Կրթական մշակ Շաքէ Պասմաճեան-Բատոյեանի հետէջեր Մելգոնեանցիի մը յուշերէն
էջեր Մելգոնեանցիի մը յուշերէն
✎ ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ - ՓԵՏՐՈՒԱՐ 7, 2023
Կրթական մշակ Շաքէ Պասմաճեան-Բատոյեանին ծանօթացայ Երեւանի մէջ, 2022-ի Սեպտեմբերին, կրթական մշակ Սաթենիկ Ծաղիկեանին հետ հանդիպմանս օրը. Սաթենիկին հետ մեր առաջին հանդիպումն էր, թէեւ մինչ այդ նամակագրական կապի մէջ էինք (եւ տակաւին ենք), իսկ նախապէս նուէր ստացեր էի իր հեղինակութեամբ «Անմոռաց Տարիներ» գիրքը: Այդ գիրքին գրախօսականը գրած է Նշան Պասմաճեանը՝ դիւանապետ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց առաջնորդարանի եւ անոր լրատու «Փարոս»ի մտաւորական խմբագիրը, որուն խորիմաստ գրախօսականն ալ դարձաւ հաղորդում եւ տեսագրութիւն [1]:
1958-էն 2001՝ 35 տարիներու կրթական մշակ Շաքէ Պասմաճեանն է ահաւասիկ , որուն հետ հետաքրքրական հարցազրոյցիս պատասխանները գրի կ՛առնեմ ակնածանքով, իբրեւ պատմական յուշագրութիւն մը իր անձին ու պատմութեան:
Շաքէ Պասմաճեան-Բատոյեան կը պատմէ.
Հայրս՝ Ժոզէֆ Պասմաճեան, զաւակը՝ Նշան եւ Ֆանի Պասմաճեաններուն, ծնած է Քեսապ 1907 թուականին: Ան ապրած է Ցեղասպանութեան արհաւիրքը պատսպարուելով որբանոցէ-որբանոց՝ Ուրֆա, Ժըպէյլ՝ «Թռչնոց բոյն», ապա Անթիլիասի որբանոց, ուր նաեւ ուսանած է որպէս ուշիմ աշակերտ:
Նշան հայրը, որ Թուրքիոյ Ալէքսանտրէթ քաղաքը կ՛ապրէր, իմանալով զաւակին մասին՝ մեծ դժուարութեամբ հասած է Անթիլիաս եւ ողջագուրուելով անոր հետ չէր հաւատացած, որ վերջապէս կրցած է գտնել զինք: Որոշած են միասին Ալէքսանտրէթ վերադառնալ:
Հայրս ուսանած է Ալէքսանտրէթի մէջ (Իսկէնտէրուն), ստանալով ֆրանսական բարձրագոյն ուսում: Ժամանակ մը ետք, ընտանիքին հետ միասին կը հաստատուին Քեսապ: Հայրս կ՛ամուսնանայ Նուրիցա Կարպուշեանին հետ՝ կազմելով երջանիկ ընտանիք մը: Կ՛ունենան վեց զաւակներ՝ հինգ աղջիկ եւ մէկ մանչ:
Հայրս երկար տարիներ որպէս տնօրէն եւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Քեսապի «Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարան»ին մէջ: Մենք՝ վեց զաւակներս շրջանաւարտ ենք նոյն վարժարանէն: Անշուշտ, ծնողքիս փափաքն էր մեզի տալ բարձրագոյն ուսում. հետեւաբար, չորս քոյրերս ուսանած ենք Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Եղբայրս՝ Նշանը աւարտած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, իսկ ես յաճախած եմ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը:
1953-1958 տարիներուն արդէն Մելգոնեանի սանուհի էի: Ունեցած եմ յարգելի ուսուցիչներ եւ սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ: Դասաւանդող ուսուցիչներս եղած են պարոն Վահրամ Մավեան[2] եւ պարոն Ներսէս Թամամեան[3]՝ հայերէն եւ գրականութիւն, պարոն Նշան Յովհաննէսեան[4]՝ հայոց պատմութիւն, պարոն Վահան Պետելեան[5]՝ երաժշտութիւն (Պետելեան նաեւ ջութակի ուսուցիչս էր եւ խմբավարը հաստատութեան քառաձայն երգչախումբին, որուն մաս կազմած եմ հինգ տարի, երբեմն՝ որպէս մենակատարուհի), պարոն Սեպուհ Աբգարեան, որուն կը պարտիմ իմ երաժշտական կրթութիւնս (Աբգարեան նաեւ մարզանքի եւ նկարչութեան ու գծագրութեան ուսուցիչ էր): Մելգոնեան ուսանած տարիներուս տնօրէններս եղան պարոն Դանիէլ Ոսկեան[6] եւ պարոն Բիւզանդ Եղիայեան[7]: 1958 թուականին աւարտեցի Մելգոնեանի կրթական շրջանը՝ Մանկավարժութեան ճիւղէն, սքանչելի ուսուցիչ ունենալով պարոն Պօղոս Գէորգեանը[8], որուն շնորհիւ յաջողած եմ ուսուցչական ասպարէզիս մէջ:
Պաշտօնավարած եմ Հալէպի Սահակեան Վարժարանի մէջ, 1958-1960 տարիներուն` դասաւանդելով անգլերէն եւ երգ, ապա 1960-1961՝ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ անգլերէն, որմէ ետք տեղափոխուեցանք Լիբանան, ուր Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլէճի նախակրթարանին մէջ 1963-1965 տարիներուն դասաւանդած եմ անգլերէն[9]։
1961-1963 տարիներուն Պէյրութի Պետական երաժշտանոցին մէջ հետեւած եմ ձայնամարզութեան դասընթացքին` ունենալով բացառիկ կարողութիւններով եւ գիտելիքներով օտար ուսուցիչներ: Իմ ուսուցիչս՝ պարոն Քարնաուխով, ռուս էր, երաժշտանոցին տնօրէնը՝ պարոն Տալի ֆրանսացի էր, ձայնամարզութեան (սօլֆէժի) ուսուցչուհին դարձեալ ֆրանսացի էր՝ տիկին Վերնէյ։ Քրոջս՝ Սեդային ձայնամարզութեան ուսուցչուհին էր տիկին Արփինէ Փեհլիվանեանը[10]:
1965-1967 տարիներուն պաշտօնավարած եմ Քեսապի «Միացեալ Վարժարան»ին մէջ` դասաւանդելով անգլերէն եւ երգ: Վերադառնալով Պէյրութ, պաշտօնավարած եմ Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ (այժմ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)[11], ուր ամուսնոյս՝ Եդուարդ Բատոյեանին հետ դասաւանդեցինք հայերէն. ամուսինս՝ միջնակարգ դասարանին (1962-1980), իսկ ես՝ նախակրթարանի 3-րդ, 4-րդ 5-րդ դասարաններուն համար (1967-1987): Նշան Փալանճեանի մէջ պաշտօնավարութեանս ժամանակ տնօրէններ եղան յոյժ յարգարժան պարոններ Մուշեղ Իշխանը եւ Հրաչ Տասնապետեանը: Վարչական գործերու օգնականն էր պարոն Գառնիկ Բանեան[12]։ 1988-ին ամուսինս մահացաւ:
1968 – 1974 տարիներուն մաս կազմած եմ Համազգայինի «Գուսան» քառաձայն երգչախումբին, երբեմն՝ որպէս սոփրանօ մենակատար Բարսեղ Կանաչեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի երգերու, խմբավարութեամբ պարոն Գէորգ Գանտահարեանին:
Կ’ուզէի հայագիտական նիւթերու մէջ հմտանալ, ուստի որոշեցի հետեւիլ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական դասընթացքին,1970 – 1973, ուրկէ լաւագոյն յաջողութեամբ վկայուեցայ:
1993-1996 տարիներուն որպէս հայերէնի ուսուցչուհի դասաւանդած եմ Յիսուսեան միաբանութեան «Սէն Կրէկուար»[13] ճեմարանի միջնակարգ դասարաններուն, Հայր Սահակ Քէշիշեանի տնօրէնութեամբ. վարժարանին մէջ կարծէք կը տիրէր ընտանեկան մթնոլորտ:
Երեսուն տարիներ մեղուաջանօրէն ծառայեցի, եւ օր մըն ալ հրաւիրուեցայ իմ շատ սիրելի տանս՝ Մելգոնեանի մէջ դասաւանդելու հայերէն: Արդէն փորձառու եւ ինքնավստահ ուսուցչուհի, 1996 – 2001՝ հինգ տարի նուիրուեցայ Մելգոնեանին` վերադարձնելով այն, ինչ որ տուած էր ինծի իմ սիրելի դպրոցս: Ունեցայ աշակերտներ հեռաւոր Ամերիկայէն, Գանատայէն, Եւրոպայէն, նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն՝ սքանչելի տղաք եւ աղջիկներ: Յարգելի տիկին Անի Լաչինեան-Մակարեանի տնօրէնութեամբ, եւ նոյնքան պատկառելի ուսուցչական կազմին աշխատանքով, ուրախ եւ գործնական մթնոլորտ մը կը տիրէր հաստատութեան մէջ:
Այժմ Մելգոնեանի դռները վերջնականապէս փակ են. սերունդներ, որոնք պիտի գային ու լաւապէս պիտի օգտուէին եւ հայանային այդ հայկականութիւն յորդող կրթական հաստատութիւնէն, զրկուած են անորմէ:
Ներկայիս հանգստեան կոչուած եմ եւ տեղափոխուած՝ Լիբանանէն Երեւան: Կ’ապրիմ երեք զաւակներուս՝ Ցոլիկին, Հրաչին եւ Սեւակին քով, ունիմ երկու աննման ու թանկագին թոռնիկներ՝ Աքասիա եւ Վահէ:
Ծանօթագրութիւններ.-
[1] Նշան Պասմաճեան. «Մեր Սաթիկը»՝ Յուշերու Ճանապարհներուն Վրայ https://youtu.be/rbl2Ch1yP0s
[2] Սփիւռքահայ բանաստեղծ եւ արձակագիր:
[3] Որբ մըն էր Նէրսէս Թամամեան, 1905-ին ծնած, Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած, բախտին մէկ հազուադէպ առատաձեռնութեամբ Գահիրէի Պէրպէրեան վարժարանը յաճախած, ապա Փարիզի Սորպոնը, ուր գրականութեան եւ գիտութեան հետեւած էր: Ուսուցչութիւնը իր կոչումն էր: Նախ Երուսաղէմ, Ժառանգաւորացին, Ընծայարանին եւ Ս. Թարգմանչաց վարժարանին մէջ հայերէն դասաւանդած էր: Արաբ-իսրայէլեան պատերազմը, 1948-ին, ամէն ինչ յեղաշրջեց. ռումբերու տարափին տակ դադրեցան դասերը, եւ ժառանգաւորները ապաստանեցան Ս. Յակոբեանց տաճար, ուր կը պարկէին գետինը: Չդիմացաւ, եւ օր մըն ալ գնաց հաստատուիլ Կիպրոս, իբրեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան գրականութեան դասախօս, եւ հոն մնաց 1949-էն մինչեւ մահը՝ 1984-ին:
[4] Նշան Յովհաննէսեան (1926-1981), հեղինակը «Պատմութիւն Հայոց»-ի, Տպարան Տօնիկեան, Պէյրութ 1962, 84 էջ:
[5] Ատանայի ջարդերէն ազատուած Վահան Պետելեան (1894-1990) ապաստանած է Կիպրոս եւ ժամանակ մը ետք կազմած է երգչախումբ մը: Հեղինակն է Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածին բառերով երգին մշակումին: Ան մօրեղբայրն է ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանին, որ ծնած է Կիպրոս, ապա տեղափոխուած է Լոնտոն: Անոր հիմնադրած «Չիլինկիրեան» լարային քառեակը 52 տարեկան է. կարդալ նաեւ այստեղ` http://abakanews.org/feature-articles/%D5%B4%D5%A5%D5%AC%D5%A3%D5%B8%D5%B6%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D5%AB-%D5%B8%D6%82%D5%BD%D5%B8%D6%82%D6%81%D5%AB%D5%B9%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%A8-%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%A4%D5%A3%D5%A7%D5%BD-%D5%A3%D5%B8%D6%82/ եւ այստեղ՝ https://armenpress.am/arm/news/950217
[6] Մելգոնեանի մէջ պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեանց բաժնի պետ տոքթ. Դանիէլ Ոսկեանի մասին կարդալ այստեղ՝ https://www.aztagdaily.com/archives/340723?hilite=%27%27 եւ այստեղ՝ https://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/Yusharar/1948(18).pdf
[7] Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ գրական, հայագիտական, պատմագիտական, իմաստասիրական եւ մանկավարժական նիւթերու դասախօս ։
[8] 1932-էն սկսեալ ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ եւ 1935-ին կը նշանակուի նոյն հաստատութեան կրթական տեսուչ։ Կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1945։ Իր մասին կարդալ այստեղ՝ https://www.houshamadyan.org/arm/oda/europa/kevorkiancollectionfr.html
[9] Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլէճ- Միհրան Գարակէօզեան նախակրթարանը շարունակութիւնն էր Ս. Նշան վարժարանին, որ հիմնուեցաւ 1902-ին, Ս. Նշան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Կարդալ այստեղ՝ https://armprelacylb.org/schools/azk-khanamirian/
[10] Արփինէ Փեհլիվանեան-Քէօմիւրճեան (24 Ապրիլ 1934, Դամասկոս, Սուրիա – 16 Մարտ 2004, Քալիֆորնիա), դաշնակահարուհի, սօփրանօ երգչուհի: Տես՝ https://hyw.wikipedia.org
[11] 3 Մարտ 1930-ին Պէյրութի մէջ հիմնուած Հայ Ճեմարանը Փալանճեան քոյրերու նուիրատուութեան եւ Ամերիկայէն հանգանակուած գումարներու շնորհիւ կոչուեցաւ Նշան Փալանճեան Ճեմարան: 1986-ին ձեռնարկուեցաւ Մըզհերի մէջ նոր հաստատութեան կառուցման, շնորհիւ Մելանքթոն Արսլանեանի եւ անոր մահէն ետք եղբօր` Հայկ Արսլանեանի իշխանական նուիրատուութեան: Ճեմարանը այս նոր շէնքը փոխադրուեցաւ 1987ին, մինչ պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 1988-ի աշնան: Աւելին կարդալ այստեղ՝ https://www.djemaran.edu.lb/%d5%b4%d5%a5%d6%80-%d5%b4%d5%a1%d5%bd%d5%ab%d5%b6/%d5%ba%d5%a1%d5%bf%d5%b4%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6/
[12] Գառնիկ Բանեան 1951-52 տարեշրջանին տնօրէն Սիմոն Վրացեանի կողքին կը սկսի գործել որպէս վարչական գործերու օգնական։ Այս պաշտօնը հաւատարմօրէն կը վարէ մինչեւ իր մահը։ Կարդալ՝ https://hyw.wikipedia.org
[13] Ինչպէս կը վկայէ Հայր Յարութիւն Պզտիկեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանը / Collège Saint Grégoire / միայն հայ պատանիներուն համար էր: Որպէս առաքելութիւն կը ֆինանսաւորուէր Յիսուսեան (Ժեզուիթ) Միաբանութեան Ֆրանսայի ճիւղին կողմէ: Տնօրէնը՝ Գէորգ Պաղճեան, գիտնական էր, ուսուցիչները հայ էին. արաբերէնի ուսուցումը ուշ մտաւ, ապա ղեկավարութիւնը յանձն առին Յիսուսեան միաբանութեան հայ միաբաններ ՝ Հայր Յարութիւն Ճապուրեան եւ մանաւանդ հայագէտ Հայր Սահակ Քէշիշեան: Այդ տարիներուն ամենափայլուն հայկական վարժարաններէն մէկն էր, տուած է բազմաթիւ փայլուն շրջանաւարտներ բոլոր մարզերուն մէջ:
Comentarios