Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին
✎ Փրոֆ. Արա Սայեղ
Ծ․Խ․- Ստորեւ յօդուածը ամբողջութեամբ լոյս տեսած է ընթացիկ տարուան Յունիսի երկրորդ կիսուն, Երեւանի մէջ հրատարակուած՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորին մէջ, խմբագրութեամբ՝ Փրոֆ. Արա Սայեղի եւ Շաքէ Մանկասարեանի։
Փրոֆ. Արա Սայեղ
Ա․ Յառաջաբան
Կարելի չէ քանի մը էջերու նեղ սիւնակներուն մէջ վերլուծել, պարզաբանել եւ ամփոփել Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակելու խորքային, բազմաշերտ եւ բազմաբովանդակ իմաստներն ու պատգամները։ Հասկնալի է նաեւ, որ մատներու չրթոցով մը չեն իրականանար այդ պատգամներուն գործնականացումը, սակայն նուազագոյն պատասխանատուութեամբ կարելի է նեցուկ հանդիսանալ, հեռատես լուծումներու մասին մտածել, ուսումնասիրելով ազգաշէն ելքեր, վերլուծելով այլընտրանքային օգտաշատ ծրագիրներ: «Սփիւռքի տարի» հռչակումը միջազգային հեղինակութիւն ունեցող հայրապետի մը կողմէ, որ յատկանշուած է կրօնապետի հարուստ կենսափորձով, իր խորաթափանց միտքին, հոգիին, գրիչին եւ հովուական ու հովուապետական բազմօգուտ բովանդակութեան արգասիքն է։
Հայկական սփիւռքը իր գերյոգնած մարտահրաւէրներով, համաշխարհայնացումի քաշկռտուքին դիմաց անհաստատ, օրէ օր որակի սով մը ապրող, ինքնամաշումի իրավիճակէն, բեւեռացած խրամատներէն, ապագայի անորոշ հորիզոնէն դուրս բերելու համար զգաստացնող ահազանգի մը կը կարօտի, թմրութիւնը թօթափող անյետաձգելի ուժգին սթափումի մը պահանջը ունի: Արամ Ա. կաթողիկոս այդ մարտակոչը խստաշունչ բարձրաձայնեց, վտանգները ահազանգեց եւ վերջապէս անկիւնադարձային հռչակագիրով մը ազդարարեց:
Արամ Ա. Վեհափառը իր անկիւնադարձային «Սփիւռքի Տարի» հռչակագիրին մէջ թելադրական հնչեղութենէն կ’անցնի անյետաձգելիօրէն իրագործելու հրամայականին եւ կը սահմանէ գործելաոճի ուղենիշները՝ վերակազմակերպում, վերաթարմացում, վերաիմաստաւորում, վերաշխուժացում բանալի ուղղուածութիւնները, առանց գործնական ծրագրի մը նախադրեալները պարզաբանելու կամ անոնց գործիքակազմերը մեկնաբանելու։ Բայց եւ այնպէս անոնց ճիշդ ընկալելու եւ կշռադատելու հմտութիւնը կը կայանայ Սփիւռքի մէջ ընկալող միաւորներու դատողութեան եւ այդ միաւորներու կողմէ գործնական քայլեր, ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ որդեգրելու իրենց մասնագիտութեան ու փորձառութեան վրայ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս 2003 թուականէն սկսեալ, յատուկ նախանձնախնդրութեամբ, ամէն տարեսկիզբին առանձնայատուկ հռչակագրով մը անդրադարձած է ոչ միայն հայ սփիւռքի իրականութեան, մեր ինքնութեան, ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ առնչուող զանազան հարցերուն, այլ նաեւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ գերագոյն իմաստ ունեցող մեր մասնիկներուն, սկսելով յատկապէս համասփիւռքեան կենսական եւ կարեւորագոյն բաղադրիչներէն՝ հայ ընտանիք, դպրոց, գիրք, մամուլ եւ տակաւին հայ կնոջ, հայ մօր, հայ մանուկի, տարեցի, ծառայութեան, յատուկ խնամքի, վերանորոգումի եւ այլն։ Մէկ խօսքով 2022 թուին Վեհափառը համասփիւռքեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն կ’անցնի դէպի բազմաբարդ Սփիւռքի համապարփակ եւ բազմախուռն պարունակին։
Հաստատ իրականութիւն է, որ Սփիւռքի հայ կեանքին մէջ տիրական դարձած կարծրատիպերը պէտք է նորոգուին, վերանորոգուած կամքով, թարմացած թթուածին պէտք է ներածուի, ներկային մէջ չապրելու հինը կամ մաշեցնող անցեալը, չփնտռելու մեր ապագան անցեալին մէջ։
Լոզունքներէ, լալկան եւ տրտնջացող տրամաբանութենէն շատ հեռու, բուժելու կամքով եւ կարողութեամբ, գիտական հմտութեամբ տոգորուած, փորձառու եւ արհեստավարժ լրջախոհութեամբ գործելու ու մասնագիտացած ուղղութիւններով ընթանալու անյետաձգելի հրամայականին, որուն դէմ յանդիման ենք:
Ուսումնասիրուած գիտական եզրայանգումներու համար կարիքը ունինք նախ քննադատական վերլուծութեան, բաղդատական դատողութեան եւ վերամշակուած գիտական ձեւաչափով եւ մասնագիտական մօտեցումով ծրագիրներ մշակելու գործընթացին, ճիշդ կողմնորոշումի, որոնք վստահաբար, պէտք է պատրաստուած ըլլան մասնագիտացած եւ փորձառու հայ մարդուժի կողմէ` կրթական, գիտական, մշակութային, տնտեսական, բարեսիրական եւ այլ ոլորտներուն մէջ, եւ մանաւանդ ժամանակակից, ճկուն լծակներով եւ գործիքակազմերու միջազգային զուգահեռներով։
Վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած բոլոր շնորհակալ նախաձեռնութիւնները, զանազան համայնքային հանդիպումներ, գաղութային խորհրդակցութիւններ, քննարկումներ, խորհրդաժողովներ, համագումարներ, լսարաններ եւ այլն, մնացին ոչ պարտաւորիչ եւ անկախ, տեսական եւ անկաշկանդ պարունակի կամ մակարդակի վրայ։ Նոյնիսկ բազմազան վերլուծումները, ահազանգող ալեկոծումները, թարմացումները շոգիացան՝ անհետացան մնալով միայն մամուլի էջերուն վրայ իբրեւ յիշատակելի եւ չգործադրուած իրադարձութիւններ, անցուդարձեր։
Այդ բոլորը պէտք ունէին մարմնաւորուելու աշխատանքային քարտէսներով եւ գործնական ծրագիրներով։ Պէտք էր զօդուէին համահայկական ցանցային, հետեւողական, լուրջ աշխատելաոճով եւ համարատու գործիքաւորումներով, վաւերացուած գործնական գիրերով, յուշագիրներով եւ հայկական միաւորներու միջեւ համաձայնութիւններով, որոնք բարոյական նուազագոյն պարտաւորութիւն մը պիտի ունենային, լուրջ մօտեցումով գործնականացնելու առնուած որոշումները։
Նման պարունակի հեռանկարներով, այդ բոլոր ակնկալուած բարեփոխութիւնները պիտի կարենան ապահովել աւելի արդիւնաւէտ, ճկուն, եւ մանաւանդ թարմացած կառոյցներով ապագայատեսիլ Սփիւռք մը։ Այո՛ պէտք է երկրորդել վերականգնումի ճշմարտութեան հաստատումին եւ անհրաժեշտութեան, բայց հարց պէտք է տալ՝ իսկ ի՞նչ ընել անկէ անդին, ի՞նչը վերականգնել եւ ինչպի՞սի ծրագիրներով եւ գործիքաւորումներով վերականգնել։ Կը մնայ յիշել եւ վերյիշեցնել, որ այսօր ինչպի՞սի սերմնացանութիւն կ‘ընենք, վստահաբար ապագային պիտի հնձենք ա՛յն՝ ինչ որ ցանեցինք…։
Բ․ Տրամախոհական դիտարկումներ
Սփիւռքը ամէնօրեայ տագնապ է, Սփիւռքի գոյառումը պէտք է մեր ամէնօրեայ մարտահրաւէրը ըլլայ, Սփիւռքի բազմաբարդ թղթածրարը յարատեւ հսկողութեան տակ պէտք էր պահէինք եւ մշտատեւ պահենք ։
Հարց տանք՝ երկու տասնեակ տարիներ սպասելու կարիքը կա՞ր, որ Սփիւռքի յատուկ նման հռչակագիր մը այս տարի ծանուցուեր։ Արդար է հարցադրել, թէ արդեօք հաշուեյարդարի ենթարկուա՞ծ են նախորդ հռչակուած տարիներու ընթացքները, համարատուութեան լծակնե՞ր ունէին, լուրջ քննարկումներ եղա՞ծ են, եզրայանգումներ կատարուա՞ծ են, ուսումնասիրութիւններ, վերլուծումներ կա՞ն, ի՞նչ են հետեւանքները, աշխատանքային կամ ճանապարհային քարտէսները եւ գործնական ծրագիրները։
Ո՞վ պիտի խօսի ամբողջ հայ ազգի անունով, որո՞ւն վստահած ենք մեր հայ էութեան մասին խօսիլը, ապագան ծրագրելը։ Կը հաւատանք որ Սփիւռքը ոչ ոքի իրաւունք չէ տուած միջազգային հարթակներու վրայ իր անունով խօսելու, իսկ Հայաստանի հայութիւնը այդ իրաւունքը կամայ թէ ակամայ արդեօք Մոսկուայի՞ն յանձնած է, պէտք է վերատեսութեա՞ն ենթարկէ այդ ընտրանքը։ Ուստի, երբ չկայ հայ Սփիւռքի անունով խօսող մարմին մը, ուրեմն ամէն հայ միաւոր ինքզինք կրնայ համարել հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչը, խօսնակը։ Ի՞նչ ընել ուրեմն, որո՞ւ վստահիլ այդ իրաւունքը։ Ո՞վ պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնը։ Ո՞վ կեանքի պիտի կոչէ եւ գործնականացնէ ու ղեկավարէ ծրագրուելիք վերոնշեալ գործնական ծրագիրները։
Մենք Սփիւռքի հեղինակութեան ՀՍԿԱՅ տագնապ մը, ներկայացուցչութեան բաց մը ունինք, միջազգային ճանաչելիութեան եւ օրինաճանաչութեան հարց մը ունինք:
Մտածա՞ծ ենք, որոշա՞ծ ենք հաւաստի ղեկավար մարմնի մը մասին, դեռ ժամանակը չէ՞ հասած, դեռ ստեղծելու հողը պատրաստ չէ՞, ինչքա՞ն պիտի սպասենք համասփիւռքեան հեղինակութիւն եւ ճանաչելիութիւն ունեցող մարմին մը կազմելու համար։
Աշխարհագրականօրէն բացակայ է լիազօրուած համահայկական մարմնի մը ներկայութիւնը, համահայկական շահերը ղեկավարողն ու պաշտպանողը – անկեդրոն էութեամբ հայ Սփիւռքի մէջ զգալի ներկայութիւն են հայկական համայնքները, որոնք զանազան թուաքանակներով կը պարունակեն ինքնավար եւ երբեմն անտէր, անկազմակերպ եւ բազմաբնոյթ կառոյցներ՝ պատմական, յետեղեռնեան, յետխորհրդային, խառնածին եւ բազմաշերտ սերունդներով։ Պարզ օրինակ մը տալու համար, կարելի է հարցնել՝ մեծ մարտահրաւէր մը չէ՞ այսօր Սփիւռքի մէջ սովորական մարդահամար մը ծրագրելը եւ իրականացնելը․․․ եւ այլն։
Իրականութիւն է, որ Սփիւռքի մէջ, մենք պետական համակարգումի կառոյց չունինք, եւս առաւել մեր բոլոր կառոյցները (կուսակցական, յարանուանական, մշակութային…) ինքնիշխան չեն, դարձեալ կը մնան հոգեւոր կամ կուսակցական իշխանութիւններու ենթակայութեան ներքոյ։
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ չունինք պետական կառոյցի մտածելակերպ, չունինք պետականամէտ գործունէութիւն, նամանաւանդ միաձուլած ենք համահայկականն ու հայկականը, նոյնպէս անոնց հանդէպ մեր դատողութիւնները, մեր կեդրոնացումը մսխած ենք միայն հայկականին չգերադասելով համահայկականը։
Պէտք է ստեղծել մրցունակ կրթութիւն, գիտականն ու իմաստասիրութիւնը արժեւորող միջավայրեր, համահայկական ստեղծարար հարթակներ, հայ գիտական ենթակառոյցով համակարգեր, որ ականջալուր ըլլան դարու գիտական հրամայական պահանջներուն եւ աչալրջօրէն իրականացնեն զանոնք։
Հրամայական է, թէ՛ ուսումնական եւ թէ կրթական ներկայ գործընթացներուն մէջ յարափոփոխութիւնն ու նորարարութեան յարատեւութիւնը, փոխներգործութիւնը։
Առանց յապաղումի անշահախնդիր կազմակերպչական ենթակառոյցի մը եւ զայն ղեկավարող միաւորներու անհրաժեշտութիւնը կայ:
Վերակազմակերպումի արժանի է կրթական մեր կեանքի մէջ տեղեկագիտական (information system), արդի արհեստագիտութեան (technology), անգոյական կամ երեւութական (Vitrual), ցանցանեարդ (Neural) եւ հեռահաղորդակցութեան (telecommunication) վրայ հիմնուած համակարգերու կիրառումը։ Այսպէս՝
Կրթական կառոյցներու իրավիճակը բարելաւելու համար, հեռանկարային ելքերով ծրագիրներ պէտք է մշակել, իրապաշտ լուծումներու գործադրութեամբ կամ կիրառումով:
Գ․ Սփիւռքի հաւաքական գիտական ներուժը
21-րդ դարու զարգացած տարբեր երկիրներու մէջ գիտահետազօտական կամ այսպէս կոչուած մտքի պաշարներու կեդրոններ (think tank), որոնք իբրեւ ռազմավարական գաղափարներու դարբնոցներ (The smithies of strategic ideas) կը զարգանան եւ կը դառնան ոչ միայն ներպետական, այլ հանրային քաղաքականութեան միջազգային դերակատարներ, որոնք կ’իրագործեն զանազան հետազօտական ծրագիրներ՝ ռազմական հաւասարակշռութեան, ազգային անվտանգութեան, ահաբեկչութեան, տնտեսագիտութեան ծրագիրներ։ Այսպիսով այս կեդրոններու ներկայացուցած գիտական ուսումնասիրութիւնները ազդեցիկ եւ երբեմն վճռական ազդեցութիւն ունին ռազմավարութիւն մշակող այրերու ծրագիրներուն վրայ եւ նշանակալի դերակատարութիւն ունին նաեւ որոշում կայացնող ղեկավար մարմիններու վրայ։
Հայ Սփիւռքի մէջ աչքառու է անհատական ներուժի նախաձեռնութիւններու կիրառութիւն, մակերեսային է մեր հաւաքականի ներուժը եւ իրար հանդէպ մեր զիջողութիւնը։
Հաստատութենական (Institutional) քաղաքականութիւնը պէտք է ընդունիլ, որպէս փրկօղակ: Այդ ռազմավարութեան պակասը շատ զգալի է, որով հայ բազմաշերտ կառոյցները չունին հաստատութենական մտածողութեան համակարգեր, ուստի չկայ մեր ազգի հանդէպ, պատասխանատուութեան, համարատուութեան եւ հաշուետուութեան լծակներ, դէտեր։
Հաստատութենական մտածողութիւնը պէտք է բացարձակ անկախ ըլլայ բոլոր ներգործող հեղինակութիւններէն, հանգամանքներէն՝ նախ եւ առաջ կուսակցական, կրօնական, յարանուանական, միութենական եւ այլն։ Այսօր մեզի կը պակսի հաստատութենական ռազմավարութեան տարբերակը եւ ըստ այնմ մեր հարցերու լուծումներուն գործնականացումը։
Ունինք աննման հերոս անհատներու երկար անուանացանկեր, որոնք ունին բարեսիրական հիմնարկներ եւ բարեգործական հիմնադրամներ, նիւթական եւ կազմակերպչական միջոցներով կը ծրագրեն, կը ղեկավարեն եւ ժամանակաւոր ձեւով խնդիրներ կրնան լուծել Սփիւռքի մէջ, եւ մենք անոնց շնորհիւ կը գտնենք մեր երկար տոկալու եւ տեւելու ուժի խափուսիկ ինքնագոհութիւնը։
Սփիւռքի երկարատեւ լուծումները լուրջ հաւաքական եւ պիւտճէական աղբիւրներ, միջոցներ կը պահանջեն, այդ միջոցները անհատներէն վեր են։ Հաստատութենական կառոյցներն են, որոնք ունին երաշխաւորութիւն ստանձնող իսկական հաւաստիքներ, որոնք կարող պիտի ըլլան մեր կառոյցները կենսագործելու, մտաւոր հարուստ պաշարով սերունդներ հասցնելու, պատրաստելու, մէկ խօսքով սերնդափոխելու, օղակաւորելու եւ երկար ժամանակ գոյատեւելու։
Բնականաբար գիտական եւ հետազօտական խնդիրները խմբային աշխատանքով լուծելը ակնյայտօրէն աւելի արդիւնաւէտ են, մանաւանդ գիտութեան բազմաճիւղ (multi-disciplinary) բնագաւառներու մէջ։ Շահարկելով մասնագիտական բազմաճիւղ գիտութիւններու նուաճումները։ Անշուշտ գոյութիւն ունին հաստատութիւններ ստեղծելու տնտեսական եւ վարչական մեծ գերխնդիրներ, որոնց մասին թոյլ է նաեւ մեր փորձառութիւնը, չունինք հաշուարկներու տարբերակներ, վերլուծումներ, բացայայտ հորիզոններ: Այս գնահատումը չի՛ նսեմացներ տարուած անձնուէր բոլոր իրագործումները, աշխատանքները, բայց չ‘անտեսեր նաեւ բացթողումները, կը հնձենք ա՛յն՝ ինչ որ ցանեցինք։
Ազգային հաւաքական ներուժի բացայայտման եւ համախմբման խնդիրը իւրայատուկ բնոյթ ունի Սփիւռք ունեցող երկիրներու համար։ Հայաստանէն դուրս բնակող գիտական մտաւորականութիւնը իր ստեղծարար մօտեցումներով, անփոխարինելի ներուժ մը պէտք է դարձնել հայ ժողովուրդին համար, իբրեւ զայն կենսաւորողն ու շնչաւորողը եւ իբրեւ Սփիւռքը վերաթարմացնող այլընտրանքային ելք մը։ Ուստի այդ ներուժի կարողականութիւնը ճիշդ գնահատելու, կողմնորոշելու եւ օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը հրամայական է, հակառակ պարագային կարելի է դարձեալ Սփիւռքը բնութագրել որպէս՝ լճացած, մաշուող, ձուլուող, ժամանակաւոր Սփիւռք եւ այլ պիտակաւորումներով։
Դ․ Սփիւռքի գիտահետազօտական հայկական ենթակառոյցները
21-րդ դարու համաշխարհային եղելութիւնները, համամարդկային զարգացման իրողութիւնները՝ գիտական, արհեստագիտական եւ հասարակական առաջընթացներու լոյսին տակ, հայկական Սփիւռքի հրատապ մարտահրաւէրները՝ Սփիւռքի գոյաւորումը, կայունութիւնը, սերնդափոխութիւնը ու մանաւանդ շարունակականութիւնը (Sustainability) կը դարձնեն վիճարկելի, եթէ հիմնաւորուած եւ զուգորդուած չըլլան գիտական ենթակառոյցներով։
Ակներեւ իրականութիւն է, որ հայ Սփիւռքը միայն սովորական թիւ չէ, եկեղեցիներու, դպրոցներու կամ ազգապատկան հաստատութիւններու ցանց չէ, բայց այսօր պէտք է պեղել թիւերու լեզուն, վերլուծել եւ տարբաղադրել հայ Սփիւռքի բաղադրիչներու թիւերու խորքը, անոնց ներուժի կառոյցը, հեռանկարները:
Թիւերու լեզուն չի հպատակիր զգացումներու, նախասիրութիւններու եւ մանաւանդ բարձրագոչ մեր ազգային լոզունքներուն, որոնք ընդհանրապէս խափուսիկ են, ճապաղ ազգայնական եւ հրապարակային աղմկարար ճառեր են, մէկ խօսքով ապաշնորհ քարոզչութիւններ եւ ընդհանրապէս` խօսոյթ են, որոնց դիմաց նոր սերունդի խորտակիչ մասը անդրդուելի է, ականջները խուլ կը ձեւացնէ։
Գիտական եւ մանաւանդ թիւերու տրամաբանութիւնը սարսափ կը պատճառէ, վիճելի չէ, տինամիք եւ փոփոխական է, թիւերէն մեկնելով կարելի է լուծումներու նախաբան մը դիտարկել, տուեալներու հիմք մը ունենալ, ելքի մը առաջին հանգրուանին հասնիլ, ուստի ծրագրելու ենթահող ունենալ, տուեալ պայմաններուն մէջ ըստ կարելւոյն ճիշդ կողմնորոշուելու եւ օգտաբեր քայլեր ձեռնարկելու:
Սփիւռքի մարտահրաւէրները ծանր ազդած են եւ կ’ազդեն հայ մարդուն վրայ, որով մեր վերլուծումներու մօտեցումը, քննական դատողութիւնը ընդհանրապէս եղած է մակերեսային տեսաբանութեամբ, յուզական եւ ընդհանրապէս զգացական մօտեցումով, հեռու տրամաբանական ըմբռնումէն։
Ազգային շահերու հանդէպ թուլակամ է մեր մօտ բաղդատական եւ հեռատես դատողութիւնը, չըսելու համար անգոյ է իմացական եւ քննական մտածողութիւնը, գիտական գործելաոճի չափորոշիչները, գիտական քննադատական խոհականութիւնը՝ հիմնականօրէն պէտք է օգտագործել գիտութեան, արհեստագիտութեան, ուսողութեան ոլորտներու ենթակառուցուածքները միաժամանակ այդ գիտական ենթակառոյցին կապերու տարրալուծումը հայկական լինելութեան եւ անոր շաղկապումը հայ ինքնութեան հետ, որպէս գործնական գործընթացի բաղկացուցիչ եւ բաղադրիչ հիմնական մասնիկներ։ Արժէ յիշեցնել, որ Սփիւռքի մեր լինելութեան գլխաւոր նժարներէն մէկը մեր գիտական մկաններու կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ պէտք է սահմանուին։
Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսած Սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեանի «Հայկական Սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» գիրքին մէջ կեդրոնանալով Սփիւռքի դրական կարողականութեան վրայ կը յիշէ՝ «Այսօր աշխարհի հարիւրէ աւելի երկիրներու մէջ հայ Սփիւռքէն ներս կան գործող 107 հայագիտական կեդրոններ, կան նաեւ 637 մշակութային կեդրոններ, 30 թանգարաններ, գրադարաններ, արխիւներ, կը գործեն հայկական 727 եկեղեցիներ, մատուռներ եւ վանքեր։ Սփիւռքի մէջ ներկայութիւն են 30 հազարէ աւելի հայկական կազմակերպութիւններ, շուրջ 300 լրատուամիջոցներ եւ եկեղեցական հզօր ցանց»։ Բայց նոյն հեղինակը չի յիշեր, որ վերջին 50 տարուայ մէջ Սփիւռքի մէջ փակած ենք աւելի քան 231 դպրոց, եւ նման ուրիշ ոչ խրախուսիչ թիւեր։ Հեղինակին նշած թիւերը հպարտութեան եւ պատուի զգացում կրնան ներառել, տպաւորութիւն մը տալով որ այդ թիւերը կրնան անփոփոխ եւ յաւերժական ըլլալ։
Հայագիտական կեդրոններու մասին խօսելով ան կ’առաջարկէ ստեղծել «հայագէտներու համահայկական ընկերակցութիւն» եւ «հայագիտութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովներ ու քննարկումներ կազմակերպել» եւ «Հայաստանը դարձնել հայագիտութեան միջազգային կեդրոն»: Ան կ’ընդգծէ ըսելով, որ հայերը մեծ ներդրում ունին համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ: Հայ ժողովուրդը աշխարհին տուած է բազում հռչակաւոր գիտնականներ: Անգնահատելի է Սփիւռքի մէջ հայերու գիտական ներդրումը յատկապէս բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, մեքենաշինութեան, բժշկագիտութեան, տիեզերագիտութեան, օդանաւաշինութեան, ռազմական, բարձր արհեստագիտութեան եւ այլ գիտութիւններու զարգացման բնագաւառներուն մէջ: Վերջին բաժինը կրկնակի հպարտութեան առիթ մըն է, համադրումի կը միտի քան վերլուծումի, պարզապէս բնութագրում մըն է առանց մեկնութեան, ակնկալելի էր մեկնաբանել, թէ այդ գիտական մտքի ներուժը ինչպիսի՞ գործնական դերակատարութիւն ունեցաւ կամ ունի Սփիւռքի հաւաքական յառաջդիմութեան, հայապահպանումի ամրապնդման եւ համահայկական գերխնդիրներուն լուծումներ գտնելու, կամ ծառայելու մէջ։
Սփիւռքի մէջ վերոյիշեալ հայագիտական կեդրոնները, որոնք կ’իրականացնեն կրթական եւ հետազօտական ծրագիրներ, որոշակի դեր եւ նշանակութիւն ունին հայութեան համար, որոնցմէ կարելի է յատկապէս առանձնացնել՝ հայապահպանութեան, հայ քաղաքակրթութեան տարածումի, հայ համայնքներու մէջ մանկավարժական ուսումնակրթական, ուսուցչական կազմերու վերապատրաստումի եւ համայնքային ազգային գործիչներ պատրաստելու, հայագիտութեան զարգացումի, պայքարելու հակահայկական քարոզչութեան դէմ, հայ եւ այլ ժողովուրդներու միջեւ գիտամշակութային կապերու ամրապնդման եւ խորացումի, կիրառական հետազօտութիւններու իրականացումին (քաղաքական, տնտեսական եւ այլ բնոյթի)․․․ եւ այլն։ Բայց կարելի է հարց տալ՝ այս բոլորի կողքին Սփիւռքի մէջ քանի՞ զուտ գիտահետազօտական հայկական կեդրոններ ունինք։ Պէտք է մատնանշել որ կան նաեւ այնպիսի արտաքինով հայագիտական բայց կեղծ դիմագիծով կեդրոններ, որոնք կեդրոնացած են միայն հակահայ արշաւներ եւ շահեր իրականացնելու, կեղծարարութիւններ մշակելու։ Հակահայ քարոզչութեամբ զբաղող կեղծ հայագիտական կեդրոններ են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ։
Ե․ Սփիւռքի գիտահետազօտական կեդրոններու դերը
Համոզումով պէտք է հաւատալ, որ հայապահպանումի ազգային պարունակի գերագոյն արժէքը հանդիսացող հայերէն լեզուի անժխտելի դերին եւ զայն կենսունակ պահելու հանդէպ բարձր գիտակցութեան կողքին, սփիւռքահայութիւնը իր մշակութային եւ ազգային կառոյցներու եւ հայագիտական կեդրոններու զուգահեռ խիստ կարիքը ունի ժամանակակից գիտական ճարտարապետումի։ Երիտասարդ գիտական մարդուժով սնանուած գիտաուսումնասիրական կառոյցներու, հայ գիտական մտաւորականութեան ներուժը համապարփակող հարթակներու, ցանցային դրուածքներու պարունակին։
Սփիւռքի հայ գիտական կառոյցներու ներկայութեան նպատակը պէտք է ըլլայ տրամադրել ստեղծագործական մտքի լայն տարածք մը, ի շահ համահայկականին ներգրաւելու եւ ներառելու Սփիւռքի ցրուած հայ գիտական մտքի պաշարը հանդիսացող հայ գիտնականներու ներուժը։
Հայ գիտական կարողականութեան եւ ուժականութեան համախմբումը, հայ մտային եւ մասնագիտական պաշարին տրամադրելու մեծ հարթակ մը։ Կամրջելու, կեդրոնացնելու, մէկտեղելու անոր գիտական հմտութիւնը, փորձառութիւնը եւ զառիթափէն սրարշաւ սլանալու դէպի ստոյգ գիտական կատարներ։
Ազատօրէն եւ անկաշկանդ ուսումնասիրելու ժամանակակից աշխարհի նորագոյն գիտական թեմաներ, ակադեմական եւ հասարակագիտական ուսումնասիրութեան մակարդակով, լուծելու բարդ մարտահրաւէրներ՝ օգտագործելով ստեղծագործական եւ քննադատական մտածողութիւնը։
Հնարաւորութիւնը ունենալով նաեւ ժամանակին հետ պահելու աւանդական արուեստներու եւ արհեստներու համար եռաչափ ձեւաչափերով ծրագրակազմերու, օգտուելով բազմաճիւղ գիտական մեր մտքի ցիրուցան պաշարներէն։
Հայ տնտեսագէտներէն, գիտնականներէն՝ լազերային (laser), ռոպոթաշինութեան (robotics), օրհասական իրավիճակներու կառավարման կամ ճգնաժամային արհեստագիտութեան (Risk engineering) եւ մանաւանդ հակաճգնաժամային ծրագիրներ մշակելու կամ իրականացնելու մասնագիտութիւնները, վերականգնումի ուժանիւթի աղբիւրներու (Renewable Energy sources) հետ աղերս ունեցող կանաչ ճարտարարուեստները (green technologies), բազմաղբիւր կամ խառնածին ուժանիւթի համակարգերու (Hybrid energy systems) կազմուածքները, կենսոլորտային խնդիրներու համապարփակ վերլուծութիւնները (Comprehensive analysis of environmental issues), ուժանիւթի պահեստանոցները (Energy storage systems), իմաստուն ցանցերը (smart networks), քիմիագիտութեան, ֆիզիքական քիմիագիտութեան, տեղեկագիտական ոլորտը, արհեստագիտական բանականութիւնը եւ թուային արհեստագիտութիւնը, նիւթագիտութիւնը (materials sciences), կենսագիտութեան (Biology) ճարտարագիտութիւնը, մանրակենսաբանութեան, ծինաբանութեան, կենսաքիմիագիտութեան, մայքրօ, նանօ արհեստագիտութեան բնագաւառները, ինչու չէ նաեւ այդ բոլորը տնտեսութեան հետ շաղկապող տնտեսական, ֆինանսական ճգնաժամերը (risk) դիմագրաւող ոլորտներ, ինչպէս նաեւ աւանդական արուեստներու եւ արհեստներու համար զանազան բնագաւառներու բազմաշերտ մասնագիտութիւնները։ Նման գիտական կառոյցներ, որոնք կը բաւարարեն շահաւէտ հայկական եւ միջազգային շուկայի տնտեսական չափորոշիչները եւ պահանջները, ունին հայկական դրամագլուխներու շահադիտական ստեղծարար լայնածիր մրցակցութիւններ։
Բնականաբար այդ հետազօտութիւններու կիրառութիւնը պիտի ծառայէ համայն հայութեան, շաղկապելու Հայաստանի գիտական կառոյցներուն հետ։ Հիմնականօրէն հայրենիքի նմանօրինակ գիտահետազօտական կեդրոններու հետ համագործակցութիւններ մշակելով։ Դիմակայելու համար հայ ազգի առջեւ ծառացած ժամանակակից գիտական հրատապ հիմնախնդիրներու լուծման գործնական ուղիներ մշակելու` նախապէս վերհանելով այդ խնդիրներու առաջացման պատճառներն ու հանգամանքները։
Նման գիտական նորարար հետազօտական կեդրոններ Սփիւռքի մէջ գուցէ անյայտ են կամ քիչ են, ուստի կը կարօտին ուշադիր հոգածութեան, աւելի հետեւողական խնամքի։ Կ’արժէ այստեղ յիշել՝ Ա) ԱՐՓԱ հիմնարկը «Վերլուծութիւն, հետազօտութիւն եւ ծրագրաւորում Հայաստանի համար» «Analysis Research & Planning For Armenia ARPA»։ Հիմնարկը հիմնադրուած է 1992-ին Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիայի մէջ իրբեւ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն։ ԱՐՓԱ-ի փորձագէտները որպէս խորհրդատու կը ծառայեն Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւններուն՝ գիտական, կրթական եւ զանազան ոլորտներու մէջ ։ Բ) Հայաստանի գիտութեան եւ տեխնոլոկիաներու (արհեստագիտութեան) հիմնադրամը (Foundation for Armenian Science and Technology, FAST) հիմնադրուած 2016 ին։ Գ) Ընթացիկ 2022 տարուան յունիսի վերջը Վենետիկի Սուրբ Ղազար վանքին մէջ իր անդրանիկ համագումարը ունեցած է «Հայ մշակութային եւ գիտական ընկերակցութիւն» (The Armenian Society of Fellows – ASOF) նոր հարթակը։ ԱՍՕՖ գիտական ասպարէզներու մէջ աշխատող ցանց մըն է, իբրեւ ապաքաղաքական ոչ կրօնական, շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն։ Հարթակը կը համախմբէ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն գիտնականներ, մասնագէտներ։ Դ) «Գիտուժ»-ը, Հայաստանի գիտութեան զարգացման աջակցող նախաձեռնութիւնը, որուն առաջադրութիւնն է ՝ «Հզօր գիտութիւն ուժեղ պետութիւն», իբրեւ գիտութեան պատկանող դրոյթներու մշակման թեւ ու թիկունք կանգնող նախաձեռնութիւն։
Վերոյիշեալ նման գիտական մրցունակ ենթակառոյցներով կեդրոններ, հարթակներ կը պարփակեն, կը շաղկապեն Սփիւռքի բազմազանութիւնն ու զայն ընկալելու տարբերութիւնները, կը կամրջեն հայ գիտական մարդուժը, կը ժողվեն Սփիւռքի գիտաշխատողներու ցրուածութիւնը, կը միացնեն բազմաբնոյթ ներսփիւռքեան բաժանումները եւ կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենան գիտական հիմքերով հասութաբեր համագործակցութեան, օգտաբեր եւ նորարար գիտական ուղիներ մշակելու, ուրուագծելու թիրախային ժամանակակից գիտական ուղղութիւններ, նորարար տեսլականներ եւ մասնաւորաբար կ’ամրապնդեն հայաստանեան գիտական կեդրոններու հետ գիտահետազօտական կապերը եւ համագործակցելու հնարաւորութիւնները, միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու նաեւ միջազգային առաջատար գիտական կեդրոններու հետ:
Բնականաբար գոյութիւն ունին զանազան գիտական մակարդակի դրամաշնորհներ, որոնցմէ օրինակի համար կարելի է շահագործել երկար տարիներու վրայ ծաւալած գիտական դրամաշնորհներէն (Grants) եւ կամ երկրի մը արդիւնաբերութեան հետ կապուած Եւրոպական Միութեան՝ փոքր, միջակ գիտական ձեռնարկութիւններու դրամաշնորհներէն (Small, medium enterprises, SMEs) եւ կամ միջազգային գիտական այլ դրամաշնորհներէն։ Այս մարզին մէջ կարողացած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նպաստել SME ի ծրագրի մը, իմ համեստ օգնութեամբ 2015 թուին:
Զ․ Սփիւռքի նորարարական ներուժի գիտական ցուցիչները
Վստահաբար բարձրաձայն կոչերով եւ հրապարակումներով, գիտական հմտութեամբ եւ ունակութիւններով մրցունակ մասնագէտներու մասնակցութեան կարիքը ունինք ներսփիւռքեան եւ համայնական կեանքին տարբեր ոլորտներու մէջ։
Դարձեալ կարելի է հարց տալ՝ լուսարձակի տակ առնուա՞ծ են երիտասարդ գիտնականներու թիւի եւ որակի պաշարը հարստացնելու եւ բազմացնելու անյապաղ հնարաւորութիւնները, նոր տաղանդներ վերհանելու, կլանելու, ներառելու անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով անոնց առանցքային դերը Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին մէջ։
Խորհրդային Հայաստանը երկրորդն էր գիտնականներու թիւով եւ գիտական արդիւնքներով խորհրդային Ռուսատանէն ետք։ 1980-ականներուն մէկ միլիոն բնակչութեան հաշուարկով Հայաստանի մէջ կար 6400-էն աւելի գիտնական: Ներկայիս այդ թիւը մօտ 1100 է, իսկ աշխարհի միջինը` 4000-էն աւելի է: Նոյն ժամանակահատուածին գիտութեան ֆինանսաւորումը կը կազմեր Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքի 2,54 տոկոսը, որ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OCED) անդամ պետութիւններու այսօրուայ միջինէն բարձր էր, իսկ ներկայիս Հայաստանի մէջ այդ ցուցանիշը 0,23 տոկոսի սահմաններու մէջ է: Բայց բացի քանակէն մենք նաեւ որակի, գիտական արդիւնաւէտութեան խնդիր ունինք Հայաստանի մէջ:
Այդ թիւերու մօտաւոր աղիւսակները եւ Սփիւռքի հայ գիտական մարդուժի զարգացման ցուցիչները (Index) հասանելի չեն, մշուշի մէջէն արեւին հանել, վերարտադրել պէտք է մասնագէտ գիտական մարդուժի այդ աղբիւրին ունակութիւնն ու կարողութիւնը։
Գիտական մարդուժը պէտք է հրաւիրել համահայկական կեանքի մէջ ծառայելու, գործօն դերակատարութիւն ստանձնելու։ Նկատելիօրէն աւելցած է Սփիւռքի մէջ բնակող հայ մասնագէտներուն թիւը, որոնք հետաքրքրուած են, կ’ուզեն մասնակից դառնալ Հայաստանի մէջ գիտութեան ու կրթութեան յառաջընթաց ապահովելու գործին։
Է․ Ելքեր – Բանալի Առաջարկներ
Հայկական գիտական մտքի ուժը եւ գիտահետազօտական մարդուժը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ գերազանցապէս աւելին է, քան՝ այն տեսանելին, որ կը թուի շատերուս։ Հիմնականը այդ անտեսանելին պեղելն ու լոյս աշխարհ բերելն է, ներգրաւելն է, զօրակցութեան ձեռք երկարելն է, շահագրգռելն է մեր համասփիւռքեան կեանքի մէջ գործօն դերակատարութիւն ունենալու համար։
Գործնական ծրագրի մը գլխաւոր բանալի միտքերը կարելի է ամփոփել ստորեւ յիշուած կէտերու մէջ, բնականաբար որոշ ռազմավարութիւն մը մշակելու համար անհրաժեշտ է համալրել զանոնք լրացումներով, խորացումներով, ամբողջացումներով եւ մանաւանդ ճշգրիտ կողմնորոշումով, արտահամայնքային ծրագիրներով եւ նախաձեռնութիւններով։ Այսպիսով, համասփիւռքեան գիտական կառոյցներով, մենք մեզ ընդառաջ կը դնենք միասնաբար մտածելու, միասնաբար ծրագրելու, միասնաբար պատասխանատուութիւնը բաժնեկցելու եւ միասնաբար կառուցողական, որակեալ գրաւականներով աշխատելու հրամայականին դիմաց։ Ճիշդ է որ գիտական կեդրոններու ծրագիր մը այլընտրանքային իմաստալի նշաձող մըն է գիտական մտաւորականութիւնը համախմբելու, որ կը կարողանայ հեղինակային դերակատարութիւն ունենալ թարմացած գիտական թթուածինով վերաշնչաւորելու համասփիւռքեան կեանքը։ Նման ծրագիր մը ճամբայ հանելու համար, կարելի է սկսիլ շարք մը քայլերով, որոնցմէ հիմնականները կարելի է մատնանշել։
Ա– Սփիւռքի գիտական մտքի պաշարը հանդիսացող մտաւորականութեան ցանկագրում եւ հաւաքագրում, մասնագիտական համասփիւռքեան հայ գիտական մարդուժի քարտէսագրում։
Բ– Ստեղծել համահայկական մրցունակ մասնագիտական հարթակներ, համակարգեր, գիտակարգեր, որոնք ձեռնհաս են կազմակերպելու, ուսումնասիրելու դարու գիտական նորագոյն պահանջները։ Մասնագիտական հմտութեամբ եւ փորձառութեամբ ծրագիրներ մշակելու, ղեկավարելու եւ աչալրջօրէն իրականացնելու զանոնք։
Գ– Հայ գիտական մտքի պաշարը հանդիսացող հայ գիտնականները կլանելու եւ այդ հզօր ներուժը ներգրաւելու, համախմբելու եւ օղակաւորելու համար ստեղծել եւ կազմակերպել ցանցային քննարկումներու եւ աշխատանոցներու գիտական միջավայրեր, մասնագիտական ցանցեր, խմբաւորումներ։
Դ– Մշակել մասնագիտական հմտութեամբ եւ փորձառութեամբ գիտակազմակերպչական ծրագիրներ, ջանքեր եւ ճիգեր չխնայել, օգտուելու համար Եւրոպական Միութեան եւ այլ միջազգային գիտական գիտահետազօտական դրամաշնորհներէն։
Ե– Գրական, մարդասիրական եւ այլ հիմնադրամներու նման, Սփիւռքը պէտք ունի գիտական հիմնադրամներու, որոնք բանաձեւուած են գիտական բծախնդրութեամբ եւ ողջախոհութեամբ, օժտուած են միջազգային չափանիշներով, մատակարարելու մասնագիտական գիտահամակարգեր, որոնք պիտի սնանեն նաեւ նոր հայ սերունդներու գիտական մտքի ստեղծարար սլացքներու հեռանկարները, ծրագիրներ որոնք պէտք է հիմնաւորուած ըլլան ապաքաղաքական եւ հաստատութենական ռազմավարութեամբ։
Կը հաւատանք որ «Սփիւռքի տարի» հռչակագիրը յարմարագոյն գործի կոչնակն է: Տալու պահը: Եւ հայը գիտէ, որ ազգաշէն գիտակցութեամբ տալը, նուիրաբերելը զրկանք չէ: Տալը հրճուանք է, երբ թիրախը հայ ազգի մարդուժի, գիտուժի ու նիւթուժի հզօրացումն է, ընդհանրական եւ ապագայատեսիլ շահն է։
Եթէ համոզուած ենք, եկէ՛ք միասնաբար մտածե՛նք, միասնաբար ծրագրե՛նք եւ միասնաբար գործե՛նք։
Comments