top of page

Սիւնակներ

ՆԵՄԵՍԻՍ Պատժիչ Գործողութիւնը

✎ Շաքէ Մանկասարեան


Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն ետք, երիտթուրքերու պարագլուխները Պոլիսէն (Իսթանպուլ) կը տարուին Գերմանիա:

1920-ին, Արա Միհրանի Սարգսեան Հռոմ էր, կ’ուսանէր Գեղարուեստական բարձրագոյն դպրոցը:

ՀՅԴ կուսակցութեան բիւրոն 9րդ ընդհանուր ժողովին որոշում կ՛առնէ պատժել ոճրագործներուն:

Գործողութեան ծրագիրը շատ գաղտնի` ծնունդ կ’առնէ վրէժի Աստուծուհին ՆԵՄԵՍԻՍԸ:

Գործողութեան ուղեղը Արմէն Գարօն էր, Շահան Նաթալին` սիրտը, Ահարոն Չաղակլեան՝ դրամական պատասխանատուն:

Արային կը յանձնարարուի մօտէն ծանօթանալ Թալաաթին, Էնվերին, Ճեմալ Ազմիին եւ Պէհաատին Շաքերին եւ տեղեկութիւն հաւաքել անոնց շարժումներուն եւ դիմագիծերուն մասին:

Ան լաւ գիտէր թրքերէն, Գերմաներէն:


Նեմեսիս գործողութիւնը յաջողութեամբ կը գործադրուի եւ ոճրագործները կը ստանան իրենց արդար պատիժը: Վրիժառուները կ՛անցնին Մ. Նահանգներ:

Արան 1924-ին կաւարտէ Վիեննայի Գեղարուեստական Ակադեմիան: Խոհրդային Միութեան դեսպանատունէն կը ստանայ քաղաքացիութիւն:

1925-ին կը տեղափոխուի Երեւան:

Սիրուած ու յարգուած, հանճարեղ քանդակագործը կը գործէ եւ կը ստեղծագործէ որպէս հայրենասէր:

Իր քանդակած արձաններն ու կիսանդրիները տեղադրուած են Հայաստանի քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ:

Երեւանի Պուշկինի անուան թաղամասին մէջ կը գտնուի անոր տուն թանգարանը:

Իր քանդակներով կը յաւերժանայ եւ կը յաւերժացնէ ու քարի վրայ կը դրոշմէ հայ ազգին յաւերժութիւնը:

Տոքթ. Նորայր Մանճեան



Նկարներու աղբիւրներ՝ http://ashkf.am/ara-sargsyan/ եւ

Առ ի գիտութիւն: 1920-ական թուականներուն Հռոմի եւ Վիեննայի մէջ ուսանելու տարիներուն Արա Սարգսեան իր աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է ՙՆեմեսիս՚ գործողութեան իրականացման: 1921-ին Կոստանդնոպոլսէն գալով Հռոմ, Կոստանդնոպոլսի կուսակցական ընկերներու` մասնաւորապէս Արշաւիր Շիրակեանի խորհուրդով, Արա Սարգսեան կը ներկայանայ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցչութիւն` Միքայէլ Վարանդեանին: Վերջինս աշխատանքի կը վերցնէ խելացի, վեց լեզուներու տիրապետող եւ ընդյատակեայ աշխատանքի փորձ ունեցող այդ երիտասարդը: Քանի որ Արա Սարգսեան գերազանց կը տիրապետէր թրքերէն, գերմաներէն եւ իտալերէն լեզուներուն, ան Գրիգոր Մերուժանովի հետ միասին յաճախ կ’այցելէր մարդաշատ վայրեր, սրճարաններ, հասարակական վայրեր` թուրքերու խօսակցութիւններէն եւ զրոյցներէն օգտակար տեղեկութիւններ ձեռքբերելու համար: Վերոյիշեալ միջոցառումներուն շնորհիւ, անոնք կը պարզեն հետեւեալը. Հռոմի մէջ` Թուրքիայի նախկին վարչապետ Սայիտ Հալիմի, Պերլինի մէջ` հայոց ազգի ցեղասպանութեան կազմակերպիչներու` Ճեմալ Ազմիի եւ Պեհաիտտին Շաքիրի գտնուելու վայրերը: Այնուհետեւ վերոյիշեալ տուեալները կը յայտնեն Արշաւիր Շիրակեանին, եւ ան իր ընկերներուն (Արամ Երկանեանի) հետ միասին ի կատար կ’ածէ վրէժխնդրութիւնը:

Արտաքին աշխարհի հետ խումբի կապը կ’իրականացուէր Արա Սարգսեանի միջոցով: Անոր փոսթային հասցէին կու գային Դաշնակցութեան ղեկավարութեան բոլոր ցուցմունքները եւ դրամը: Ողջ Եւրոպայի ոստիկանութեանը չէր յաջողեր գտնել խումբին հետքերը, քանի որ ոչ ոքի մտքով չէր անցներ ստուգել արուեստով տարուած 19-ամեայ տաղանդաւոր ուսանողի փոստարկղը:

“Նեմեսիս” գործողութեան բոլոր մասնակիցները կը ճանչցուին որպէս հերոսներ: Ինչ կը վերաբերի Արա Սարգսեանին, անոր անունը հերոսներու շարքին մէջ կը նշուի Ա.Ս. սկզբնատառերով, մասնաւորապէս Արշաւիր Շիրակեանի “Կտակն էր նահատակներուն”, Գրիգոր Մերուժանովի “Իմ կտակը”, Արամ Երկանեանի “Այդպէս մենք վրէժ լուծեցինք” գիրքերուն մէջ՝ զայն վտանգի չենթարկելու նպատակով, քանի որ ան կը բնակէր Սովետական Հայաստանի մէջ:


Քաղուածքի աղբիւր՝ https://old.arfd.am/?p=536

Շաքէ Մանկասարեան

Comments


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page