Ռատիո ԱՅԳ-Ի Հարցազրոյցը Տուտուկահար Ռաֆֆի Չիլինկիրեանին հետ
✎ Շաքէ Մանկասարեան
8 Մարտ 2020-ին, Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած երեկոյին, գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ռաֆֆի Չիլինկիրեան՝ տուտուկի նուագակցութեամբ:
Ռաֆֆի Չիլինկիրեան իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ անցեալ 13-15 Դեկտեմբեր 2019-ին, Զուիցերիոյ Արաու քաղաքին մէջ կազմակերպուած «Արմինիըն Արթ Էքսփիրիընս 1» փառատօնին, որուն մասնակցած էին տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանէն խումբ մը հայ արուեստագէտներ:
Տուտուկահար Ռաֆֆի Չիլիկնկիրեան ծնած է Պէյրութ: Արմատներով՝ հօրենական կողմէ Ատանացի, իսկ մօրենական կողմէ՝ Պերէճիկցի:
Ստորեւ՝ Ռատիօ ԱՅԳ-ի Հարցազրոյցը տուտուկահար Ռաֆֆի Չիլինկիրեանին հետ:
Նախքան տուտուկին անդրադառնալը` խօսինք ձեր ուսումնական կրթութեան մասին:
Հայկական երկրորդական վարժարան աւարտելէ ետք, 1999-ին, յաճախեցի Սփիւռքի հայկական առաջին եւ միակ համալսարանը՝ Հայկազեան Համալսարանը, ուր մասնագիտացայ եւ Պսակաւոր Արուեստից վկայականս ստացայ համակարգչային գիտութեան մէջ, 2003-ին ։ Այժմ կ՚աշխատիմ Մագիստրոսի աւարտաճառիս վրայ, խաղաղութեան (peace-building) մարզին մէջ։
Խնդրեմ ի՞նչ աշխատանքներ կատարած էք ձեր մասնագիտական մարզին մէջ:
Մարտ 2006-էն սկսեալ աշխատած եմ զանազան հաստատութիւններու մէջ՝ համակարգչային ծրագիներ մշակելով, ինչպէս՝ Chanitz.org կայքէջի աշխատանքը՝ http://www.armin.am/armeniandiaspora/images/menus/606/Raffi%201.pdf, որմէ ետք անցայ Digital Marketing եւ Communications մարզերուն՝ ստանցնելով պատասխանատու դիրքեր ոչ-հասութաբեր հաստատութիւններու մէջ։ Այսինքն՝ NGO հաստատութիւններ, որոնք ոչ անպայման բարեգործական են:
Խօսինք հայկական կառոյցներէ ներս ձեր անդամակցութեան եւ գործունէութեան մասին:
Մանուկ հասակէս գործունեայ անդամ եմ եւ վարչական գործերով կը ծառայեմ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ երիտասարդական բաժիններուն մէջ: Փորձառութիւն ու հմտութիւն քաղած եմ Քրիստոնէական Ջանից միութեան տարած աշխատանքէս։ Ինչպէս նաեւ՝ վարչական ծառայութիւն ունիմ ոչ-հայ երիտասարդական կազմակերպութեան մէջ ։ Ներկայիս Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիէն ներս իբրեւ հոգաբարձու կը ծառայեմ։
Երգչախումբի անդամակցութի՞ւն:
Տարիներ երգած եմ Հայ Աւետարանական «Արմիս» երգչախումբին մէջ, մօտաւորապէս 7 տարի՝ 2000-էն սկսեալ, համերգներ տալով թէ՛ Լիբանան եւ թէ Սուրիա։
“Արմիս” Երգչախումբին մաս կազմելով, իբրեւ երգիչ (թենոր), հետաքրքրական է գիտնալ ձեր տուտուկ նուագելու հմտութեան մասին: Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ տուտուկ, ծիրանափող նուագելու գաղափարը:
Տուտուկին հետ պատմութիւնս անակնկալ էր իմ բարեկամներուս, բայց մանաւանդ՝ ինծի համար։ Եկեղեցիի ճաշկերոյթ կազմակերպելու համար վարչութեան անդամներով նստած էինք, երբ ես առաջարկեցի անդամի մը, որ թամատայութիւնը ստանձնէ: Այդ եղաւ սկիզբը, երբ ինքն ալ ինծի մարտահրաւէր կարդաց՝ ըսելով, որ ես տուտուկ նուագեմ։
Միայն երեք ամիս կար ճաշկերոյթին, եւ ես համամիտ գտնուեցայ ու մարտահրաւէրին ընդառաջեցի։
Հայաստանէն բերած ըլլալով տուտուկ մը, գացի բարեկամի մը քով (որ հետագային ուսուցիչս եղաւ) եւ իրեն բացատրեցի պարագաս, խնդրելով որ երկու երգ տուտուկի վրայ սորվեցնէ, որպէսզի մարտահրաւէրը յաջողութեամբ կատարեմ։ Զարմացաւ եւ խնդրեց որ քովը ձգեմ տուտուկս եւ ժամ մը ետք հանդիպիմ։
Երբ քովը գացի, ըսաւ որ տուտուկս լաւ որակի չէ եւ թէ ինք իմ տարած տուտուկս չէ կրցած նուագել։ Հետեւաբար իրմէ նոր տուտուկ մը գնեցի ու երեք չորս փորձերէ ետք բեմ բարձրացայ։
Ներկաներուն բացատրեցի մարտահրաւէրին մասին եւ ըսի որ միայն երեք ամիս առաջ սկսած էի տուտուկ նուագելու վարժութիւններուն։ Կատարելէ ետք երկու տուտուկային երգերը, բոլորը զարմացան եւ ըսին որ կարծես երեք տարիէ կը նուագեմ։
Հայաստանէն բարեկամներ ալ կային նոյն այդ ճաշկերոյթին եւ իրենք ալ գովասանքով ու զարմանքով անդրադարձան կատարումիս։
Եւ այն ժամանակ հաստատեցի, որ Աստուածատուր ձիրք մը ունիմ, զոր ոչ ոք նկատած էր, նոյնիսկ ես։ Հետեւաբար գնած ըլլալով նոր տուտուկ մը՝ որոշեցի ձիրքս զարգացնել ու մասնագիտանալ։ Արձանագրուեցայ Համազգային Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտական Գոլէճի տուտուկի բաժինին։
Հայաստանէն բերա՞ծ էք ձեր տուտուկը:
Իմ տուտուկներս բոլորը Հայաստանէն են, ուր տուտուկի լաւագոյն վարպետները այսօր լաւագոյն նուագարանները կը շինեն։
Ձեր ընտանիքին մէջ որո՞նք օժտուած են երաժշտական շնորհքով:
Թէ՛ հայրս եւ թէ մայրս երաժշտական լաւ ձայներով օժտուած են, թէեւ երբեք հրապարակային ելոյթներ չեն ունեցած։ Մեծ հայրս (մօրս կողմէ) շատ գեղեցիկ ձայն ունէր ու հայկական իւրայատուկ (մանրամասնէ հաճիս՝ աշուղական, ազգակրական՝ օրինակի համար) երգեր կ՚երգէր ու կը կատարէր յատուկ ընտանեկան եւ միութենական ճաշկերոյթներու ընթացքին։
Այլ նուագարաններ կա՞ն, որ նոյնպէս դուք հմուտ էք:
Գնած եմ նաեւ շուի նուագարանը եւ կը փորձեմ առանձին սորվիլ։
Բայց շատ ժամանակ չեմ ունենար, որովհետեւ տուտուկը փորձերուս ժամերը ինք կը խլէ։
Տուտուկը նուրբ փոքրիկ նուագարան մը ըլլալով, կը պահանջէ յատուկ խնամք, խնդրեմ մանրամասնութիւնները:
Տուտուկը երկու մասերէ կը բաղկանայ, փողը ու եղէգը կը կազմեն տուտուկը։ Շատ լաւ հոգ պէտք է տանիլ տուտուկին, այլապէս կրնայ դիւրին փտտիլ։ Փողը ծիրանի փայտէն կը շինուի եւ ընկոյզի իւղով պէտք է ատեն ատեն լաւ մը մաքրել, որպէսզի փայտը թարմ մնայ ու իր փայլքը չկորսնցնէ։
Իսկ եղէգը շա՜տ աւելի հոգատարութեան կը կարօտի։ Անիկա իրականութեան մէջ երկու մասերէ կը բաղկանայ թէեւ դուրսէն միայն իբրեւ մէկ մասնիկը կ՚երեւի։ Եղէգը տուտուկին սիրտն է ու իրմէ կը բխին թիւթիչ ձայները, ու զայն միշտ պէտք է նուագել որպէսզի դուն իրեն վարժուիս, ան ալ քեզի։
Եղէգը կլիմայէն դիւրին կ՚ազդուի ու շատ անգամ կրնայ դժուարացնել նուագելը։ Նուագելէ ետք պէտք է դուրսը պահել ու բականը գոցել, որպէսզի հանգչի ու ետքը միայն յատուկ տուփին մէջ զետեղել առանց վիրաւորելու բերանի մասը։ Եթէ տուփը բացիկներ չունի օդ անցնելու համար, կրնայ խոնաւ մնալ ու այդ խոնաւութիւնը նստելով եղէքին վրայ՝ շուտով կը փտտի։ Շատ զգուշ պէտք է վարուիլ եղէգին հետ։
Տուտուկ նուագելու համար կան որոշակի նախադրեալներ՝ շնորհք, վարժութիւն, շունչ, զգացում, ապրումներ, մեկնաբանելու յատուկ ներաշխարհ եւ ունկնդիրը տուտուկի մեղեդային հնչիւններուն հետ ապրեցնելու քաշողականութիւն. խնդրեմ մանրամասնեցէք:
Տուտուկ նուագելու համար պէտք է անձը օժտուի երաժշտական ականջով, որովետեւ տուտուկը պէտք է լարել ու նոյնիսկ նուագելու ատեն իր ձայնը կրնայ իյնալ, հետեւաբար լաւ ականջ ունեցող մը անմիջապէս պէտք է նկատէ ու կրկին լարէ իր նուագարանը։
Երկրորդ՝ պէտք է շատ փորձ կատարէ, որպէսզի թէ՛ իր մատները իրենց վարժողութիւնը չկորսնցնեն եւ թէ իր լանջը, թոքերը բացուին ու շունչը երկարի։
Տուտուկը երկար շունչի կը կարօտի ու զայն նուագելու համար՝ անհրաժեշտ է թոքերէն եւ փորէն շունչ առնել ապա օդը հասցնել բերան ու այտերուն մէջ պահել ու հոնկէ կառավարել օդին քանակին սպառումը։
Երրորդ՝ տուտուկին իսկական հիանալի կարողութիւնը զայն լսողին զգացողութիւն տալու կարողութիւնն է եւ յատուկ ապրումներ զգացնելն է։ Հոս շատ կարեւոր է, որ կատարողը եւ կամ երաժիշտը իր կեանքի փորձառութենէն ու անոր հարուստ զգացողութենէն դնէ իր կատարումին մէջ եւ այդ յատուկ զգացումները հասցնէ հանդիսատեսին ու լսողին։
Մէկը ըսած է, որ «չար մարդը չի կրնար տուտուկը լաւ նուագել, այլ միայն բարի մարդը»։ Համաձայն եմ այս խօսքին, որովհետեւ կը պատահի, որ մենք լսենք տուտուկի մեղեդի մը եւ ապրինք մեղեդիի նետ հաղորդակցուած ներաշխարհը , սակայն կրնայ պատահիլ, որ նոյն մեղեդին մէկ այլ տուտուկահարէ լսենք ու չհաղորդակցինք՝ բան չզգանք։
Տուտուկը ճիշդ կատարելու հմտութենէն անդին է եւ չի նմանիր Եւրոպական որեւէ երաժշտութեան, ուր ճիշդ ձայնը աւելի արժէք ունի։ Հայկական ու Արեւելեան նուագարաններուն մէջ մեծ դեր ունի կատարողն ու նուագողը։
Հանրութեան ներկայացուող տուտուկի ձեր մեղեդիներու ընտրանին միայն հայկակա՞ն է կամ կան նաեւ օտար ստեղծագործութիւններ:
Ընդհանրապէս հայ ստեղծագործութիւններն են որ շատ գեղեցիկ կը հնչեն տուտուկով։ Անշուշտ կարելի է օտար ստեղծագործութիւններ նաեւ կատարել տուտուկով, եւ ես կը նուագեմ զանոնք ժամանակ առ ժամանակ, եւ ըստ օրուան պահանջին:
Անդրադառնանք ձեր կատարած առաջին ելոյթին: Իբրեւ տուտուկահար, ե՞րբ եւ ի՞նչ աոիթով ներկայացաք Լիբանանի հանրութեան, իսկ Լիբանանէն դուրս ե՞րբ ելոյթ ունենալու հրաւէր ստացաք:
2016-ին, առաջին անգամ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիի ճաշկերոյթին նուագեցի:
Լիբանանէն դուրս բախտը ունեցայ հրաւիրուելու Արաու (Զուիցերիա), մասնակցելու երեք օրուան գեղարուեստական փառատօնին, ուր արուեստի տարբեր մարզերուն մէջ հայ արուեստագետներ (գեղանկարչութիւն, նուագախումբ, մենակատարներ, դերասաններ, պարախումբ, նորաձեւութեան մասնագէտներ, նկարիչ, եւ կամաւորներ) իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ գալով տարբեր երկիրներէ, ինչպէս՝ Մ. Նահանգներ, Ֆրանսա, Էսթոնիա, Սպանիա, Պէլճիքա, Երուսաղէմ, Հայաստան, Լիբանան։
Շատ հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր, ուր ամէն տեղէ սփիւռքահայեր քով քովի եկան ու իրենց հայութիւնը, հայ ըլլալը եւ ինքնութիւնը արայայտեցին ու հրամցուցին օտար հանրութեան։ Նաեւ ըսեմ, որ փառատօնին բացումը ես տուտուկի նուագակցութեամբ կատարեցի:
Հետաքրքրական էր գեղարուեստական փառատօնի երկրորդ օրը. պարի վարժողական դասընթացքին պահն էր եւ պարուսոյցները «Քոչարի» պարի քայլերը կը սորվեցնէին, ու ես սկսայ տուտուկովս «Քոչարի» նուագել: Խանդավառուած այս մթնոլորտէն ինծի միացան երաժիշտները ու սկսան նուագել «Քոչարի»ն անպատրաստից իրենց նուագարաններով՝ մէկը տհոլի, միւսը գահոնի (cajón հարուածային գործիք), շուի, ձեռնադաշնակի ու տուտուկի վրայ։
Լիբանանի հանրութեան հանդէս եկած ձեր տուտուկի ելոյթներու մասին:
Լիբանանի մէջ զանազան կազմակերպութիւններ հրաւիրած են զիս ու կատարած եմ զանազան բեմերէ, ինչպէս՝
Զաւարեան Ուսանողութեան ձեռնարկին, որ նուիրուած էր բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն:
USJ համալսարան Փիէր Ապու Խաթէր հանդիսասրահին մէջ: Օրդ. Ժիւլի Մրատ իր գիրքին շնորհահանդէսին կարդաց հայ բանաստեղծներու իր արաբերէնի թարգմանութիւնները եւ ես կենդանի կատարումով ընկերակցեցայ ասմունքին:
Նուագած եմ Թրիփոլիի, ուր NGO մը արաբական շրջանակին մէջ զանազան խումբեր կը հրաւիրէ՝ գաղութը այլ մշակոյթներու ծանօթացնելու նպատակով:
Հայ Կաթողիկէ միութեան Վարդանանցի տօնակատարութեան ձեռնարկին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկին:
Կաթողիկոսարանէն ներս ու տակաւին այլ ձեռնարկներ։
Վերջերս, 3 Մայիս 2020-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ յայտագիրով, Armenian Soul Band խումբին անունով ելոյթ ունեցաք հայ արուեստագէտներ՝ Յակոբ Փամպուքեանի (կիթառ) եւ Կարօ Սվաքճեանի (սրինգ) հետ: Յայտագիրը ուղիղ սփռուեցաւ Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» MTV պատկերասփիւռի կայանէն, որ լայն տարածում ունեցաւ ընկերային հարթակներու, ինչպէս նաեւ մամուլին մէջ. խնդրեմ ե՞րբ եւ ինչպէս կազմուեցաւ Armenian Soul Band խումբը: (Տե՛ս յայտագիրը այս յղումով՝ https://www.facebook.com/watch/?v=667966377085535 LIVE on MTV with Armenian Soul Band)
Այս եյոյթի գաղափարը մտայղացայ եւ առաջարկեցի դաշնակահար եւ դասախօս Ղասսան Եամմինին, որուն հետ նաեւ ծրագրեցինք։ Ղասսանը իր յատուկ Musical «Միուզիքըլ» յայտագիրը ունի Լիբանանեան MTV պատկերասփիւռ կայանէն, որ ուղիղ եթերով LIVE կը սփռուի՝ կատարումները կ՚ըլլան կենդանի։
Ուրեմն նախապէս Կարօ Սվաքճեանին հետ նուագած ըլլալով Համազգայինի ձեռնարկին «Տէր-Մելքոնեան» սրահին մէջ, անոր կապուեցայ ու մտայղացած ծրագիրս ներկայացուցի։ Շատ սիրեց ու անցանք երգերու ընտրութեան։ Ինք նախապէս կապի մէջ մտած էր «Arax» Արաքս խումբին հետ, որմէ երգի մը նոթագրութիւնը ստացած էր։ Մեզի միացաւ նաեւ Յակոբ Փամպուքեանը, իբրեւ կիթարահար եւ խումբին անունը կոչեցինք Armenian Soul Band։ «Արմինիըն սոլ պենտ» թարգմանաբար՝ «Հայկական Ոգի» խումբ:
Մարտահրաւէրի առջեւ էինք, որովհետեւ հանդիպումներ չէինք կրնար ունենալ եւ ունէինք միայն մէկ ամիս այս աննախընթաց ծրագիրը գլուխ հանելու կենդանի կատարումով մը համայն արաբական աշխարհին դիմաց։
Բարեբախտաբար, առիթը ունեցանք փորձի վայր գտնել ու իրարմէ հեռու նստելով սկսանք փորձերու։ Ժամանակը ծախու առինք մինչ ամէն տեղ փակ էր ու աշխատավայրերը դադրած եւ անցանք լուրջ աշխատանքի։
Շաբաթական երկար փորձերէ ետք, առցանց կապուեցանք Ղասսանին հետ, որպէսզի լսէ եւ իր կարծիքը յայտնէ։ Շատ սիրեց երգերու մեր ընտրութիւնը։
Սկզբունքով պէտք էր Ապրիլ 24-ի օրը տեղի ունենար, սակայն մինչ տաղաւարի մը մէջ կը պատրաստուէինք, մեզի լուր հասաւ, որ կառավարութիւնը յատուկ յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ ուղղակի սփռումով։ Հետեւաբար, յետաձգուեցաւ յաջորդող Կիրակի օրուան։ Այլ Կիրակի մը եւս յետաձգուելէ ետք, վերջապէս տեղի ունեցաւ մեր աննախադէպ անզուգական հայ երաժշտական ելոյթը, զոր նուիրեցինք թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ թէ Լիբանանի Նահատակաց օրուան։
Հիմնական հաղորդավարն էր դաշնակահար եւ դասախօս Ղասսան Եամմինը, որուն յայտագիրին անունն է Musical «Միուզիքըլ»: Իրեն կ՚ընկերակցէր Ռանիա Աշքարը։
Յայտագիրը սկսաւ կոմիտասեան «Տէր ողորմեա» շարականով՝ զայն նուիրելով թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն (24 Ապրիլ 1915) եւ թէ Լիբանանի նահատակներուն (6 Մայիս 1916)։
Ապա ներկայացուցինք Կոմիտաս Վարդապետի «Հով արէք սարեր ճան» երգը, Խաչատուր Աւետիսեանի «Կռունկներ»ն ու «Ծաղկած Բալենի»ն եւ ելոյթը աւարտեցինք Գէորգ Տոտոխեանի «Ծիծեռնակ» երգով:
Ամէն կտորէ առաջ Պրն Ղասսան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց իւրաքանչիւրին մասին։
Իսկ վերջին բաժինը թէ՛ Ռանիան եւ թէ Ղասսանը յատուկ կերպով ոգեկոչեցին ցեղասպանուած հայ ժողովուրդը եւ բարեմաղթանքներ ուղղեցին անոր։
Համացանցը, ընկերային հարթակները օգտագործելու եւ հայկական ինքնութեան պահպանման մասին ձեր տեսակէտը:
Երաժշտութիւնը կրնայ միայն ստեղծագործութեան միջոց ըլլալ եւ նաեւ կրնայ յատուկ առաքելութիւն ունենալ։
Իմ պարագայիս, ուր որ նուագած եմ, մեր պատմութիւնը ու հայուն դատը միշտ հետս եղած են, ըլլայ ան արաբ, թուրք, քիւրտ, ամերիկացի կամ սպանացի հանդիսատես։
Համացանցը կարելի է օգտագործել մեր ինքնութիւնն ու պատմութիւնը ծանօթացնելու եւ զանոնք մեր երաժշտութեան ընդմէջէն ներկայացնելու։
Շատ շատեր Կոմիտասի երգերուն միջոցաւ հայու կերպարին, արժէքին, ու դատին կը ծանօթանան։ Այսօրուան դարը մշակութային զօրաւոր հիմք ունեցողինն է, եւ օտարը միշտ կը փնտռէ քու յատկութիւնդ, քու ինքնուրոյնութիւնդ եւ զայն քեզմէ աւելի կրնայ գնահատել։
Յաջողութիւն ձեզի Ռաֆֆի Չիլինկիրեան եւ Armenian Soul Band «Արմինիըն սոլ պենտ» խումբին:
Արդարեւ, հայ մշակոյթը կը պահպանուի շնորհիւ նման ազգասէր եւ յանձնառու Ռաֆֆի Չիլինկիրեանի , Յակոբ Փամպուքեանի եւ Կարօ Սվաքճեանի հաւաքական ուժի ջանքերով:
Հարցազրոյցը վարեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Ռատիո ԱՅԳ
Comments