Շաքէ Մանկասարեանի «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ»ը «101 էջ, 18 հեքիաթ, մէկը միւսէն լաւ»
Խոստացեր էի Շաքէ Մանկասարեանին, որ իր արեւմտահայերէնի վերածած հեքիաթները պիտի անպայման թոռնիկիս կարդամ, երբ Ամերիկա վերադառնամ: Եւ ալ այդպէս սկսայ: Բայց մեղքս չպահեմ: Երեխան կարծես ես եղայ, որովհետեւ մէկ էջ կարդալէս վերջ՝ թոռնիկիս խաղալիք մը տալով՝ շարունակեցի ես ինծի համար կարդալ: Տարուեցայ: Ամբողջ գիրքը կարդացի, 101 էջ, 18 հեքիաթ, մէկը միւսէն լաւ:
Հաճելի եւ հետաքրքրական պատմուածքներ կան Շաքէի «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» խորագիրով այս գիրքին մէջ, հիւսուած գեղարուեստական պարզ ու տաքուկ ոճով, դերակատարներ ունենալով երեւակայական էակներ եւ խօսուն կենդանիներ:
Ներածականը գիրքին՝ գրականագէտ Գէորգ Պետիկեանի գեղեցիկ գրախօսականն է: Իսկ, «Երկու Խօսք»-ը առակագիր Եզնիկ Բալայեանի գրութիւնը: Յստակ է, որ Եզնիկ Բալիկ մեծապէս խանդավառուած է հեքիաթներու կենդանիներով, թերեւս անոր համար, որ անոնք կը նմանէին իր առակներու կենդանիներուն:
Երեխաներու համար կարծես բնածին յատկութիւն է կենդանիներ սիրելը եւ անոնց կերպարով խաղալիքներու հետ խաղալը եւ խօսիլը: Թոռնիկս նոյնիսկ շաքար կու տայ իր սիրած խաղալիք «պաստակին», այսինքն՝ նապաստակին:
Եւ իրաւ, զարմանալի չէ որ աշխարհի առաջին սիրուած կենդանիները ներկայացուած են քարայրներու պատերուն վրայ փորագրուած պատկերներով: Գուցէ նախնական մարդը կենդանիի ձայներ ալ հանելով կը զբաղեցնէր իր զաւակները, երբ ձմեռ մը ամբողջ կ՛ապաստանէր քարայրի մէջ: Ձայներ, որոնք յետոյ հեքիաթ եղան:
Ըստ վաւերական աղբիւրներու, իրլանտացիները 2400 տարի առաջ եղած են առաջին բերանացի հեքիաթ պատմողները: Իսկ առաջին գրաւոր հեքիաթը հասած է մեզի Հնդկաստանէն, «Փանչաթանթրա»ն (Panchatantra ), գրուած Ք.Ա. 200-րդ դարուն, 2200 տարի առաջ:
Միջնադարեան ժամանակներուն, յատկապէս 8-րդ դարուն, Արաբական արշաւանքներու դէմ մղուած հերոսական պայքարի, յանուն ժողովուրդի ազատութեան եւ հայրենիքի պահմանման պայմաններուն մէջ հայկական ժողովրդային բանահիւսութիւնը ստեղծեց «Սասունցի Դաւիթ կամ Սասնայ Ծռեր» խորագիրով դիւցազնավէպը, որ կը բաղկանայ վիպական չորս մասերէ: Սասնայ Ծռեր առասպելական սխրանքներու հեքիաթը հետագային մշակուելով ունեցաւ շատ տարբերակներ: 1939-ին, Յովսէփ Օրբելիի ստեղծած 60 պատումներէ բաղկացած համահաւաք բնագիրը թարգմանուեցաւ ֆրանսերէնի, չինարէնի, յունարէնի, ռուսերէնի, գերմաներէնի, վրացերէնի, թրքերէնի, ատրպէյճաներէնը եւ այլ լեզուներով։ Անգլերէնի թարգմանութիւնը կատարեց բանաստեղծ, ամերիկահայ անգլագիր գրող, բանասէր՝ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանը (Ծնեալ Տրապիզոն 1905 – Մահ՝Քալիֆորնիա, 1995):
Այժմ, Սասնայ Ծռեր դիւցազնավէպը ընդգրկուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու» ցանկին մէջ: Իսկ 2012-ին, վէպը ընդգրկուեցաւ Իւնէսքոյի (UNESCO -United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization) «Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական» ցանկերուն մէջ։
Ժողովրդային բանահիւսութիւնը շատ աւելի կանուխ սկսաւ Արեւելքի մէջ քան Եւրոպա: Իրաքէն, Ապպասեան Խալիֆէութեան շրջանէն (750-1258) ունեցանք հոյակապ հեքիաթներ, 9-10-րդ դարերուն Պաղտատեան արաբական հաւաքածոն՝ «Հազար ու Մէկ Գիշերներ»-ը խորագիրով, զոր Շահրազատ յաջորդաբար ամէն գիշեր պատմեց մին Պաղտատի թագաւոր Շահրիարին, որպէսզի կարենայ յետաձգել իր մահավճիռը: Այս հեքիաթներէն հռչակաւոր է «Ալի Պապա եւ 40 Գողերը», «Ալլատին» եւ «Սինտիպատ»ի պատմութիւնները:
Եւրոպայի մէջ հեքիաթագրութիւնը շատ ուշ սկսաւ: Չեխ մանկավարժ Եան Ամօս Քոմենսքի՝ ( չեխ.՝ Jan Amos Komenský, անգլ.՝ John Amos Comenius) 1693-ին հրատարակեց պատկերազարդ մանկական պատմութիւնը «Օրպիս Փիքթոս» խորագիրով, (Orbis Pictus կամ Orbis Sensualium Pictus textbook):
Մանկական հեքիաթներու առաջին պարբերաթերթը լոյս տեսաւ 1765-ին, Անգլիա: Հեղինակն էր Ճոն Նիւպէրի (John Newbery), որ ճանչցուեցաւ որպէս Անգլիոյ հեքիաթագրութեան հայրը:
Եւրոպական շատ մը երկիրներ հետեւեցան Անգլիոյ օրինակին եւ հեքիաթագրութիւնը անբաժան մասնիկը եղաւ անոնց ազգային գրականութեան. բերանացի հիւսուած հեքիաթները գրի առնուեցան:
Հայաստանի մէջ ժողովրդական հեքիաթներու առաջին գրառողները եղան Բահաթրեան եղբայրները, որոնք 1860-ին, Շուշիի եւ Արցախի բարբառով գրի առին քսանէ աւելի հեքիաթներ: Իսկ պատմական Կիլիկեան Հայաստանի ծայրամասին՝ Միջերկրական ծովի ափին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղ ծնած Աբրահամ Կ. Սէքլէմեան (1864-1920, ԱՄՆ) գիւղ-գիւղ պտըտելով գրի առաւ ժողովրդային պատմուածքները, որոնցմէ էր «Ճշմարիտ Կինը» խորագիրով հեքիաթը, հետեւողութեամբ Ուիլիըմ Թէյրի համանուն «The True Woman» երկասիրութեան, որ հրատարակուեցաւ Պոլիս, 1894-ին:
Շաքէ Մանկասարեանի հրատարակած հեքիաթներու գիրքը իսկապէս կոթողային գործ է: Բացի հաճելի ժամանց ըլլալէն, հեքիաթները դաստիարակչական բնոյթ ունին, նպատակ ունենալով յղկել երեխային նկարագիրը, որպէսզի կարենայ զանազանել բարին՝ չարէն, լաւը՝ գէշէն, վատէն եւ միաժամանակ սորվի ըլլալ արդարամիտ, աշխատասէր, հնազանդ, ազատատենչ եւ հայրենասէր:
Ինչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ Շաքէ Մանկասարեանը շաբաթը մէկ անգամ գոնէ ձայնասփռէ հեքիաթ մը իր սեփական Radio Ayk առցանց կայանէն:
Շատ կը փափաքէի, ըստ գրախօսականի սովորութեան, մէջբերում մը ընել Շաքէի գիրքէն ու գոնէ մէկ հեքիաթ պատմել: Սակայն հօրս պատգամը յիշելով որոշեցի չպատմել: Մի ըսէք՝ «հայրդ ինչ գործ ունի այստեղ» . բացատրեմ. հայրս սինեմա երթալ շատ կը սիրէր: Ես ալ: Բայց հայրս կ՛ըսէր՝ «տղաս, տեսածդ մի պատմեր ինծի, որ ֆիլմին համը չփախի, երբ երթամ»: Ես ալ չէի պատմէր, եւ այսպէս հայրս կը հասնէր իր մուրազին: Հաճեցէք դուք ալ կարդալ Շաքէի գիրքը, որպէսզի հասնիք ձեր մուրազին:
Ծանօթագրութիւն.-
«Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» գիրքը ստանալու համար կարելի է պատուիրել www.radioayk.com կայքէջէն: Իսկ Հայաստանի մէջ կարելի է ձեռք բերել ԴԱՐԱՆ- ՀԱՅ ԳԻՐՔ գրախանութէն, Հասցէ՝ Իսահակեան 16ա, Հեռ. 010 (096) 56 80 38, +374 96 568038
Comments