Հալէպի Բեթէլ վարժարանի 1981 տարուան աշխարհացրիւ շրջանաւարտները կը խօսին (Բ. մաս)
✎ Շաքէ Մանկասարեան September 5, 2024
Հալէպ
Գրիգոր Մերճանեան: Ծնած եմ Հալէպ, 8 փետրուար 1967-ին: Արմատներով՝ այնթապցի: Յաճախած եմ Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանը մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտելս, 1981-ին: Ջանիցի անդամ ըլլալով՝ հետեւած եմ Կիրակի օրերու պաշտանմունքին եւ պատուելի Յովհաննէս Սարմազեանի կրօնի սերտողութեան ժամերուն, որոնք ինծի համար ուրախ ժամեր կ՛ըլլային: Բեթէլ դպրոցի ուսուցիչներուն շնորհիւ, լաւ դաստիարակութիւն եւ ուսում ստացած ենք: Աւարտելէ ետք, իւրաքանչիւրս շարունակեց իր կեանքի ճանապարհը՝ ընտանիք կազմելով եւ այլն: Ես ներկայիս ամուսնալուծուած եմ, զաւակ չունիմ: Նոր Սերունդ մշակութային միութեամ ակումբի սրճարանը յանձն առած եմ: Ինծի համար անհաւատալի է, որ 43 տարի ետք ես կը միանամ իմ դասընկեր-դասընկերուհիներուս: Շնորհակալութիւն:
Ռիմոն Ղազի: Ծնած եմ Հալէպ, 2 օգոստոս 1968-ին: Արմատներով՝ Տիգրանակերտցի: 1981-ին աւարտելէս ետք՝ արհեստի անցայ: Փառք Աստուծոյ լաւ տեղ հասայ: Ընտանիք կազմեցի 2000-ին. ունիմ 3 զաւակ՝ 2 մանչ եւ մէկ դուստր: Լաւ դաստիարակութիւն ստացած եմ իմ լաւ ուսուցիչներէս: Շնորհակալ եմ Բեթէլի քոյր եւ եղբայրներուս:
Թալին Ապաճեան-Պարտաքճեան: Ծնած եմ 24 Փետրուար 1969-ին, Հալէպ: Արմատներով՝ մարաշցի: Ուսանած եմ մինչեւ պրեվէ: Ամուսնացած եմ 1990-ին. ունիմ մէկ դուստր եւ մէկ տղայ: Դպրոցի օրերէս չեմ մոռնար ձիւնով խաղալս, երբ 5-րդ դասարան էի, եւ այդ տարի Հալէպ շատ ձիւն եկաւ:
Սեդա ՊալԳէորգեան: Ծնած եմ Հալէպ, 21 դեկտեմբեր 1968-ին: Արմատներով՝ այնթապցի: Բեթէլ դպրոցը աւարտելէ ետք՝ յաճախած եմ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Ընտանեկան դժուար պայմաններու բերումով չեմ կրցած շարունակել ուսումս: Ամուսնացած եմ տէր Արշակ քհնյ. Ալաճաճեանին հետ՝ կազմելով իմ տաքուկ ընտանեկան օճախս: Եղած եմ օրինակելի տիպար մայր: Ունիմ 2 աղջիկ՝ Աննա Մարիա եւ Գայանէ Ալաճաճեաններ: Բեթէլ դպրոցին մէջ ստացած եմ հայեցի դաստիարակութիւն, սորված եմ Աստուծոյ վախը, մարդու յարգանքը: Անմոռանալի են ինծի համար, երբ նախքան դասարան բարձրանալը, Աստուած կը փառաբանէինք մեր աղօթքներով: Հպարտ եմ ձեզմով իմ սիրելի դասընկեր-դասընկերուհիներ եւ ուսուցիչներ:
Լենա Սազեան – Տաղլեան: Ծնած է Հալէպ, 4 Յունիս 1969-ին։ Ան ուսանած է Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանը մինչեւ 6րդ դասարան, ապա ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան կենդրոնական վարժարանը մինչեւ 12րդ դասարան։ Աւարտած է Հալէպի պետական համալասարանի տնտեսագիութեան ճիւղը ու ապա նետուած կեանքի ասպարէզ՝ դառնալով Հայ Աւետարանական Բեթել վարժարանի յարգուած ուսուցչուհիներէն մին։ Ամուսնացած է Ռաֆֆի Տաղլեանին հետ եւ դարձած մայր երկու զաւակներու՝ բժշկուհի Անժելա Տաղլեան – Ֆըրնզլեան (մանկաբուժ) եւ բժիշկ Յակոբ Տաղլեան (ոսկրաբուժ): Սուրիոյ պատերազմի ողջ տեւողութեան, ան չէ հեռացած Հալէպէն՝ հաւատալով , որ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ եւ իրեն համար սիրելի սուրիական հայրենիքը դարձեալ պիտի վերագտնէ իր երբեմնի փայլքն ու խաղաղութիւնը։ 2012-ին կը նահատակուի Տիկ. Լենայի եզբայրը՝ Մինաս Սազեանը, որուն կորուստը մեծ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ իրեն։ Լենան եղած է սիրուած եւ յարգուած մէկ անդամը Հալէպի հայկական համայնքին՝ միշտ մնալով հաւատարիմ ուսուցչուհի եւ նուիրեալ, սիրելի ու զոհուող մայր։ Ան երկարատեւ պայքար կը մղէ հիւանդութեան դէմ, որուն հետեւանքով ալ յաւերժօրէն կը փակէ իր աչքերը 15 Օգոստոս 2023-ին։ Հանգուցեալ Տիկին Լենայի մահուան տխուր առթիւ, Բեթել վարժարանի պատասխանատու մարմինը կը հրապարակէ կարճ մահագրական մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը կը գուժէ վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն՝ Տիկ. Լենա Սազեան-Տաղլեանի մահը, որ պատահեցաւ 15 Օգոստսոս 2023-ի երեկոյեան։ Յանուն Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ ողջ Բեթէլի ընտանիքին, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին եւ պարագաներուն եւ Ս. Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցենք»:
Մարալ Էվրէճէքեան-Քզիրեան: Ծնած եմ 10 փետրուար 1968-ին: Արմատներով՝ մարաշցի: Բեթէլ վարժարան յաճախելով ունեցած եմ ուրախ մանկութիւն՝ իմ ընկեր-ընկերուհիներով: Չեմ մոռնար դասարան չի մտած մեր եկեղեցին ու մեր տէրունական աղօթքը: 1981-ին, Բեթէլ դպրոցը աւարտելէ ետք, յաճախած եմ Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանը: 18 տարեկանիս ամուսնացած եմ եւ ունիմ 3 զաւակ՝ 2 տղայ եւ 1 աղջիկ եւ շատ ուրախ ու տաքուկ ընտանիք: Անհաւատալի է, որ ես 43 տարիներ ետք կը միանամ Բեթէլ դպրոցի շրջանաւարտ իմ սիրելի դասընկեր-դասընկերուհիներուս:
Լուսին Գէորգ Անուշեան: Ծնած եմ Հալէպ, 14 փետրուար 1969-ին: Նախնական ուսումս՝ մանկարպարտէզէն մինեւ 3-րդ դասարան յաճախած եմ հալէպի Վարդանանց դպրոցը, ապա անցած եմ Բեթէլ վարժարան եւ հոն շրջանաւարտ եղած եմ 1981-ին: Անկէ ետք, յաճախած եմ Կիլիկեան ճեմարան մինչեւ 9-րդ դասարան եւ յաջողած, բայց ուսումս չեմ շարունակած եմ եւ լծուած գործի: Ինքնազարգացուցած եմ անձս զանազան գիտելիքներով՝ անգլերէն, վարսայարդարութիւն, կար, ձեւագիտութիւն ու նորոգութիւն եւ համակարգչի օգտագործում: Ամուսնացած եմ 22 դեկտեմբեր 2002-ին, Աբրահամ Անդրանիկ Պետրոսի հետ: Ունեցած եմ երկու դուստր՝ Արփինէ եւ Ալիսիա: Ներկայիս կ’աշխատիմ տան մէջ՝ նորոգութիւն ընելով:
Շնորհակալ եմ Տիրոջ, որ Բեթէլ դպրոցին մէջ ստացայ կրթութիւնս, սիրեցի մայրենի լեզուն, մշակոյթս ու հարուստ գիտելիքներ ձեռք բերի Սուրբ Գիրքէն: Կը յիշեմ, որ ամէն օր դասապահէն առաջ կ’ուղղուէինք դէպի եկեղեցի՝ լսելու օրուան հոգեթով պատմուածքը եւ կարդալու սաղմոսը ապա անցնելու դասարան: Ես անձնապէս շատ հպարտ եմ, որ այս դպրոցին մէջ հայերէնը սիրած եմ, կարդալ ու գրել սորված եմ եւ մինչեւ օրս կը պահեմ իմ մայրենին:
Նորա Սապունճեան: Ծնած եմ Հալէպ, 1 Յունուար 1969-ին: Ամուսնացած չեմ: Մայրս՝ Ֆարիտա մարտինցի է, հայրս՝ Գէորգը անթապցի: Բեթէլ վարժարանէն ետք, պաքալորիա ուսումս աւարտեցի եւ աշխատեցայ Հալէպի ֆրանսական վարժարանին մէջ։ Այժմ, կ’ապրիմ տարիքոտ մօրս հետ՝ զինք խնամելով մեծ հոգատարութեամբ: Դպրոցական յիշատակներս շատ են՝ տարիներ պատմելով չի վերջանար։ Շատ բաներ սորվեցուց ինծի պրն. Վարդանը, սակայն, խիստ ըլլալուն համար չէի ուզեր մասնակցիլ հայերէնի դասերուն: Պրն. Վարդանին քաջալերանքով հայերէն դասերուն մասնակցութիւնս բերի։ Այսօր ալ իր խօսքերը կը յիշեմ երբ ըսաւ.—Աղջիկս այս քու մայր լեզուդ է եւ քեզի պէտք պիտի ըլլայ օր մը:
Մեր մանկութեան ժպիտները Բեթէլ դպրոցի պատերուն վրայ ներկայ են տակաւին։ Շատ շնորհակալ եմ Դանիային, Նուպարին ու Մկոյին, որ մեզ միացուցին այսքան երկար տարիներ ետք։ Շատ շնորհակալ եմ մեր ուսուցիչներուն եւ մեր Բեթէլ դպրոցին, ուր հայեցի իրաւ կրթութիւն։
Դասընկերներու հանդիպում Հալէպի մէջ, 15 օգոստոս 2024: Ձախէն աջ – Գրիգոր Մերճանեան, Ռիմօն Ղազի, Նորա Սապունճեան, Թալին Ապաճեան, Մարալ Էվրէճէքեան-Քզիրեան, Սեդա Պալգէորգեան-Ալաճաճեան:
Հայաստան
Աւետիս Օհանեան: Ծնած եմ Հալէպ, 6 յունուար 1969-ին: Քիլիսցի եմ: Հայրենադարձ եմ եւ ներկայիս կ’աշխատիմ ինքնաշարժի թեքնիք սպասարկման մէջ, Երեւան: Ամուսնացած եմ Արեւիկ Խուդիեանի հետ: Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ մեր ուսուցչական կազմին: Երազանքս է, որ բոլոր դասընկերներով հանդիպինք Հայաստան, հայոց աշխարհի մէջ: Սիրում եմ բոլորիդ:
Մարիա ճրճըրեան-Տէկիրմենճեան: Ծնած եմ Հալէպ, 1969-ին: Այնթապցի եմ: Բեթէլ վարժարանէն ետք շարունակած եմ ուսումս աղջկանց «Տիմաշք» դպրոցը: Դպրոցի տարիներուն, որպէս ուսանող եղած եմ տիպար եւ հոգատար իմ ընկերներուս եւ դպրոցիս հանդէպ: Ամուսնացած եմ եւ ունիմ երեք զաւակ. շատ շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ ինծի պարգեւած է այսպիսի ընտանիք: Միշտ կը փորձեմ զաւակներուս հանդէպ ըլլալ հոգատար եւ ընկերային: 1 ապրիլ 2023 էն ի վեր, ընտանիքիս հետ հաստատուած եմ Հայաստան: Իբրեւ յուշ Բեթէլէն, ես մեծ սիրով կը յաճախէի դպրոց եւ տպաւորուած եմ առաւօտեան պաշտամունքներով եւ սաղմոսներով: Մեծ ընտանիք մը ունեցած եմ դպրոցին մէջ՝ ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներ, որոնք մեր մէջ կը սերմանէին հոգատարութիւն, հայրենասիրութիւն եւ Աստուածավախութիւն: Տարիներ անց, ընկերային հարթակներու վրայ այսօր մենք վերստին կը միանանք՝ շնորհիւ Դանիային ստեղծած կապին:
Համեստուհի Ներսէսեան: Ծնած եմ Հալէպ, 29 հոկտեմբեր 1968-ին: Արմատներով՝ Ուրֆացի: Աւարտած եմ Հալէպի հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանը, 1981-ին: 1989-ին, ամուսնացած եմ Վահէ Թանկուգեանին հետ եւ ունիմ 2 մանչ եւ 1 դուստր: Տղաքս՝ 33 եւ 27 տարեկան են արդէն, իսկ աղջիկս՝ 30 տարեկան, ամուսնացած է եւ ունիմ մանչ թոռնիկ մը: 2014-ին, հաստատուած եմ Հայաստան: Կ’ապրիմ Երեւան եւ ունիմ իմ կայուն աշխատանքը՝ հրուշակեղէն «Patisserie Hamy’s Sweet»-ը: Բեթէլ դպրոցի 1981-ի հանդէսի յուշերէս մէկը այն է, որ մենք ունեցանք պրն. Վարդան Սվաճեանի ղեկավարութեամբ խմբային արտասանութիւն մը՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Մի Կաթիլ Մեղր» հեքիաթը, ուր իմ բաժինս էր բարձրաձայն ըսել.- «Հասէ՜ք, օգնեցէք…մեռած հօ չէք, սպանեցին մեր գուղացուն…»: Երբ իմ բաժինս հասնէր, պրն. Վարդան բարկանալով կ՛ըսէր.- «Ներսէսեա՛ն բարձրացուր ձայնդ…աւելի բարձր…»: Մանկութեան յուշերս խօսք առին ահա, ու մենք վերամիաւորուած սկսանք իրարու պատմել մէկիկ-մէկիկ մեր բոլոր յիշատակները: Շատ ուրախ եմ, որ աւարտած եմ Բեթէլ վարժարանը՝ իր աղօթքով եւ մեր սիրելի ուսուցիչներու ջամբած կրթութեամբ: Ուրախ եմ այսօր որ գտած եմ իմ մեծ ընտանիքը՝ դասընկեր-դասընկերուհիներս: Սիրում եմ բոլորիդ:
Արշալոյս Պոյաճեան: Ծնած եմ Հալէպ, 11 մարտ 1966-ին: Արմատներով՝ Ուրֆացի: 1981-ին, աւարտած եմ Բեթէլ: Ամուսնացած եմ 1966-ին, բախտաւորուած եմ 2 զաւակներով: 2019-էն ի վեր հաստատուած եմ Հայաստան:
Մարինա Այնթապլեան-Փալանճեան: Ծնած եմ 1 հոկտեմբեր 1968-ին: Աւարտած եմ Բեթէլ Վարժարանը, սակայն որոշ պատճառներով ուսումս չեմ շարունակած: Ամուսնացած եմ 1986-ին: Ունիմ 1
Դասընկերներու հանդիպում Երեւանի մէջ, 14 օգոստոս 2024: Ձախէն աջ – Աւետիս Օհանեան, Մարինա Այնթապլեան, Լենա Գազանճի, Համեստուհի Ներսէսեան, Արշալոյս Պոյաճեան, Մարիա Ճրճրեան:
դուստր եւ 2 մանչ: 2012-ին, ընտանեօք տեղափոխուած եմ Լիբանան, ուր բնակած եմ 8 տարի, որմէ ետք տեղափոխուած եմ Հայաստան, ուր արդէն 5 տարիէ կ’ապրիմ: Դպրոցական օրերը անմոռանալի օրեր եղած են ինծի համար: Ի՜նչքան կը փափաքէի ուսուցչուհի ըլլալ…այդ երազս իրականացաւ տղուս
անգլերէնի ուսուցիչ ըլլալով: Զաւակներս ուսանեցան: Դպրոցի օրերէն չեմ կրնար մոռնալ այն խիստ ուսուցիչը, որմէ կը վախնայինք բոլորս: Եղբայրս, որ նոյն դասարանն էր ինծի հետ, արաբերէնի մէջ տկար էր եւ յաճախ կը
մոռնար կէտերը դնելու, որուն հետեւանքով ալ բարկութիւն կամ ծեծ կ՛ուտէր, եւ այս դէպքը ինծի համար շատ ցաւալի էր: Կը հասկնամ.
սորվեցնելու նպատակով յանդիմանութիւնը տանելի է, բայց զարնելը՝ սրտի ցաւ:
(շարունակելի)
Դասընկերներու հանդիպում Երեւանի մէջ,
14 օգոստոս 2024: Ձախէն աջ – Աւետիս Օհանեան,
Մարինա Այնթապլեան, Լենա Գազանճի, Հ
ամեստուհի Ներսէսեան, Արշալոյս Պոյաճեան,Մարիա Ճրճրեան
Comentarios