ԱՅԳՆ ՀԱՅՈՑ ՁԱՅՆԸ ՀՆՉԵՑ
Տոքթ. Նորայր Մանճեան
Ռատիօ ԱՅԳ հաղորդումով, լսեցի արձակագիր, առակագիր Եզնիկ Բալիկ Բալայեանի «Ես Խմելով կ’ուզեմ Մեռնիլ» խորիմաստ եւ խորհրդաւոր ընթերցումը: Դիմատետրի (Facebook)–ի միջոցով կապ հաստատեցի ու ընկերացանք:
Նոր էի գրած «Յառաջ Հայեր»ը. կը ղրկեմ իրեն: Սիրալիր ողջոյններու հետ կը գրէ. «ներաշխարհիդ խռովար ու փոթորկած ծովուն ալիքներէն ծնունդ առած սրտաբեկ ընդվզումի, սակայն միաժամանակ ազգային ոգի, վերազարթօնքի ամուր ղօղանջներ» :
Այգ Էջին (Ayk Page) ընկերանալու կը դիմեմ ու կը ստանամ OK եւ համաձայնութիւն ու անմիջապէս կը հրատարակուի գեղեցիկ ներկայացուած:
Շաքէ Մանկասարեան մեր օրերու հերոսուհին, որ մուտք կը գործէ ամէն օճախ: Աշխատանքի բերումով տեղափոխուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, հիմնադրած է www.radioayk.com ԱՅԳ ռատիո առցանց կայանը, որու հեռարձակումով, որ արդէն տասը տարիէ ի վեր կը ծածկէ աշխարհը 24 ժամ սփռումով ներառեալ լուրեր, հոգեւոր ու մշակութային զրոյցներ, եւ անխտիր ամէն Կիրակի Սուրբ Պատարագ:
Հայաստանի Հանրային Ռատիոյի եթերով`2017-էն ի վեր կը սփռուի ամէն Կիրակի կէսօր ժամը 12-ին, իր նախաձեռնութեամբ՝ հեղինակային »Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, իսկ Հինգշաբթի «Սփիւռքի Ձայնը» ծրագրի եթերով կը ներկայացնէ Սփիւռքի համայնքներու գործունէութիւնը:
Շաքէ Մանկասարեան իր ձեռքբերումով մամուլի հրապարակումներ շարունակ կը կատարէ, ինչպէս՝ հեքիաթներ արեւմատհայերէնի վերածելով, արեւմտահայերէնի թարգմանելով հայ արժէքներ, որոնք լոյս տեսած են անգլերէն, արաբերէն լեզուներով, եւ երբեմն ալ ուիքիփետիա (համացանցային հանրագիտարան հարթակ)ի հարթակին տեղադրելով՝ շնորհիւ իր սիրողական խմբագրական աշխատանքին, որ արդէն ծաւալուն ներդրում տուած է այդ հարթակին վեց տարիներու ընթացքին եւ տակաւին: Սիրողական նուիրումով կը ներկայացնէ Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի լուրերու ձայնագրեալ հաղորդումները:
Եւ այստեղ կանգ չ’առներ Շաքէի նուիրումը անհատական կամ հաւաքական աշխատանք տանելու եւ կապ հաստատելու, համակարգելու, համադրելու,տարածելու լրատուական կայքերուն հետ ունեցած ամենօրեայ հաղորդակցութեամբ ՝ քաղաքական, մշակութային, առաքելական եւ կաթողիկէ առաջնորդարան, ինչպէս նաեւ աւետարանչական եկեղեցւոյ լուրերը՝ զոր օրինակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայ եմ Նիւզ, Երէբունի Նիւզ, Նոյյան Տապան, Ազդակ, Ասպարէզ, Հայրենիք, Հորիզոն Գանատա, Նոր Մարմարա, Ժամանակ, Պայքար եւ պարբերաբար Ակօս, Հայ Կեանք, Մասիս եւ այլն :
Ազգանպաստ Զոհողութիւն Սփիւռքի կարիքներուն արարող ձայն ու գրիչն է այս հայուհին:
Commentaires