ՄԻՀՐԱՆ ԵՈՒՍԷՖ Խըտըրլեան. Սուրիահայ հանրաճանաչ լրագրող, հաղորդավար եւ վերլուծաբան
✎ ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ 1 Յուլիս 2023
Լրագրող Միհրան Եուսէֆ Խըտըրլեան ծնած է 1936-ին, Դամասկոս, Սուրիա: Հայրը Ալեքսանտրէթի սանճաքէն գաղթած ու հաստատուած է Դամասկոս, ուր հանդիպած է իր ապագայ արաբ կնոջ եւ կազմած են ընտանիք՝ ունենալով մէկ դուստր եւ երկու մանչ. Միհրանը երրորդ զաւակն էր: Հայրը աշխատած է այդ օրերուն ծաղկում ապրող սանտրի ձեռային արտադրութեան ոլորտին մէջ:
Միհրանը իր նախնական ուսումը ստացած է իրենց տան մերձակայքը գտնուող «Ալ Քասսաա» շրջանի «Եուհաննա Էլ Տիմաշքի» անունով նախակրթարանին մէջ, որմէ ետք շարունակած է միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը «Պապ Թումա» շրջանի մէջ գտնուող «Ալ Ասիա» վարժարաններուն մէջ, եւ եղած է յառաջադէմ աշակերտ:
Հայրը կը մահանայ, երբ Միհրան տասը տարեկան էր: Աւագ եղբայրը կը ստանձնէ ընտանիքին ու Միհրանին ուսման ծախսերուն հոգը: Երբ Միհրան յաջողութեամբ կ’աւարտէ երկրորդական ուսումը, կ’ուզէ իրականացնել իր մանկութեան երազը՝ օդաչու դառնալ, ուստի կը դիմէ օդանաւորդութեան քոլէճ. յաջողութեամբ կը լրացնէ պաշտօնական ընդունելութեան նախնական քննութիւնը եւ կ՛ընդունուի այնտեղ: Սակայն աւագ եղբօր դժկամութիւնը այնքան մեծ էր այդ ընտրութեան հանդէպ, որ Միհրան ընդմիշտ կը հրաժարի օդանաւորդ դառնալու ծրագիրէն:
Այս միջոցին, ան կ’ընդունուի Դամասկոսի համալսարան եւ միաժամանակ կ’աշխատի որպէս արաբերէնի եւ թուաբանութիւն ուսուցիչ հայկական «Յառաջդիմասէր» (յայտնի նաեւ՝ «Սահակեան» անունով, հիմնադրուած՝ 1929-ին) վարժարան»ին մէջ. գործի պարտականութիւնները ժխտականօրէն կ՛անդրադառնան իր համալսարանական ուսման:
Միհրանի հմայուած էր հաղորդավարական գործով. ան կը հետեւէր այն ժամանակի՝ 1950-ական թուականներու նշանաւոր ձայնասփիւռի հաղորդավարներուն, որոնք հետագային անցան պատկերասփիւռի մարզ, ինչպէս عادل خياطة , خلدون المالح , فؤاد شحادة . ան հաճոյքով կը լսէր այս մարդոց ձայնասփիւռի յայտագիրները:
1962 թուականին, երբ Դամասկոսի ռատիոկայանի հաղորդավարներու մրցոյթ կը յայտարարուի, Միհրան կը դիմէ մրցոյթին եւ կը յաջողի շարք մը դիմողներու հետ, որոնք հետագային յայտնի հաղորդավարներ դարձան, ինչպէս ՝أحمد زين العابدين , ومحمد قطان وسمير رفعت والسيدة فطمة خزندار
Այսպէս, Միհրան կը սկսի աշխատիլ ձայնասփիւռի ծրագիրներու մէջ, որմէ ետք կ’անցնի պատկերասփիւռային ծրագիրներու` միաժամանակ շարունակելով դպրոցին մէջ ուսուցիչի իր աշխատանքը:
…Կ’անցնին օրեր, եւ օր մըն ալ Միհրան կը հանդիպի Սուրիոյ Ռատիոյի եւ պատկերասփիւռի գլխաւոր տնօրէն Աթիա Ալ-ճաուտէյին: Երբ վերջինս հարց կու տայ, թէ ինչ վկայական ունի, Միհրան կը պատասխանէ ՝ պաքալորիա: Յայտնապէս դրական չտպաւորուելով Միհրանի պատասխանով, տնօրէնը քանի մը կոշտ արտայայտութիւններ կ՛ունենայ, ինչ որ մեծապէս կ՛ազդէն Միհրանին վրայ. ան նոյն օրն իսկ կը վճռէ համալսարանական ուսումը շարունակել, սակայն Միհրանին արտօնութիւն չի տրուիր իրականացնել այդ, որովհետեւ տասը տարի անցած էր պաքալորիա վկայական ստանալու թուականէն: Ուստի, ան կ’անցնի Պէյրութ, Լիբանան, կ’ընդունուի համալսարան եւ չորս տարի ետք յաջողութեամբ կ՛աւարտէ ստանալով Պսակաւոր արուեստից տիտղոս՝ Արաբերէն լեզուի եւ գրականութեան ճիւղին մէջ:
Որոշ ժամանակ աշխատելով ձայնասփիւռի ծրագիրներու մէջ, Միհրան կը տեղափոխուի պատկերասփիւռ: Հակառակ անոր, որ տակաւին պատկերասփիւռի հիմնադրումի առաջին փուլն էր, եւ այն օրերուն շատ համեստ էին պատկերասփիւռի հնարաւորութիւնները, այնուամենայնիւ Միհրան հեռատեսիլի կայանէն կը սկսի ներկայացնել շարք մը իւրայատուկ յայտագիրներ, անոնց կողքին ունենալով նաեւ Գահիրէի պատկերասփիւռի յայտագիրները, որոնք կը փոխանակուէին Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ՝շնորհիւ երկու պետութիւններու միաւորման:
Սուրիոյ մէջ Պաաս կուսակցութեան իրականացուցած Մարտ 8-ի յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին, պատկերասփիւռի սեւ-ճերմակ հեռարձակումը անցաւ գունաւոր պատկերով հեռարձակումին. Միհրան նախ ներկայացուց քաղաքական բնոյթ կրող ծրագիրներ, որմէ ետք՝ «Պատկերասփիւռի պարբերաթերթ» յայտագիրը եւ մրցութային բնոյթի շատ մը ծրագիրներ:
Միհրան յաճախ կը հպարտանար յատկապէս սեւ-ճերմակ պատկերասփիւռի շրջանին իր ներկայացուցած ծրագիրներով, որոնք կը կոչուէին՝ «Սեւ-Ճերմակ», «Բախտդ» եւ «Աստղերը»: (“أبيض وأسود” و”حظّك” وبرنامج “أبراج”) : Երբ արդէն պատկերասփիւռը անցաւ գունաւոր հեռարձակումի, ան ներկայացուց իր նշանաւոր ծրագիրը, որ կը կոչուէր ” “الحظ وشيء آخر, որ համատեղեց մրցոյթներն ու երգի ելոյթները` հիւրընկալելով Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի երգարուեստի բազմաթիւ աստղեր, մինչ երբեմնի հանդիսատեսը չի կրնար մոռնալ լրագրող-հաղորդավար Միհրանի իւրայատուկ լուսաբանումը՝ 1987-ին Սուրիա-Խորհրդային Միութիւն միացեալ տիեզերական թռիչքին առթիւ:
Միհրան Եուսեֆը հանրածանօթ հեռատեսիլի դէմք դարձաւ ոչ միայն լուրերու տեղեկագիրները կարդալով, այլ նաեւ ներկայացնելով իրեն վստահուած բոլոր զրոյցները` կարդալով պաշտօնական յայտարարությունները: Միհրանին անունը կապուած էր նաեւ «բախտի անիւներ»ուն հետ ՝ ներկայացնելով Դամասկոսի միջազգային վիճակախաղի երեկոները առաջին ալիքի վրայ:
Ինչ կը վերաբերի անոր «Հարցում մը՝ յընթացս» ( برنامج سؤال ع الماشي) ծրագիրին, այն իր վերջին պատկերասփիւռի ծրագիրն էր, ուր Միհրան պատկերասփիւռի տաղաւարէն դուրս գալով եւ շրջագայելով Դամասկոսի արուարձաններու մէջ, հարց-պատասխանի բնոյթ կրող հանդիպումներ կազմակերպեց պատահական անցորդներուն հետ եւ հեռարձակեց զանոնք: Այս յայտագիրի մասերէն կարելի դիտել այս յղումներով՝
Միհրան Եուսէֆ երբեք չգայթակղեցաւ արբանեակային կայաններու շռայլ ամսականներով վարձատրուած պաշտօններով: Ան մերժեց, օրինակ, Քաթարի եւ Տուպայի մէջ աշխատելու առաջարկները. պատճառը այն էր, որ ան կը սիրէր բնակիլ Սուրիոյ մէջ: Առիթով մը, Միհրան ըսաւ. «Այս աշխարհի մէջ ես իմ երկիրս ունիմ եւ չեմ պատրաստուիր որեւէ այլ տեղ երթալ»:
45 տարիներ սուրիական պատկերասփիւռի լրատուական ծրագիրին նուիրուած հանրաճանաչ հայ լրագրող, մեծ համբաւ ձեռք բերած հաղորդավար-վերլուծաբան, սուրիական եւ ասիական համաժողովներուն, Ոչ-յանձնառու պետութիւններու վեհաժողովներուն Սուրիոյ նախագահական պատուիրակութեան մնայուն գլխաւոր ուղեկից Միհրան Եուսէֆ այս կեանքէն հեռացաւ 77 տարեկանին, 25 Փետրուար 2013-ին, սրտի կաթուածով:
Աղբիւրներ՝
https://ar.wikipedia.org/wiki/%D9%85%D9%87%D8%B1%D8%A7%D9%86_%D9%8A%D9%88%D8%B3%D9%81
https://www.jsyria.com/ar/news.php?id=52866
Comments