top of page

Սիւնակներ

La Roseraie d’Armenie «Վարդենիք Հայաստանեաց» Արշակ Չօպանեան

✎ Շաքէ Մանկասարեան

Վարդենիքի» երկու հատորները 1914 թ. արդէն գրեթէ պատրաստ էին. պատերազմը յետաձգեց աշխատանքները: Առաջին հատորը լոյս կը տեսնէ 1918 թ., իսկ երրորդը՝ 1929 թ.

1923 թ. Ա. Չօպանեանը լոյս կ’ընծայէ «Վարդենիք Հայաստանեաց»-ի («La Roseraie d’Armenie») երկրորդ հատորը (341 էջ) ձօնուած բռնակալութեանը զոհուած հայութեանը: Այն կ’ընդգրկէ նաեւ բազմաթիւ հայ միջնադարեան նշանաւոր եւ անյայտ հեղինակներու մի քանի տասնեակի հասնող բանաստեղծութիւններու՝ ֆրանսերէն բարձրարուեստ թարգմանութիւններ, որ կատարեր էր Չօպանեանը: Գիրքը ունի նախաբան, ուր հեղինակը ընդհանուր գիծերով կը բնութագրէ թէ՛ ժամանակաշրջանը եւ թէ՛ հեղինակներուն:

Ա. Չօպանեանը մեծ վաստակի հասաւ հայ մշակոյթի տարածման բնագաւառին մէջ, եւ նոյնքան վիթխարի նշանակութիւն ունեցաւ անոր աննախադէպ Ա. Չօպանեանի երահատոր La Roseraie d’Armenie [1]«Վարդենիք Հայաստանեաց» ֆրանսերէն գործը:

Ա. Չօպանեանի գրական-հասարակական գործունէութեան 35-ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդէսը Փարիզի մէջ, որուն կը նախագահէր Ալեքսանտր Շիրվանզադէ ըսած էր «Յանուն հայրենիքի դուք օտարներուն դռները բախեր էք ոչ դատարկ ձեռքերով, ոչ ողորմութիւն խնդրելու համար, այլ արդարութիւն, այլ հատուցում իր պարտքի: Ձեր հոյակապ La Roseraie d’Armenie-ն միայն բաւական է իբրեւ մուրհակ ազգերու դիմաց եւ իբրեւ ապացոյց, թէ որքան գնահատելի եւ որքան պանծալի է մեզ համար այսօրուան օրը»:

Աւետիք Իսահակեան 1923-ին անձնական նամակով գրած էր Չօպանեանին. « …նորից պիտի ասեմ. Roseraie-ն մի գանձարան է, մի դիւթական պարտէզ մեր փառքի, մեր լոյսերու, մեր հանճարի … եւ Ձեր դերը, սիրելի մեծանուն եղբայր, հսկայական է մեր մէջ, ու անսպառ է Ձեր հայրենասիրութիւնը, Ձեր նուիրումը մեր ազգին, իսկ Ձեր վարձը գրեթէ ոչինչ, քաղքենի մտքով, բայց անմոռանալի է ու պիտի մնայ անմոռանալի Ձեր անունը»:

Հայ հոգեւոր մշակոյթի երկու մեծ երախտաւորներ՝ Աւետիք Իսահակեանն ու Արշակ Չօպանեանը, եղեր են ջերմ բարեկամներ: Նախքան հանդիպելը ծանօթ եղեր են իրար՝ շնորհիւ իրենց ստեղծագործութիւններու ու գործունէութեան:

Ա. Չօպանեանը Ա. Իսահակեանին ճանչցած է՝ կարդալով Նիկոլ Աղբալեանի ընդարձակ գրախօսականը անոր առաջին՝ «Երգեր ու վէրքեր» ժողովածուի (1898, Ալեքսանդրապոլ) վերաբերեալ՝ տպագրուած «Մուրճ» ամսագրի 1898 թ. 6-րդ թիւ: Երկկողմ հետաքրքութիւնը շարունակուեր է նամակներու փոխանակութեամբ:

Ա. Չօպանեանի ծննդեան 145-րդ տարեդարձին հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ . «Ա. Չօպանեանի Գ­րա­կան–մշա­կու­թա­յին մեր հարս­տու­թեանց յու­շա­րար պատ­գա­մա­բե­րը: Անձ­նա­կան եւ նա­մա­կագ­րա­կան կա­պեր ու­նե­ցաւ ժա­մա­նա­կի եւ­րո­պա­ցի գրող­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ։ ­Թարգ­մա­նեց եւ ֆրան­սե­րէ­նով հրա­տա­րա­կեց հին ու նոր շրջա­նի հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու բազ­մա­թիւ եր­կեր։ Այդ աշ­խա­տան­քին պսա­կը ե­ղաւ «­Վար­դե­նիք ­Հա­յաս­տա­նի» ֆրան­սե­րէն (հ. 1-3, 1918-1929) ժո­ղո­վա­ծուն։

Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան եր­կար ապ­րե­ցաւ եւ բախ­տը ու­նե­ցաւ սերն­դա­կիցն ու գոր­ծա­կի­ցը ըլ­լա­լու հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան թէ՛ նա­խաե­ղեռ­նեան, թէ՛ յետ–ե­ղեռ­նեան սե­րունդ­նե­րուն։ Իբ­րեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մեծ ճա­շա­կի տէր հե­ղի­նա­կու­թիւն՝ գրա­կան քննա­դա­տի իր ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ ար­ժէք­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման եւ խրա­խուս­ման մէջ։

Արշակ Չօպանեանը համաշխարհային եւ հայ գրականութեան պատմութեան լաւագոյն գիտակ էր, ժամանակի հայ գրական քննադատութեան առաջնակարգ դէմքերէն մէկը:

Ինչ­պէս որ 1913ին Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ գրած է ­Չօ­պա­նեա­նին ուղ­ղո­ւած անձ­նա­կան իր նա­մակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ՝ «միս–մի­նակդ ը­րիր ինչ որ շա­տեր միա­ցած չէին կրնար ը­նել. եւ ինչ որ ա­մէ­նէն յար­գե­լին է քու աշ­խա­տու­թեանց մէջ, դուն հիա­նա­լի եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ մը նո­ւի­րե­ցիր ինք­զինքդ փշրանք­ներն ու նշխար­նե­րը հա­ւա­քե­լու մեր գրա­կան ան­ցեա­լին, ճիշդ ա­նոր՝ որ ա­մէ­նէն մոռ­ցո­ւածն ու լքո­ւածն է»։

«Ազգ մը չի կոր­սո­ւիր, երբ գի­տէ իր սխալ­նե­րը ճանչ­նալ եւ ին­քը զին­քը ուղ­ղել»: Արշակ Չօպանեան

Շաքէ Մանկասարեան

radioayk@gmail.com

Աղբիւր՝ Երեւան «Սովետական գրող» 1988, 827 էջ, Յառաջաբանը՝ Կարլեն Դալլաքյան

[1] La Roseraie d’Arménie volume IIII pages choisies des meilleurs poètes US$ 351.41

TCHOBANIAN (Archag), collectif , Published by Paris, Librairie Auguste Leroux, 1929,, 1929 https://www.abebooks.com/Roseraie-dArm%C3%A9nie-volume-IIII-pages-choisies/1505019216/bd

0 comments

Comments


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page