Հալէպի Բեթէլ վարժարանի 1981 տարուան աշխարհացրիւ շրջանաւարտները կը խօսին (Գ. եւ վերջին մաս)
✎ Շաքէ Մանկասարեան September 6, 2024
Լիբանան, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, Շուէտ, Պելճիքա եւ Յունաստան ապրող շրջանաւարտները կը գրեն:
Լիբանան
Սոնա Մանասէրեան: Ծնած եմ Հալէպ, 19 ապրիլ 1969-ին: Արմատներով՝ պուրսացի: 1981-ին աւարտած եմ 6-րդ դասարանը Բեթէլ վարժարանին, որմէ ետք ուսումս շարունակած եմ աղջկանց «Տիմաշք» եւ Զաքի Արսուզի դպրոցը մինչեւ պաքալորիա, որմէ ետք սակայն համալսարան չեմ կրցած յաճախել: Ընտանեօք տեղափոխուած ենք Լիբանան: Ամուսնացած եմ եւ ունիմ 2 զաւակ՝ Հրակ եւ Վանա: Շնորհիւ Բէթէլի իմ նուիրական ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուս, եղած եմ հայասէր, քրիստոնեայ մայր: Բեթէլի անմոռաց յիշատակներէս են մեր ամէնօրեայ առաւօտեան պաշտամունքը, որուն աւարտին մենք կը շարուէինք ու կը բարձրանայինք մեր դասարանները: Կը յիշեմ պրն. Վարդանը իր խիստ նկարագրով, անոր հայերէնի դասաւանդումը եւ երբեմն ալ դասարանին մէջ բարձրաձայն երգելը:
Գանատա
Թամար Այվազեան: Ծնած եմ Հալէպի, արմատներով՝ մարաշցի: Ամուսնացած եմ եւ ունիմ 19 տարեկան աղջիկ մը: 1981-ին, աւարտելէ ետք Բեթէլ վարժարանը, կեանքի պայմաններու բերումով, ապրած եմ Քուէյթ եւ աշխատած Քուէյթի հայկական դպրոցին մէջ իբրեւ մանկապարտէզի ուսուցչուհի եւ նոյն ատեն «Ռանանշ» ընկերութեան մէջ՝ որպէս տիզայնըր, ձեւաւորող եւ վերակացու հարսանեկան հագուստերու: Հալէպ վերադարձիս, Բեթէլ վարժարանին մէջ աշխատած եմ օթաքարի հսկիչ եւ 5-րդ դասարանի օգնական ուսուցչուհի եւ նոյն ատեն, այլ տեղ մը աշխատած եմ հանդէսի եւ գրասենեակի գործերով: Սուրիոյ պատերազմին պատճառով փոխադրուեցանք Լիբանան, ապա՝ Գանատա: Հիմա կ’ապրիմ Սէն Ճոնզ Նիւֆոնտլանտ քաղաքին մէջ, եւ հաւատալով ուսումի անսահմանութեան՝ կը յաճախեմ հիւանդապահութեան դպրոց մը ու կը հետեւիմ LPN Program-PCA դասընթացքին՝ միաժամանակ շարունակելով ձեւագիտութեան եւ կարի աշխատանքներս: 1981-ի խմբակը լեցուն է անմեղ յիշատակներով՝ մեր չարաճիճութիւններով, բայց Աստուծոյ շնորհքը կը վայելենք եւայս ալ մեծ պարգեւն է մեր Բեթէլ դպրոցի կրթութեան. առաւօտեան պաշտամունքներու դերը մեր մեծ է մեր կեանքին մէջ: Ինչպէս շատեր, ես ալ ուրախ ու վատ յիշատակներ ունիմ: Օրինակ, ուսուցիչ մը կար, որուն շուքէն կը վախնայի: Կային նաեւ ուսուցչուհիներ, որոնց շատ կը սիրէի: Անցեալի յիշողութիւնները երկարապատում են, անցնինք դէպի առաջ, ապրինք՝ այսօրը: Շնորհակալութիւն սիրելիներ:
Միացեալ Նահանգներ
Նորա Մինասեան: Ընտանիքս, հարազատներ ու մօտիկ բարեկամներ զիս կը ճանչնան որպէս Նուշիկ։ Հայրս նիկտեցի է, իսկ մայրս բնիկ մարաշցի։ 1981-ին, հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղած եմ։ 1988-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ փոխադրուեցայ ուսման համար։ Լավերն համալսարանէն շրջանաւարտ եղած եմ համակարգչային գիտութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ։ Ապա ստացած եմ Մագիստրոսի կոչումը խորհրդատուական հոգեբանութեան մէջ։ Սիլիգոնեան Հովիտին (Silicon Valley) մէջ երկար տարիներ աշխատած եմ որպէս ծրագրային որակի ապահովման ճարտարագէտ։ Երեք տարի մասնագիտանալէ ետք Ուոլտորֆեան մանկավարժական դասընթացքներուն մէջ, յաճախեցի Քրիստոնէական Համայնքի Աստուածաբանական ճեմարանը, որմէ ետք Պերլինի մէջ ձեռնադրուեցայ որպէս քահանայ՝ 2009-ին։ Ներկայիս կ՚ապրիմ ու կը ծառայեմ Գալիֆորնիոյ մայրաքաղաքին՝ Սագրամէնթոյի մօտ ՖէյրՕգս շրջանին մէջ։ Լաւագոյն յիշատակներէն մին այն է, որ իւրաքանչիւր դպրոցական օր կը սկսէր եկեղեցիին մէջ Տէրունական աղօթքով, ու կը շարունակուէր աղօթելով եւ երգեր ու սաղմոսներ սորվելով։ Սաղմոս 23-ը իմ նախասիրած սաղմոսն է։ Այս աղօթքն ու սաղմոսը ուղեկիցներս եղան կեանքի լաւ ու դժուար վիճակներուն։ Դպրոցը մեր մէջ ստեղծեց այն պարարտ հողը, ուր մեր ուսուցիչները մեր մէջ ցանեցին հաւատքի հունտեր, ինչպէս նաեւ՝ ուսման հանդէպ սէր նոյնիսկ այդ փոքր տարիքէն, որ ծիլ տուաւ, աճեցաւ ու ծաղկեցաւ տարիներու ընթացքին։ Իսկապէս սրտի մեծ ուրախութիւն է երկար տարիներ ետք, դասընկերներս գտնել եւ իսկապէս տեսնել ու զգալ այդ մանկական տարիներու անարատ անմեղութիւնը ամէն մէկուն ձայնին ընդմէջէն։ Երախտապարտ եմ կրկին զիրար գտնելու այս առիթին (հրաշալի վերամիացումին համար) եւ անհամբեր եմ ու յոյսով, որ աւելի առիթը կ՚ունենամ ճանչնալու աշխարհի մէջ տարածուած դասընկերներս։ Բեթէլ վարժարանը փոքրիկ արեւի նման է, որ իր աշակերտները ղրկած է ճառագայթներու նման ամենուրէք լոյս ու սէր տարածելու մարդկութեան։
Մկօ Պետրոսեան: Ծնած եմ Հալէպ, 25 յունիս 1966-ին: Արմատներով՝ տիգրանակերտցի: 1981-ին աւարտած եմ Բեթէլ վարժարանը եւ 1987-ին՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Այժմ կ՛ապրիմ Լոս Անճելըս: Աշխատանքս՝ ուսանող եւ աշխատող Լոս Անճելըսի Սիթի Քոլէճին մէջ իբրեւ Graphic Designer: Ամուսնացած եմ, ունիմ 2 դուստր՝ 8 եւ 11 տարեկան: Նախակրթարանի օրերուն, ունեցած եմ շատ բարի ու հայրենասէր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք մեզ շատ լաւ դաստիարակեցին եւ մինչ այս այսօր, թէեւ 43 տարի անցած են Բեթէլ վարժարանը մեր աւարտելուն, ես ու դասընկերներս միշտ ու միշտ կը յիշենք մեր դաստիարակները: Կը յիշենք մեր սիրելի հայերէնի ուսուցիչը՝ պրն. Վարդան Սվաճեանը, անոր հաճելի կատակները, իմաստուն խօսքերը, երբեմն ալ անոր խստութիւնն ու պոռալը մեր վրայ, երբ կը թերանայինք դասարանային պարտականութիւններուն մէջ: Պէտք է խոստովանիլ, որ մեր Բեթէլ վարժարանի ուսուցչական կազմին ջամբած հայրենասիրական եւ հոյակապ դաստիարակութեան շնորհիւ է, որ մենք այսօր 43 երկար տարիներ յետոյ այսպէս կը վերամիաւորուինք: Սիրելի՛ դասընկերներ-դասընկերուհիներ, տեսէ՛ք, թէ որքա՛ն մեր ուսուցիչները լաւագոյն զգացումներ՝ սէր եւ միութիւն ցանած են մեր մէջ: Երախտապարտ ենք անոնց:
Մարալ Չուխատարեան-Սվաճեան: Ծնած եմ Հալէպ, Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանը, 1968-ին, զէյթունցի արմատներով: 1998-էն ի վեր հատատուած եմ Քալիֆորնիա: Ամուսնացած էեմ Բիէռ Սվաճեանին հետ 2003 ին, եւ կազմած հայ ընտանեկան տաքուկ բոյն մը: Ունիմ երկու մանչ զաւակներ: Կ’աշխատիմ անշարժ գոյքերու վաճառքով: Թէեւ տարիներու ընթացքին, բոլորս ալ տեղափոխուելով տարբեր երկիրներ՝ փնտռեցինք մեր ապագան, հալածեցինք մեր երազները, պայքարեցանք կեանքի դժուարութիւններուն դէմ, ուրախացանք եւ լացինք միասին, սակայն մեր մանկութեան անմեղ յուշերը մնացին անխախտ եւ արմատացած մեր մտքերուն ու սրտերուն մէջ: Ահա մեծագոյն փաստը մեր այս խումբին կազմութիւնն է 43 տարիներ ետք: Այս պատեհ առիթով, մենք կը փափաքինք վերիշել մեր մանկութեան ու դպրոցական օրերը, պատուելու համար մեր վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որոնք սերմանեցին մեր մէջ սէր եւ յարգանք, հայեցի եւ քրիստոնեայ դաստիարակութիւն: Յաջողութիւն բոլորիս, մեծապէս կը գնահատեմ բոլորդ:
Հայկ Մալաքեան: Ծնած եմ Հալէպ, 29 հոկտեմբեր 1968-ին: Հայրս եւ մայրս մարաշցի եղած են։ Աւարտած եմ Բեթել դպրոցը, 1981-ին: Մ. Նահանգներ հաստատուած եմ 1996-ին: Ամուսնացած եմ Սիլվա Սալիպեանի հետ, Լոս Անճելըս, 1997-ին: Ունիմ մէկ աղջիկ զաւակ՝ Ալիք (2001): Դպրոցի յուշերէն՝ օր մը հայերէնի ուսուցիչ պրն․ Վարդան Սվաճեանը դասի պահուն ինծի հարցուց.—ընտանիքիդ անդամներուն անունները տուր: Ես ալ պատասխանեցի ըսելով՝ հայրս՝ Արտաշէս, եղբայրներս՝ Ստեփան, Խաչիկ եւ Արմէն: Պրն. Վարդանը դառնալով ըսաւ.—այս ինչ պատմական յիշատակելի անուններով ընտանիքի անդամներ ունիս՝ մատնանշելով, որ ծնողներս իմաստալից հայկական անուններով անուանած են իրենց զաւակները:
Շուէտ
Արտա Իւղաբերեան-Գրիգորեան: Ծնեալ Հալէպ՝ ուրֆացի: Ներկայիս կը բնակիմ Շուէտի Uppsala քաղաքը ամուսնոյս եւ երեք զաւակներուս հետ: Աւարտած եմ Հալէպի առեւտրական եւ երաժշտական ուսումնական հիմնարկները: Ներկայիս կ’ուսանիմ եւ կ’աշխատիմ որպէս դաշնամուրի ուսուցչուհի եւ project manager for asylum groups, ուր շուէտերէն կը սորվեցնենք երգի միջոցով: Բեթէլ դպրոցի լաւ յիշատակներէս է առաւօտեան պաշտամունքը դպրոցի եկեղեցիին մէջ, մանաւանդ սաղմոսները, որոնք մինչ այսօր փորագրուած են ուղեղիս մէջ, եւ իմ կարգիս՝ փոխանցած եմ զաւակներուս: Նաեւ՝ մեր անմեղ մանկութիւնը, խաղերը, մեր սէրը իրարու հանդէպ, որուն շնորհիւ մեր այս խումբին անհաւատալի կազմութիւնիը 43 տարի վերջ: Այս բոլորը կը պարտինք մեր դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան, մանաւանդ օրիորդ Մարիէթ Սայէղին եւ տնօրէնուհի տիկին Ազնիւ Քիրիշեանին ու եւ պրն. Վարդան Սվաճեանին, որոնք մեր մէջ ցանած են միութեան եւ հայրենասիրութեան սերմերը: Վատ յիշատակներ ալ կան, բայց շատ չեն. Կարգ մը բաներ չեն մոռցուիր: Օրինակ՝ գաւազան գործածել, երբ պարտականութիւնդ չես ըրած կամ ուշացած ես դպրոցէն:
Պելճիքա
Լենա Գազանճի: Ծնած եմ 28 մարտ 1968-ին, Հալէպ: Հայրս անտիոքցի արաբախօս էր, մայրս՝ էյպէզցի հայ. անշուշտ տունը հայերէն կը խօսէինք։ Մանկապարտէզէն մինչեւ 6-րդ դասարան յաճախած եմ Բեթէլ վարժարանը եւ զայն աւարտած 1981-ին: 1996-էն ի վեր, ամուսնոյս՝ Տէր Արմէն Մելքոնեանի եւ ընտանիքիս հետ հաստատուած եմ Antwerp, Պելճիքա: 4 երեխայ ունիմ՝ 1 դուստր եւ 3 մանչ։ Աշխատած եմ պետական նախակրթարանի մէջ որպէս քարտուղարութեան օգնական: 6 տարի՝ 2009-2015, ունեցած եւ վարած եմ սուրիական-լիբանանեան ճաշարան մը, որ ունէր երկու անուն՝ Փալմիրա եւ «Հըդ օնշխիւլտիխ ըշխաաբ» (թարգմանութիւն՝ Անմեղ ոչխար): 2013 էն ի վեր կ’աշխատիմ իբրեւ երախաներու խնամատար պետական մանկապարտեզի եւ նախակրթականի մէջ: Լաւագոյն յուշերս են դասէն առաջ եկեղեցւոյ մէջ առօրեայ Տէրունական աղօթքը, որ ինծի համար շատ տպաւորիչ էր. օրը սկսիլ աղօթքով եւ սաղմոսներով: Մենք դպրոցին մէջ սորվեցանք զիրար սիրել ու ներել եւ իրարու օգնել: Ունէինք հայերէնի բացառիկ ուսուցիչ մը, բայց յիրաւի՝ շատ խիստ: Օր մը, ընդօրինակութեան պարտականութիւն ստացանք, բայց ուրիշ մէկը գրած էր փոխարէնս: Երբ հարցաքննեց զիս, ըսի ես գրած եմ։ Պրն. Վարդանը շատ բարկացած՝ գաւազանով ափիս զարկաւ ու ըսաւ .- գիտես ինչո՞ւ զարկի։ Ըսի .- այո, որովհետեւ ես չէի գրողը։ Ըսաւ, ո՛չ, այլ որովհետեւ սուտ խօսեցար։ Ես այդ օրէն ի վեր սորվեցայ սուտ չխօսիլ: Պէտք է նաեւ ըսեմ, որ պրն. Վարդանը Հայաստանի մասին շատ գիտելիքներ կու տար: Երբ 2008-ին, Հայաստան գացի, ուր որ այցելէի՝ պրն. Վարդանը աչքիս առջեւ կը տեսնէի։ Կը յիշեմ Տիկին Վարդանուշը: Ան օր մը ինծի հարցուց մօրս ազգանունը, որովհետեւ ջարդին օրերէն ի վեր բաժնուած ու զիրար կորսնցուցած հարազատներ կը փնտռէր։ 4-րդ դասարանէն կը յիշեմ տիկին Վարդանուշը, որ կաւիճը ձեռքը գրատախտակին վրայ կը գրէր ամենօրեայ իմաստուն խօսք մը (الحكمة اليومية) եւ մինջեւ այսօր բոլորս կը յիշենք ու կը փորձենք կիրարկել այդ ոսկի իմաստուն խօսքերը։ Ես շատ ուրախ եմ, որ Բեթէլ յաճախած եմ: Շատ լաւ ուսուցիչներ ունեցեր եմ՝ օրիորդ Մարիէթը (գիտութիւն), պրն. Մարուանը (արաբերէն): Կը յիշեմ, երբ հիւանդութեան պատճառով բացակայած աշակերտներուն բարի ապաքինման մաղթանքով ու վարդերով այցելութեան կ’երթայինք ու սիրով կը փոխանցէինք բացակայած օրերու դասերը: Եւ այսօր, 43 տարի ետք, մենք վերամիացած ենք ու ամէն օր անցեալի հաճելի պահերը յիշելով՝ մեր օրը ուրախութեամբ կը լեցնենք։
Յունաստան
Ժագլին Քուլումեան: Ծնած եմ Հալէպ՝ տիարպեքիրցի։ Բեթէլ դպրոցէն ետք, ուսումս շարունակած եմ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի միջնակարգ տարիները։ Ապա աւարտած եմ Հալէպի պետական համալսարանի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան հիմնարկի թուաբանութեան բաժինը։ Ուսուցչական ասպարէզով աշխատած եմ չորս տարի. երկու տարի՝ 1989-1990, դասաւանդած եմ թուաբանութիւն Աֆրինի մէջ՝ Ճալամէ գիւղը, իբրեւ ուսուցչական փորձառական պարտադիր շրջան: Իսկ, անկէ ետք՝ 1991-1992, Հալէպի արաբական مدرسة ابو بكر الرازي նախակրթարանը: Ամուսնացայ եւ 1993-ին տեղափոխուեցայ Յունաստան: Ունիմ երկու զաւակ՝ Յովիկ, 30 տարեկան, համակարգչային ծրագրաւորող, եւ Վերա՝ 27 տարեկան, ճարտարապետ-շինարար։ Երկուքն ալ յաճախած են տեղւոյն հայկական դպրոցը։ Ես յունարէնին տիրապետելէս ետք, աշխատանքի անցայ 2000-ին։ Ունինք սեփական վաճառատուն մը, ուր սուրիական, լիբանանեան եւ հայկական ապրանքներ կը ծախենք։ Շատ ուրախ եմ, որ արդէն միացած եմ իմ մանկութեան ընկերներուս, 43 տարի ետք։ Գեղեցիկ յիշատակներ ունիմ դասընկերներուս հետ, յատկապես իմ սիրելի Դանիային հետ։
Իբրեւ եզրակացութիւն կը մէջբերեմ մեր զրոյցին մասնակից Փրոֆ. Արա Սայեղի հետագայ խօսքը.-
«Ներկայի լայնածաւալ թուային արդիական հաղորդամիջոցները, ընկերային ցանցերը շարունակական յառաջխաղացքով դասական հասարակութիւնները, ընկերութիւնները փոխակերպելու բազմազան եւ բազմօգուտ կարողութիւններ ունին։ Սփիւռքացած, երբեմն օտարացած հայ անհատներու, խմբակներու դիմաց հիմնական ցցուող մարտահրաւէրը համախմբումի կարօտն ու կարիքն է, ամրագրելու միատեղ ապրուած կեանքի եւ մանաւանդ հայ ինքնութեան մեր հաւաքական կենսապատումը, այդ ամրագրումը երաշխիքն է մեր գոյատեւութեան ամրապնդումին։
«Թող նման օգտաշատ քայլեր խրախուսիչ օրինակ դառնան այլ խմբաւորումներու համար, նոր օղակներ կազմելու, խմբաւորելու եւ հաւաքական անհրաժեշտ կապերը ամրապնդելու անյետաձգելի դիտաւորութեամբ»։
Comments