Գիրքերու աշխարհին մէջ նոր գիրքերու տողանցքը
2021 Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցան գիրքերու շարք մը շնորհահանդէսներ, որոնք անգամ մը եւս հետաքրքրութիւն յառաջացուցին արեւմտահայերէն գրական ստեղծագործութեան շուրջ:
Ուրախութիւն էր բոլորիս համար բանաստեղծ, ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեանի բանաստեղծութիւններու՝ «Պարզ ու Տաքուկ Բառերով» հատորին շնորհահանդէս-գինեձօնը Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, 20 Սեպտեմբեր 2021-ին: Ներկայ էին հոյլ մը գրողներ, ակադեմական շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ գրասէրներ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն, Հալէպէն,Պէյրութէն եւ սփիւռքի այլ համայնքներէն: Օրուայ հանդիսավարուհին էր «Ռատիօ Այգ»ի հիմնադիր Շաքէ Մանկասարեան:
Թ․ Եսայեանի նոր հատորը փոքր չափի իր 160 էջերով կը պարունակէ 148 չափածոյ բանաստեղծութիւններ: Քնարաշունչ բանաստեղծութիւններու այս նոր հատորին գրական ներկայացումը կատարեց ամերիկահայ գրականագէտ-մատենագէտ, հրապարակագիր եւ հրատարակիչ Յովսէփ Նալպանտեան:
Գրող, արձակագիր Յակոբ Միքայէլեան հանդէս եկաւ խօսքով մը ու ըսաւ.- Սովորաբար մարդիկ երկու ուղղութիւններէն մէկուն կը հակին. կամ նախասիրութիւնը զիրենք կ՛առաջնորդէ դէպի գիտութիւն, ու այդ ճիւղը բոյն դնելով իրենց մէջ, կը զարգանայ տարիներու ընթացքին, կամ կը հակին դէպի գրականութիւնն ու արուեստները, եւ այդ ուղին զիրենք կ՛առաջնորդէ: Պատահած է, սակայն, որ երբեմն այդ երկու ճիւղերն ալ անձի մը մէջ կը զարգանան, մին՝ գիտութիւնը՝ սնուցանելու համար միտքը, եւ միւսը՝ գրականութիւնն ու արուեստը, սնուցանելու համար հոգին:
«Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան (www.peaceofart.org) հիմնադիր-նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան շնորհահանդէսին ընթացքին պարգեւատրեց Թադէոս Եսայանը կազմակերպութեան Երախտագիտութեան վկայականով, «իր բանաստեղծութիւններուն մէջ խաղաղութեան եւ մարդկային ոգիի դրական տեսլականները ուսումնասիրելու եւ լուսաւորելու համար»:
Դարձեալ ուրախութիւն էր, Թէքէեան մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, սփիւռքահայ կրթական եւ մշակութային գործիչ Զարմինէ Պօղոսեանի «Ազէզէն Ամերիկա» գիրքին շնորհահանդէսը, 20 Սեպտեմբեր 2021-ին:
Երկարամեայ մանկավարժին գիրքին մէջ ամփոփուած են հեղինակին՝ 1960-ականներէն մինչեւ մեր օրերը հասնող խոհագրութիւնները, յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները։
Գիրքի խմբագիր Քնարիկ Աբրահամեան դիտել տուաւ, որ մանկավարժ եւ հայ մշակոյթի պահակ Զարմինէ Պօղոսեանին համար հայ համայնքային կեանքը աշխատանքի կիզակէտ է, եւ անոր նպատակն է հայ մշակոյթին եւ հայ ինքնութեան պահպանումը ամերիկեան ափերուն վրայ: «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, Սուրէն Դանիելեան իր հերթին ընդգծեց. այս շնորհահանդէսը սփիւռքահայ ուսուցիչին մեծարելու առիթ է. հայ ուսուցիչ ըլլալը Ամերիկայի մէջ՝ օտար ափերու վրայ հայի ոգին պահելը, հայ մարդը վերակերտելը ամէնէն դժուար գործն է: Նոյնպիսի գնահատանք արտայայտեց ամերիկաբնակ հրապարակախօս, գրականագէտ Յովսէփ Նալպանտեան:
Ուրախութիւնը կը շարունակուի…29 Սեպտեմբեր 2021-ին, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ շնորհահանդէսն էր Հրանդ Արմէնի «Մարզպանը եւ Սպարապետը» եւ «Հայկական գերագոյն ատեան.Վասակ Սիւնի (ամբաստանեալ)» գործերուն, Յովսէփ Նալպանտեանի աշխատասիրութեամբ եւ խմբագրութեամբ:
Շնորհահանդէսի բանախօսներն էին պատմաբան Սամուէլ Մուրատեան, գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեան եւ գրականագետ, թարգմանիչ Հենրիկ Բախչինեան:
Նոր հրատարակուած գիրքերու այս տողանցքի միացաւ Շաքէ Մանկասարեանի նորագոյն հատորը՝ «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ»ը, որ լոյս տեսաւ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունէն: Այս հեքիաթագիրքը 104 էջերու մէջ կը պարունակէ 18 հայ եւ օտար հեքիաթագիրներու ստեղծագործութիւնները: Գիրքը կարելի է պատուիրել առցանց՝ daran.company.site կայքէն:
Σχόλια