Հալէպի Բեթէլ վարժարանի 1981 տարուան աշխարհացրիւ շրջանաւարտները կը խօսին (Ա. մաս)
Շաքէ Մանկասարեան September 4, 2024
43 տարիներ անցած են այն թուականէն, երբ Հալէպի հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի 1981 տարեշրջանի աշակերտ-աշակերտուհիներուն հունձքը հրաժեշտ տուաւ իր դասարանին, սակայն 43 տարիներու հեռաւորութիւնը չէ յաջողած մոռցնել հաճելի եւ լուսաւոր անցեալը: Վերամիացած, այդ տարուան շրջանաւարտները այսօր կազմած են «1981-ի խմբակը»: Սակայն, ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ վերամիաւորման գաղափարը, ո՞վ էր նախաձեռնողը եւ որո՞նք գործակցեցան այս խմբակի կազմութեան աշխատանքներուն, եւ տակաւին ի՞նչ ջանքեր թափուեցան յաջողութեամբ պսակելու 1981-ի 32 շրջանաւարտներուն փնտռտուքը. աւարտական դասարանի խմբային նկարը կը մնար զիրար յիշելու եւ գտնելու գլխաւոր միջոցը:
Խիստ գովելի նախաձեռնութիւն մը եւ յատկապէս վերամիաւորումը երբեմնի 12 տարեկան աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք արդէն ծնողք դարձած են իրենց 25-30 տարեկան զաւակներուն:
Հոս կը մէջբերեմ մեր զրոյցին մասնակից Փրոֆ. Արա Սայեղի խօսքը.- «Նման համացանցային համախմբում մը, նոյնիսկ իր պարզութեամբ, հայապահպանումի գործնական թիրախը մը ունի՝ մեր կենսապատումի համայնապատկերը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու, շարունակականութիւնը ամրապնդելու նպատակով։
Համխմբումի, միաւորումի հիմնական ու ներգործող համոզումը միասնական ըլլալու կամքն է։ Այս համեստ խմբակի՝ Հալէպի հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի 1981 տարեշրջանը աւարտած աշակերտները երկար տասնամեակներէ ետք կարողացան այդ կամքը գործնականացնել»։
*
Ալօ՜… բարեւ … Դանիան է խօսողը… ու միայն կարելի է ըսել, թէ ի՜նչ ուրախութիւն կար անոր խօսքին մէջ. մէկ շունչով կարծես կ՛ուզէր պատմել…Յաջորդող տողերուն ընդմէջէն դո՛ւք նոյնպէս սիրելի ընթերցող պիտի ապրիք խմբակին ստեղծման պատմութիւնը՝ Դանիային ոգեւորիչ խօսքերով: Ան կը պատմէ. –
«Յունիսի սկիզբը մտքիս մէջ ծնաւ Հայ աւետարանական Բեթէլ դպրոցի 1981 թուականի մեր դասարանի դասընկերներուն հետ կապ հաստատելու գաղափարը՝ նուազագոյնը առցանց համախմբուելու եւ վերյիշելու մեր անմեղ մանկութեան անդարձ օրերը։ Բայց անպայման օժանդակութեան կարիքը ունէի գտնելու եւ համախմբելու դասընկերներս ու գործնականացնելու ծրագիրս:
Անմիջապէս կապ հաստատեցի Բեթէլ դպրոցի դասընկերներէս՝ Նուպարին եւ Մկոյին, որոնք ֆէսպուքի ընկերներս էին: Երկուքն ալ խանդավառուած, քաջալերեցին գաղափարը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին զայն իրականութիւն դարձնելու։ Երախտապարտ եմ անոնց քաջալերանքին: Պէտք է ըսեմ, որ Մկոն քայլ առ քայլ մինչեւ օրս իր մեծ ներդրումը ունեցաւ այս համախմբումը կեանքի կոչելու եւ յաջողեցնելու։ Կարելի չէ մոռնալ Գոգոյին օգտակար դերը յատկապէս ՖՊ-ի վրայ սեփական էջ չունեցող դասընկերները գտնելու Հալէպի մէջ։ Պէտք է խոստովանիլ նաեւ, որ իւրաքանչիւր դասընկեր իր զգալի մասնակցութիւնը ունեցաւ ուրիշ դասընկեր մը գտնելու եւ այս խմբակին միացնելու: Այս ձեւով ընթացք առաւ մեր դասընկերներու փնտռտուքը: Խմբակին առաջին միացողները եղան Սեդան, Մարիա Ճրճըրեանը, Յակոբը եւ Նուպարը, որոնց զաւակներուն ուսուցչուհին եղած էի: Յաջորդ միացողները եղան Համեստը, Արտան, Մարալ Ջուխատարեանը եւ Ժագլինը, որոնք դարձեալ իմ ՖՊ-ի ընկերուհիներս են։
Դանիա կը շարունակէ. «Կ’արժէ՞ գրել այս մասին, ի՞նչ կ’ըսես Շաքէ», – «Այո՛, այո»:
Եւ առաջարկը ընդառաջելու հետեւողական աշխատանքը չուշացաւ, որ երբեմնի աշակերտ-աշակերտուհիներ գրեն իրենց 43 տարիներու համառօտ պատմութիւնը: Մեծ աշխատանք էր 25 անձի պատմութեան հաւաքումը, ես պիտի ըսէի՝ նուիրական աշխատանք. իւրաքանչիւրին հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնել, ել նամակներով կատարուած գրառումները փոխանակել, համադրել, բաց թողուած եւ որոշ տեղեկութիւններու ստուգումը կատարել, ապա մշակել բովանդակութիւնը ու զայն պատրասել հրապարակման՝ Տարբերակ21 հարթակին միջոցով:
Այսօր, կարելի եղած է 25 հոգի վերամիաւորել. ցաւօք անոնց դասընկերուհիներէն մէկը մահացած: Անոնցմէ 7-ն կ՛ապրի Հալէպ, 5-ը հաստատուած է Հայաստան, ոմանք հեռաւոր ափեր՝ Աւստրալիա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ, ոմանք ալ Եւրոպա: Այսպէս.-
Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանի 1981-ի 24 շրջանաւարտները կը գրեն.-
Գերմանիա
Բեթէլի յարկին մէջ ծիլ առած արմատներս հասակ առնելով՝ շրջանաւարտ դարձան 1981-ին եւ ծնունդ տուին Սասունցի խիզախ, ինքնավստահ երիտասարդ Երուանդ Արթինին: Այո՛ այն կերտուած Երուանդն եմ այսօր, որ 43 տարիներ շարունակ ամէն փոթորիկի դիմաց արմատը հաստատուն եւ կառչած կը մնայ իր անցեալին, ու ճիւղաւորուելով այսօր հասած ու հաստատուած է Գերմանիոյ Հայտըլպըրկ քաղաքը, ապրիլ 2014-էն ի վեր: 30 տարի է արդէն կազմած եմ իմ ընտանիքս եւ հայր եմ երեք զաւակներու: Հալէպի մէջ յաջող գործատէր ըլլալէ ետք, այժմ կ՛աշխատիմ ինքնաշարժ նորոգելով (mechanist): Երէկուան պէս կը յիշեմ այդ խանդավառ օրերը, մանաւա՛նդ հայերէնի ուսուցիչ պարոն Վարդան Սվաճեանին բարակ եւ սուր 40-50 սմ. երկարութեամբ գաւազանը, որ հովին մէջ երբ շարժէր, անոր ձայնէն արդէն կը սոսկայինք, ալ ուր մնաց, երբ հարուածը ձեռքերուս պիտի իջնէր.«ձեռքդ բա՛ց» նախադասութիւնը մահուան դատավճիռ էր կարծես: Գաւազանը ձեռքիս չիջած, ցաւը սրտիս մէջ կը զգայի եւ ձեռքերս ինքնին թողալու կը սկսէին: Մղձաւանջ դարձած այդ գաւազանէն օր մը որոշեցի ազատիլ եւ ազատել զիս ու ընկերներս: Հետապնդեցի պարոնին պահած տեղը եւ յաջորդ օր դպրոց կանուխ երթալով՝ արագ մը ուսուցչարանի պահարանէն առի եւ կոտրեցի ու թափեցի: Քանի մը օր հարց ու փորձէ ետք, դժբախտաբար պրն. Վարդանը նոյն գաւազանէն բերաւ եւ այդպէս յաղթանակս կրկին պարտութեան վերածուեցաւ, սակայն ո՜վ գիտէր, որ 30 տարիներ ետք նոյնինքն խիստ պրն. Վարդանը մօտիկ ընկեր պիտի դառնար ինծի եւ անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենայի զինք վայելելու բոլորովին այլ կերպով:
«Կեանքի տաղտուկներուն խառնուելով, ոչ մէկուն հետ կապ պահած եմ… որքա՛ն կը ցաւիմ տարիներ ետք միայն իմանալուս, թէ մեր դասընկերուհին՝ Դանիա Հապիպ – Սայէղը, Հալէպի Կիւլպէնկեան դպրոցին մէջ իմ զաւակներուս անգլերէնի ուսուցչուհին եղած է եւ նոյնիսկ կնոջս ծանօթ, բայց երբե՛ք ես ու ան չենք գիտցած եւ չենք ալ հանդիպած իրարու, եւ հիմա այս գեղեցիկ ծրագրին շնորհիւ եւ նկարներուն ընդմէջէն բացայայտուեցաւ մեր հին ընկերութիւնը: Այս առիթով, շնորհակալ եմ սիրելի Բեթէլին, որ ձե՛զ սիրելիներ, իմ կեանքիս ամենակարեւոր մասնիկներէն բաժին մը դարձուցած է եւ կրկին անգամ մանկական յուշերը վերապրելու առիթը տուած է բոլորիս:
Աւստրալիա
Յակոբ Սուսանի: Ծնած եմ Հալէպ: Բեթէլ աւարտելէս ետք յաճախած եմ Քարէն Եփփէ Ճեմարան: Ամուսնացած եմ եւ բախտաւորուած 2 մանչ զաւակներով: Սուրիոյ պատերազմի օրերուն տեղափոխուած ենք Լիբանան: Այժմ, հաստատուած եմ Աւստրալիա եւ կ՛աշխատիմ, որպէս traffic controller: Կինս եւ մեծ տղաս նոյնպէս կ՛աշխատին: Փոքր տղաս Սպանիա պիտի մեկնի` ֆութպոլի խումբի միանալու: Իմ անմոռանալի յուշերէս դէպք մը պատմեմ, զոր բնաւ չեմ մոռնար…Նոր Տարուան շրջանն էր եւ ես 3-րդ դասարան էի եւ կ՛ուզէի զէնք մը ունենալ, բայց հայրս ի վիճակի չէր գնելու զայն: Ուրեմն, ուսուցչուհիս՝ օրիորդ Մարիէթը, երբ լացս տեսաւ, ինքը գնեց զէնքը: Ես արմատներով սասունցի եմ: Շատ շատ ուրախ եմ, որ 43 տարի ետք կը վերամիանամ 1981 թուականի շրջանաւարտ դասընկեր-դասընկերուհիներուս:
Լեհաստան
Դանիա Հապիպ-Սայեղ: Ծնած եմ Հալէպ, 1969-ին։ 2012-էն ի վեր ընտանիքիս հետ կ՛ապրիմ Լեհաստան: Երկու մանչերու մայր եմ։ Հօրենական արմատներս Տիգրանակերտէն են։ Աւարտած եմ Հայ աւետարանական Բեթել վարժարանը 1981-ին, ապա ՔԵԱ Ճեմարանը՝ 1987-ին։ Բարձրագոյն կրթութիւնս աւարտած եմ Հալէպի Համալսարանի անգլերէն լեզուի գրականութեան բաժանմունքէն։ Մօտ 15 տարի, իբրեւ անգլերէնի ուսուցչուհի պաշտօնավարած եմ Հալէպի Ազգ․ Հայկազեան վարժարան աղջկանց բաժին, ապա Ազգ․ Կիւլպէնկեան նախակրթարաններուն մէջ, իսկ լեհաստանի մէջ ալ ուսուցչական ասպարէզը շարունակած եմ մօտ հինգ տարի, իբրեւ անգլերէնի ուսուցչուհի։ Ներկայիս իմ առօրեաս, ընտանիքիս կողքին, կը լեցնեմ հայկական փոքր կարպետներու-գորգերու դասընթացքներ տալով եւ ցուցահանդէսներով։ Բեթել դպրոցէն կը յիշեմ նարնջագոյն յատկանշական գոյնով volkswagen օդոքարի առաւօտեան մեր տունէն դէպի դպրոց ամէնօրեայ հաճելի պտոյտը: Մեր դպրոցի օդոքարին բարի վարորդն էր Սարգիս Աթաշեանը։ Շատ տպաւորուած եմ, որ այդ հաճելի պտոյտէն ետք, ամէնօրեայ գոհաբանական առաւօտեան աղօթքի կը մասնակցէինք, ապա կ՛անցնէինք մեր դասերուն։ Ինչպէս չյիշեմ մեր հայերէնի ուսուցիչը՝ շատ բարի բայց խստապահանջ պրն․ Վարդան Սվաճեանը։ Մեծ ուրախութեամբ ալ նշեմ, որ Բեթել դպրոցի իմ 7 դասընկեր-դասընկերուհիներուս՝ Նուպարին, Սեդային, Երուանդին, Մարիային, Յակոբին, Թալինին եւ Արշոյին զաւակներուն ուսուչուհին եղած եմ։
Մեծ է երջանկութիւնս, երբ երկար չորս տասնամեակներէ ետք դարձեալ կրցանք միանալ մեր դասընկերներուն, ու մանկանալով՝ վերյիշելու մեր անցած անմեղ եւ անվերադարձ դպրոցական օրերը։
Հոլանտա
Նուպար Ազոյեան: Ծնած եմ Հալէպ, 1967-ին: Աւարտած եմ Բեթել դպրոցը, 1981-ին: Արմատներս սասունցի են: Նախակրթարանէս ետք աշխատած եմ քանի մը գործ՝ ոսկերիչ, ադամանդագործ, ապա վարսայարդարութիւն, զոր սորված եմ Պէյրութի մէջ Փոլ Այվազեանի քով, 1990-ին: Ներկայիս վարսայարդար եմ: Ամուսնացած եմ 1997-ին, եւ կնոջս՝ Սօսիին հետ ունինք մանչ մը՝ Անդօ, 24 տարեկան: Մարտ 2013-ին, ընտանեօք հաստատուած եմ Հոլանտայի Tschüss քաղաքը: Դպրոցական օրերէն կը յիշեմ, որ մեր Բեթէլ դպրոցը պատշգամ մը ունէր, որուն երկաթէ դռան ապակին կոտրուած էր: Տնօրէնութիւնը այդ ապակին փոխել տուաւ եւ, ինչպէս ծանօթ է, ապակին կը հաստատուէր խմորով, որ ժամանակ մը վերջ կը քարանար: Մենք չարուկ տղաք էինք` ես, Մովսէս Սարգիսեանն ու Ռիմօն Ղազին, ոստի պզտիկ մատիտ մը մխրճեցինք այդ խմորին մէջ՝ այն մանկական մտածումով, որ պայթուցիկ տինամիթ է եւ հինգ երկվայկեանէն պիտի պայթի…մինչեւ այսօր կը յիշեմ այդ մանկական չարութիւնս եւ կուշտ ու կուռ կը խնդամ:
(շարունակելի)
Comments