Եգիպտահայ երաժշտագէտ Ֆուատ Ալ Զահերի – Փանոսեան
Հայկական ծագումով եգիպտացի երաժշտահան Ֆուատ Ալ Զահերի, բուն անունով Ֆուատ Կարապետ Փանոսեան, ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1916-ին, Ալ Զահեր թաղամասին մէջ, Գահիրէ, Եգիպտոս (արաբերէն «ալ զահեր» կը նշանակէ երեւելի, փայլող): Ֆուատի մայրը արմատներով եղած է քրիստոնեայ, գաղթական՝ 19րդ դարու պատմական Մեծ Սուրիայէն` Պիլատ էլ Շամէն:
Ալ Զահէր կոչուած թաղամասը ծանօթ է Գահիրէի մէջ որպէս شوام مصر ՝ Եգիպտոսի շուամ քրիստոնեաներու թաղամաս:
Ֆուատ աւարտած է Ալ Զահէր թաղամասին մէջ գտնուող Ֆրերներու դպրոցը: Անոր երաժշտական տաղանդը յայտնաբերած է պաղեստինցի երաժիշտ Կոնստանդին Ալ Խուրին, որ բացի երաժշտական ոլորտի մէջ իր աշխատանքէն, հոգեւոր շարականներ կը յօրինէր եւ կը ղեկավարէր Գահիրէի Յոյն Կաթողիկէ առաջնորդարանի երգչախումբը․ պատանի Ֆուատը այդ երգչախումբի անդամներէն մէկն էր :
Մայեսթրօ Ալ Խուրի կը քաջալերէ Ֆուատը սորվելու ջութակ նուագել, եւ շնորհիւ անոր խրախուսանքին, որ ակադեմական ուսում ստանայ, Ֆուատ կը յաճախէ Գահիրէի «Արաբական Երաժշտութեան» երաժշտանոցը, ուր ջութակի դասեր կ’առնէ լեհ փրոֆեսոր Ալեքսանդր Քոնթրովիչէն:
Երաժշտական կրթութիւնը աւարտել է ետք, Ֆուատ որպէս երգի ուսուցիչ կը նշանակուի Կրթութեան նախարարութեան մէջ, այնուհետեւ կ’աշխատի որպէս տրամաթիքական արուեստի հիմնարկի երգչախմբային երգեցողութեան փրոֆեսէօր :
Իր գեղարուեստական ասպարէզը կը սկսի երաժշտական հաղորդումներ պատրաստելով Եգիպտոսի Ձայնասփիւռի կայանին համար: 1950-ականներուն, ան կը ղեկավարէ Եգիպտոսի Ձայնասփիւռի կայանին նուագախումբը: Ապա երաժշտահան Ֆուատ Ալ Զահերի արաբական երգերու աշխարհ կը մտնէ ոչ թէ իբրեւ երաժշտահան, այլ իբրեւ երաժշտութիւն մշակող:
1947-ին կը ձայնագրէ իր յայտնի ստեղծագործութիւնները Միջին Արեւելքի ձայնասփիւռ (الإذاعة الشرق الوسط ) կայանի համար: 1950-ին, կը յօրինէ յայտնի «Քանոնի քոնչերթօն (ունկնդրել այստեղ՝ https://youtu.be/C4Cc2YAxqQE ), այսինքն՝ քանոնի եւ նուագախումբի համար գրուած ստեղծագործութիւնը, մենակատարութամբ մեծանուն արուեստագէտ Ապտէլ Ֆաթահ Ռաճապի, իսկ 1964-ին, երրորդ շարժումը կ’աւելցնէ այդ նոյն ստեղծագործութեան մէջ․ այդ նոր քոնչերթօն կը նուագէ արուեստագէտ Սայէտ Ռաճապը: Եգիպտոսի Ձայնասփիւռի կայանի երաժշտութեան վարիչ Մոհամմատ Հասան ալ Շուժային առիթ կ’ընձեռէ երաժշտահան Ֆուատին ներկայացնելու իր ստեղծագործութիւնները Եգիպտոսի Ձայնասփիւռի կայանի նուագախումբին նուագակցութեամբ, իր ղեկավարութեան ներքոյ:
Ֆուատ Ալ Զահերի – Փանոսեան 1953 մինչեւ 1993 յօրինած է 139 ֆիլմերու երաժշտական ստեղծագործութիւններ, Եգիպտոսի եւ արաբական աշխարհի 14 հռչակաւոր երաժիշտ-երաժշտահաններու նուագախմբային եւ օփերեթային ստեղծագործութիւններ, նուագախմբային գործիքներու նոթագրութիւններ (partitura), 4 պատկերասփիւռային թատրոնի երաժշտութիւն, 7 պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու երաժշտութիւն եւ 5 երաժշտական գործեր Եգիպտոսի Ազգային թատրոնին համար:
Ֆուատ Ալ Զահերի, ժամանակակից երկու յայտնի արուեստագէտներու՝ Անտրէ Ռայտըր եւ Ալի Իսմայիլի կողքին, կը վայելէր մեծ համբաւ երաժշտութեան մշակումներու եւ ֆիլմերու համար գրուած երաժշտական ստեղծագործութիւններու ոլորտին մէջ: Իր հանրածանօթ գործերէն են հետեւալները՝
سيد درويش:مختارات من أوبريت شهرزاد فى فيلم اميرة حبي أنا – فصل من أوبريت كليوباترا لأحمد شوقي
فريد الأطرش:-موسيقي فلم زمان يا حب – فلمحبيب العمر ، استعراض تصبح على خير .
محمد عبد الوهاب:– المماليك – موكب النور – حبيبي الأسمر – أنا لك على طول – القمح
رياض السنباطى:– فلم لحن الوفاء ( ثنائي غناء عبد الحليم حافظوشادية – أوبريت مجنون ليلى لهيئة لاذاعة البريطانية.
Ալ Զահերի – Փանոսեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, մասնաւորաբար ֆիլմերու համար յօրինած իր երաժշտական ստեղծագործութիւններուն համար, ինչպիսիք են՝
(1959) رد قلبى https://youtu.be/5GHUol4fYtM ,
(1967) الزوجة الثانية https://youtu.be/f2SDbiDKfxU https://youtu.be/5OZag7SUgc8
(1974) اميرة حبي انا https://youtu.be/BPIWpEZnLTk
(1977) طائر الليل الحزينhttps://youtu.be/VtbaiudsABM
(1983) الرجل الذى فقد ذاكرته https://youtu.be/UjEZUthSCak
Ֆուատ Ալ Զահերի իր մահկանացուն կը կնքէ 1 Հոկտեմբեր 1988-ին, Գահիրէի մէջ, թողնելով իր յստակ դրոշմն ու անմոռանալի ժառանգութիւնը արաբական երաժշտութեան մէջ:
Իր գործերէն կարելի է լսել այստեղ՝
Աղբիւրներ
ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ
Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:
Comments