top of page

Սիւնակներ

Հանրածանօթ Գեղանկարիչ, Գծագրութեան Ուսուցիչ եւ Լողի Ախոյեան՝ Եզեկիէլ Թորոս

✎ Շաքէ Մանկասարեան


Հալէպի աշակերտներուն սիրելի ու գծագրութեան բարի ուսուցիչը եւ մեծ յարգանք ու սէր վայելող Մարդը՝ Եզեկիէլ Թորոս

Հանրածանօթ գեղանկարիչ Եզեկիել Թորոս ծնած է Խարբերդ քաղաք, 1915-ին: Իր ծնողքին՝ Աբ


րահամի եւ Մարիամի եւ 2 եղբայրներուն՝ (Կոստանդին եւ Սամիկ) հետ


գաղթած է Հալէպ, Սուրիա, 1921-ին: Եզեկիէլ Թորոսին մեծ եղբայրը՝ Կոստանդին աւարտած է Խարբերդի Քոլէճը, սակայն ցաւով պէտք է յիշա

տակել, որ հայրը իր ընտանիքին եւ իր զաւկին ընկերոջ Խաչատուրին հետ կը ստիպին փախչիլ դէպի Հալէպ՝ փրկելու Կոստանդինը զինուորութիւնէն, երբ անոնք ահ ու սարսափ կ’ապրին ի տես իր աքսորուած չորս եղբայրներուն, նաեւ՝ իր կնոջ Մարիամի եօթը աքսորուած եղբայրներուն:


Չորս ամիս ճամբայ կտրող կարաւանները, երբ կը հասնին Հալէպ, Ճալլում Քուպրա տոմարներուն մէջ կ’արձանագրուին որպէս Արման Քատիմ, կրօնք՝ سريان قديم, իսկ՝ Սամիկ եղբայրը Սելիմ անունով. իր հօր արաբերէն չգիտնալուն եւ թարգմանիչի սխալ մեկնաբանութեան պատճառով: Հարկ է նշել, որ հակառակ անոնց հետագայ բոլոր ջանքերուն, տոմարակալուած արձանագրութիւնը կարելի չըլլար սրբագրել, ըստ Սոնիա Թորոսի:


Եզեկիէլ Թորոս կը յաճախէ Հայկազեան Ազգային Վարժարանի տղոց բաժինը, որ կը գտնուէր Ճիտէյտէ թաղամասը (ներկայիս կառոյցը պահպանուած է որպէս թանգարան «Պէյթ Ղազէլէ» ), ապա կը շարունակէ իր ուսումը Հալէպի ամերիկեան Քոլէճին (Aleppo college) մէջ, աւարտելով եւ ստանալով High School degree պատշաճ պաշտօնական վկայականը, որ կը տրուէր 10-րդ դասարանը ամբողջացնող շրջանաւարտներուն: Դպրոցի ամռան արձակուրդի ամիսներուն, ան կը հմտանայ ժամացոյց նորոգելու եւ ժամագործութեան արհեստին մէջ իր մեծ եղբօր՝ ժամագործ Կոստանդինի խանութին մէջ, որ կը գտնուէր «Պապ էլ Ֆարաճ» հրապարակը:

Հոս անդրադառնամ, որ գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոսի եղբայրները՝ Կոստանդին Թորոսը ծնած է Խարբերդ, 1889-ին եւ մահացած է 1958-ին, Հալէպ, իսկ Սամիկ Սէլիմ Թորոսը ծնած է Խարբերդ, 1918-ին եւ աւարտած է Aleppo College: Ան Եղած է Սուրիոյ Syria shell Petrolium ընկերութեան տնօրէնը 1960- 1972 տարիներուն: Ամուսնացած է աւստրիացի Orrely Porgess-ի հետ եւ իր մահկանացուն կնքած 1988-ին, Վիեննա:


Գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոս սկսած է նկարել 1932-ին: Բայց եւ այնպէս, ան իր դպրոցական տարիներուն՝ հօրմէն գաղտնի մասնակցած է ցուցահանդէսներուն իր գեղանկարչական գործերով եւ նուաճած է առաջնութիւնը: Այնքան շատ սիրած է որսորդութիւնը, որ ան երկար ժամանակ բնութեան մէջ անցնելով՝ որսորդութեամբ զբաղուելով, եւ զարմանալի չէ բնաւ տեսնել իր գեղարուեստական ​​թեմաները, որոնք կը բխէին իր ապրած գեղեցիկ բնութիւնէն:


Գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոս, ամբողջ Սուրիոյ մակարդակին վրայ, առաջինը կը համարուէր նկարչական դանակով նկարելու իր գեղանկարչական ստեղծագործութիւնները: “حزقيال طوروس”.. فقد كان رائداً في الرسم بسكين الرسم المعروفة. تجربة متفردة في الرسم بالسكين : Իր կեանքին ընթացքին, նկարած է աւելի քան 1500 գեղանկարչական իւղաներկ կտաւներ, որուն հետեւանքով ալ տկարացած էր տեսողութիւնը կը նշէ արաբ սուրիացի արուեստագէտ քննադատ الناقد التشكيلي “محمود مكي:


Անոր առաջին նկարչական գործը եղած է «Հալէպի բերդ»ը, 1936-ին, իսկ առաջին անհատական ցուցահանդէսը՝ 1943-ին, եղած է իր ժամագործ եղբօր խանութին առջեւ, իսկ երկրորդ ցուցահանդէսը եղած է Հալէպի «”نادي السعد Ալ Սաատ ակումբ»ի սրահին մէջ, ուր ան ներկայացուցած է աւելի քան 54 գեղանկար, որոնք բոլորն ալ օրին ծախած է արաբներու եւ օտարներու: 1961-ին, ան կը մասնակցի պաշտօնական ցուցահանդէսներու՝ մասնակցելով գեղանկարիչ Ֆաթեհ Ալ-Մուտտարէսի ցուցահանդէսին «نادي اللواء Ալ Լիուա Ակումբ»ի սրահին մէջ, 1953-ին, Լաթաքիոյ մէջ հանդէս կու գայ իր ցուցահանդէսով, 1960-ին `Դամասկոսի մէջ, 1963-ին` Գամիշլիի մէջ, 1974-1975 տարիներուն Հալէպի մէջ, իսկ իր վերջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է 1977-ին, Հալէպի «”تشرين”Թիշրին» պատկերասրահին մէջ: Այս տարիներու ընթացքին ան արժանացեր է բազմաթիւ մրցանակներու:

Ան անդամ էր Սուրիոյ Արուեստագէտներու Սենտիքային Syrian Artists Syndicate: Գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոս նաեւ եղած է Հալէպի լողի ախոյեան:



1934 – 1958 թուականներուն, Հալէպի ատենի եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն կողմէ Boulevard de France թաղամասին (ներկայիս شارع القوتلي ) մէջ, գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոս բացած էր իր անձնական ժամագործի խանութը՝ Զուիցերիական ժամացոյցներու ընտրանիով, որ դարձած էր արաբ ու օտար զբօսաշրջիկներուն ուշագրաւ խանութը: 1961 – 1984 թուականներուն, Ճորճ Լահտոյի խանութէն դէպի Լատինաց Եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ, բացած էր իր նոր խանութը, ուր կը ցուցադրուէր ժամացոյցներն ու իր գեղանկարչական գործերը, եւ հոն կ’այցելէին նաեւ զինք յարգող ու սիրող աշակերտները: Անոր մահէն 5 տարի ետք, Ամերիկա բնակող իր տղաքը կ’որոշեն 1989-ին, ծախել իրենց հօր փակ մնացած Խանութը:

Գծագրութեան ուսուցիչ նշանակուած է պետութեան կողմէ եւ երկար տարիներ պաշտօնավարած է Հալէպի արաբական դպրոցներէն ներս, ինչպէս՝ المامون…المعري..الكواكبي… هنانو նաեւ հայկական վարժարաններէն ներս, ինչպէս՝ Ազգ. Հայկազեան Վարժարան – Մանչերու բաժին, մօտաւորապէս 18 տարի, միաժամանակ Հալէպի Ամերիկեան Քոլէճին (Aleppo college), 20 տարի Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ուր ուսուցիչը ըլլալով նաեւ իր դուստրին՝ Սօնիա Թորոսին, Կիլիկեան Ճեմարան եւ ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանը:


Ան կ’ամուսնանայ Լուսի Սաղրեանին հետ, որուն մեծ հայրը զա


յն Իսկէնտերունէն տարած է Լիբանան, Miss Elizabeth Steven Webb ամերիկացի միսիոնարուհի խնամքով բացուած գիշերօթիկ դպրոցին մէջ դնելով, ուր Լուսին վկայեալ հիւանդապահուհի դառնալու փափաք կը յայտնէ: Միս Ուեպ անոր կ’առաջարկէ երթալ Ամման, Յորդանան կամ Հալէպ, Սուրիա, եւ Լուսին կ’ընտրէ Հալէպ քաղաքը իր ուսումը շարունակելու համար: Եւ ահա Լուսին կը հասնի Հալէպ եւ կը շարունակէ ուսումը Ալթունեանի բուժքոյրերու դպրոցին մէջ (տե՛ս տեղեկութիւնը), որ ատենին կը գտնուէր սինեմա Օկարիթի կողքի շէնքին, որ հետագային դարձած է «Ալ Հիքմա» Դպրոց مدرسة الحكمة, ապա քանդուած: Ալթունեան Հիւանդանոցի տնօրէնին՝ Mr. Thompson հովանաւորութեան տակ, ուսանողուհիները կ’երթային Հալէպի «Ֆարուք» լողաւազանը, որուն սեփականատէրը՝ Բիւզանդ Տէմիրճեան էր: Եւ օր մըն ալ Լուսին կը հրաժարի աւազան իջնելէ եւ իր սրտնեղութիւնը յայտնելով անգլիացի տնօրէնին թէ՝ ինք այս օտար մարդուն ներկայութեան աւազան իջնելէն կը հրաժարի մինչեւ այն ատեն որ ան ներկայ է: Այստեղ, տնօրէնը կը բացատրէ Լուսիին ըսելով, թէ այս օտարը երիտասարդը հայ է եւ լողի ախոյեան: Անշուշտ, Եզեկիէլ Թորոսին աչքերուն կը հանդիպին Լուսիի ծուռ հայեացքները …. Օրեր կ’անցնին, Եզեկիէլ Թորոս հետաքրքրութեամբ կ’իմ


անայ Լուսիի եւ անոր ուսման վայրի մասին, եւ բաւական ժամեր տրամադրելով ամէն օր կը սպասէ Ալթունեան Հիւանդանոցի շրջակայքը, որպէսզի հանդիպի Լուսիին ….. չի ուշանար այդ օրը … եւ Լուսին կը ծանօթանայ Եզէկիէլի ծնողքին: 1941-ին, Լուսին կ’աւարտէ ուսումը եւ Եզեկիէլ Թորոսի թելադրանքով, ան կը վերադառնայ Լիբանան, որմէ ետք Եզեկիէլ Թորոս կը ճամբորդէ Լիբանան ու պաշտօնականօրէն ներկայանալով Լուսիի հարազատներուն նշանախօսութիւնը տեղի կ’ունենայ 1941-ին, եւ երեք ամիս ետք պսակի արարողութիւնը կը կատարուի Հալէպ: Կը բախտաւորուին 4 զաւակներով՝ Ճորճ, Ալէքսան,Ալպէր եւ Սոնիա:

Գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոսի չորս զաւակներն են՝

Ճորճ Թորոս (1947-2002) ամուսնացած է Քարէն Եփփէ Ճեմարանի իր դասընկերուհիին՝ Սալբի Տանկուրեանին հետ, 1967-ին: Շրջան մը ապրած է Քուէյթ, ուր երկու տարի Սալբի Տանկուրեան պաշտօնավարած է Քուէյթի Ազգ. Վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնն էր այդ օրերուն Մանուէլ Չարշաֆճեան: Ճորճ եւ Սալբի իրենց ընտանիքով գաղթած են Մ. Նահանգներ,1980-ին:

Ալէքսան Թորոս (1953-2002) շրջան մը Քուէյթ, ապա գաղթած է Մ. Նահանգներ. ամուսնացած եւ մահացած է հոն: Մեծ դժբախտութիւն էր, որ երկու եղբայրներ կը մահանան նոյն տարին, 2002-ին. նախ Ալէքսանը ապա չորս ամիս ետք Ճորճը:

Ալպէր Թորոս ծնած է 1956-ին, գաղթած է ու հաստատուած Սանթա Մարիա, Քալիֆորնիա, Մ. Նահանգներ, ընտանիք կազմած եւ հիմնած յաջողակ աշխատանք մը:



Սոնիա Թորոս ամուսնացած է եւ կ’ապրի Հալէպ, ուր կ’ապրին նաեւ իր դուստրերը, որոնք նոյնպէս ամուսնացած են եւ ընտանիք կազմած: Սոնիան երկրորդական ուսումը աւարտելէն ետք, կը մեկնի Քուէյթ 1973-ին, ուր կ’աշխատէին իր եղբայրները: 1973-1976 տարիներուն, Սոնիան կը պաշտօնավարէ Քուէյթի Ազգ. Վարժարանէն ներս ( այդ տարիներուն վարժարանը ունէր մինչեւ միջնակարգ դասարան), որպէս պատասխանատու եւ հայերէնի դասատու՝ երկրորդ դասարանին, իսկ, որպէս գծագրութեան ուսուցչուհի՝ առաջին դասարանին: Հողագործութեան ճարտարագիտութեան համալսարանը كلية الهندسة الزراعية աւարտելու համար Սոնիա կը վերադառնայ Հալէպ, 1976-ին:

Հարկ է նշել, որ 1971 – 1979 տարիներուն, Քուէյթի Ազգ. Վարժարանի տնօրէնն էր Մանուէլ Չարշաֆճեանը (Ծնած 13 Մարտ 1942, Հալէպ – Մահացած Մարտ 2021, Մոնթրէալ, Քանատա), նաեւ՝ Հայ Գրականութեան դասատուն: Հետագային, 1977-1979 տարիներուն, ան նաեւ Քուէյթի բարձրագոյն կարգերու Հայ Գրականութեան դասատուն էր:


Գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոս եւ իր կինը՝ Լուսին Ամերիկա մուտք գործելու վ


իզաները ստանալով 1984-ին, կը պատրաստուէին մեկնելու, սակայն ծրագիրը կը փոխուի, երբ գեղանկարիչ Եզեկիէլ Թորոս անակնկալ գլխու կաթուածով կը հիւանդանայ. հակառակ իր հիւանդ վիճակին, ան կը պահէր իր գեղադէմ դէմքն ու կազմը: Հարկ է նշել, որ անոր սիրելի աշակերտները, որոնք արդէն բժիշկներ էին՝ Բժիշկ Պետրոս Պոյաճեան եւ Բժիշկ Գէորգ Թեմիզեան, սիրով կը խնամէին իրենց գծագրութեան ուսուցիչը, բայց առողջութիւնը տակաւ առ տակաւ կը քայքայուի եւ իր մահկանացուն կը կնքէ 5 Ապրիլ 1984-ին: Կինը՝ Լուսի Սաղրեան վեց ամիս ետք, 1984-ին, Ամերիկա մուտք գործելու վիզայի պայմաններուն բերումով, ստիպուած կը գաղթէ եւ կը հաստատուի իր որդին՝ Ճորճ Թորոսին հետ Սանթա Մարիա, Քալիֆորնիա, եւ հոն ալ կը կնքէ իր մահկանացուն, 2009-ին:


Արաբերէնէ թարգմանեց, պատմա-վաւերագրական պեղումներ կատարեց եւ Սօնիա Թորոսէն քաղուած մանրամասնութիւնները հաւաքագրեց՝ Շաքէ Մանկասարեան:

Սիրելի Սոնիա Թորոս,

Թանկագին հօրդ եւ Հալէպի արուեստագէտներու غالب سكر…لؤي كيالي …فاتح المدرس…اسماعيل حسني…وحيد استنبولي…سعد يكن..եւ աշակերտութեան սէրն ու յարգանք վայելած Պարոն Եզեկիէլ Թորոսի մասին երախտագիտական գրութեանս նպատակն է ոչ միայն լոյս սփռել անոր անմեռ յիշատակին, այլեւ մշակոյթի էջերուն մէջ յիշատակել զինք՝ հայերէնով: Ուրախ եմ, որ մեր կապը հաստատուած էր ֆէսպուք հարթակին ճամբով, ապա՝ whatsapp-ով, եւ հակառակ Սուրիոյ համացանցային թոյլ կապերուն, կարելի եղաւ քիչ մը բաւական դժուար, սակայն յաղթահարել


ամէն խոչընդոտ ու ամբողջացնել Պարոն Եզեկիէլ Թորոսին նուիրուած յիշարժան գրութիւնս, պրպտումներս ձեր ընտանիքի մասին՝ վերստուգելով նոյն քու տուած տեղեկութիւններդ եւ տարեթիւերդ: Առողջութիւն կը մաղթեմ քեզի սիրելի Սոնիա, եղբօրդ եւ ձեր ընտանիքներուն, զաւակներուն եւ թոռներուն:

Շաքէ Մանկասարեան

Սիրելի ընթերցող,

Առ ի տեղեկութիւն

Արամ-Ասատուր Ալթունեանը ծնած է 21 Մարտ 1857-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա քաղաքը: 1881-ին, աւարտած է Այնթապի եռամեայ բժշկական քոլեճը: 1889-ին, հաստատուած է Հալէպ, ուր 1896-ին, իր կնոջ՝ իրլանտացի Հարրիէթ Ռիտելի հետ բացած է Միջին Արեւելքի մէջ Dr. Asadour Altunian, MD 1906, installed an X-ray apparatus in Samsun, which became the only apparatus in that region առաջին ճառագայթային սարք-գործիքի եւ հետազօտութիւններու կեդրոնը:

Արամ-Ասատուր Ալթունեան 1911-ին հիմնադրած է Ալթունեան հիւանդանոցը (գործած է մինչեւ 1962): 1927-ին, բացած է բուժքոյրերու դպրոց: Կրած է «Հալէպի բժիշկներու հայր» պատուանունը: Ա.Ա. Ալթունեան մահացած է 4 Յունուար 1950-ին: Թաղուած է Հալէպի Հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցւոյ բակին մէջ: Ա.Ա. Ալթունեանի որդին էր Բժիշկ Էռնեսթ Հայկ-Ալթունեանը, որուն որդին էր՝ բժիշկ Ռոճըր Ալթունեանը: Քաղուածքի Աղբիւր՝ Յուշամատեան, եւ անուններ.am https://hy.wikipedia.org http://khabararmani.com/?p=1695



Հաւաքագրեց եւ արաբերէնէ թարգմանեց՝ Շաքէ Մանկասարեան

Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ: Copyright @2021 / Radio AYK

Արտատպումի copy պարագային կը խնդրուի կապ պահել եւ պարտադիր յիշել թարգմանողին անունն ու յղումը:

Email: radioayk@gmail.com Շաքէ Մանկասարեան


Առ ի տեղեկութիւն

Հալէպի ամերիկեան Քոլէճը (Aleppo college)՝ կրթական հաստատութիւնը շարունակութիւնն է Այնթապի մէջ գործող ամերիկեան միսիոնարական գոլէճին։ Հարկ է նշել, որ Հալէպի մէջ Այնթապի մեծաթիւ հայերուն հաստատուելէն ետք ամերիկեան միսիոնարական հաստատութիւնը սուրիական այս քաղաքին մէջ կը հիմնէ սոյն գոլէճը 1920-ական թուականներուն։ Աղբիւր՝ Յուշամատեան

Հալէպի ամերիկեան Քոլէճը (Aleppo college) շրջանաւարտներ եղած են հանրաճանաչ դէմքեր ինչպէս՝ Սուրիոյ նախկին նախագահ՝ Նազէմ Քուտսի, Սուրիա


ցի հանրայայտ գեղանկարիչ Ֆաթէհ Ալ Մուտտարէս եւ Սուրիացի Միջազգային Շարժապատկերի բեմադրիչ եւ արտադրիչ՝ Մուսթաֆա Ալ Աքքատ Աղբիւր՝ https://ar.wikipedia.org/wiki/%D9%85%D8%B9%D9%87%D8%AF_%D8%AD%D9%84%D8%A8_%D8%A7%D9%84%D8%B9%D9%84%D9%85%D9%8A https://en.wikipedia.org/wiki/Aleppo_College

Al-Qudsi was born in Aleppo on February 14, 1906. After receiving his high school degree from the Aleppo American College, Qudsi obtained his law degree from Damascus University. He later received a master’s degree from the American University of Beirut (AUB), and PhD from the University of Geneva’s Graduate Institute of International Studies.

Fateh al-Moudarres (Arabic: فاتح المدرس‎) (1922–1999) was a Syrian painter and one of the leaders of the modern art movement in Syria. Moudarres studied at the Accademia di Belle Arti in Rome, where he was influenced by Surrealism. After he completed his studies, he returned to Syria where he grew and honed his skills under the auspices of long-time friend, mentor, and tutor Wahbi Al-Hariri.

Al Akkad was born on July 1, 1930 in Aleppo in the French Mandate for Syria and the Lebanon.] He received his high school degree from the Aleppo American College


. He was best known for producing the original series of Halloween films and directing The Message and Lion of the Desert.



Առ ի տեղեկութիւն

Ազգային Հայկազեան Երկսեռ Վարժարաններ – Մանչերու Բաժին

1920-ական թուականներու սկիզբը, տղոց բաժինը Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակէն տեղափոխուած է Սալիպէ թաղամասին մէջ գտնուող «Ղազէլէ» ընտանիքին արաբական բակը: 1950-ին կալուածին կէսը ազգապատկան դարձած է, իսկ 1974-ին, շէնքը ամբողջութեամբ պետականացած է ու յանձնուած Հնագիտական կառոյցներու Տնօրէնութեան հսկողութեան: ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Բ. ՄԱՍ) https://hairenikweekly.com/2017/10/31/33602 https://en.wikipedia.org/wiki/Beit_Ghazaleh , https://ar.wikipedia.org/wiki/%D8%A8%D9%8A%D8%AA_%D8%BA%D8%B2%D8%A7%D9%84%D8%A9



Առ ի տեղեկութիւն



Miss Elizabeth Webb founded and largely supported from her private funds the Trad Social Centre in Beirut. It is worth mentioning that this center, called in the 1930’s and 40’s the Webb House, was the first building acquired by Haigazian University at its foundation in 1955. It was where American congregational missionary, Elizabeth Webb, had housed and educated needy Armenian girls. Միս Ուեպի մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններով թարգմանութիւնս շուտով կը հրապարակեմ: Շաքէ Մանկասարեան




0 comments

Comments


Recent Posts

Search By Tags

bottom of page