Բարոյագիտութիւն (ethics) կոմիտէներու 31-րդ խորհրդաժողովին (NEC Forum)։ (տե՛ս նկարը):


փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեան

Ան նախապէս Եւրոխորհուրդէն հրաւէր ստանալով մասնակցած էր նաեւ Փարիզի մէջ կայացած «Ազգային խորհրդատուական Բարոյագիտութիւն» կոմիտէներու 29-րդ խորհրդաժողովին: (Տե՛ս նկարը): Հրաւիրուած է նաեւ 24-րդ խորհրդաժողովին՝ 2019-ին եւ զայն նախորդած խորհրդաժողովներուն:


փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեան

Եթէ գտնուած էք Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի վարչական մասնաշէնքի «հասարակագիտական նիւթերու» ամպիոնի յարկին վրայ, եւ ֆրանսերէնի հնչիւններ լսած էք՝ դաշնամուրային նուագակցութեամբ, ապա վստահ եղէ՛ք, որ ուսումնական հաստատութեան մէջ ստեղծագործական դադարի հեղինակը փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր Սուսաննա Դաւթեանն է:


փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեան

Լուսինէ Զաքարեան, Օլկա Գապայեան եւ Սուսաննա Դաւթեան, Սոչի, 1973

Սուսաննա Դաւթեան Լուսինէ Զաքարեանի ծանօթացած է Խորէն Պալեանի միջոցաւ, որ ինչպէս ծանօթ է, 12 տարի Էջմիածնի վանքին մէջ փոխլուսարարապետ ծառայելէն ետք, ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքը (կաճառ):

1965-ին, գեղարուեստական եւ մշակութային երեկոյթ մը տեղի կ’ունենար ԵՊՀ սեւ շէնքին մէջ (Աբովեան փողոց 56), նուիրուած՝ Ֆ.Վերֆելի «Մուսա լեռան 40 օրը» գիրքին: Երեկոյթին կը մասնակցէին ԵՊՀ ուսանողներ, որոնց շարքին՝ Խորէն Պալեանը, որպէս երգիչ եւ երկրորդ տարուայ համալսարանի ուսանողուհի Սուսաննա Դաւթեանը՝ որպէս ասմունքող եւ դաշնակահար: Երեկոյթի աւարտին, Խորէն Պալեանը Սուսաննայէն կը խնդրէ այնուհետեւ իրեն նուագակցիլ: Սուսաննա կը համաձայնի եւ կը նուագակցի ոչ միայն Պալեանին, այլեւ Սվետլանա Զաքարեանին (այն ժամանակ Լուսինէն դեռ Սվետլանա էր), իսկ յաճախ ալ՝ երկուքին միասնաբար:

Սուսաննա Դաւթեան Մայէսթրօ Չեքիճեանին կը ծանօթանայ 1964-ին, երբ անոր ղեկավարութեամբ կը նուագակցի եւ կ’երգէ համալսարանի ուսանողական քառաձայն երգչախումբին մէջ։

«Երջանկութիւն ու պատիւ ունեցած եմ նուագակցելու եւ երգելու Յովհաննէս Չեքիջեան եզակի խմբավարի ղեկավարութեամբ։ Ի՜նչ լաւ է, որ մարդ յիշելու բան ունի․ ո՞ր մէկը յիշես, Պէթհովէնի 9-րդ սիմֆոնին, Մոցարթի ռեքվիեմը, Օրֆի Քարմինա Պուրանան, Կոմիտասի, Եկմալեանի գործերը, Փարիզի, Լենինկրատի, Ժընեւի, Պէյրութի, Մոսկուայի, Թալլինի, Ռիկայի․․․ անկրկնելի համերգները․․կը պատմէ Սուսաննա Դաւթեան:

Լուսինէ Զաքարեանի եւ Հայաստանի Ազգային (նախապէս Պետական) ակադեմիական երգչախումբի Մայեսթրօ Յ. Չեքիճեանի ղեկավարութեամբ, Սուսաննա Դաւթեան ելոյթներով գտնուած է Փարիզ, Պէյրութ, Մոսկուա եւ բազմաթիւ այլ վայրեր: 1974-ին, հրաւիրուած են Պէյրութ, Իւնեսքօ սրահ, Լիբանան: Այդ առիթով, Պէյրութի «Շիրակ» երգարանի հրատարակիչները՝ Հանեսեան եղբայրները մէկական օրինակ երգարան նուիրած են Լուսինէին եւ Սուսաննային:

Սուսաննա Դաւթեան կը պատմէ Լուսինէ Զաքարեանի եզակի համեստութիւնը բնորոշող դրուագ մը. «նախապէս ըսեմ որ «Շիրակ» երգարաններուն մէջ կը գրուէր երգը` նօթաներն ու բառերը, իսկ յետոյ`լաւագոյն կատարողներու ազգանունները ըստ հերթականութեան»: «Դուք պիտի տեսնէիք Լուսինէի տարակուսանքն ու ամօթխածութիւնը, երբ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրորոցային»-ի տակ գրուած տեսաւ սկիզբը իր, ապա Գոհար Գասպարեանի ազգանունը. «ամօթ է, ինչպէ՞ս կարելի է, որ իմ ազգանունը գրուի Գ.Գասպարէանէն առաջ»:

Երեւանի մէջ ամէն մէկ հին ու նոր հանդիպում ունի իր դրուագը: Գրող Ռուբէն Յովակիմեանի «Ես իմ Եարն եմ սիրում» գիրքին շնորհահանդէսը, անցեալ Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի ունեցաւ Լուսինէ Զաքարեանի Տուն-թանգարանին մէջ, ինչպէս նախապէս, Հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցած էր հեղինակին «Մեր խոհերի հետ» գիրքին շնորհահանդէսը, կազմակերպութեամբ՝ վերոնշեալ թանգարանի տնօրէնուհի Սուսաննա Դաւթեանի:

Մինչեւ շնորհահանդէսին օրը, մենք արդէն մեր հաւաքին բարեկամ-բարեկամուհիներով հանդիպած էինք Սուսաննա Դաւթեանին. կարծես երկար տարիներու բարեկամներ ըլլայինք:


փրոֆ. Սուսաննա Դաւթեան

Կենսագրական

Սուսաննա Դաւթեան գերազանցութեամբ աւարտած է Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 դպրոցը։ Ապրելով հայ թատրոնի ու սինեմայի անուանի դերասանուհի Մետաքսեայ Սիմոնեանի հարեւանութեամբ՝ մայրաքաղաքի Աբովեան փողոցին վրայ, Սուսաննա Դաւթեան փափաքած է դերասանուհի դառնալ։ Մայրը ընդդիմացած է՝ ըսելով, թէ դերասանները, որպէս կանոն, ամուր ընտանիք չեն ստեղծեր։ Այդ պատճառով, ան որպէս ուսողական եւ միաժամանակ լեզուաբանական գիտելիքներ տէր, կ՛ընդունուի Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը, որ կ՛նդգրկէր կիրառական լեզուաբանութեան, մեքենական թարգմանութեան այդ օրերու նորաբաց բաժինը։ Նշենք, որ ան ոսկի շքանշանով աւարտած է միջնակարգը ու իբրեւ յառաջադէմ՝ Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական դպրոցը:

1970-1973, ուսումը շարունակելով Խ. Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մոսկուայի ընկերաբանութեան հիմնարկի դոկտորական ատենախօսութիւնը պաշտպանելէ ետք կը վերադառնայ Հայաստան։

1978 թուականի յունուարէն կը դասաւանդէ Երեւանի բժշկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ։ Հասարակագիտական նիւթերու ամպիոնի իր աշխատասենեակին, ինչպէս նաեւ իր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունին արուեստը եւ մշակոյթը։

Տասնամեակներու բեղուն մասնագիտական գործունէութեան եւ հասարակական ու մշակութային տարբեր աշխատանքներու զուգահեռ, Սուսաննա Դաւթեանը նաեւ 78 գիտական աշխատասիրութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ է, որոնց շարքին՝ Հայաստանի մէջ մայրենի լեզւով առաջին եւ առայժմ միակ «Պիո՝էթիքա» (Bio-Ethics) դասագիրքը, զոր հանրապետութեան գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութիւնը երաշխաւորած է որպէս դասագիրք բժշկական բուհերու ուսանողներուն համար, «Bioethics Handout» ուսումնական ձեռնարկը՝ անգլիալեզու եւ «Биоэтика учебное пособие»՝ ռուսալեզու ուսանողներու համար: Հրատարակութիւններէն մէկը նուիրուած պետական մրցանակներու դափնեկիր մեծ խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի։

Սուսաննա Դաւթեան ամուսնացած է իր դասախօսի՝ իրաւաբան Վիլեն Պետրոսեանի հետ (պապենական արմատներով Կարս, Ախալքալաքի ծնունդ – 1936-1998): Ունի մէկ զաւակ:


Պարգեւներ

Հոկտեմբեր 2023 – Կոմիտասի յուշամետալ՝ ազգային երաժշտարուեստին անմնացորդ նուիրումի, ակնառու աւանդի եւ ՀԵԸ Հայաստանի Երաժշտական Ընկերութեան 65-ամեայ յոբելեանին առիթով:

27 Յունուար 2017 — Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «ՄԱՅՐԵՆԻԻ ԴԵՍՊԱՆ» մետալով՝ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման մէջ նշանակալից ծառայութիւններ մատուցելու եւ սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման գործին մէջ իր ունեցած ներդրումին համար:

2010 — Ոսկի կրծքանշան՝ համալսարանին անգնահատելի աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ կրթութեան, գիտութեան, բժշկութեան բնագաւառներուն մէջ իր անբասիր գործունէութեան համար:

2005 — Ոսկի մեդալ՝ երկարամեայ անբասիր գիտամանկավարժական եւ վարչական աշխատանքներու համար:

2000 — ԵՊԲՀ «Պատւոգիր»՝ երկարատեւ, բարեխիղճ աշխատանքի համար:

Աղբիւրներ՝

1 comment

1 comentario


Seta Baliozian
Seta Baliozian
26 nov 2023

Յաջողութիւն սիրելի Սուսաննա Դաւթեան

Me gusta

Recent Posts

Search By Tags

bottom of page